Կոստանդնուպոլսոյ Գրաւում (1204)
Կոստանդնուպոլսոյ գրաւում Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաքի գրաւումը վենետիկցիներու ու խաչակիրներու կողմէն 13 ապրիլ 1204-ին։ Գրաւմանը նախորդած են երկու ծանր պաշարումներ 1203 եւ 1204 թուականներուն։
Կոստանդնուպոլսոյ Գրաւում | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Խաչակրաց չորրորդ արշաւանք | |||||||
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
Խաչակիրներ Վենետիկի Հանրապետութիւն |
Բիւզանդական Կայսրութիւն | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Բոնիֆացիոս Մոնֆերացի Էնրիկո Դանդոլո |
Ալեքսիոս IV Անգելոս Ալեքսիոս V Դուկաս | ||||||
Կողմերու ուժեր | |||||||
10,000 խաչակիր 10,000 վենետիկցի 210 նաւ |
15,000 մարտիկ 20 նաւ | ||||||
Կորուստներ | |||||||
անյայտ | անյայտ |
Վենետիկի նաւատորմը եւ խաչակիրները քաղաքը գրաւելէ ետք թալանած եւ կազմակերպած են յոյն ուղղափառ բնակչութեան սպանդը, այսպիսով լուծելով 1182-ի յոյներու կողմէն կազմակերպուած լատինական ջարդերու վրէժը։
9 մայիս-ին նոր կայսր հռչակուեցաւ Բալդուին Ֆլարանդիացին, որմէ ետք Լատինական կայսրութիւնը հիմնուեցաւ, որ իր ստորակայ պետութիւնները ունէր։ Անոնք իտալական, ֆրանսական ու գերմանական ազնուականներու կողմէ կը ղեկավարուէին։ Յունական ազնուականութիւնը չյանձնուեցաւ եւ կայսրութեան ծայրամասերուն մէջ պայքարը շարունակեց։
Պատճառներ
ԽմբագրելԿաղապար:Գլխաւոր Յօդուած Կոստանդնուպոլսոյ կործանման հիմնական պատճառը կայսրութեան սոցիալ-տնտեսական վիճակի հետ մնալն էր զարգացող արեւմտաեւրոպական պետութիւններու համեմատ։ Այն պարագային, երբ եւրոպական երկիրներու աշխոյժ կենցաղ կը բերէին գիտական նոր ձեռքբերումներ, բիւզանդական ազնուականութիւնը կը շարունակէր իր սեփական միջոցները ներդնել փոքր եկամտաբերութիւն ունեցող բարրձրարժէք անշարժ գոյքի մէջ, որուն պաշտպանութիւնը թրքական ցեղերու պարբերաբար ասպատակութիւններու պայմաններուն մէջ աւելի ու աւելի կը բարդանար։ 12-րդ դարուն յունական առեւտրական նոր դաս յայտնուեաւ, որ աւելի հիմնուած էր իտալական առեւտրական աւանդոյթներու վրայ, այդ դասը սերտօրէն իտալական տալասակրատիայի հետ կը գործակցէր, յոյս ունենալով, որ վերջիններուս օգնութեամբ կ՛րնայ իրավիճակը բարելաւուիլ։
Քաղաքի կործանման յաջորդ հիմնական պատճառը 1187-ին կնքուած վենետիկա-բիւզանդական պայմանագիրն էր ըստ, որուն բիւզանդացիները ռազմական նաւատորմը կրճատեցին, յուսերնին իտալական «դաշնակիցներու» վրայ դնելով։ Քանի որ հենց վենետիկեան նաւերը Կոստանդնուպոլիս հասցուցին աւելի քան 30 հազարանոց խաչակրաց բանակը։ Քաղաքի գրաւումէն առաջ, քաղաքը 250-500 հազար բնակիչ ունէր եւ ժամանակի աշխարհի ամենամեծ քաղաքներէն մէկն էր։ Այնուամենայնիւ քաղաքի մեծ բնակչութիւնը խաչակիրներուն չխանգարեց, քանի որ երկրին մէջ արդէն երկար ժամանակ անմիաբանութիւն կը տիրէր պարբերաբար տեղի ունեցող գահակալական կռիւներու պատճառով։
Իրադարձութիւններու ընթացքը
ԽմբագրելԽաչակիրները արդէն երկար ժամանակ կը հետեւէին թուլացող քաղաքին։ Իսկ խաչակրաց արշաւանքներու ընթացքին, իտալացիները արդէն մօտէն ծանօթացած էին Բալկաններու եւ Փոքր Ասիոյ աշխարհագրութեան։
Քաղաքը գրաւելէ ետք զանգուածային աւազակութիւնը սկսաւ։ Մօտ 2 հազար մարդ սպաննուեցաւ գրաւման առաջին օրերուն։ Քաղաքին մէջ քանի մը օր շարունակ հրդեհ կար։ Կրակի մէջ ոչնչացան շարք մը մշակութային յուշարձաններ եւ տակաւին անյիշելի ժամանակներէն քաղաքին մէջ պահուող անգին ձեռագիրներ։ Կրակէն առաւելագոյնը տուժեց կայսերական գրադարանը։
1204-ի աշնան, վենետիկա-խաչակրաց ուժերու 24 առաջնորդները ֆրանքի հիմք հանդիսացող Բիւզանդական կայսրութեան մասնատման մասին պայմանագիրը կնքեցին(Partitio terrarum imperii Romaniae)։
Յունաստանի բնակչութիւնը զանգուածային ձեւով կը լքէր քաղաքը։ Լատինական տիրապետութեան վերջը քաղաքին մէջ մնացած էր 50 հազար բնակիչ։
Կոստանդնուպոլիսը Բիւզանդական կայսրութեան արեւմտեան մասը գրաւող Լատինական կայսրութեան մայրաքաղաքը դարձաւ։
Հետեւանքներ
ԽմբագրելԵրկու անյաջող պաշարումներէն ետք, 1261-ին վենետիկեան նաւատորմի բացակայութեան պայմաններուն մէջ Նիկիայի կայսրութեան բանակը գրաւեց շատ զօրաւոր ձեւով պաշտպանուած Կոստանդնուպոլիսը։ Բիւզանդական կայսրութիւնը վերականգնեցաւ, սակայն սոցիալ-տնտեսական եւ ընկերվարական ճգնաժամը շարունակուեցաւ։ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը կաթոլիկներու կողմէն աւելի մեծացուց Բալկաններուն մէջ առկայ էթնո-կրօնական թշնամանքը եւ քաղաքական քաոսի մթնոլորտը զօրացուց։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Ժոֆֆրուա դը Վիլլարդեն «Կոստանդնուպոլսյ կործանումը»
- Ռոբեր դը Կլարի. «Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը»
- Քոնիաթ. «Իսահակ Անգելոսի եղբայր Ալեքսիոսի գահակալութիւնը»
- Ուսպենսի Ֆ. Ի. Բյուզանդական կայսրության պատմությունը XI—XV դարերին. — Մ., 1997.