Քնոսոս (յուն․՝Κνωσός)

Քնոսոս
Քնոսոս
Κνωσσός
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․7000
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00

Մինոասեան քաղաքակրթութեան պալատ ու վարչական կեդրոն․ Իրաքլիօ, Կրետէ, Յունաստան։ Քնոսոս պալատին հետ կապուած են բազմաթիւ առասպելներ, ինչպէս օրինակ՝ լաբիւրինթոս, մինոթաւրոս, Իքարոս եւ Տետալոս։

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 

Առաջին հանաբանական պեղումները եղած են 1878-ին Իրաքլեցի Մինոաս Քալոքերինոս հնաբանին կողմէն։ Կը յաջորդեն անգլիացի Արթուր Էվանս հնաբանին պեղումները՝ 1900-1913 եւ 1922-1930, որոնք կը յայտնաբերեն Քնոսոսի պալատը իր ամբողջութեամբ։

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Անցքը

Բնակութեան առաջին հետքերը կը հաստատեն թէ պալատին շրջանը բնակուած է Նոր Քարէ Դարաշրջանէն (Ք․Ա․7000-3000)։ Բնակութիւնը կը շարունակուի նախապալատական շրջանին՝ Ք․Ա․3000-1900, որուն վերջաւորութեան վայրը կը տափականայ, որպէսզի կառուցուի հսկայ արքունիք մը։ Առաջին այս պալատը կը կործանուի Ք․Ա․1700-ին, հաւանաբար երկրաշարժէ (Կրետէն ենթակայ է յաճախակի եւ բուռն ուժգնութեամբ երկրաշարժներու)։

Երկրորդ հոյակապ արքունիքը կը կառուցուի հին արքունիքին աւերակներուն վրայ, սակայն Ք․Ա․1450-ին մասամբ կը քանդուի։ Միկինացիները Քնոսոս կը հաստատուին։ Ք․Ա․1350-ին պալատը վերջնականապէս կը կործանուի մեծ հրդեհի պատճառով։

Պալատը

Խմբագրել
 
 
Գահին սրահը

Պալատը եղած է բազմայարկանի եւ կը գրաւէր 20․000մ ² տարածութիւն մը։ Շինութեան նիւթերը, գունաւոր շաղախները, մարմարէ սիւները եւ որմանկարները որ կը զարդարեն սրահները, սենեակներն ու անցքերը, ինչպէս նաեւ նախատիպ ճարտարապետական եւ կառուցման հնարքները կը հաստատեն մինոացիներուն բարձր արհեստական գիտելիքները։

Պալատը կը զարգանայ «Կեդրոնական Փակ»ին շուրջ, որ կը ծառայէր որպէս հասարակութեան հաւաքատեղի։ Երկրորդ փակը՝ «Արեւմտեան»ը, պալատին պաշտօնական մուտքն էր, ինչպէս նաեւ ծիսական արարողութիւններուն վայրը։

Պալատին արեւմտեան մասը յատկացուած էր պաշտօնական վարչական եւ կրօնական գործունէութիւններուն համար։

Հարաւային մասին գլխաւոր վայրերն են՝ «Հարաւային Նախադարպաս»ը, «Շքերթին Անցք»ը եւ «Հարաւային Մուտք»ը իր «Շուշաններով իշխան»ը որմանկարով։

Արեւելեան մասին կը գտնուին բնակութեան վայրերը եւ ընդունելութեան մեծ սրահները, ինչպէս օրինակ՝ Զոյգ «Փելեքիսներ»ուն սրահը եւ Թագուհիին Դղեակը։ Այդ վայրերը հասանելի են հսկայ «Քլիմաքոսթասիօ»էն (սանդուխներու շարք մը)։

Հիւսիսային կողմէն կ՛ըլլար նաւահանգիստին հետ հաղորդակցութիւնը։ Կը բաղկանայ բարձրադիր կամարակապերէ, որոնցմէ արեւմտեան մասը զարդարուած է «Եզի որսորդութիւն» որմանկարով։

Քարաշէն շքերդի մեծ ճամբան՝ Թագաւորական Ճամբան, Պզտիկ Պալատէն եւ քաղաքէն կ՛առաջնորդէ դէպի պալատին հիւսիս-արեւմտեան կողմը, ուր կը ձեւանայ բացօթեայ թատրոնի վայրը։

Պալատին շուրջը կը տարածուին մինոասեան բնակավայրը եւ բլուրներուն՝ գերեզմանները։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել