Լատինական կայսրութիւն

Լատինական Կայսրութիւն (յուն․՝ Λατινική Αυτοκρατορία της Κωνσταντινούπολης կամ Ρωμανία, լատ.՝ Imperium Romaniae, ֆրանսերէն՝  Empire latin de Constantinople, 1204-1261), Խաչակիրներու Դ․ Արշաւանքին ընթացքին Կոստանտնուպոլսոյ գրաւումէն ետք հիմնուած պետութիւն (1204), որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1261՝ երբ Նիքէայի կայսրութիւնը Կոստանտնուպոլիսը կը գրաւէ։

Լատինական Կայսրութիւնն եւ իրեն ենթակայ պետութիւնները (դեղին եւ կանանչ գոյներով)

Պատմական տուեալներ

Խմբագրել

Տե՛ս Խաչակիրներու Դ․ Արշաւանքը

Ծրագրում

Խմբագրել

Խաչակիրներուն Դ․ Արշաւանքը կը ծրագրուի, որպէսզի Երուսաղէմը մահմետականներէն ազատագրուի։ Սակայն, տնտեսական եւ քաղաքական դէպքերու շարք մը, պատճառ կ՛ըլլան որ նախնական ծրագիրը (Եգիպտոս ներխուժել եւ Աղեքսանտրիան գրաւել ու ապա՝ Երուսաղէմը) փոխուի եւ առաջնահերթութիւն դառնայ Կոստանտնուպոլսոյ գրաւումը։ Նախատեսուած էր որ Վենետիկցիները ունենան Բիւզանդական Կայսրութեան աւարին մեծ մասը։

Ծրագրի փոփոխութիւն

Խմբագրել

1202-ի գարնան, խաչակրութիւնը կը ձեռքբերէ նախատեսուած հասոյթներուն մէկ երրորդը եւ վենետիկցիներուն կը վճարէ միայն 50 000 մարք։ Վճարման ժամկէտի յետաձգումը կը համաձայնուի երկու կողմերուն միջեւ, պայմանաւ որ խաչակիրները օգնեն Վենետիկը վերագրաւէ Տալմաթիոյ ափերուն գտնուող Զարա (Զատըր) քաղաքը։ Հռոմի Պապը իր հակառակութիւնը կը յայտնէ․ ան, որեւէ քրիստոնեայ պետութեան մը վրայ յարձակման դէմ է։ Սակայն, Պապի տեսակէտը կ՛անտեսուի եւ 24 Նոյեմբեր 1202-ին Խաչակիրները կը գրաւեն Զարա քաղաքը։ Հոն կը հասնի Բիւզանդիոնի երիտասարդ իշխան՝ Ալեքսիոս Անկելոս։ Ան խաչակիրներէն կը խնդրէ զայն օգնեն, որպէսզի կայսերական գահին վրայ վերահաստատուի իր հայրը։ Խաչակիրներու օգնութեան փոխադարձ, ան կը խոստանայ նիւթական մեծ վարձատրութիւն, բիւզանդացիներուն կողմէ Երուսաղէմի գրաւման համար զինական եւ բանակի օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ յունական եւ լատին եկեղեցիներու միացում։

Կոստանտնուպոլսոյ գրաւումը

Խմբագրել

24 Յունիս 1203-ին Կոստանտնուպոլիսը կը պաշարուի։ Բիւզանդիոնի կայսր Ալեքսիոս Գ․կը փախչի։ Իսահակ Բ․(Ալեքսիոսին եղբայրը եւ անոր կողմէն կոյր մնացած) գահին վրայ կը բարձրանայ։ Խաչակիրներուն պահանջով, անոր զաւակը՝ Ալեքսիոս, որ վերջիններուն հետ դաշնակցած էր եւ քաղաք հասած, գահակից կը նշանակուի։

Գահակից կայսրերը՝ Իսահակ Բ․ եւ Ալեքսիոս Դ․, խաչակիրներուն տուած իրենց խոստումին տէրը չեն կրնար ըլլալ։ Կայսերական գանձը պարապ է եւ ստիպուած բնակչութեան վրայ ծանր տուրքեր կը դնեն։ Ժողովուրդը դժգոհ, երկու կայսրերը կը տապալէ եւ գահին կը բարձրանայ Ալեքսիոս Տուքաս, որ լատիններուն հանդէպ թշնամական կեցուածք ունի։

1204 Մարտին, Վենետիկի եւ Խաչակիրներուն միջեւ Հռոմէական կայսրութեան բաժանման համաձայնագիր մը կը ստորագրուի։ Խաչակիրները 1204 Յուլիսին Կոստանտնուպոլիսը կը գրաւեն ու կը հաստատեն Լատինական Կայսրութիւնը։ Գրաւման յաջորդող օրերուն, վայրագութիւններ կը գործեն․ յոյն ժողովուրդի ջարդ, կողոպուտ, քանդում, հին ձեռագրերու փճացում եւ քաղաքին հրկիզում։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը մայրաքաղաքը կը լքէ մինչեւ 1261։

Լատինական Կայսրութեան հաստատում

Խմբագրել
 
Պոտուան Ա․ կնիքը․ Rom. համառօտագրութիւնը մեզ ենթադրելկը ձգէ՝ Romaniae( Ρωμανία, յոյն) կամ Romanorum Հռոմէացիներ

Լատիններուն կառավարութիւնը կը հաստատուի քաղաքին մէջ եւ անոնց դաշնակիցները կը մասնակցին աւարին բաժանման։ Վեց վենետիկցիներէ եւ վեց ֆրանսացիներէ բաղկացած կոմիտէ մը նոր կայսրը կը նշանակէ Պոտուան Ա․ (վեհապետ Պոտուան Տը Ֆլանտրը եւ Տը Հենօ Baudouin de Flandre et de Hainaut

Պոտուան Ա․ կը փորձէ պահպանել կայսերական կառավարման վարչակարգը, սակայն իրականութիւնը տարբեր է․ արեւելքի մէջ կը ներմուծէ արեւմտեան վեհապետութեան օրէնքներն ու վարչաձեւը, խզելով յունական սովորութիւններն եւ փառքերը։

Լատին Կասրը իր տրամադրութեան տակ կ՛ ունենայ Բիւզանդիոնի մէկ չորրորդը․ Կոստանտնուպոլիսը եւ անոր շրջակայ տարածքները, Թրակիան եւ Փոքր Ասիոյ հիւսիս արեւելեան շրջանը։  Կը հիմնուին նաեւ նոր պետութիւններ Լատին կայսրին ենթակայ․-

  • Սելանիկի Թագաւորութիւնը Βασίλειο της Θεσσαλονίκης մինչեւ 1224․ Մակետոնիոյ եւ Թեսալիայի շրջանները։
  • Աթէնքի Դքսութիւնը Δουκᾶτον Ἀθηνῶν․ Ատիկէի Αττική եւ Վիոթիայի Βοιωτία շրջաններ մայրաքաղաքն է Թիվա։
  • Ախայիայի Իշխանութիւնը Πριγκιπάτο της Αχαΐας, մայրաքաղաքն է Անտրավիտա Ανδραβίδα։
  • Նաքսոսի Դքսութիւնը Δουκάτο της Νάξου․ Էգէական ծովու կեդրոնական կղզիները Քիքլատես կղզեխումբը, կեդրոնն է Նաքսոս կղզին եւ կ՛ընդգրկէ Սիրոս, Սանթորինի, Փարոս, Անդիփարոս, Իոս, Քիթնոս, Ամորղոս, Քիմոլոս, Սիֆնօս, Սիքինոս, Ֆոլեղանտրոս իսկ աւելի ուշ՝ Միքոնոս, Թինոս եւ Անտրոս կղզիները։ 

Նաեւ, Փոքր Ասիոյ տարածքին դքսութիւններ կը հիմնուին՝  Նիքէա Νίκαια (հին անունով Վիթինիա Βιθυνία), Նիքոմիտիա, Ֆիլատելֆիա Φιλαδέλφεια եւ Նէոքասթրա Νεόκαστρα։  Արագ ժամանակի ընթացքին այս դքսութիւնները մաս կը կազմեն Նիքէայի Կայսրութեան։

*1261-ին Նիքէայի կայսրութիւնը կը վերագրաւէ Կոստանտնուպոլիսը ու կը վերահաստատէ Բիւզանդական Կայսրութիւնը։

Լատինական կայսրութեան անկումը

Խմբագրել
 
Լատինական Կայսրութիւնը 1230-ին

Յոյները վտարուած Կոստանտնուպոլսէն, կը հիմնեն իրարմէ անկախ երեք պետութիւններ՝ Նիքէայի Կայսրութիւնը, Իփիրոսի Տէրութիւնը եւ Տրապիզոնի Կայսրութիւնը։ 

1235-ին Նիքէայի կայսրութիւնը կը գրաւէ Թրակիան եւ Մակետոնիան։  1260-ին Փելաղոնիայի ճակատամարտին, Նիքէայի Կայսրութան գահակիցը՝ Միխայիլ Փալէոլողոս իր բանակով կը յաղթէ Ախայիայի կայսրութեան։  1261-ին Նիքէայի Կայսրութեան յոյն զօրավար Ալեքսիոս Սթրաթիղոփուլոս Ἀλέξιος Στρατηγόπουλος յանկարծակի Կոստանտնուպոլիս կը մտնէ եւ զայն կը գրաւէ։

Կայսրութեան կազմակերպութիւն եւ Ընկերութիւն

Խմբագրել

Վարչակարգ

Խմբագրել

Լատինական Կայսրութիւնը կը կազմակերպուի Արեւմտեան Եւրոպայի վեհապետական կարգերուն օրինակով, սակայն կը պահէ տարրեր Բիւզանդական դիւանակալութենէն։  Կայսրին քով կար վեց անդամներէ բաղկացած խորհուրդը՝ «Podestà de Constantinople», որ կայսրէն անկախ էր եւ իշխանութիւնը կը վարէր։

Տնտեսութիւն  

Խմբագրել

Լատինները չեն վստահիր յունական դիւանակալութեան։  Գործելաձեւին անմիջական եւ յանկարծակի փոփոխութիւնները աղիտալի կ՛ըլլան տնտեսութեան համար։  Կայսրութիւնը շարունակ Պապին կը դիմէ, որպէսզի ան տնտեսապէս նեցուկ կանգնի։ 1230-ին, մայրաքաղաքը կը դիմագրաւէ ուտեստեղէնի պակաս, հակառակ անոր թէ բնակչութեան թիւը բաւական նուազած է։

Ընկերութիւն

Խմբագրել

Յունական Ուղղափառ Նուիրապետութիւնը կը փոխարինուի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ առաջնորդէն։  Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ծեսերը կը հաստատուին կայսրութեան տարածքին, սակայն յունական Ուղղափառ եկեղեցին կը պահէ կարգ մը ծեսական արարողութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ ամուսնութիւն, եւայլն։

[1], [2], [3], [4], [5]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Յոնիական կղզիներ

Քիքլատես

Յունաստան

Աթէնք

Փաթրա

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել