Վազգէն Եսայեան
Վազգէն Եսայեան (1908, Էրզրում-Կարին - Մարտ 1978, Աթէնք, Յունաստան), բանաստեղծ, արձակագիր եւ հրապարակագիր[1]։
Վազգէն Եսայեան | |
---|---|
Ծնած է | 1908 |
Ծննդավայր | Էրզրում-Կարին, Թուրքիա |
Մահացած է | Մարտ 1978 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ |
Կրթութիւն
ԽմբագրելՆախնական ու Միջնակարգի կրթութիւնը կը ստանայ Պոլիս։ Փոքր Ասիոյ աղէտի օրերուն, կը գտնուի Յունաստան, Սիրոս կղզին։ Հոն կը շարունակէ իր ուսումը Ֆրանսական Քոլէճին մէջ, ուր կը սորվի նաեւ յունարէն լեզուն։ 1926-ին Աթէնք կը հաստատուի։
Կեանք ու գործունէութիւն
ԽմբագրելՀոգիով-սրտող ծնած բանաստեղծ, կը սերտէ Հայ Գրականութիւնը։ Կեանքի պայմաններն ու օրուան պահանջները զայն կը նետեն լրագրութեան գիրկը իբրեւ գրական աշխատող «Նոր Օր» օրաթերթ ին։ Միաժամանակ կը յայտնաբերուին բանաստեղծի իր շնորհքն ու տաղանդը։ Կը ձեռնարկէ կամ իր մասնակցութիւնը կը բերէ քերթուածներով «Հրազդան», «Արեւագալ» եւ «Գրաբեր»[2](յաջորդաբար թիւեր՝290,81,135) գրական հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ «Նոր Օր»[3] օրաթերթին մէջ։
Հմուտ յունագէտ ինք, յոյն բանաստեղծ Քուլիս Ալէփիսին հետ կը ձեռնարկեն բացառիկ յաջողութեամբ հայ բանաստեղծներու բազմաթիւ քերթուածներու յունարէն թարգմանութեան, որ լոյս կը տեսնէ «Արմենիքի Մուսա» [4] անունով։
«Արմենիքի մուսա»-ն կը բովանդակէ` Դանիէլ Վարուժանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Պետրոս Դուրեանի, Վահան Թէքէեանի, Գէորգ Կառվարենցի, Քամառ Գաթիպայի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Եղիշէ արք. Դուրեանի, Արշակ Չոպանեանի, Մեծարենցի եւ ուրիշ գրողներու ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւններ: Յոյն հանրութիւնն ու մտաւորականութիւնը առաջին անգամ կը ճանչնան հայ բանաստեղծութիւնը։ Գիրքը լայն ընդունելութիւն կը գտնէ հելլէն մտաւորականութեան մէջ։ Այնուհետեւ նոր յաւելումներով եւ յոյն գրողներու խանդավառ գնահատականներով, կ՛արժանանայ երկու տպագրութիւններու եւս։
Ինքն ալ կը թարգմանէ յոյն բանաստեղծներու գործերէն հատընտիրներ, սքանչելի հարազատութեամբ եւ կը հրապարակէ «Հելլէնական Քնար» անունով հատորին մէջ։
Բ․ Համաշխարհային պատերազմին տարիներուն գերմանական գրաւման ծանր շրջանին, «Նոր Օր» օրաթերթը կը փակուի, երբ կանգ կ՛առնէ բոլոր օտարալեզու թերթերու հրատարակութիւնը: Յունաստանի վերանկախացման առաջին օրերէն իսկ, 25 Փետրուար 1945-ին կը վերահրատարակուի «Ազատ Օր» անունով․ Վազգէն Եսայեան հիմնադիրներէն է ու մաս կը կազմէ խմբագրական կամզմին։ 1950-ի Ապրիլին, կը ստանձնէ անոր խմբագրութիւնը ( «Ազատ Օր» - «Պատմական անդրադարձ»ի ստորեւ, 7-րդ նկար Վազգէն Եսայեան խմբագրատան մէջ․․․)։ Իր անսահման բծախնդրութիւնը եւ անդադար աշխատանքը կը մաշեցնեն սիրտը, ու բժիշկներուն թելադրութեամբ 1975-ին հանգստեան կը կոչուի, ու 1978-ին Մարտ ամսուան վերջին շաբաթը կը մահանայ։
Անտիպ մնացած են երկու բանաստեղծական շարք, առաւել թարգմանութիւններ օտար բանաստեղծութիւններէ եւ արձակագրութիւններէ։
Յետ մահու, 2016թ․ «Արմենիքի Մուսա»ն[4] կը վերահրատարակուի, չորրորդ անգամ ըլլալով, «Արմենիքա» պարբերաթերթին կողմէ։
Նմուշներ իր բանաստեղծութիւններէն
ԽմբագրելԻմ երգերս
Իմ երգերս, պարզ դաշտային
Ծաղիկներ են, հեզ ու խոնարհ․
Չունի՜ն թովիչ բոյրեր, չունի՜ն
Ակնախըտիղ երանգներ վառ։
Բայց, անոնց վրա՛յ տարիներո՜վ
Դողացեր է սի՛րտըս պարման
Եւ սընուցեր զանոնք սիրո՜վ՝
Կաթիլներովս ի՛ր իսկ արեան։
․․․․․․․․
Հոգիիս մէջ այս երազն ես կը կրեմ ամէն օր`
Յուզումներո՜վ, դողերո՜վ, սարսուռներո՜վ սրբազան,
Օր մը դառնալ վերըստին երդիքիդ տակ լիանդորր
Հեռաւոր տո՛ւն հայրենի, անուանելի՛ ուրուական:
․․․․․․․․
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Ազատ Օր-յօդ․ՄԷՆ-ԿԷՆ,թիւ 10․027
- Ազատ Օր, թիւ 10․308
- Ամենուն տարեգիրքը 1960, Կարօ Գէորգեան
- Կարօ Մինասեանի արխիւ