Իրաքլիօ (յուն․՝Ηράκλειο), Կրետէ կղզիին ամենամեծ քաղաքը։ Իրաքլիօ նահանգին մայրաքաղաքը եւ Կրետէ Շրջանային Միաւորին վարչական կեդրոնը (Կրետէն Յունաստանի 13 Շրջանային Միաւորներէն մէկն է)։  Կը գտնուի կղզիին հիւսիսային ափին՝ կեդրոնը։

Քաղաք - նաւահանգիստ
Իրաքլիօ
յուն․՝ Ηράκλειο
յուն․՝ Iràklio
Զինանշան

Իրաքլիօ․ վենետիկեան ամրոցը
Երկիր  Յունաստան[1]
Վասիլիս Լապրինոս[2]
Տարածութիւն 120 ք․քմ․ քմ²
ԲԾՄ 33 մեթր
Բնակչութիւն 173 993 մարդ
Հեռախօսային ցուցանիշ 2810
Փոստային ցուցանիշ 71000–71999
Անուանուած է Իրաքլիոն, Իրաքլիա, Քասթրօ, Րապտ ալ Խանտաք, Խանտաքս, Մեղալօ Քասթրօ, Քանտիտա, Քանտիա, Փիաձա, Քանտիյէ
Սուրբ բարեխօս Մինաս Եգիպտացի
Պաշտօնական կայքէջ heraklion.gr

Բնակչութեան թիւն է՝ 173 993, ըստ 2011 մարդահամարին։

Յունաստանի առեւտուրի, երկրագործութեան եւ մշակութային ժառանգութեան գլխաւոր կեդրոններէն է։ Ինչպէս նաեւ, Յունաստանի զբօսաշրջիկութեան գլխաւոր վայրերէն։

Քաղաքը համաշխարհային յարգանքին կ'արժանանայ՝ «Ա․ կարգի Պատերազմական Խաչ», երբ Բ․ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, բնակչութիւնը հերոսաբար կը դիմադրէ գերմանական ներխուժման․ «Կրետէի Կռիւը» (1941)։

Անուանում

Խմբագրել

Իրաքլիոյին անունը բաւական փոփոխութիւններ կրած է անոր պատմութեան ժամանակաշրջաններուն ընթացքին եւ ըստ այնմ անուանուած։

 
Իրաքլիօ
  • Իրաքլիոն ΗράκλειονՀռոմէական շրջան (ուրկէ առաջացած է քաղաքին հայկական Հերաքլիօ կամ Հերակլիօ հին անուանումը), Օսմանեան Կայսրութիւն, Կրետէի ինքնավար նահանգ՝ Յունաստան,
  • Իրաքլիա Ηράκλεια,
  • Քասթրօ Κάστρο․ Արեւելեան հռոմէական Կայսրութիւն (Բիւզանդական), 330 - 824,
  • Րապտ ալ Խանտաք Ραμπντ Αλ Χάντακ (بض الخندق Rabdh el Khandak), արաբներ,
    • Խանտաքս կամ Խանտաքաս Χάνδαξ, Χάνδακας․ Բիւզանդական անուն արաբական շրջանին,
  • Մեղալօ Քասթրօ (Մեծ Բերդ) Μεγάλο Κάστρο․կրետացիներ,
  • Քանտիտա CandidaԼատինական կայրութիւն, իսկ՝
    • Քանտիա CandiaՎենետիկցիներ, Եւրոպացիներ եւ ամբողջ կղզին Քանտիոյ թագաւորութիւն Regno di Candia կը կոչուէր,
    • Խորա  Χώρα․ կրետացիներ,
  • Փիաձա Piazza,
  • Քանտիյէ Καντιγιέ (Kandiye)Օսմանեան Կայսրութիւն։

Իրաքլիա կը վերանուանուի Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին ռուսական բանակին մէջ ծառայող Միխայիլ Աֆենտուլեֆ - Կոմնինոս՝ ազգութեամբ յոյն, սպային կողմէ (կրետացիները անդադար կ՛ապստամբին օսմանեան լուծին դէմ՝ 1770 մինչեւ 1898․ Կրետէն կը հանդիսանայ պատերազմներու, ապստամբութիւններու վայր) ու տարիներու ընթացքին (ԺԹ․ դար) Իրաքլիոն եւ հետագային (աշխարհաբար յունարէնով)՝ Իրաքլիօ անունը կը հաստատուի։

Առասպել

Խմբագրել
 
Իրաքլիօ․ «Մեծ Պատը»

Առասպելը կը պատմէ թէ Տիասին (Զեւս) մայրը՝ Րէա, կ՛ապաստանի Կրետէ կղզին (ուր Զեւսը կը ծնի) եւ մանուկին հոգածութիւնը Քուրիթեսներուն կը վստահի։  Անոնցմէ Իտէոս Իրաքլիս Ողիմպիայի (Օլիմպիա) խաղերէն կը մեկնի եւ եղբայրներուն հետ վազքի մրցում մը կը կազմակերպէ։  Աշխարհի առաջին վազքի մրցումն է եւ Իտէոս Իրաքլիս, յաղթողներուն վայրի ձիթենիի ճիւղով կը պարգեւէ։  Իր անունը քաղաքին կը նուիրէ։

Իրաքլիօ կը գտնուի Կրետէի հիւսիսային ափերուն կեդրոնը՝ Իրաքլիոյի Ծոց, Տիա կղզեակին դիմացը։ Անոր հարաւը կը գտնուի Իրաքլիոյի դաշտը․ Եուխթաս լեռը զայն երկուքի կը բաժնէ։  Քաղաքին ափերը կը յատկանշուին փոքր բլուրներու ներկայութեամբ, իսկ արեւելեան մասին կան ցած բլուրներ։  Իրաքլիոյի արեւմտեան մասի հարթաքանդակը աւելի մեղմ է, շնորհիւ Եոֆիրոյի գետաբերաններուն։

Երկրաշարժներ

Խմբագրել
 
Քնոսոս հնագիտական վայրը

Իրաքլիօ նախապատմական շրջաններէն ենթակայ է զօրաւոր երկրաշարժներու, որովհետեւ կը գտնուի հիւսիս-հարաւ երկրաշարժային գօտիին վրայ։

Պատմական անդրադարձ

Խմբագրել
 
Իրաքլիօ․ վենետիկեան պատերը

Հնագոյն տարիներ

Խմբագրել

Ք․Ա․ 3000 թուականին, Իրաքլիոյի շրջանը կը զարգանայ Մինոասեան քաղաքակրթութիւնը՝ Եւրոպայի առաջինը․ կեդրոններէն մէկը Քնոսոս Κνωσός (ծանօթ նաեւ իբրեւ Մինոասին Պալատը), որ կը գտնուի Իրաքլիոյէն 5 քմ․ հարաւ-արեւելք։ Կը կառուցուին պալատներ եւ կը ստեղծուի հզօր ծովուժ, որ կը տիրապետէ ամբողջ Միջերկրականին։ Իրաքլիօ քաղաքին մասին որեւէ տուեալ չկայ, միայն թէ անոր արեւելեան մասը Մինոասեան քաղաքակրթութեան նաւահանգիստը եղած է։

Շրջանը ամբողջովին կը քանդուի «Մինոասեան հրաժայթքում»ի պատճառով․ Սանթորինի կղզիին հրաբուխի ժայթքում / երկրաշարժ եւ անկէ յառաջացած ցունամին վերջ կու տայ Մինոասեան քաղաքակրթութեան։

Մինոասեան քաղաքակրթութեան անկումէն ետք, կը յաջորդէ Միկինէական քաղաքակրթութիւնը՝ Ք․Ա․ 1700։

Տորացիներու կամ «Յունական ցեղերու» արշաւանքով, ներխուժումով (Ք․Ա․ 1100), Միկինէական քաղաքակրթութիւնը կը կործանի։ Այն ժամանակին է որ Կրետէն, ինչպէս մնացեալ Յունաստանը կը մտնէ «Յունական Մութ դարերու»ն որ «երկրաչաբական շրջան» ալ կը կոչուի։

Հռոմէական եւ Բիւզանդական շրջան

Խմբագրել

Իրաքլիօ կը շարունակուի բնակուիլ եւ մինչեւ ԺԳ․ դարասկիզբին մաս կը դառնայ Բիւզանդական Կայսրութեան․ հնագիտական պեղումները յայտնաբերած են Ղորթինա քաղաքը՝ մայրաքաղաք հռոմէական շրջանին, Իրաքլիոյէն 45 քմ․ հարաւ։ 

Իերոքլեսը իր «Սինեքտիմոս» աշխատութեան մէջ կը նշէ թէ Քնոսոս Կրետէի պատրիարքութեան կեդրոնն էր։  Իսկ Ստեփանոս Բիւզանդացին (Ե․ եւ Զ․ դար) իր արձանագրութիւններուն մէջ կը նշէ քաղաքը իբրեւ Իրաքլիօ։  1960-ին, հին պարիսպապատ նաւահանգիստի գօտիին մօտ գտնուած արձանագրութիւն մը կը պատմէ թէ քաղաքը դիմադրած է արաբական արշաւանք մը։  Ըստ այս արձանագրութեան, հնագէտները յայտնած են թէ հաւանաբար Կրետէի վեհապետը Իրաքլիօ կամ Քնոսոս փոխադրած է իր արքունիքը։

Արաբական գերիշխանութիւն

Խմբագրել

823-ին, Անտալութիայէն (Սպանիա) արաբ սարաքինիներ Կրետէն կը գրաւեն եւ Իրաքլիօ մայրաքաղաք կը դառնայ։  Անոնք կը պարսպապատեն քաղաքը, կը վերականգնեն եւ կ՛ընդարձակեն հռոմէական եւ բիւզանդական կառոյցները եւ նաւահանգիստը։ Կը կառուցեն մեծ ամրոց մը եւ պարագծային խրամ մը՝ ծովէ ծով․ այդ պատճառով քաղաքը Րապտ ալ Խանտաք կը կոչեն, իսկ յոյները Խանտաքս։

Արաբական իշխանութեան շրջանին, Իրաքլիօ կը զարգանայ եւ մշակութային վերելք մը կ՛ ապրի։  Սակայն, արաբները կը թոյլատրեն ծովահէններու կայքը նաւահանգիստի շրջանը, ինչ որ խնդիրներ կ՛ առաջացնէ ու կը նեղէ Բիւզանդական կայսրութիւնը։

Յուլիս 960-ին բիւզանդական նաւատորմիղը, որուն հրամանատարն էր Նիքիֆորոս Ֆոքաս, Իրաքլիօ Ծոց կը մտնէ։  Բանակը ցամաք կ՛ իջնէ եւ ջարդի ու քանդումի կը ձեռնարկէ։ Արաբական տիրապէտութեան ժամանակաշրջանը վերջ կը գտնէ։

 
Իրաքլիօ (Քանտիա)․ քաղաքին պաշարումը, քարտէս 1667-1668
 
Իրաքլիօ․ պարիսպէն նկար մը

Վենետիկեան շրջան

Խմբագրել

1204-ին, երբ Խաչակիրները Դ․ արշաւանքին ընթացքին Կոստանտնուպոլիսը կը գրաւեն, Ալեքսիոս Դ․ Անկելոս կայսրը Կրետէն Վենետիկցիներուն կը ծախէ (12 Օգոստոս 1204)։ Սակայն վրայ կը հասնին Ճենովացիները։  Վենետիկցիներուն եւ Ճենովացինեներուն միջեւ պատերազմը (1206-1211) կ՛ աւարտի Վենետիկի Հանրապետութեան յաղթանակով։  Քաղաքը նախ Քանտիտա եւ ապա Քանտիա կ՛ անուանուի, իսկ կղզին՝ Քանտիայի Կոմսութիւն եւ կամ Թագաւորութիւն։

Իրաքլիօ կը շէննայ․ կը կառուցուին նոր շէնքեր, յուշարձաններ, աղբիւրներ, ագուգաներ, եկեղեցիներ, նկարիչներու եւ բանախօսներու Սինայիթեան Դպրոցը, Վենետիկեան Ակումբը եւ մանաւանդ Իրաքլիոյի Վենետիկեան պարիսպները՝ արեւելեան Միջերկրականի ամենահզօր ամրոցը․ կառուցման աշխատանքները կը սկսին օսմանցիներու կողմէն Կոստանտնուպոլսոյ գրաւումէն ետք (1453)՝ 1462-ին եւ կ՛ աւարտին 1570-ին։ 1523-ին կը սկսի կառուցուիլ Խանտաքայի մեծ նաւահանգիստը, ուր կը հաւաքուի քաղաքին բնակչութեան 2/5ը։

1647-ին, օսմանցիները քաղաքը կը պաշարեն։  Պաշարումը 22 տարի կը տեւէ եւ 30 000 կրետացիներուն մահուան պատճառ կը դառնայ։ Միջազգային պատմութեան մէջ այս պատերազմը արձանագրուած է իբրեւ «Կրետական մեծ պատերազմը» (Siege of Candia, Μεγάλος Κρητικός Πόλεμος

 
Վենետիկեան պատերը

Օսմանեան շրջան

Խմբագրել

Երբ օսմանցիները Իրաքլիօն կը գրաւեն՝ 6 Սեպտեմբեր 1669, բնակիչներուն մեծամասնութիւնը կը գաղթէ դէպի Յոնիական կղզիներ, Վենետիկ, Տալմաթիա եւ այլուր։

Օսմանեան բռնիշխանութեան շրջանին քաղաքը Քասթրօ կամ Մեծ Քասթրօ կը կոչուի։ Կը սկսի բախումներու շրջան մը 1770, 1821, 1841, 1858․․․՝ բնակչութեան դէմ հալածանքներ, ջարդ, ապստամբութիւն․ ինչպէս օրինակ՝ 24 Յունիս 1821-ի մեծ ջարդը։

1830 - 1841 օսմանցիները կղզին Եգիպտոսին կը ծախեն․ կրետացիները կը բոլորեն խաղաղութեան շրջան մը։

1851-ին օսմանցիները մայրաքաղաքը Իրաքլիոյէն Խանիա կը տեղափոխեն։

1853-ին, հզօր երկրաշարժի մը պատճառով քաղաքը գետնին հաւասար կը դառնայ։  3․620 բնակարաններէն միայն 18-ն բնակելի են։  

1866 - 1869 տարիներու Կրետական մեծ ապստամբութեան իբրեւ հետեւանք, կղզին Ինքնավար կը դառնայ՝ Մեծ Ուժերուն (Ռուսիա, Անգլիա եւ Ֆրանսա) ներդրումով։

Յունաստանի հետ միացում

Խմբագրել

1897-ին Իրաքլիոյի վարչակարգը կ՛ անցնի անգլիացիներուն ձեռքը։ 25 Օգոստոս 1898-ին, քաղաքին թուրք բնակիչները կը հակազդեն քրիստոնիայ բնակչութեան ջարդով ․ անգլիացիները կը ռմբակոծեն քաղաքը։  Հազարներով կը սպաննուին։  Մեծ ուժերը կը ստիպեն օսմանեան բանակին լքէ կղզին եւ 1908-ին կղզին կը միանայ մայր Յունաստանին:  Յունաստանին կողմէ Կրետէի միացումը պաշտօնապէս կը յայտարարուի 1 Դեկտեմբեր 1913-ին, Պալքանեան Ա․ Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք։

Փոքր Ասիոյ Աղէտի հետեւանքները

Խմբագրել
 
«Կրետէի Կռիւ»ին ընթացքին, Իրաքլիօ քաղաքին ճակատագրական գռիւը

1922 յունական բանակի կրած պարտութենէն եւ նահանջէն ետք, Փոքր Ասիոյ շրջանէն մեծ թիւով գաղթականներ (հայեր ներառեալ) Կրետէ կը հաստատուին։   Անոնք մեծ ներդրում կ՛ ունենան Իրաքլիոյի տնտեսութեան զարգացման եւ տեղական մշակոյթի հարստացման։ Կը կառուցուին նոր թաղամասեր, որոնք կ՛ անուանուին հին հայրենիքին անուններով՝ Նեես Քլազօմենես, Նէա Ալիքարնասոս, Նէա Ալացաթա, Նէա Վրիուլա։  Տեղացիները դրական կեցուածք կ՛ ունենան անոնց Իրաքլիօ հաստատման։

Բ․ Համաշխարհային պատերազմ

Խմբագրել

20 Մայիս 1941-ին կը սկսի «Կրետէի Կռիւը»։ 11 օրեր տեւող կռիւներուն ընթացքին, կը սպաննուին կամ ծանրօրէն կը վիրաւորուին աւելի քան 11․000 զինուորներ եւ քաղաքացիներ։ Իրաքլիօ քաղաքը յաջողութեամբ կը դիմադրէ ֆաշիստ ներխուժողներուն։ Գերմանացիները չէին սպասեր այսպիսի դիմադրութիւն, մանաւանդ անզէն բնակչութենէն եւ կը փոխադարձեն՝ սպաննելով Քոնտոմանոս եւ Վիանոս գիւղերուն անզէն բնակչութիւնը։

 
Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մուտքը

Իրաքլիոյի հայերը

Խմբագրել

Տե՛ս Կրետէի հայերը

10-րդ դարէն հայեր ապրած են Կրետէ, մասնաւորաբար Իրաքլիօ։ Այժմ, 21-րդ դարուն, Իրաքլիօ մայրաքաղաքին մէջ քանի մը տասնեակ հայեր կ՛ապրին եւ անոնք համախմբուած են Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցույ շուրջը։ Սերտ կապեր կը պահեն Աթէնքի, Փիրէայի, Սելանիկի եւ Պոլսոյ հայութեան հետ։

Կրթութիւն

Խմբագրել

Իրաքլիօ կը գտնուին բարձր մակարդակի գիտութեան, բժշկութեան եւ ճարտարարուեստի ուսումնասիրութեան պետական համալսարաններ։  Ինչպէս նաեւ մանկավարժական, հնագիտութեան, պատմագիտութեան համալսարաններ։ Քաղաքը ընհանուրին մէջ կը հիւրասիրէ 15 000-է աւելի ուսանողներ։

Փոխադրական միջոցներ

Խմբագրել

Ցամաքային փոխադրամիջոցներ

Խմբագրել

Քաղաքը ունի ընդարձակ, իրարու հաղորդակցող լայնածաւալ հանրային փոխադրամիջոցներ, որոնք մայրաքաղաքը կը կապեն կղզիին մնացեալ շրջաններուն, նահանգներուն եւ գիւղերուն հետ։

Նաւային փոխադրամիջոցներ

Խմբագրել

Իրաքլիօ Միջերկրականի գլխաւոր նաւահանգիստներէն է եւ Կրետէ կղզիին գլխաւորը։ Նաւային փոխադրամիջոցը 24 ժամուան հետեւողականութեամբ կը կատարուի ու կղզին կը կապէ Փիրէային եւ Քիքլատեսի (Սիրոս, Սանթորինի, Միքոնոս, Փարոս, Նաքսոս, Իոս), Քարփաթօ, Րոտոս ու հիւսիս-արեւելեան Յունաստանի կղզիներուն հետ։ Ինչպէս նաեւ Կրետէին հիւսիս-արեւելեան ծայրամասին գտնուող Սիթիա նաւահանգիստին հետ։

 
Իրաքլիօ․ նաւահանգիստը իրիկուան
 
հին նաւահանգիստը, իրիկուան


Կրետէին ռազմական դիրքին պատճառով, Իրաքլիօ Յունաստանի նաւուժին կարեւոր կեդրոններէն է։

Օդակայան

Խմբագրել

Իրաքլիոյի «Նիքոս Քազանծաքիս Միջազգային Օդակայան»ը Διεθνές Αεροδρόμιο Νίκος Καζαντζάκης (իր ներքին ու արտաքին համաշխարհային ծաւալի թռիչքներով) Յունաստանի երկրորդն է՝ Աթէնքի «Էլեֆթերիոս Վենիզելոս Միջազգային Օդակայան»էն ետք, իսկ Եւրոպային 65-րդը։ Անունը առած է ի պատիւ միջազգային համբաւի արժանացած Իրաքլիօ ծնած ու ապրած, կրետացի գրագէտ եւ փիլիսոբայի՝ Նիքոս Քազանծաքիս։

Տեսարժան վայրերու պատկերասրահ

Խմբագրել

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Փիրէա

Սիրոս

Էգէական Ծով

Փաթրա

Կորնթոս

Քոքինիոյ հայկական գաղութ

Սելանիկի հայկական գաղութը

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. (unspecified title) — 1898.
  2. https://www.heraklion.gr/en/municipality/mayor/mayor-cv.html
  3. «2011-ի Յունաստանի մարդահամար, էջ σελ. 10863/4(389/390)(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-24-ին։ արտագրուած է՝ 2021-04-19 
  4. eurostat 2011-ի Եւրոպայի մարդահամար(անգլերէն)
  5. Խանտաքաս․ քաղաքը եւ պարիսպները, Ցոպանաքի Խրիսուլա(յունարէն)
  6. Իրաքլիօ հին քաղաքին եւ նաւահանգիստին ջրագրական եւ երկրաբանական ստուգաբանութիւն, Pehlivanoglou, A.G.; A., Papathanasoglou (2004), 157-166․(անգլերէն)
  7. Կրետացի գաղթականնեերը եւ ամերիկեան օգնութիւնը․ 1868, հեղ․՝ Howe, S. G. (Samuel Gridley), 1801-1876(անգլերէն)
  8. Յունական եւ հռոմէական առասպելներ, Պերենս, 13-10-2009(անգլերէն)
  9. researchgate - Կրետէի երկրաբանական եւ հնագիտական ուսումնաղիերութիւն, Եուխթաս լեր, Իրաքլոյի աւազան․ Wiatr, T., Papanikolaou, I. D., Reicherter, K., & Fernández-Steeger, T. (2011, Սեպտեմբեր)(անգլերէն)
  10. Իրաքլիոյի աւազանի կերտուածական կազմաբանութիւն, E. Kokinou, H. D. Skilodimou, G. D. Bathrellos(յունարէն)
  11. Իրաքլիօ․ հին քաղաքներուն պատմութիւնը, Καρέτσου, Αλεξάνδρα (2008)(յունարէն)
  12. Քնոսոսին քարափը, Nota Dimopoulou-Rethemiotaki, 2004, British School at Athens Studies(անգլերէն)
  13. ejournals - Ղորթինայէն Իրաքլիօ․ Βυζαντινά Σύμμεικτα բիւզանդական շրջան, Salvatore COSENTINO(յունարէն)
  14. Իերոքլես Սինեքտիմոսը(յունարէն)
  15. Իրաքլիոյի Բիւզանդական պատմական արձանագրութիւն մը (անգլերէն)
  16. «Իրաքլիոյի քաղաքապետութիւն․ վենետիկեան պարիսպները․ Κάλλια Νικολιδάκη(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-04-19-ին։ արտագրուած է՝ 2021-04-19 
  17. «Իրաքլիօ, 1856(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-04-19-ին։ արտագրուած է՝ 2021-04-19 
  18. «Իրաքլիոյի մեծ ջարդը(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-08-28-ին։ արտագրուած է՝ 2021-04-19 
  19. Փոքր Ասիոյ գաղթականներուն բնակութիւնը Կրետէ(յունարէն)[permanent dead link]
  20. Կրետէ․ ճարտարարուեստի ուսումնասիրութեան բարձրորակ համալսարանական կեդրոն(անգլերէն)
  21. Իրաքլիոյի նաւահանգիստին կարեւորութիւնը, Χατζηνικολάου, Εύα; Arvanitidis, Christos, 1-10-2016(անգլերէն)
  22. Յունաստանի տարածքին օդակայաններու ճամբորդական հոծ շարժումը, 2018 (յունարէն)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Եուխթաս լեռ, Կրետէ(յունարէն)
  2. Միխայիլ Աֆենտուլեֆ Կոմնինոս(յունարէն)
  3. Սինեքտիմոս(յունարէն)
  4. Բիւզանդացին(յունարէն)
  5. Նիքոս Քազանծաքիս(յունարէն)
  6. Քնոսոս(անգլերէն)
  7. Կրետական Մեծ Պատերազմը (1645–1669)(անգլերէն)
  8. Պատերազմի Խաչ (Յունաստան)(անգլերէն)
  9. Մինոասեան ժայթքում(անգլերէն)