Ռուբէն Որբերեան

Ռուբէն Որբերեան (16 Փետրուար 1873, Մալաթիա - 3 Յունուար 1931, Փարիզ), հայ գրագէտ:

Ռուբէն Որբերեան
Ծնած է 16 Փետրուար 1873
Ծննդավայր Մալաթիա
Մահացած է 3 Յունուար 1931
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա
Ազգութիւն հայ
Ուսումնավայր Եփրատ Գոլէճ
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ
Աշխատավայր գրագէտ
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Մալաթիա, եւ կրթութիւնը ստացած՝ Եփրատ քոլէճի մէջ, ուր խորացուց անգլերէնը, եւ այդ ճամբով, նաեւ հաղորդուեցաւ անգլիական գրականութեան ու անոր բոլոր մեծ դէմքերուն։ Իր վրայ ներգործած է մասնաւորաբար Պայրըն, որուն «Չայլտ Հարոլտ»ին հետեւողարար՝ գրած է «Ծփանքներ» խորագրուած դիւցազնաշունչ քերթուածը։

1890ական թուականներու դէպքերէն ետք, անցած է Իզմիր՝ ուր մնացած է մինչեւ 1904։ Իսկ այդ թուականէն ետք՝ Ճիպութի (Ափրիկէ), ուր ապրած է ամրողջ 16 տարի, գրական իր աշխատանքներուն մէջ մխրճուելու եւ ապրելու համար հայրենի գիւղին կարօտով։ Այստեղ գրեց գրեթէ իր բոլոր գործերը, — անհատական ապրումներու եւ դիւցազնաշունչ յածումներու գումարով մը, քերթուած, վիպակ, արձակ էջեր։ Երեք առանձին գործերու վաստակ մը ունի Ոէբերեան, «Ծփանքներ», «Ցիշատակաց Ծաղիկներ» եւ «Ովասիս»: Քերթողական եւ ընդհանրապէս գրական իր վաստակին մէջ, որ մօտ երեսուն տարիներու շրջան մը կամփոփէ, Որբերեանի քերթողութիւնն ու յածումները կը յատկանշուին հոգիով միայն ապրող մարդու մը ապրումներով, — երազական, իրականախոյս, անձնապաւէն։ Մեռած է 1931:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, Ա․ հատոր (Բ հրատարակութիւն), Պոսթըն, 1977, էջ 540 - 541։