Զաքրոս
Զաքրոս (յուն․՝Ζάκρος) Մինոասեան քաղաքակրթութեան պալատ եւ Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակի Կրետէին կարեւոր քաղաքներէն (Քնոսոսէն, Ֆեսթոսէն ետք)։ Կը գտնուի Կրետէին արեւելեան ծայրամասին,Լասիթի մարզը։
Զաքրոս | |
---|---|
Զաքրոս | |
Ζάκρος | |
Երկիր | Յունաստան |
Շրջան | Կրետէ |
Հիմնադրուած է՝ | Ք․Ա․1900 |
Ժամային գօտի | UTC+2 եւ UTC+3։00 |
Փոստային ցուցանիշ | 723 00 |
Տեղեկութիւններ
ԽմբագրելԶաքրոսին վայրը կը գտնուին աւերակները մինոասեան Զաքրոս հին քաղաքին եւ պալատին։ Եղած է Մինոասեան քաղաքակրթութեան վարչական 4 կեդրոններէն մէկը։ Անոր պահպանուած նաւահանգիստը եւ ռազմական դիրքը քաղաքը դարձուցած են առեւտրական եւ մանաւանդ դէպի արեւելք առեւտուրի կեդրոն։
Հնաբանական
ԽմբագրելԱռաջին անգամ հնաբանական պեղումներ կը կատարուին Աթէնքի Բրիտանական հնաբանական դպրոցին կողմէն։ Կը յայտնաբերուին 12 բնակարաններ։ Սակայն պեղումները կը դադրին։ Կը վերսկսին 1961-ին Նիքոլաոս Փլաթոն հանաբանին կողմէն եւ Զաքրոսին պալատը եւ ուրիշ կարեւոր իրեր, ինչպէս օրինակ՝ Գծային Α արձանագրութիւններ եւ Քնոսոսի եւ Ֆեսթոսի պալատներու հար ու նման լաբիւրինթոս մը կը յայտնաբերուին։
Քաղաքին մէջ գերիշխած է Զաքրոս պալատը, հիմնուած Ք․Ա․1900-ին եւ վերակառուցուած Ք․Ա․1600-ին։ Պալատը կը կործանուի Ք․Ա․1450-ին, ինչպէս մնացեալ մինոասեան պալատները։
Զաքրոս պալատին ճարտարապետական ոճը Կրետէի մինոասեան մնացեալ պալատներուն նման է։
Զաքրոսին աւերակները կը գտուին ծովուն մօտ եւ վայրը եղած է զբօսաշրջիկութեան կարեւոր կեդրոն։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Անօթ, Զաքրոս․ Ք․Ա․ 1500-1400