Տիր, հին հայկական դիցաբանութեան մէջ՝ դպրութեան, պերճախօսութեան, գիտութիւններու ու արուեստներու աստուածը։

Ան եղած է Հայկ Աղեղնաւորի ուստրը[1], եւ նկատուած է Արամազդ աստուածահօր ատենադպիրն ու սուրհանդակը, մարդոց ճակատագիրի գուշակն ու երազներու մեկնիչը, անոնց չար ու բարի գործերը գրանցողը, ննջեցեալներու հոգիները «անդրշիրիմեան աշխարհ» ուղեկցողը։ Ան ամբողջ ամիս մը կը զբաղէր մարդոց ծնունդներն ու մահերը իր մատեանին մէջ գրանցելով, մնացած տասնմէկ ամիսները արարչագործութեան աւիշ կը ներարկէր՝ գրողներուն, երաժիշտներուն, պատկերահաններուն եւ քարագործ-ճարտարապետներուն։[1]

Տիրին նուիրուած գլխաւոր տաճարը կոչուած է Երազամոյն, տօնահանդէսը՝ Տիրական։ Հայոց հին տոմարի 4-րդ ամիսը, Տիրի անունով, կոչուած է «Տրէ» կամ «Տրի», ծիածանը՝ Տիրական կամ Տրական գոտի։ Անոր անունով կոչուած են՝ Տիրինկատար լեռը, Տիրակատար քաղաքը, Տրէ եւ Տիրառիճ գիւղերը, ինչպէս նաեւ շարք մը անձնանուններ (Տիրան, Տիրոց, Տրդատ)։ Հելլենիստական դարաշրջանին հայերը Տիրը նոյնացուցած են Ապոլլոնին եւ Հերմեսին։

Տիրի մշակութային նշանակութիւնը

Խմբագրել

Տեառնընդառաջ տօնը հեթանոս շրջանին նուիրուած եղած է Տիր աստուծոյ եւ կոչուած է Տրնտես (Տիրին տեսութեան)։ Անոր անուան հետ կապուած է՝ «Գրողի տարած», «գրողի ծոցը» արտայայտութիւնները։[աղբիւրի կարիք ունի]

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Խաչատրյան Հայկ (2003)։ Հայոց Հնօրյա Զվարճախոսները։ Երևան: «Ամարաս»։ էջ 120