Ճիպութի, (Արաբերէն: جيبوتي)  Ափրիկեան կղզիին հիւսիւս արեւելքը գտնուող երկիր: Պապ ալ մէնտիպի եւ Աթէնի ծոցի ափին, Ափրիկեան պոզի շրջանին մէջ:

Բնակավայր
Ճիպութի
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-so" does not exist։
Դրօշակ Զինանշան


اتحاد، مساواة، سلام, Unité, Égalité, Paix, Unity, Equality, Peace, Единство, равенство, мир, Djibeauty եւ Undod, Cydraddoldeb, Heddwch
Երկիր  Ճիպութի
Ներքին բաժանում Djibouti Region?, Ալի Սաբիյեհ?, Արթա (երկրամաս)?, Դիխիլ?, Օբոքի երկրամաս? եւ Թանջուրահ?
Prime Minister of Djibouti? Abdoulkader Kamil Mohamed?
Օրէնսդրական մարմին National Assembly?
Հիմնադրուած է՝ 23 Յունիս 1977
Տարածութիւն 23 200±1 քմ²
Պաշտօնական լեզու Ֆրանսերէն եւ Արաբերէն
Բնակչութիւն 956 985 մարդ (2017)[1]
Ժամային գօտի UTC+3։00 եւ Africa/Djibouti?[2]
Անուանուած է Ջիբութի?
Պաշտօնական կայքէջ presidence.dj

Մայրաքաղաքին անունը նոյնինքն երկիրին անուանումն է՝ Ճիպութի: Հիմնադրուած է 23 Յունիս 1977-ին երբ անկախութիւնը ստացած է: Ինքնիշխան պետութիւն է, ունի իր վարչական համակարգը եւ նախագահը: Նախագահին անունն է Իսմայէլ Օմար Կիւէլլէ:

Բնակչութիւնը մէկ միլիոնէ աւելի է:

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Երկիրին մակերեւոյթը գերազանցապէս լեռնային է:

Կլիման չոր եւ տաք՝ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ:

Երկիրին տարածութիւնն է 23,200 քմ:

Ունի երկու մեծ լիճեր՝ Ասալը եւ Աբէնը:

Լեզու եւ Կրօնք

Խմբագրել

Պետական կրօնն է իսլամութիւնը, սակայն երկիրին մէջ գոյութիւն ունին այլ ազգերու պատկանող քաղաքացիներ:

Պետական լեզուներն են՝ Արաբերէնն ու Ֆրանսերէնը:

Աֆարը եւ Սոմալին, Արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի կողքին, մայրենի լեզուներն են: Այսինքն՝ իրենց երկիրին բարբառը:

Անունը եւ ստուգաբանութիւնը

Խմբագրել

Ճիպութին պաշտօնական օրէն կը ճանչցուի, իբրեւ Ճիպութիի Հանրապետութիւն: Տեղական լեզուով կը ճանչցուի իբրեւ «Yibuuti» եւ «Jabuuti»:

Անուան ստուգաբանութիւնը վիճելի է: Տեսութիւններ կան անոր ծագման մասին, որոնք կը տարբերին ըստ իրենց էթնիկ պատկանելիութեան: Տեսութիւններէն մէկն է, Աֆարական «Gabouti» բառէն, որ կը նշանակէ «plate»: Ուրիշ տեսութիւն մըն ալ «gabood»ի հետ, որ կը նշանակէ «բարձրաւանդակ/ սարահարթ»: Ճիպութի նաեւ կը նշանակէ «թոթի երկիր», եգիպտերէն «Djehuti»,  եգիտպական լուսինի աստուծմէն ետք:

Ժամանակագրական կարգը

Խմբագրել

Ճիպութի երկիրը գոյութիւն ունի Ք. Ա. 25-րդ դարուն: Առաջին անունը կոչուած է «punt» ըստ հին Եգիպտացիներուն, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ երկիրը»: Առաջին անգամ «punt» անունը յիշուած է Ք.Ա. 25-րդ դարուն:

Երկրորդ՝ «Adal» 900-1258, Հիմնուած է 9-րդ դարուն Սոմալցիներու կողմէ եւ դարձած է «Zeila» շրջանի կեդրոնը եւ մայրաքաղաքը:

Երրորդ՝ «Ifat Sultanate» (1285-1415)

Չորրորդը՝ «Adal Sultanate» (1415-1577)

Հինգերորդ՝ «Ottoman Eyalet» (1577-1867)

Վեցերորդ՝ «French rule» (1883-1967)

Եօթներորդ՝ «Djibouti Republic» (1967)

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել