Մասիս (օրաթերթ)
«Մասիս»-ը հիմնուած է 1852-ին, իբրեւ օրաթերթ, Կարապետ Իւթիւճեանի կողմէ: Անոր առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 2 Փետրուարին կը դառնայ Պոլիս հրատարակուող առաջին արեւմտահայ թերթը: Իրմէ առաջ այնտեղ կար «Լրոյ գիր...» կոչուածը, որ Սուլթանի արքունի թրքերէն պաշտօնաթերթին հայերէն թարգմանութիւնն էր եւ կը հրատարակուէր կայսրութեան նախաձեռնութեամբ ու ծախսերով[1][2]:
Կարապետ Իւթիւճեան իր շուրջ ունէր մտաւորական կոկիկ կորիզ մը, յորում կը գտնուէին Գրիգոր Օտեանը, Նահապետ Ռուսինեանը, բժ. Սերվիչենը եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն տարուած էին աշխարհաբար լեզուն կոկելու, կանոնաւորելու եւ համազգային լեզուի մը վերածելու մարմաջով՝ հակառաակ իրենց շատ խոր կապուածութեան գրաբարին:
Կարապետ Իւթիւճեան ամբողջ 32 տարի մեծ կորովով ու նուիրումով պայքարեցաւ իր այս իտէալին համար, եւ մեր բարբառը շատ բան կը պարտի իրեն եւ իր հիմնած աւանդոյթին: Իրմէ ետք թերթը 1886-ին ստանձնեցին օրուան լաւագոյն ուժերը, որոնցմէ թուեմ Արփիար Արփիարեանը, որ արդէն մաս կը կազմէր անոր անձնակազմին, եւ զայն վերածեցին ազգային տոկուն բեմի մը, որ իր յատուկ տեղը եւ վարկը ունէր արեւմտահայ իրականութեան մէջ: Անոր կ’աշխատակցէին օրուան անուանի մտաւորականներէն Յակոբ Պարոնեանը, Լեւոն Բաշալեանը, Երուանդ Օտեանը, Արշակ Չոպանեանը, Արտաշէս Տէր Յարութիւնեանը, Եղիա Տեմիրճիպաշեանը, Գրիգոր Զոհրապը, Սիպիլը, Հրանդ Ասատուրը եւ ուրիշներ:
Այստեղ է, օրինակ, որ 1888-ին իբրեւ թերթօն հրատարակուեցաւ 27-ամեայ Գրիգոր Զօհրապի առաջին վէպը՝ «Անհհետացած սերունդ մը», իսկ տարի մը ետք՝ «Ուղեւորութիւն մը յիշատակներէս ներս»-ը:
Գրիգոր Զօհրապ «Մասիս» օրաթերթի տէրն ու տնօրէնը
Խմբագրել1892-ին զայն ձեռք կ’անցընէ Գրիգոր Զօհրապ, որ կը դառնայ անոր տէրն ու տնօրէնը՝ իրեն հետ ունենալով Հրանդ Ասատուրը եւ Տիգրան Կամսարականը: Թերթը լոյս կը տեսնէ նոյն տարուան Յունուարին՝ իբրեւ երեքշաբաթեայ եւ կը գործէ ամենայն կանոնաւորութեամբ՝ յաջորդաբար լոյս ընծայելով 17 թիւ եւ գտնելով մեծ ընդունելութիւն:
Այս յաջողութենէն քաջալերուած ու խանդավառ՝ Զոհրապ 1893-ին «Մասիս»-ը կը վերածէ շաբաթաթերթի՝ հակառակ Հրանդ Ասատուրի բազմաթիւ զգուշացումներուն, քանի այս վերջինը շատ աւելի տեղեակ էր թերթի խոհանոցային հաշիւներուն ու մանրուքներուն եւ կը գիտակցէր, որ կարելի չէր ապրեցնել զայն իբրեւ շաբաթաթերթ: Եւ իրօք ալ, հազիւ եօթը ամսուան կեանք մը կ’ունենայ շաբաթաթերթը՝ սպառելով խմբագրական անձնակազմին բոլոր ուժերը, յատկապէս Զոհրապի, որ ա՛լ ժամանակ չէր գտներ զբաղելու անով:
Սակայն Զօհրապի արիւնին մէջ էր հրապարակագրութիւնը: Ան հետամուտ կ’ըլլայ վերստին տիրանալու «Մասիս»-ին եւ կը յաջողի՝ իր հետ ունենալով Սիպիլը եւ Հրանդ Ասատուրը: Եւ ան լոյս կը տեսնէ իբրեւ օրաթերթ: Գրիգոր Զօհրապ, որ արդէն ծանրաբեռնուած էր իր ասպարէզով եւ ազգային երեսփոխանի տաղտուկներով, հիմա կը մտնէ նոր հեւքի մը մէջ՝ ամէնօրեայ խմբագրականներով ու ազգային հարցերու նուիրուած յօդուածներով, որոնք կը հիւծէին զինք: Այսպէս կը տոկայ հազիւ տարի մը ու կը քաշուի անկէ:
«Մասիս»-ը անկէ ետք կը շարունակէ լոյս տեսնել մինչեւ 1908-ի սահմանադրութիւնը, երբ նոր դէմքեր, նոր հոսանքներ ու նոր արժէքներ հրապարակ կու գան վերջ դնելով անոր 56-ամեայ գոյութեան, ուր ան փոքր ընդմիջումներով արեւմտահայութեան եւ արեւմտահայերէնին բաբախող սիրտը եղաւ՝ իր մէջ ներառելով օրուան լաւագոյն մտաւորականները եւ իրը դարձնելով ազգը յուզող բոլոր հարցերն ու մտահոգութիւնները:
Անոր վերջին տնօրէնը կ’ըլլայ Ենովք Արմէնը:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՄԱՍԻՍ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-13
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»