Արշակ Չօպանեան

Հայ գրող բանասէր

Արշակ Չօպանեան (15 Յուլիս 1872(1872-07-15)[1], Պէշիկթաշ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 8 Յունիս 1954(1954-06-08)[2][3], Փարիզի 4-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[4]), հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ։

Արշակ Չօպանեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Chavarche Antéorte
Ծնած է 15 Յուլիս 1872(1872-07-15)[1]
Ծննդավայր Պէշիկթաշ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 8 Յունիս 1954(1954-06-08)[2][3] (81 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 4-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[4]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[5]
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Q122104969?
Մասնագիտութիւն թատերագիր, գրաքննադատ, գրագէտ, բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ, գլխաւոր խմբագիր, դասախոս, բանասէր, հրապարակախօս
Աշխատավայր Անահիտ
Արեւելք
Վերածնունդ
Ապագայ
Մասիս
Ծաղիկ
Mercure de France?
Հայրենիք
La Revue de Genève?
Արեւմուտք
La Revue Blanche?
Բիւզանդիոն
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Նոր Կեանք
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր, կազմակերպութեան նախագահ, գլխաւոր խմբագիր եւ կազմակերպութեան նախագահ
Անդամութիւն Հայ Ազգային պատուիրակութիւն, Հայ փախստականներու գրասենեակ, Ֆրանսիայի հայ գրականության ընկերություն?, Q120885036?, Société de sociologie de Paris? եւ Société des gens de lettres?
Կուսակցութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն[6] եւ Ռամկավար Ազատական?[6]
Ստորագրութիւն

Կենսագրական Գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս, Ակնցի ծնողներէ։ Յաճախած է Կեդրոնական վարժարան, ուր ուսուցիչ ունեցած է գրագէտներ, ինչպէս՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը։

Դեռ պատանի կը մօտենայ «Արեւելք» օրաթերթի շրջանակին եւ լոյս կ'ընծայէ թարգմանութիւններ՝ ֆրանսացի իրապաշտ գրագէտներէ։

Պահ մը ուսուցչութեամբ եւ հրապարակագրութեամբ զբաղելէ ետք, շուտով (1893) կը մեկնի Փարիզ, ուր կը ծանօթանայ ֆրանսացի գրական դէմքերու։

Պոլիս դարձէն եւ «Ծաղիկ» գրական թերթի հիմնումէն հազիւ երկու տարի անց, համիտեան սարսափներուն՝ 1896-ին կրկին կը մեկնի Փարիզ, այս անգամ վերջնականօրէն, հոն ճգնաւորի կենցաղով ամբողջ կեանք մը անցընելու համար։

1898-ին, կը հիմնէ «Անահիտ» գրական ամսաթերթը, որուն առաջին շրջանը կը հասնի մինչեւ 1911, եւ որ իր շուրջ կը խմբէ արեւմտահայ ու արեւելահայ գրագէտ ու արուեստագէտ բազմաթիւ կարեւոր դէմքեր։ Չօպանեան կը հրատարակէ գրական լուրջ վերլուծումներ հայ հին եւ նոր գրական դէմքերու մասին (Գրիգոր Նարեկացի, Նահապետ Քուչակ, Խաչատուր Աբովեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Կոմիտաս...)։

Երկար ընդհատումէ ետք, «Անահիտ» երկրորդ շրջան մը կ'ունենայ 1929-1940-ին եւ վերջին շրջան մը՝ 1946-1949-ին։

Չօպանեանի ծաւալուն գրական գործունէութիւնը կը գտնէ լայն ճանաչում։ Կը տօնուին անոր յաջորդական յոբելեանները։ Կը ստանայ շքանշան՝ նաեւ Ֆրանսական Ակադեմիայէն, յատկապէս թարգմանական իր գործին համար։

Մահացած է ինքանշարժի արկածի մը հետեւանքով։

Գրական Վաստակ

Խմբագրել

Չօպանեան եղած է ռամկավար կուսակցութեան անդամ։ Ստեղծագործած է գրական բոլոր սեռերով։ Անոր բանաստեղծութիւնները ամփոփուած են «Արշալոյսի ձայներ» (1891), «Թրթռումներ» (1892), «Քերթուածներ» (1908) գիրքերուն մէջ։ Լոյս տեսած են Չօպանեանի «Թուղթի փառք» (1892) հոգեբանական վիպակը, «Տղու հոգիներ» (1923) պատմուածքներու եւ պատկերներու ժողովածուն, «Մութ խաւեր» (1893), «Հրաշքը» (1923) թատրերգութիւններ եւ այլ երկեր։

