Դլփինները
Դլփինները, կէտերը եւ ծովախոզուկները (porpoises) յառաջացած են կաթնասուններէ, որոնք ժամանակին ապրած են ցամաքի վրայ: Տասնեակ միլիոնաւոր տարիներ առաջ կէտազգիներու նախնիները մերժած են ցամաքային կեանքը` յօգուտ բաց ովկիանոսի:
Յատկանիշներ
Խմբագրել- Դլփինները կը լողան ովկիանոսին մէջ, իրենց պոչը վեր ու վար տարուբերելով:
- Իւրաքանչիւր դլփին ունի իրեն յատուկ սուլոց մը, զոր կը գործածէ իբրեւ իր իւրայատուկ կանչը եւ զայն անփոփոխ կը պահէ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Դլփինները աւելի քան 20 տարի բաժնուած ապրելէ ետք տակաւին կրնան զանազանել երբեմնի սերտ ընկերակիցի մը սուլոցը` բոլորովին տարբեր սուլոցներէ, զորս կ'արձակեն իրենց համար օտար դլփիններ:
- Դլփինները միջին հաշուով 20 տարի կ'ապրին վայրի բնութեան մէջ, թէեւ բանտարկուած դլփինները կ'ապրին մինչեւ 45 տարի[1]:
- Դլփինները կը շնչեն իրենց գլխուն վրայ գտնուող ծակի մը միջոցով[2]:
- Շնչելու համար, նորածին դլփինին մայրը կամ խումբէն ուրիշ էգ դլփին մը կ'օգնեն անոր բարձրանալու դէպի ջուրին մակերեսը, ուր ան իր թոքերը օդով կը լեցնէ: Ձուկերը կրնան շնչել ջուրին մէջ` շնորհիւ անոնց գլխուն երկու կողմերը գտնուող խռիկներուն, որոնց միջոցով անոնք կը ծծեն ջուրին մէջ գտնուող թթուածինը: Դլփինները այս դրութեամբ չեն օժտուած, հետեւաբար անոնք չեն կրնար շնչել ջուրին տակ[3]:
- Դլփինները կ'օգտագործեն իրենց կոնաձեւ ակռաները արագ շարժող որսը բռնելու համար։
- Անոնք ունին լաւ զարգացած լսողութիւն, որ կը յարմարի ինչպէս օդի, այնպէս ալ ջուրի համար: Անիկա այնքան զարգացած է, որ նոյնիսկ կոյր դլփիններուն գոյատեւման կը նպաստէ։ Անոնց ականջները երկու ծակեր են, որոնք կը գտնուին աչքերուն ետեւ, անոնք շատ պզտիկ են եւ չեն կրնար ձայները ընկալել: Դլփինները իրենց գանկին եւ ծնօտին ոսկորներով կը զգան ովկիանոսին ձայները, ապա այս ձայները կը փոխանցուին ուղեղին, որուն պաշտօնն է զանոնք «կարդալ»:
- Կարգ մը տեսակներ կրնան մինչեւ շատ խոր սուզուիլ։
- Անոնց մաշկին տակ կայ ճարպի հաստ շերտ մը, սառ ջուրին մէջ տաքութիւն պահելու համար։