Հրանդ Ասատուր
Հրանդ Ասատուր (22 Օգոստոս 1862[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][1] - 5 Յունիս 1928[1], Պոլիս, Թուրքիա[2][1]), հայ բանասէր։ Տաճկահայ գրագէտ-հրապարակախօս։
Հրանդ Ասատուր | |
---|---|
| |
Ծնած է | 22 Օգոստոս 1862[1] |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][1] |
Մահացած է | 5 Յունիս 1928[1] (65 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա[2][1] |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Թուրքիա |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր |
Մեզպուրյան վարժարաններ?[1] Ռոպերթ Գոլէճ[1] |
Մասնագիտութիւն | հանրային գործիչ, հրապարակախօս, գրաքննադատ, Խմբագիր |
Աշխատավայր | Մասիս[1] |
Ամուսին | Զապէլ Ասատուր |
Ստորագրութիւն |
Ծնած է Կ․ Պոլիս, 10 Օգոստոս 1862-ին։ Կրթութիւնն ստացած է «Մեզպուրեան Վարժարանի»ն եւ «Ռոպէրթ Գոլէճի»ն մէջ, ուր աւարտելով 1873-ին՝ նուիրուած է գրական-բանասիրական աշխատանքին։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են 1879-ին «Պատանեկան ներշնչումներ» խորագրով։ Նոյն թուականին առանձին գիրքով լոյս տեսած է անոր «Սահմանադրութիւն Եւ Հայ Ժողովուրդը» գրքոյկը։
1881-ին մեկնած է Փարիզ, ուրկէ աշխատակցած է «Մասիս» պարբերականին։ Հոն հետեւած է ու ստացած՝ իրաւաբանական ուսումն, ուր 1884-ին ուսման շրջանն աւարտելով վերադարձած է Կ. Պոլիս։ Արաքս ստորագրութեամբ «Արեւելք» օրաթերթին մէջ հրատարակած է իր փարիզեան տպաւորութիւնները «Կեանքը ի Ֆրանսիա» խորագրով։ 1892-ին Գրիգոր Զօհրապի հետ խմբագրած է «Մասիս» գրական հանդէսը։ 1898-1908-ին պաշտօնավարած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս, որպէս՝ գրականութեան եւ աշխարհաբար լեզուի դասատու։ Իր տիկնոջ՝ Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ) հետ կազմած է լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքեր՝ «Աշխարհաբարի Գործնական Քերականութիւն»ը եւ «Թանգարան» (տարրական, միջին եւ բարձրագոյն դասընթաց), որոնք արժանացած են մի քանի տպագրութեան։
1899-էն յետոյ Հրանդ Ասատուր սկսած է զբաղիլ լուրջ ուսումնասիրութիւններով։ Անոր գրաւոր գործերը ցրուած են «Մանզումէի Էֆքեար», «Թերճիւմանի Էֆքեարի», «Մասիս», «Արեւելք» թերթերուն մէջ, որոնք հաւաքուած, մի քանի հատորներ կրնան կազմել։
Կեանքի վերջին տասնամեակին զբաղած է արեւմտահայ թատրոնի պատմութեամբ: Գրած է այդ պատմութեան առաջին շրջանին վերաբերող մի քանի ուշագրաւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են Ազգային հիւանդանոցի «Ընդարձակ Տարեցոյց»ներուն մէջ (1925, 1926, 1927), որ իր ճոխ բովանդակութեամբ ո՛չ տաճկահայերուն ու ոչ ալ ռուսահայերուն մէջ նմանը եղած է. անոր մէջ կրնանք գտնել ամենաճշգրիտ տեղեկութիւները բոլոր պետութիւներու մասին: Հայոց եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ահագին տեղ տուած է, վիճագրական տեղեկութիւններ համայն հայոց եկեղեցեիներուն մասին։
1921-ին Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ անոր «Դիմաստուերներ» գիրքը, որ կը պարունակէ արեւմտահայ շարք մը գրողներու եւ հասարակական գործիչներու գրական դիմանկարները։
Մեր բոլորին պատի ու ծոցի օրացոյցներուն հրատարակիչներու գլխաւոր աղբիւրը ան է։ Հրանդ Ասատուր թարգմանած է Վիքթոր Հիւկոյի «Դամրանակները»։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Թ. Աատեան, «Ժամանակակից Դէմքեր», 1937, Ա. հատոր:
- Հայր Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, «Հայ Հանրագիտակ», Պրուքէշ 1938, Հատոր Բ., էջ 220-221: