Ռէա

յունական դիցաբանութեան տիտանուհի

Ռէա (յուն․՝ Ρέα)․ տիտանուհի եւ Ուրանոսին եւ Եէային դուստրը։

Ռէա
հին յուն․՝ Ῥέα
Տիտանուհի աստուածուհի արգասաբերութեան, մայրութեան եւ արգասաւորութեան
Ամուսին Տիտան Քրոնոս
Ծնողներ Ուրանոս եւ Եէա
Երեխաներ աստուծուհիներ՝ Էսթիա, Տիմիթրա, Ւրա, Փլութոնաս եւ Զեւս

Յունական դիցաբանութեան մէջ Ռէա որպէս տարեց աստուածներուն ամենատարիքոտը, կ՛որոշէր իրերու ընթացքին համար (Ռէա Ρέα = αυτή που ρέει ան որ կը հոսի)։

Ռէա ամուսնացաւ իր եղբօր՝ Քրոնոսին հետ եւ ունեցան հետեւեալ զաւակները (նշուած են ծննդաբերութեան շարքով՝ անդրանիկէն՝ բենիամինը)․-

  • Էսթիա․ տունին աստուածուհին
  • Տիմիթրա․ մշակումի, հասկաքաղի եւ արգասաբերութեան աստուածուհին
  • Իրա․ Տիտանոմախիայէն ետք, յաջորդեց Ռէային՝ (Ողիմպոսի աստուածներուն թագուհին) եւ արգասաբերութեան, ամուսնութեան եւ կիներուն աստուածուհին
  • Ադիս․ վարի աշխարհին աստուածը
  • Փոսիտոնաս․ ջուրերուն աստուածը
  • Զեւս․ աստուածներուն թագաւորը եւ կայծակին ու երկինքին աստուածը։

Զաւակները Քրոնոս կլլեց, սակայն Զեւս երբ մեծցաւ, անոնց ազատեց։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել