Օտիսէաս Էլիթիս (Οδυσσέας Ελύτης․ աւազանի անունով՝ Օտիսէաս Ալեփուտելիս, 2 Նոյեմբեր 1911, Իրաքլիօ, Կրետէի ինքնավար նահանգ - 18 Մարտ 1996, Աթէնք, Յունաստան)․ Գրականութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր նշանաւոր յոյն բանաստեղծ եւ արձակագիր։  Ձեւաւորեց անձնական իւրայատուկ բանաստեղծական ոճ մը եւ կը սեպուի յունական բանաստեղծութեան փոփոխողներէն մէկը։  Անոր բանաստեղծութիւններուն մեծամասնութիւնը երաժշտաւորուած են, իսկ գործերը բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած են։

Օտիսէաս Էլիթիս
յուն․՝ Οδυσσέας Ελύτης
Օտիսէաս Էլիթիս, 1974
Ծննդեան անուն յուն․՝ Οδυσσέας Αλεπουδέλης
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Οδυσσέας Ελύτης[1]
Ծնած է 2 Նոյեմբեր 1911
Ծննդավայր Իրաքլիօ, Կրետէ, Յունաստան
Մահացած է 18 Մարտ 1996
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան
Քաղաքացիութիւն յունական
Ազգութիւն Յոյն
Մայրենի լեզու Յունարէն
Ուսումնավայր Աթէնքի Համալսարան
Ազդուած է արդի յունական եւ եւրոպական, մանաւանդ ֆրանսական ժամանակակից արուեստի հոսանքներէն
Ազդած է յունական բանաստեղծութեան զարգացման
Երկեր/Գլխաւոր գործ «Աքսիոն Էսթի», «Արեւը՝ առաջինը», «Դիրքորոշումներ», «Փոփոխակներ ճառագայթի մը վրայ» , «Վեց եւ Մէկ մեղքեր Երկինքին համար», «Պատրանքներու պարտէզը», «Փոքրիկ նաւաստին» , ․․․
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ
Անդամութիւն Հույն գրողների միություն?
Ծնողներ հայր՝ Փանայոթիս Ալեփուտելիս, մայր՝ Մարիա Վրանա
Ստորագրութիւն

Կրետէի ինքնավար նահանգ (1896 – 1913)․Կրետական մեծ ապստամբութեան իբրեւ հետեւանք, կղզին Ինքնավար կը դառնայ՝ Մեծ Ուժերուն ներդրումով։ 1908 թուականին, Կրետէն վերջնականապէս կը ձերբազատուի օսմանեան լուծէն եւ Յունաստանին կը միանայ, իսկ Յունաստանին կողմէ միացումը պաշտօնապէս կը յայտարարուի 1913, 1 Դեկտեմբերին։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Առաջին տարիները

Խմբագրել

Օտիսէաս Էլիթիս ծնած է 2 Նոյեմբեր 1911, Իրաքլիօ, Կրետէ։  Հայրն է Փանայոթիս Ալեփուտելիս՝ օճառաշինութեան գործատէր, մայրը՝ Մարիա Վրանա։  Երկու ծնողքին ծննդավայրը Լեսվոս կղզին է։  Ընտանիքին վեց զաւակներէն կրտսերն է։  1914-ին ընտանեօք Աթէնք կը փոխադրուին։  Կեանքին առաջին ամառները Կրետէ, Լեսվօ եւ Սփեցես կղզիները կ՛ անցընէ։  

1920-ին Էլեֆթերիոս Վենիզելոսի վարչակարգի անկումով, ընտանիքը կը հալածուի եւ հայրը կը ձերբակալուի․Վենիզելոս ընտանեկան բարեկամ է եւ յաճախ անոնց տունը կը հիւրասիրուի։ 1923-ին, ընտանեօք Եւրոպա կը ճամբորդեն։ Կ՛ այցելեն Իտալիա, Զուիցերիա, Գերմանիա եւ Եուկոսլավիա։  Լոզանի մէջ, կը ծանօթանայ աքսորուած Վենիզելոսին։

1924-ի աշնան, կը յաճախէ Աթէնքի Գ․ Երկրորդական վարժարանը եւ կը գործակցի «Երեխաներուն ձեւաւորումը» Η Διάπλασις των παίδων (1879-1949) պարբերաթերթին հետ․կը գործածէ զանազան ծածկանունններ։  Հետագային ինք խոստովանած է թէ յունական արդի գրականութեան կը ծանօթանայ՝ գիրքեր եւ պարբերաթերթեր գնելով։ Գրականութեան զուգահեռ, կը զբաղի մարզանքով․ կը մագլցի Ատիկէի լեռները։ 

1925-ին հայրը կը մահանայ։ 1927-ին առողջութեան պատճառներով մարզական ժամանցներէ հեռու կը մնայ եւ զարկ կու տայ գրականութեան։ 1929-ին, երկրորդականը կ՛աւարտէ եւ նոյն շրջանին կը սերտէ Քոստանտինոս (Կոստանտինոս) Քավաֆիսին եւ Անտրէաս Քալվոսին գործերը, ինչպէս նաեւ հին յունական քնարերգակ գրականութիւնը։  Միաժամանակ կը սերտէ ֆրանսացի Փօլ Էլիւարի եւ գերիրապաշտերուն գործերը, որոնցմէ կ՛ ազդուի։

Գրականութիւն

Խմբագրել

1930-ին կ՛ արձանագրուի Աթէնքի Իրաւաբանական Համալսարանը։  1933-ին համալսարանին մէջ կը հիմնուի «Գաղափարախօսական Փիլիսոփայական Խումբը»։  Խումբին կը մասնակցին Քոստանտինոս Ցացոս՝  իրաւաբան, փիլիսոփայ եւ հետագային Յունաստանի նախագահ (1975-1980),  Փանայոթիս Քանելոփուլոս՝ փիլիսոփայ, կաճառական եւ հետագային նախագահ 1945 եւ 1967 տակնապալի տարիներու կառավարութիւններուն, Իոանիս Թէոտորաքոփուլոս՝ փիլիսոփայ, համալսարանի դասախօս եւ կաճառական ու Իոանիս Սիքուրթիս՝ փիլիսոփայ։  Օտիսէաս Էլիթիս ուսանողներուն ներկայացուցիչի հանգամանքով կը մասնակցի խումբի շաբաթական հաւաքներուն։  Այս շրջանին է որ ան կը սերտէ յունական արդի բանաստեղծութեան գործեր, միաժամանակ ընկերներու հետ Յունաստանի զանազան շրջանները կը  թափառի։

1935-ին կը սկսի հրատարակուիլ «Նոր Գիրեր» Νέα Γράμματα գրական պարբերաթերթը, որ արեւմտեան արուեստի հոսանքները Յունաստան կը բերէ։  Էլիթիս կը յարաբերուի պարբերաթերթի շրջանակին հետ ու կը ծանօթանայ Անտրէաս Էմպիրիքոս Ανδρέας Εμπειρίκος բանաստեղծին։  Երկու բանաստեղծներուն միջեւ սերտ բարեկամութիւն մը կը սկսի որ 25 տարի կը տեւէ։

Նոյեմբեր 1935-ին, «Նոր Գիրեր» պարբերաթերթին մէջ (թիւ 11) կը հրատարակուին Օտիսէասին գործերը «Օտիսէաս Էլիթիս» ծածկանունով։   Նոյն շրջանին կը ծանօթանայ Նիքոս Կացոս բանաստեղծին։ Պարբերաթերթին մէջ կը հրատարակուին Էլիթիսին կողմէն յունարէնի թարգմանուած Փօլ Էլիւարի բանաստեղծութիւնները։  

1936-ին «Գերիրապաշտներու Աթէնքի Ա․ Միջազգային Ցուցահանդէս»ին, էլիթիս կը ցուցադրէ սոսնձումով (collage) աշխատուած իր նկարչական գործերը։

1937-ին Էլիթիս զինուորական ծառայութութիւնը կը կատարէ Քերքիրայի «Պահեստային Սպաներու Դպրոցին» մէջ։  Յունական բանակին մէջ իր ծառայութեան ընթացքին կը նամակցի բնաստեղծ Նիքոս Կացոսին եւ Եորղոս Սեֆերիսին (բանաստեղծ եւ դիւանագէտ, դափնեկիր Նոպել Գրականութեան մրցանակին, 1963) հետ։  Զինուորական ծառայութեան աւարտին, «Նոր Գիրեր» պարբերաթերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Միցոս Փափանիքոլաուին յօդուածը՝ «Բանաստեղծ Օտիսէաս Էլիթիս» որ մտաւորականութեան շրջանակներուն մէջ դրական արձականգ կ՛ ունենայ։

1939-ին, Էլիթիս կը ձգէ իրաւաբանի ուսումը եւ կը հրատարակէ իր բանաստեղծութիւններուն առաջին հաւաքածոն՝ «Դիրքորոշումներ» խորագրով։  Յաջորդ տարին, իր բանաստեղծութիւնները առաջին անգամ ըլլալով օտար լեզուի կը թարգմանուին․ Սամուէլ Պօ Պովի Samuel Baud Bovy զուիցերիական «Formes et Couleurs» պարբերաթերթին մէջ կը հրապարակէ յօդուած մը յունական բանաստեղծութեան շուրջ։  

Ալպանեան ճակատ եւ բանաստեղծութիւն

Խմբագրել
 
Ալեփուտելիս ընտնիքը 1917, ձախին փոքրիկ տղան Օտիսէաս Էլիթիսն է

Բ․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ծանրօրէն կը վիրաւորուի։  Գերմանական գերիշխանութեան շրջանին ուրիշներու հետ կը հիմնեն «Փալամասին շրջանակը» գրական խումբը 30 Մայիս, 1943։  Հոն Էլիթիս կը ներկայացնէ «Իրական Անտրէաս Քալվոս եւ անոր քնարերգական յանդգնութիւնը» գրափորձը։ Նոյեմբեր 1943-ին կը հրատարակուին «Արեւը՝ առաջինը» Ο Ήλιος ο Πρώτος եւ «Փոփոխակներ ճառագայթի մը վրայ» Παραλλαγές πάνω σε μια αχτίδα հաւաքածոները՝ 6․000 օրինակներով։  Այս գործերը բնութեան եւ կեանքի ուրախութեան ձօնն են։

1945-1946 Յունաստանի «Ձայնասփիւռի Ազգային Հիմնարկ»ին Ծրագրումի Տնօրէնութիւնը կը վարէ։  «Յունա-անգլիական Պարբերաթերթ»ին մէջ Αγγλοελληνική Επιθεώρηση կը հրապարակէ քանի մը գրափորձեր եւ մինչեւ 1948-ին կը պահէ արուեստի քննարկումի իր սիւնակը։

1946-ին կը հրատարակէ «Հերոսական եւ սուգի տաղերգ Ալպանիոյ ճակատին կորսուած սպային համար» Άσμα Ηρωικό και Πένθιμο για τον Χαμένο Ανθυπολοχαγό της Αλβανίας բանաստեղծութիւնը։

Եւրոպա եւ վերադարձ Յունաստան

Խմբագրել

1948-ին Զուիցերիա կը ճամբորդէ, ապա Փարիզ կը հաստատուի։  Սորպոնի համալասարանին մէջ փիլիսոփայութեան դասերու կը հետեւի։  Էլիթիս «Արուեստի Միջազգային քննաբաններու Միութեան» Association Internationale des Critiques d'Art հիմնադիրներէն կը հանդիսանայ։  Կը ծանօթանայ մտաւորականներու, ինչպէս օրինակ՝ Անտրէ Պրեթոն, Փօլ Էլիւար, Ալպեր Քամիւ Albert Camus, Թրիսթան Ցարա, Փիեռ Ճան Ճուվ, Ճոան Միրօ։  Կը հանդիպի նաեւ համբաւաւոր նկարիչներւ՝ Անրի Մաթիս, Մարք Շակալ, Ալպերթօ Ճիաքոմեթի, Ճորճիօ տէ Քիրիքօ եւ Փապլօ Փիքասօ։  Հետագային, Փիքասոյին կը ձօնէ «Ωδή στον Πικασσό» (Տաղ Փիքասոյին) բանաստեղծութիւնը։  1950-ին Սպանիա կը ճամբորդէ ապա՝ Լոնտոն, ուր «BBC»ի ձայնասփիւռէն չորս բանախօսութիւններ կը կատարէ։ 

1952-ին Յունաստան կը վերադառնայ։  Կ՛ անդամակցի «Երկոտասան խումբ»ին (ամէն տարի կը պարգեւէ գրականութեան մրցանակներ), ուրկէ կը հրաժարի Մարտ 1953-ին ու կը վերադառնայ՝ 1955-ին ։ 1953-ին կ՛ անդամագրուի «Մշակոյթի Եւրոպական Ընկերութեան» (Վենետիկ) եւ Քարոլոս Քունի «Արուեստի Թատրոն»ին խորհուրդին անդամ է։

1958-ին «Արուեստի պարբերաթերթ»ին մէջ Επιθεώρηση Τέχνης կը հրապարակէ բաժիններ «Άξιον Εστί» (Axion Esti) գործէն։ Մարտ 1960-ին երկը լոյս կը տեսնէ «Իքարոս» հրատարակչատան կողմէ։  Քանի մը ամիս ետք, կը ստանայ «Բանաստեղծութեան Պետական Մրցանակ»ը։  Նոյն ժամանակաշրջանին կը հրատարակուին «Վեց եւ Մէկ մեղքեր Երկինքին համար» Έξι και Μία Τύψεις για τον Ουρανό, «Μικρόν Ανάλογον για τον Ν. Χατζηκυριάκο-Γκίκα»ի պատիւ յոյն աշխարհահռչակ Ն.(Նիքոս) Խածիքիրիաքոս - Կիքաս նկարիչին, իսկ Գերմանիա՝ «Korper des Sommers» խորագրով բանաստողծութիւններուն հաւաքածոն։

1960-ին մայրն ու Քոստանտինոս եղբայրը կը մահանան։

Միջազգային համբաւի արժանացոմ (1961-1978)

Խմբագրել

Պատիւներ եւ յաջողութիւն

Խմբագրել

1961-ին, կ՛ ընդառաջէ պետական հրաւէրին եւ Մարտ – Յունիս ամիսներուն Ա․Մ․Ն․ կ՛ այցելէ։  Յաջորդ տարին կ՛ այցելէ Հռոմ եւ Խորհրդային Միութիւն՝ Օտիսոս, Մոսկուա եւ Լենինկրատ։

1964-ին, Միքիս Թէոտորաքիս կը սկսի «Άξιον Εστί» երկին նուագակցութեան աշխատանքը։ 19 Հոկտեմբերին գործը կը ներկայացուի Աթէնքի կեդրոնական «Rex» թատրոնի բեմէն, ուր մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ։

1965-ին, Քոստանտինոս թագաւորի ձեռամբ, կը ստանայ «Ֆինիքոս Աւագ Գնդապետ»ի պարգեւը։  Յաջորդող տարիներուն կ՛ աւարտէ «Ανοιχτά Χαρτιά» (Բաց Թուղթեր) գրափորձերու հաւաքածոն, «Εποχές» պարբերաթերթին մէջ կը հրապարակէ «Ψαλμός και ψηφιδωτό για μιαν άνοιξη στην Αθήνα», «Δώδεκα Νήσων Άγγελος» եւ «Της Σελήνης της Μυτιλήνης», «Փոքրիկ Քիքլատես / Դասալիքները» Μικρές Κυκλάδες / Λιποτάκτες բանաստեղծութիւնները, Սոֆիա կը ճամբորդէ ընդառաջելով Պուլկարիոյ հեղինակներու միութեան հրաւէրին, ինչպէս նաեւ Եգիպտոս։

Բռնապետութեան տարիներ

Խմբագրել

Յունաստանի զինուորական յեղաշրջումէն ետք, կ՛ ինքնամեկուսանայ եւ նկարչութեամբ ու սոսնձումով (collage) կը զբաղի[2]։  3 Մայիս 1969-ին Յունաստանը կը լքէ ու Փարիզ կը հաստատուի։  Կ՛ աշխատի «Φωτόδεντρο» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյին վրայ։  Կիպրոս կը ճամբորդէ եւ 1971-ին Յունաստան կը վերադառնայ, սակայն կը մերժէ ստանալ «Գրականութեան Մեծ Մրցանակ»ը՝ հաստատուած բռնատիրական վարչակարգին կողմէ։

«Աքսիոն Էսթի» Άξιον Εστί ներկայացումը Իրոտու Ատիքու բացօթեայ երաժշտանոցին մէջ

Խմբագրել

1976-ի ամրան Աթէնքի Իրոտու Ատիքու բացօթեայ երաժշտանոցին մէջ (հռոմէական շրջանի հին թատրոն, Աքրոփոլիին հարաւ-արեւելեան լանջին) բացառիկ յաջողութեամբ կը ներկայացուի «Աքսիոն Էսթի» գործը, Միքիս Թէոտորաքիսի նուագակցութեամբ։  Այնուհետեւ երկը կը մեկնաբանուի բազմաթիւ հանրածանօթ երգիչներէ եւ աշխարհի չորս ծագերուն կը տարածուի։

Նոպել Գրականութեան Մրցանակ

Խմբագրել

18 Հոկտեմբեր, 1979-ին «Նոպել Գրականութեան Մրցանակ»ին կ՛արժանանայ։  10 Դեկտեմբեր, 1979-ին մրցանակը կը ստանայ եւ իր խօսքը ֆրանսերէնով կ՛արտասանէ[3]:

1980-ին, Նոպել մրցանակին ոսկեայ շքանշանն ու անոր կցուած վկայականները «Պենաքի Թանգարան» կը յանձնէ։

Կը յաջորդեն պատիւներ Յունաստանի մէջ եւ արտասահմանի զանազան հաստատութիւններէ, ինչպէս օրինակ․-

  • Սորպոնի Համալսարան․ Օտիսէաս Էլիթիս պատուոյ Վարդապետ կը հռչակուի,
  • Լոնտոնի Թագաւորական Գրական Ընկերութեան Արծաթեայ շքանշանով կը պարգեւատրուի,
  • Նիու Ճըրսէյի Րութկըրս Համալսարանը կը հիմնէ արդի յունական ուսումներու ամպիոն։

1967 – 1996 ժամանակաշրջանի գլխաւոր գործերը

Խմբագրել

Բանաստեղծութիւններ

Խմբագրել
  • «Ուղղիչ Արեւը» Ο Ήλιος ο Ηλιάτορας 1971,
  • «Մահ եւ յարութիւն Քոստանտինոս Փալէոլողոսի» Θάνατος και ανάστασις του Κωνσταντίνου Παλαιολόγου կը հրատարակուի արտասահման, 1971,
  • «Միագիրը» Το Μονόγραμμα 1972[4] [5],
  • «Սէրին գեղգեղները» Τα Ρω του Έρωτα ,1972,
  • «Villa Natacha» 1973,
  • «Մէկ բանաստեղծ, մէկ բանաստեղծութիւն» Ένας Ποιητής, ένα Ποίημα  հաւաքածոյ, 1973,
  • «Αιώνος Είδωλον», 1973,
  • «Τα Ετεροθαλή» հաւաքածոյ 1974 (կը բովանդակէ բոլոր բանաստեղծութիւններն որոնք որեւէ հաւաքածոյի մաս չեն կազմած եւ կամ չեն հրատարակուած),
  • «Η καλωσύνη στις λυκοποριές» (գրուած 1947-ին, հրատարակուած 1974-ին),
  • «Մարիա Նեֆելի» Μαρία Νεφέλη 1978,
  • «Ձօն Սանթորինիին»  Ωδή στην Σαντορίνη 1984,
  • «Փոքրիկ նաւաստին» Ο Μικρός Ναυτίλος 1988,
  • «Էքսոփեթրային եղերերգակը» Τα Ελεγεία της Οξώπετρας 1991, եւայլն։  

Գրափորձեր, արձակներ

Խմբագրել
  • «Թէոֆիլոս նկարիչը» Ο ζωγράφος Θεόφιλος 1973,
  • «Փափատիամանտիին կախարդութիւնը» Η μαγεία του Παπαδιαμάντη, 1975,
  • «Անտրէաս Էմպիրիքոսին մասին» Αναφορά στον Ανδρέα Εμπειρίκο 1977,
  • «Հանրային եւ Սեփական» Τα Δημόσια και τα Ιδιωτικά 1990,  «Պատրանքներու պարտէզը» Ο κήπος με τις αυταπάτες 1995, եւայլն։

Արուեստ

Խմբագրել

1986-ին կը հրապարակէ «Պատկերներով սենեակը»․ սոսնձումով աշխատուած իր գործերուն հաւաքածոն։

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել
  • «Բանաստեղծութիւններ» Փօլ Էլիւար, 1936․
  • «Հանրային Նուռ» Փօլ Էլիւար, 1936․
  • «Բանաստեղծութիւններ» Ժան Փիեռ Ժուվ, 1938․
  • «Romancero Gitano» Ֆրետերիքօ Կարթիա Լորքա․
  • «Αντόνιο Τόρρες Χερέδια» Ֆրետերիքօ Կարթիա Լորքա․
  • «Պարիկ» Ժան Ժիրոտու, 1973․
  • «Կաւիճին շրջանակը» Պերթլոլթ Պրեխթ, 1974․
  • «Երկրորդ Գրութիւն» Δεύτερη γραφή, 1976․
  • «Սափֆօ» Σαπφώ․
  • «Յայտնութիւնը» Η αποκάλυψη, 1985․
  • «Իփսիլոն» Քրինաղորաս․ հին յոյն բանաստեղծ (Ք․Ա․ 70 – Ք․Ա․ 10)․
  • «Ստրուկները» Ժան Պենէ, 1994։

Անձնական կեանքը

Խմբագրել

Օտիսէաս Էլիթիս յաջողեցաւ անձնական կեանքը հանրութենէն հեռու պահել։  Կեանքի վերջին ընկերուհին Իուլիթա Իլիոփուլուն էր․ անոր ձգեց իր գործերուն իրաւասութիւնները։  

Օտիսէաս Էլիթիս 18 Մարտ 1996-ին յանկարծակի՝ սրտի կաթուածէ, կը մահանայ Աթէնք։

Նուագակցուած բանաստեղծութիւններ

Խմբագրել
  • «Կաւիճին շրջանակը» Ο κύκλος με την κιμωλία, Մանոս խածիտաքիս, 9 Փետրուար 1959 [6]
  • «Άξιον Εστί», Միքիս Թէոտորաքիս, 1964 [7],
  • «Էլիթին Էլիթի կը կարդայ» Ο Ελύτης Διαβάζει Ελύτη, Արղիրիս Քունատիս, 1964 [8]
  • «Մէկ հատիկ Ծիծեռնակը» Ένα το Χελιδόνι (Աքսիոն Էսթիի շարքէն), Միքիս Թէոտորաքիս, 1964 [9]
  • «Փոքրիկ Քիքլատես / Դասալիքները» Μικρές Κυκλάδες / Λιποτάκτες, Միքիս Թէքտորաքիս, 1966
  • «Հերոսական եւ սուգի տաղերգ Ալպանիոյ ճակատին կորսուած սպային համար» Άσμα Ηρωικό και Πένθιμο για τον Χαμένο Ανθυπολοχαγό της Αλβανίας, Նոթիս Մաւրուտիս, 1967 [10]
  • «Արեւը՝ առաջինը» Ήλιος ο Πρώτος, Եանիս Մարքոփուլոս, 1969 [11]
  • «Romancero Gitano» Միքիս Թէոտորաքիս, 1971 [12]
  • «Անձրեւին առաջին կաթիլով» Με την Πρώτη Σταγόνα της Βροχής, Մանոս Խածիտաքիս 1971 [13]
  • «Ծովային առուոյտը» Το Θαλασσινό Τριφύλλι Լինօ Քոքոթօ, 1972 [14]
  • «Փոքրիկ Քիքլատես» Μικρές Κυκλάδες, Միքիս Թէոտորաքիս, 1974 [15]
  • «Անթոնիօ Թորես Հերետիա» Αντόνιο Τόρρες Χερέδια, Եանի Կլեզօ, Մարիա Տիմիդրիատի 1974 [16]
  • «Աղջիկը հեծանիւին վրայ» Η Ποδηλάτισσα Միխալիս Թրանուտաքիս 1979 [17]
  • «Ուղղիչ Արեւը» Ο Ήλιος ο Ηλιάτορας, Տիմիդրիս Լայիոս, 1982 [18]
  • «Արարողութիւնը» Τελετή , Միխալիս Թրանուտաքիս 1983
  • «Անբնակ տունը» Σπίτι το Ακατοίκητο, Միխալիս Թրանուտաքիս 1983 [19]
  • «Դիրքորոշումներ» Προσανατολισμοί, Իլիաս Անտրիոփուլոս, 1984 [20]
  • «Մարիա Նեֆելի» Μαρία Νεφέλη, Ակելիքի Իոնաթու, 1984 [21]
  • «Կարմիր Ձի» Κόκκινο Άλογο, «Տինամիս թու Էղէու» նուագախումբ, 1987 [22]
  • «Մեծ հեռաւորութեամբ» Σε Μεγάλη Απόσταση «Տինամիս թու Էղէու» նուագախումբ, 1987 [23]
  • «Սէրը» Ο Έρωτας, Ակելիքի Իոնադու, 1992 [24]
  • «Ջուրին առաջին կաթիլով» Με την πρώτη σταγόνα της βροχής, Մանոս Խածիտաքիս [25]
  • «Սէրին գեղգեղները» Τα Ρω του Έρωτα, 1996 [26]
  • «Օգոստոսը» Ο Αύγουστος, Փեթրոս Զարանիս, 2016 [27]
  • «Ճայը» Ο γλάρος, Սփիրոս Սամոյլիս, [28]
  • «Միագիրը» Το Μονόγραμμα [29]

[30] [31] [32] [33] [34] [35] [36] [37] [38]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Եորղոս Սեֆերիս

Մանոս Խածիտաքիս

Միքիս Թէոտորաքիս

Վազգէն Եսայեան

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://www.nobelprize.org/prizes/facts/facts-on-the-nobel-prize-in-literature/
  2. Էլիթիսին «collage»ներէն մաս մը
  3. Օտիսէաս Էլիթիսին արտասանած խօսքը Նոպել Գրականութեան Մրցանակը ստանալուն օրը(անգլերէն)
  4. «Միագիրը» Το Μονόγραμμα – կ՛ ասմունքեն Միքիս Թէոտորքիս եւ Իուլիթա Իլիոփուլու
  5. Օտիսէաս Էլիթիսին «Մոնոգրամա«ն․ անգլերէնով կ՛ ասմունքէ Ólafur Arnalds
  6. «Կաւիճին շրջանակը»
  7. «Άξιον Εστί»
  8. «Էլիթին Էլիթի կը կարդայ»
  9. «Մէկ հատիկ Ծիծեռնակը» Ένα το Χελιδόνι
  10. «Հերոսական եւ սուգի տաղերգ Ալպանիոյ ճակատին կորսուած սպային համար»
  11. «Արեւը՝ առաջինը»
  12. «Romancero Gitano»
  13. «Անձրեւին առաջին կաթիլով»
  14. «Ծովային առուոյտը»
  15. «Փոքրիկ Քիքլատես»
  16. «Անթոնիօ Թորես Հերետիա» «Արխիփելաղոս» Αρχιπέλαγος, Միքիս Թէոտորաքիս 1976
  17. «Աղջիկը հեծանիւին վրայ»
  18. Ο Ήλιος ο Ηλιάτορας
  19. «Անբնակ տունը»
  20. «Դիրքորոշումներ» երկը, կ՛ ընդգրկէ «Սէրը» Ο Έρωτας երգը
  21. Μαρία Νεφέλη
  22. «Կարմիր Ձի»
  23. «Մեծ հեռաւորութեամբ»
  24. «Սէրը»
  25. «Ջուրին առաջին կաթիլով»
  26. «Սէրին գեղգեղները» Τα Ρω του Έρωτα
  27. Էլիթիսին Օգոստոս բանաստեղծութեան մեկնաբանումը․ Ο ΑΥΓΟΥΣΤΟΣ (ΕΛΥΤΗΣ)
  28. «Ճայը»
  29. «Միագիրը» Το Μονόγραμμα
  30. 1979-ի Նոպել Գրականութեան մրցանակը(անգլերէն)
  31. eleftherostypos - Օտիսէաս Էլիթիս․ Նոպելի եւ յունական ոգիին բանաստեղծը, 2-11-2016(յունարէն)
  32. kathimerini - Օտիսէաս Էլիթիս․ 23 տարի մահէն ետք, 15-3-2019(յունարէն)
  33. «aigaio – Էգէականի բանաստեղծութիւն(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-13-ին։ արտագրուած է՝ 2021-04-09 
  34. «Էլեֆթերոթիփիա – Ի յիշատակ Օտիսէաս Էլիթիսի․ 10 տարի մահէն ետք, 17-3-2006(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-03-02-ին։ արտագրուած է՝ 2011-03-02 
  35. «Գիրքի Ազգային կեդրոն – Ալեփուտելիս Օտիսէաս, ծածկանունը՝ Օտիսէաս Էլիթիս(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-31-ին։ արտագրուած է՝ 2021-04-09 
  36. Յունական Հեռատեսիլի Պետական Կայան․ արխիւ՝ «Օտիսէաս Էլիթիս», Թասոս Փսարաս(յունարէն)
  37. Յունական Հեռատեսիլի Պետական Կայան․ Օտիսէաս Էլիթիսին նուիրուած համերգ, Իրաքլիօ, Կրետէ․ բանաստեղծութիւններուն նուագակցութիւնը կատարած են՝ Միքիս Թէոտորաքիս եւ Մանոս Խածիտաքիս (յունարէն)
  38. «Ուղղիչ Արեւը», Փեթրոս Զարանիս(յունարէն)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Յունական Հեռատեսիլի Պետական Կայան, Օտիսէաս Էլիթիսին հարցազրոյցը Նոպելի Գրականութեան մրցանակին պատուումէն ետք, 19-10-1979․ ան կը խօսի նաեւ ՂիորղոսՍեֆերիս բանաստեղծին մասին՝ նոյնպէս դափնեկիր Նոպելի Գրականութեան մրցանակին(յունարէն)
  2. Օտիսէաս Էլիթիսին բանաստեղծութիւններուն մեկնաբանումը(յունարէն)
  3. Էլիթին որ ճանչցայ․ Λυμπεροπούλου Κατερίνα, 25-9-2011(յունարէն)
  4. Լեսվոս․ Սափֆոյին եւ Էլիթիսին կղզին(յունարէն)
  5. Քեմպրիճ Համալսարանի լրաբեր․ Օտիսէաս Էլիթիսին բանատեղծութիւններուն հաւաքածոյ, թարգմ.` Jeffrey Carson եւ Նիիքոս Սարիս․ The Johns Hopkins University Press, 1997. Pp. xlii, 595, վերարտադրուած 22-1-2016(անգլերէն)
  6. Կեանքի բանաստեղծը, Օլղա Սելա, 18-9-2011(յունարէն)
  7. Սան Սիմերա - Օտիսէաս Թլիթիս, կենսագրութիւնը(յունարէն)
  8. Օտիսէաս Էլիթիսին «Մոնոգրամա«ն․ անգլերէնով կ՛ ասմունքէ Ólafur Arnalds (անգլերէն)