Հայ գրականութեան մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի Չօպանեանի քննադատական եւ գիտական-բանասիրական գործունէութիւնը։ Չօպանեան հրատարակած է միջանդարեան եւ նոր շրջանի գրական յուշարձաններ՝ Նահապետ Քուչակին վերագրուող քառեակներու եւ ընդհանրապէս միջանդարեան հայրեններու ժողովածուները («Նահապետ Քուչակի դիւանը», 1902, «Հայրէններու բուրաստանը», 1940), «Նաղաշ Յովնաթան աշուղը եւ Յովնաթան Յովնաթանեան նկարիչը» (1910), «Հայ էջեր» (1912) գիրքերը։ Կազմած եւ լոյս ընծայած է Պ. Դուրեանի (1894) եւ Մ. Պեշիկթաշլեանի (1907) երկերը, որոնց նուիրած է նաեւ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ։

Չօպանեան առաջինն է, որ Գրիգոր Նարեկացիի ժառանգութիւնը վերլուծած է իբրեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն: Ան Նարեկացին դասած է համաշխարհային գրականութեան հսկաներու կողքին։

Չօպանեան՝ քննանդատը

Խմբագրել

Իբ­րեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մեծ ճա­շա­կի տէր հե­ղի­նա­կու­թիւն՝ գրա­կան քննա­դա­տի իր ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է ե­րի­տա­սարդ ար­ժէք­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման եւ խրա­խուս­ման մէջ։

Չօ­պա­նեան-քննա­դա­տի նա­խա­սի­րած մար­զը էս­սէ-դի­ման­կա­րի գրա­կան ոճն է. սեղմ շրջա­գի­ծե­րու մէջ ան ներ­կա­յա­ցուցած է ծա­նօթ գրող­նե­րու ընդ­հան­րա­կան, խոր եւ դի­պուկ բնու­թա­գի­րը, բա­ցա­յայ­տած է ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, աշ­խա­տա­կար­գին (մե­թոտ) եւ ո­ճին էա­կան գի­ծե­րը։ Այդ­պի­սի յօ­դո­ւած­ներ նո­ւի­րած է Խ. Աբովեանին, Ղ. Ալիշանին, Յ. Պարոնեանին, Գ. Սունդուկեանին Րաֆֆիին, Պ. Պռոշեանին, Ա. Շիրվանզադէին, Համաստեղին եւ ուրիշներու (զգալի մասը ամփոփուած է «Դէմքեր», հ. 1-2, 1924-29, ժողովածուներ)։

Չօպանեանի գեղագիտական հայեացքները

Խմբագրել

Չօպանեանի գեղագիտական հայեացքներուն հիմքը իրապաշտ արուեստի սկզբունքներն են, որոնց մէջ ան տեսած է կեանքին արձագանգելու եւ ժողովուրդին ծառայելու լաւագոյն ուղին, թէեւ բարձր գնահատած է նաեւ վիպապաշտ ուղղութեան պատմական նշանակութիւնը։

Չօպանեան՝ Հայ մշակոյթի սիրահարը

Խմբագրել

­Չօ­պա­նեան բարձ­րա­դիր իր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած է հայ գրող­նե­րու յա­ւեր­ժա­կան պան­թէո­նին մէջ, յատկա­պէս՝ հայ մշա­կոյ­թի հարս­տու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ իր տա­ծած ան­հուն սիրով, հայ լե­զո­ւի պաշ­տա­մուն­քով ու զայն կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու կիր­քով, ինչպէս նաեւ հայ­կեան հան­ճա­րի ան­կորն­չե­լի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը վեր­ծա­նե­լու, ար­ժե­ւո­րե­լու եւ իր ժո­ղո­վուր­դին ու ողջ մարդ­կու­թեան փո­խան­ցե­լու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով եւ պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կով[7]։

  Միս-մի­նակդ ը­րիր ինչ որ շա­տեր միա­ցած չէին կրնար ը­նել. եւ ինչ որ ա­մէ­նէն յար­գե­լին է քու աշ­խա­տու­թեանց մէջ, դուն հիա­նա­լի եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մը նո­ւի­րե­ցիր ինք­զինքդ փշրանք­ներն ու նշխար­նե­րը հա­ւա­քե­լու մեր գրա­կան ան­ցեա­լին, ճիշդ ա­նոր՝ որ ա­մէ­նէն մոռ­ցո­ւածն ու լքո­ւածն է:
- Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ
 
