Տիգրան Կամսարական

Տիգրան Կամսարական (1866[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 4 Յունուար 1941(1941-01-04)[1], Վիշի[1][2]), հայ արձակագիր եւ հրապարակագիր, «Վարժապետին Աղջիկը» վէպին հեղինակը։

Տիգրան Կամսարական
Ծնած է 1866[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 4 Յունուար 1941(1941-01-04)[1]
Մահուան վայր Վիշի[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Արամեան Ունճեան Վարժարան[1]
Տեսակ ակնարկ?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հանրային գործիչ, վիպասան
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս, ուր ստացած է նախնական ու միջնակարգ ուսում, ապա անցած է առեւտրական ասպարէզ իբր գրագիր ու աշխատակցած՝ զանազան թերթերու։ Տիգրան Կամսարական, Պոլսոյ Գատըգիւղի Արամեան միջնակարգ վարժարանը աւարտելէ անմիջապէս ետք, 1882-ին կը մտնէ ծխախոտի արդիւնաբերութեամբ զբաղող հօրը գործին մէջ, միաժամանակ հոգեմտաւոր իր զարգացումը, գրական սնունդը առնելով Ալֆոնս Տոտէի նման ֆրանսացի իրապաշտ գրողներէ:

Տիգրան Կամսարական, հազիւ քսան տարեկան, թերթերու մէջ կը հրատարակէ քրոնիկներ։ Սերտօրէն գործակցելով Ա. Արփիարեանի, Գր. Զօհրապիի եւ Հ. Ասատուրի, Տ. Կամսարական յաճախ կ՛երեւի «Մասիս»ի մէջ։

1888-ին լոյս կ՛ընծայէ իր առաջին մեծ գործը՝ «Վարժապետին Աղջիկը» վէպը, գրուած 20 տարեկանին, որ մեծ հռչակ ապահոված է իրեն ու շատերու կողմէ կը նկատուի՝ արեւմտահայ առաջին իրպաշտ վէպը։

1890-ականներուն սկիզբը, երբ «Արեւելք», «Հայրենիք» ու «Մասիս» թերթերուն մէջ ան հանդէս կու գայ յատկապէս թատերական գրախօսութիւններով, բազմաթիւ քրոնիկներով ու յօդուածներով, շարք մը գրական ուսումնասիրութիւններով։ այդ ժամանակաշրջանին կ՛ստեղծագործէ իր երեք լաւագոյն պատմուածքները՝ «Յարօ», «Ընկուզին Կողովը» եւ «Հովկուլ»[3]:

Համիտեան կոտորածներու՝ 1895-1896 թուականներու նախօրեակին, Կամսարական կը հաստատուի Եգիպտոս, կը շարունակէ աշխատակցիլ թէ՛ պոլսահայ եւ թէ՛ եգիպտահայ մամուլին: Եգիպտոսի մէջ ապրելու պատճառով, Կամսարական կը փրկուի 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն:Ան, Եգիպտոսի մէջ, իր եղբօր հետ կը հիմնէ կամսարական ծխախոտի գործարանը։

1919-ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը։

Գրած է նաեւ արժէքաւոր պատմուածքներ՝ «Եարօ», «Հովկուլը», «Ընկուզին Կողովը», որոնք մեր գրականութեան փայլուն էջերէն են։

Գրական-հասարակական գործունէութիւն

Խմբագրել

1910-ին Տիգրան Կամսարական հանդէս եկաւ «Փրկանքը» խորագրեալ իրապաշտական թատրերգութեամբ, իրապաշտական հայեացքներով, Միքայէլ Կիւրճեանի հետ աշխատակցաբար: Աւելի ուշ, «Վասակին Իղձը» տրամախօսութեան ձեւով կատարուած հոգեվերլուծումի իր փորձին, տեղ կու տանք թերթիս կողքի սիւնակներուն մէջ։ Իսկ 1920-էն մինչեւ իր մահը՝ 1941, ան արդէն քաշուած էր գրական կեանքէ, սակայն իր գրական-հասարակական գործունէութիւնը ընդհանուր առմամբ համընթաց էր իր ժամանակի ոգիին:

Տիգրան Կամսարականի կեանքին ու ստեղծագործութեան վերջին ժամանակներուն, 1924-էն ետք, իր քաղաքական դիրքորոշումը եղաւ դէպի Խորհրդային Հայաստան, լաւապէս ըմբռնելով արեւմտաեւրոպական դիւանագիտութեան նենգ ու փետրաթափ քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդի նկատմամբ:

Կամսարականի գրական ժառանգութիւնը ցայսօր չէ արժանացած անաչառ ուսումնասիրութեան: Արեւմտահայ յայտնի բանասէր Թ. Ազատեանի յօդուածաշարքն ու խորհրդահայ բանասէր Գ. Ստեփանեանի «Վարժապետին Աղջիկը»վէպին առիթով գրած յառաջաբանը ցարդ կը մնան գլխաւոր աղբիւրները Կամսարականի գրական հրիտակը լոյսին բերող:

Անդամակցութիւն

Խմբագրել

1920-ականներու վերջերը Փարիզ հաստատուելէ ետք, Տիգրան Կամսարական մաս կը կազմէ հոն Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդր. վարչութեան եւ Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած Ազգ. պատուիրակութեան:

  • Վարժապետին աղջիկը: Պոլսական բարքեր, Կ. Պոլիս, 1888, 532 էջ:
  • Վարժապետին աղջիկը, Կ. Պոլիս, 1921, 336 էջ:
  • Վարժապետին աղջիկը, Գահիրէ, 1941, 400 էջ:
  • Վարժապետին աղջիկը, Երեւան, 1956, 324 էջ:
  • Վարժապետին աղջիկը, Պէյրութ, 1957, 320 էջ:
  • Կամսարական Տիգրան, Չյոկյուրյան Տիգրան, Երկեր, Երեւան, 1984, էջ 28–348:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել