«Ծաղիկ», գրական-բանասիրական, մանկավարժական, տնտեսական, գիտական եւ քաղաքական պարբերական։ Հրատարակուած է 1886-1908 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, փոփոխական պարբերականութեամբ (եռօրեայ, շաբաթաթերթ, կիսամսեայ, օրաթերթ)։ Հիմնադիր-տնօրէն՝ Ա. Սագայեան, խմբագիրներ՝ Հ. Հաճեան, Ա. Սագայեան, Գ. Փալագաշեան, Մ. Մուլթանեան, Մ. Տյօքմեճեան եւ ուրիշներ։

Ծաղիկ
Ծաղիկ
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է Դեկտեմբեր 1886
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Ծաղիկ»-ին զուգահեռ կամ դադարներու շրջանին նոր անուանումով լոյս տեսած են մանուկներու, կանանց, պատանիներու համար պարբերականներ՝ նոր խմբագրական կազմով։ Տպագրած է գեղարուեստական գործեր, ժողովրդական ու աշուղական երգեր, տնտեսագիտական-երկրագործական, բժշկագիտական յօդուածներ, գրախօսականներ, ուղեգրութիւններ ու յուշեր, գիտական զրոյցներ եւ այլն։ Արտացոլած է արեւմտահայ գրականութեան զարգացման ընթացքը 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը, համախմբած է պոլսահայ մտաւորականութեան կարող ուժերը (Արշակ Չօպանեան, Տիրան Չրաքեան, Ռուբէն Զարդարեան, Լեւոն Բաշալեան, Զապէլ Եսայեան, Հրանդ Ասատուր, Ռ. Որբերեան, Սիպիլ, Ա. Յարութիւնեան, Թլկատինցի, Ռ. Պէրպէրեան, Թէոդիկ, Հ. Մարք եւ ուրիշներ)։ Քննարկած է ուսումնակրթական, լեզուաոճական, նախադպրոցական դաստիարակութեան, հայ մամուլի եւ հրապարակագրութեան հարցեր։ Լոյս ընծայած է պատմամշակութային, հին ձեռագրերու ու գաղթավայրերու, ժողովրդական կենցաղի ու սովորոյթներու, կանանց կրթութեան վերաբերեալ յօդուածներ։

Անդրադարձած է նաեւ արեւելահայ հասարակական-քաղաքական եւ գրական-մշակութային հարցերուն։ Տպագրած է Յակոբ Պարոնեանի եւ Ե. Տէմիրճիպաշեանի գործերը, Ա. Ծատուրեանի, Ա. Իսահակեանի բանաստեղծութիւնները, Հ. Հիսարեանի «Խոսրով եւ Մաքրուհի» վէպը, Թ. Թէրզեանի, Հ. Ոսկանի, Վ. Տէր-Մինասեանի եւ ուրիշներու յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները։ Մեծ տեղ յատկացուցած է արեւմտաեւրոպական գրականութեան, թարգմանաբար լոյս ընծայած՝ Շէյքսփիրի, Տանթէի, Կէօթէի, Մոպասանի, Պալզակի, Զուդերմանի, Ֆրանսի, Իպսընի երկերէն, նիւթեր հրատարակած՝ ականաւոր գրողներու (Սերվանթէս, Շիլլեր, Կէօթէ, Հայնէ, Թոլսթոյ, Հաուպտման, Չեխով) մասին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։