 
Գրիգոր Նարեկացի, Մոսկուա, Ռուսաստան

Այլ յօդուածներ

Խմբագրել

Չօպանեան յօդուածներ նուիրած է նաեւ արեւմտա-եւրոպական (Վ. Հիւկօ, Պալզաք, Է. Զոլա, Հ. Իպսէն ) եւ ռուս (Ա. Փուշքին, Ն. Կոկոլ, Ի. Տուրկենեւ, Լ. Թոլսթոյ) գրողներուն։ Ռուս գրականութեան մէջ բարձր գնահատած է «Վեհանձն գթութեան ոգին, մարդկային լայն եղբայրութեան մը բուռն ծարաւը, բացարձակ արդարութեան բաղձանքը, կեանքի ուղղակի դիտողութեան եւ պարզ ու հաւատարիմ արտայայտութեան ձգտումը, արուեստը առանց արուեստականութեան...» («Անահիտ», 1909, N 1-2, էջ 47)։

Ան մեծ աշխատանք կատարած է հայ գրականութիւնը Եւրոպայի մէջ ծանօթացնելու եւ հայ ժողովուրդին դատը պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Անձնական կապեր հաստատած է ժամանակակից եւրոպացի գրողներու եւ հասարակական գործիչներու հետ։ Թարգմանած է եւ ֆրանսերէնով հրատարակած է հին ու նոր շրջանի հայ բանաստեղծներու բազմաթիւ երկեր։ Այդ աշխատանքին պսակը եղած է «Վարդենիք Հայաստանի» ֆրանսերէն (հ. 1-3, 1918-1929) ժողովածուն։

1933-ին այցելած է հայրենիք։

Չօպանեանի գրական-հասարակական գործունէութիւնը բարձր գնահատած են՝ Յ. Թումանեան, Ա. Շիրվանզադէ, Ա. Իսահակեան, Ա. Ֆրանս, է. Վերհառն, Ռ. Ռոլան, Վ. Պրիւսով եւ ուրիշներ։

Երկերու մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  • Արշալոյսի ձայներ, Կ. Պոլիս, 1891, 217 էջ:
  • Թուղթի փառք (վիպակ), Կ. Պոլիս, 1892, 136 էջ:
  • Պետրոս Դուրեան, Թիֆլիս, 1894, 196 էջ:
  • Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի կեանքն ու գործը, Փարիզ, 1907, 256 էջ:
  • Քերթուածներ, Փարիզ, 1908, 144 էջ:
  • Տղու հոգիներ, Փարիզ, 1923, 81 էջ:
  • Դէմքեր, Փարիզ, 1924, 168 էջ:
  • Թուղթի փառք (վիպակ), Կ. Պոլիս, 1924, 108 էջ:
  • Դէմքեր, Փարիզ, 1929, 192 էջ:
  • Պատկերներ, Փարիզ, ա. թ., 112 էջ:
  • Հայրէններու Բուրաստանը, Փարիզ, 1940, 552 էջ:
  • Կեանք եւ Երազ, Փարիզ, 1945, 110 էջ:
  • Բանաստեղծութիւններ, Փարիզ, 1949, 343 էջ:
  • Բամբասանք (թատերախաղ), Փարիզ, 1950, 106 էջ:
  • Հրաշքը (թատերգութիւն), Պէյրութ, 1952, 98 էջ:
  • Երկեր, Երեւան, 1966, 576 էջ:
  • Պետրոս Դուրեանի կեանքն ու գործը, Երեւան, 1967, 241 էջ:
  • Նամականի, Երեւան, 1980, 504 էջ:
  • Երկեր՝ Քերթուածներ, «Տեսիլներ», «Արշալոյս», «Ծովուն մօտ», «Անձկութիւն», «Փշրուած սիրոյ եղերերգը», «Խաւարին մէջ», «Բլուրին վրայ», «Տղու հոգիներ», «Պատկերներ», «Զատկական պատկերներ», «Կեանք եւ Երազ», «Արձակ բանաստեղծութիւններ» եւ «Գրական դէմքեր», Երեւան, 1988, 864 էջ:

Գործերէն

Խմբագրել
  • Վիպակ-պատմուածք՝ «Թուղթի Փառքը», «Տղու հոգիներ»
  • Քերթուածներ՝ չափածոյ եւ արձակ
  • Գրադատական ուսումանսիրութիւն՝ Պ. Դուրեանի եւ Մ. Պէշիկթաշլեանի քերթուածները՝ ներածութիւններով
  • Նահապետ Քուչակի եւ Նաղաշ Յովնաթանի «Դիւան»ները[8]
  • «Գրական Դէմքեր»

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել