Գրիգոր Նարեկացի

Գրիգոր Նարեկացի (951[1][2], Նարեկ, Ռշտունիք, Վասպուրականի թագաւորութիւն - 1003[1][2], Նարեկայ վանք, Ռշտունիք, Վասպուրականի թագաւորութիւն), հայ միջնադարեան հոգեւորական, քրիստոնեայ աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժիշտ եւ փիլիսոփայ։ Գրիգոր Նարեկացի կը համարուի հայ գրականութեան վերածննդեան հիմնադիրը, Հայ վերածննդեան փիլիսոփայական միտքի գագաթը։

Գրիգոր Նարեկացի
Գրիգոր Նարեկացիի մանրանկարը (1173 թուականի ձեռագիրէն)
Ծնած է 951
Ծննդավայր Նարեկ
Մահացած է 1003
Մահուան վայր Նարեկայ վանք, Ռշտունիք, Վասպուրականի թագաւորութիւն
Ազգութիւն Հայ
Տեսակ քնարապատմողական?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, փիլիսոփայ, երաժիշտ, աստուածաբան
Աշխատավայր Մատեան Ողբերգութեան
Ծնողներ հայր՝ Խոսրով Անձեւացի

Ծնած է Վասպուրական նահանգի Ռշտունի գաւառի Նարեկ գիւղին մէջ։ Ուսուցիչները եղած են, առաջին հերթին, հայրը՝ Խոսրով Անձեւացի, եւ հօրեղբայրը։ Գրիգոր Նարեկացիի գործերէն մեզի հասած են իր հռչակաւոր «Մատեան Ողբերգութեան»ը, այլ բանաստեղծական գործեր, մեկնութիւններ, գործեր եւ այլն։ Դառնալով հայկական միջնադարու մեծագոյն բանաստեղծը, անոր ազդեցութիւնը զգալի է յաջորդ դարաշրջաններու բանաստեղծութեան վրայ՝ մինչեւ մեր օրերը։

Փետրուար 2015-ին, Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը «Տիեզերական եկեղեցւոյ դոկտորի» տիտղոս շնորհած է Գրիգոր Նարեկացիին [3][4]։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հնագոյն ձեռագիրներուն մէջ, բանաստեղծին ստեղծագործութիւններուն եւ ինքնակենսագրական բնոյթի յիշատակութիւններուն մէջ, Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ պահպանուած են։

Յայտնի է, որ Նարեկացի ծնած է Վասպուրական նահանգի Ռշտունի գաւառին մէջ, Վանայ լիճի հարաւային ափերուն գտնուող Նարեկ գիւղին մէջ 951-ին։ Նարեկացի Անձեւացեաց գաւառի Խոսրով եպիսկոպոսի որդին էր։

Մանուկ հասակէն կապուած էր Ռշտունեաց աշխարհի Նարեկ գիւղի վանքի հետ, ուր եղբօրը հետ կրթուած եւ դաստիարակուած էր ժամանակի ամենազարգացած մարդոցմէ մէկուն՝ Անանիա Նարեկացիին քով, որ նաեւ Գրիգորի մօր հօրեղբայրն էր։ Իւրացնելով դպրոցի մատենադարանի թարգմանական եւ ինքնուրոյն ձեռագիր կրօնափիլիսոփայական գրականութիւնը՝ Գրիգոր Նարեկացի հետագային դարձած է ուսման այդ կեդրոնի սիւներէն մէկը։

Ուսումը ստանալէ ետք, Գրիգոր վարդապետ կը ձեռնադրուի նոյն Նարեկայ վանքին մէջ եւ կը ստանայ Նարեկացի անունը։ Իր հարուստ գիտելիքներուն եւ անբասիր վարքին շնորհիւ, Նարեկացի շուտով մեծ համբաւի տէր կը դառնայ։ Անոր մասին կը կը հիւսուին զանազան աւանդութիւններ, որոնց մէկ մասը բանաւոր կամ գրական մշակումով մեզի հասած են։

Յայտնի է նաեւ, որ մեծ հռչակ վայելող Նարեկացի ունեցած է թշնամիներ՝ հոգեւոր դասի բարձր շրջաններէն։ Ան տարբեր պատճառներով մեղադրուած եւ նոյնիսկ հոգեւոր դատարան կանչուած է։ Կ'ենթադրուի, որ Նարեկացի հալածուած է թոնդրակեաններու աղանդին պատկանելուն կամ հակումներ ունենալուն համար:

Գրիգոր Նարեկացի վախճանած է 1003-ին եւ թաղուած Նարեկայ վանքին մէջ։ Անոր գերեզմանը երկար ժամանակ ուխտատեղի եղած է շրջակայ հայ բնակչութեան համար։

Ըստ աւանդութեան՝ Նարեկացի ճգնած է ներկայիս իր անունը կրող քարայրին մէջ։

Նարեկացիի ստեղծագործութիւնները

Խմբագրել

Գրիգոր Նարեկացիէն մնացած են մեծ թիւով գործեր՝ «Մեկնութիւն երգոց երգոյն Սողոմոնի», չորս ներբող, գանձեր, տաղեր (թիւով 30-էն աւելի), «Մատեան ողբերգութեան» չափածոյ աղօթագիրքը, թուղթեր եւ այլ գործեր։ Այդ երկիրներէն լաւագոյնները տաղերն են եւ «Մատեան ողբերգութեան» քնարական չափածոյ աղօթագիրքը։

Մատեան ողբերգութեան

Խմբագրել
 
Գրիգոր Նարեկացիի նկարը Վատիկանի մէջ

Նարեկացիէն՝ մեզի հասած գրական ժառանգութեան կարեւորագոյն ստեղծագործութիւնը «Մատեան ողբերգութեան»ն է, որ հայ միջնադարեան գրականութեան միտքի ամենամեծ արգասիքն է, մարդկութեան ստեղծած գեղարուեստական մեծագոյն արժէքներու թիւին կը պատկանի։ Աղօթագիրքը ամփոփումն է այն լաւագոյնին, զոր ստեղծած է հայ քերթողական միտքը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ Ժ. դար։ Աղօթագիրքը բաղկացած է 95 գլուխներէ։ Ժանրային առումով անիկա քնարական-հոգեւոր է։ Յայտնի չէ, թէ քանի տարուան ընթացքին գրուած է աղօթագիրքը, սակայն աւարտած է մահէն մէկ տարի առաջ՝ 1002-ին։ Աղօթագիրքը գրաբարէն աշխարհաբարի վերածած է Մկրտիչ Խերանեան։ Հայ գրականութեան մէջ բազմաթիւ են աշխարհաբար թարգմանութիւնները։ Վազգէն Գէորգեան թարգմանած է աղօթագիրքին ծաղկաքաղը։ Գրականութեան պատմութեան մէջ Նարեկացին թերեւս առաջինն է, որ լայնօրէն օգտագործած է բաղաձայնութիւնը, ոտանաւորին երաժշտութեան համար։ Աղօթագիրքը յայտնի է «Նարեկ» անունով։ Զանազանուելով քնարական բանաստեղծութիւններու միւս հեղինակներէն՝ Նարեկացի պատմողական բնոյթի տարրեր բնաւ չէ օգտագործած։ Բայց բանաստեղծութիւնը էապես ունի իր սկիզբն ու վերջը, ներքին գարգացման կուռ միասնութիւնն ու ամբողջականութիւնը։ Բանաստեղծութեան մէջ խտացած են բանաստեղծին ողբերգական ապրումները, տարակոյսները, թէ ինք կրնա՞յ միանալ Աստուծոյ։ Ան կը տարակուսի,թէ՝ կրնա՞յ հասնիլ իր իտէալին՝ Աստուծոյ, որովհետեւ հետզհետէ կ'աճին իր մեղքերը։ Մինչդեռ Աստուծոյ հասնելու համար պէտք է մարդու գործերն ու վարմունքները, յոյզերն ու զգացումները մաքուր ըլլան ամէն տեսակի թերութիւններէ, ամէն տեսակի բացասական գիծերէ։ Կատարեալ մաքրութեան հասնելու համար, մարդ պէտք է ամէն ձեւով խոստովանի ու դատապարտէ իր վատ արարքները եւ մեղքերը։ Բանաստեղծը ինքզինքին մեղքեր ու յանցանքներ կը վերագրէ, կը դատապարտէ այն բոլոր բացասականը, զոր նկատած է մարդկային կեանքին ու իրականութեան մէջ։ Ան կը նկատէ, որ մարդկային ծնունդներէն ոչ մէկը իրեն չափ մեղաւոր չէ եղած, որովհետեւ չէ կրցած միտքի երիվարը բանականութեան սանձով կանգնեցնել եւ, «... մութ խորհուրդներու մէջէն սլանալով», մարդոց գործած բոլոր հին չարիքներուն նորերը։ Նոյնիսկ արարիչին դէմ նենգամիտ գտնուած է, ըմբոստացած, աստուածամարտ մտածումներ ունեցած է ու չէ վախցած անոր սպառնալիքներէն։ «Մատեան ողբերգութեան» մէջ ան կ'ըսէ. - Սպառնացար, եւ ոչ զարհուրեցայ, Արգահատեցեր՝ եւ ոչ երբեք լուայ, Որ է ապստամբութեան յայտնի նշանակ։ Կործանելու սարսափներուն յաճախ կը յաջորդէ փրկուելու յոյսը՝ մեղքերու խոստովանութեան հետ կապուած։ Աղօթագիրքին արտակարգ յուզիչ, ընթացքը կ'աւարտի լաւատեսութեան յաղթանակով, փրկութեան եւ աստուածային էութեան հետ միանալու՝ աստուածանալու հաւատքով։ Ինչպէս որոշ խորհրդազգածներ, այնպէս ալ խորհրդազգած Գրիգոր Նարեկացի կատարելութեան ձգտող մարդու իտէալը՝ ստեղծած է յառաջացնելով կատարեալ էակի՝ Աստուծոյ պաշտամունքը։ Ան կը լուծէ մարդ եւ Աստուած, բնութիւն եւ Աստուած յարաբերութիւնը։ Աստուած ամէնուրեք է եւ ամէն ինչի մէջ: - Զի դու միայն ես երկնքում անճառ եւ երկրում՝ անզնին, Գոյութեան տարրերի մէջ եւ աշխարհի բոլոր ծագերում, Սկիզբն ամէն ինչի, եւ ամէն ինչի մէջ՝ ամբողջ լրումով։ Աղօթագիրքին բովանդակութեան զարգացման ինքնատիպութիւնը, յոյզերու, տրամադրութիւններու արտայայտութիւնն ու պատկերացումը կը պահանջէին բանաստեղծական նորանոր հնարներ ու միջոցներ։ Բանաստեղծը խորապէս գիտակցած է իր ստեղծագործութեան էութեան առանձնայատկութիւններուն եւ, անոնց համապատասխան, արտայայտչական ձեւեր ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։ թէ՛ մարդկային կեանքի իրադարձութիւնները, թէ՛ բնութեան երեւոյթները օգտագործուած են բանաստեղծին կողմէ իբրեւեւ համեմատութիւններ ու փոխաբերութիւններ՝ ապրումներու եւ հոգեվիճակներու գեղարուեստական մարմնաւորման համար։ Նարեկացիի փոխաբերութիւնները, համեմատութիւնները, մակդիրները, որոնք բանաստեղծութեան մէջ կը յորդորեն հեղեղի նման, միշտ ինքնատիպ են, համարձակ եւ գեղագիտական բարձր ճաշակի ու զգացողութեան արտայայտութիւն։ Ժամանակի գրական լեզուն՝ գրաբարը, ինչ հարստութեան որ հասած էր պատմիչներու, եկեղեցական գրողներու ու բանաստեղծներու գործերուն մէջ, չէր կրնար Նարեկացիի ստեղծագործական երեւակայութեան անսահման թռիչքը, իրարամերժ խոհերու եւ զգացումներու բոլոր նրբերանգները արտայայտել։ Անոնցմէ առաջ բուն բանաստեղծական լեզուն շատ աւելի աղքատ ու միատարր էր, քան մեր պատմիչներու լեզուն։ Եկեղեցական կանոններուն հետեւիլը կը խանգարէր հոգեւոր երգերու (շարականներու) հեղինակներուն լեզուական նոր մուծումներ կատարել այն աստիճանի, որ անոնց լեզուական անհատականութիւնը գրեթէ կը կորսուէր։ «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին յաւերժ մնայուն գեղարուեստական արժէքը, բովանդակութեան խորութեան ու մեծութեան հետ, պայմանաւորուած է անոր բանաստեղծական արուեստի անսահման հարստութեամբ։ Նարեկացիի բանաստեղծական արտայայտչական միջոցներն ու ձեւերը անսպառ են, բազմազան ու գունագեղ, իսկ բառարանը՝ հայ գրականութեան մէջ ամենահարուստը։

Գրիգոր Նարեկացի գրականութեան մէջ մնաց անգերազանցելի՝ բովանդակութեան համապատասխան ոտանաւորի տարբեր չափեր ստեղծելու եւ օգտագործելու, ռիթմի ու երաժշտականութեան անկրկնելի արդիւնքներու հասնելու հարցին մէջ։ Միսաք Մեծարենց ճիշդ նկատած է, թէ Նարեկացի «գիտէր ծովաձայն հնչեցնել բառերը»։ Նարեկացի, իբրեւ երաժիշտ, նոր շունչ ու կեանք տուած է հայ միջնադարեան մասնագիտացած երգարուեստին։ Յատկապէս իր տաղերուն երաժշտական բաղադրիչներուն մէջ յաղթահարուած են շարականներու հին, ութ-ձայնի դրութեան կապուած եղանակներու կազմութեան՝ տուեալ պատմաշրջանի համար արդէն քարացած ձեւերը։ Ընդհանրապէս նախատեսուած չըլլալով պարտադիր-կիրառական նպատակներու համար՝ տաղերը ազատ մնացած են եկեղեցական կանոնական մտածողութենէն ու աւելի անկաշկանդ (քան, օրինակ, շարականները) հարստացած են ժող-գուսանական արուեստէն եկող կենսունակ տարրերով։ «Մատեան ոդբերգութեան» աղօթագիրքին գեղարուեստական անընդգրկելի մեծութեան ամենացայտուն ապացոյցներէն է մեր գրականութեան վրայ ձգած անոր հսկայական ազդեցութիւնը։ Անկէ սորված եւ ներշնչուած են ոչ միայն միջնադարու, այլեւ նոր ժամանակներու հայ բանաստեղծութեան նշանաւոր դէմքերը։ «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքը, ամբողջական կամ մասնակի, թարգմանուած է մօտաւորապէս 30 լեզուներու։

Գանձերը

Խմբագրել
 
Նարեկացիի պատկերը Մոսկուայի Ս. Խաչ մայր տաճարի պատին

Նարեկացիի ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն գանձերը՝ գրուած յատուկ տօնին երգուելու նպատակով։ Պահպանուած են շուրջ տասը գանձեր, ուր կը գովաբանեն տօնին խորհուրդը։ Գանձերը սերած են աւանդական քարոզէն եւ ունին քարոզին բնորոշ ձեւական յատկանիշներ։ Գանձերը առաջին կիրառողը եղած է Գրիգոր Նարեկացին։ «Գանձ» անունը կը ծագի Նարեկացիի ստեղծագործութիւններէն, որոնք կը սկսին «Գանձ» բառով՝ որմով կը պահպանուի հեղինակին անուան սկզբնադիրը եւ ամբողջութեան մէջ դուրս կը բերէ «Գրիգորի երգ» ծայրակապը։ Նարեկացիի գանձերուն բնորոշ են հետեւեալ յատկանիշները. գանձերու առաջին տուներուն մէջ կը փառաբանուի տուեալ տօնը կամ սուրբին յիշատակը, իւրաքանչիւր տուն կ'աւարտի կրկներգով:Վերջին հատուածներուն մէջ առկայ են ննջեցեալներուն ողորմութեան արժանացնելու եւ աղաչողին սէր եւ բարի գործեր պարգեւելու մասին աղօթքներ, գանձերը կ'աւարտին հին քարոզներէն վերցուած տողերով։

Տաղերը

Խմբագրել

Նարեկացիէն պահպանուած են նաեւ շուրջ երկու տասնեակ տաղեր, որոնք իրենց բովանդակութեամբ կը կապուին գանձերուն հետ, որովհետեւ նուիրուած են եկեղեցական որոշ տօներու։ Նարեկացի տաղերուն մէջ արտայայտած է կրօնական տրամադրութիւններ եւ գաղափարներ՝ իրական կեանքէ քաղուած պատկերներով։ Այս ձեւով ան օտար բանաստեղծութենէն ընդօրինակած է աւանդական որոշակի ձեւեր եւ բանաստեղծութեան մէջ ներդրած է սեփական ընկալումներու շնորհիւ ինքնուրոյն պատկերներ գործածելու սկզբունքը։ Տաղերուն մեծ մասը իրենց գաղափարական բովանդակութեամբ եւ արտայայտչական ձեւերով կ'արտացոլան Ժ. դարու հասարակական կեանքի տեղաշարժերը։ Ճիշդ է, տաղերուն մէջ մարդու ներաշխարհին, անոր խոհերուն ու ապրումներուն պատկերները դեռ այնքան խոր չեն, բայց «Մատեան ողբերգութեան» մէջ անոնք կը հասնին գերօրինակ ուժի ու բարձրութեան։ Գեղեցկութեան իտէալը սովորաբար կը մարմնաւորէ տիրամայրը։ Անոր ամենավառ արտայայտութիւններէն է «Տաղ Վարդավառի»-ն, որ հեղինակին լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն է։ Վարդի եւ շուշանի գոյնզգոյն ծաղիկներու պատկերներով հեղինակը կը նկարագրէ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան աւետարանական դրուագը։ Իր չափազանց հարուստ գիտելիքներու եւ անբասիր վարքին շնորհիւ Նարեկացի շուտով մեծ համբաւ կը շահի։ Անոր մասին կը հիւսուին զանազան աւանդութիւններ, որոնց մէկ մասը բանաւոր կամ գրական մշակումով մեզի հասած է։ «Տաղ Ծննդեան»-ին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Աստուածածինը իր ողջ գեղեցկութեան մէջ՝ նկարագրելով նոյնիսկ Աստուածածնին հանդերձանքը։ Եթէ մինչ այդ Աստուածածինը կը ներկայացուէր շարականներուն մէջ իբրեւ կանանց մէջ ամենագովելին եւ բարեխօս իր Որդւոյն առջեւ, ապա Նարեկացիի քով աւանդական այս մօտեցումը առաջինը ըլլալով փոխուած է։ Նարեկացիի արժէքաւոր ստեղծագործութիւններէն է նաեւ «Յարութեան տաղը»։ Այստեղ կը ներկայացուին, թէ ինչպէս Մասիսի լանջէն կ'իջնէ սայլը, զոր քաշող սայլապանը կը նմանի Խորենացիի նկարագրած Հայկ նահապետին։

Նարեկացիի առաջին մեծ աշխատանքը «Երգ երգոցի» մեկնութիւնն է՝ գրուած 977-ին, Վասպուրականի Անձեւացեաց գաւառի Գուրգէն-Խաչիկ իշխանի պատուէրով։ Նարեկացի այստեղ կը զարգացնէ այն միտքը, թէ մարմնաւորի, առարկայականի, տեսանելիի միջոցով Սողոմոն արտայայտած է աստուածայինը, որովհետեւ աշխարհն ալ Աստուծոյ արարչագործութեան արդիւնք է, եւ աստուածայինը դրսեւորած է առարկայական աշխարհին մէջ. «Ի ձեռս մարմնաւորաց տեսցուք զհոգեւորս»։ Ըստ Նարեկացիի՝ տղամարդու եւ կնոջ սէրը, որ հարսի եւ փեսայի սէր է, երբ կ'օրհնուի Ս. Պսակով, զուրկ չէ Հոգիի շնորհքէն։ Հետեւաբար՝ սուրբ ընտանիքի գաղափարը Նարեկացիի հիմք կու տայ արդարացնելու տղամարդու եւ կնոջ սէրը։

Նարեկացիի գրիչին կը պատկանի նաեւ «Ապարանից խաչի պատմութիւն» վերնագրով երկ մը, զոր գրած է Մոկաց աշխարհի Ապարանք գիւղի վանական համալիրի կառուցման առիթով։ Գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնեն նաեւ Նարեկացիի «Ճառ ներբողի» եւ «Գովեստ երգաբանութեան Տիրուհւոյն» ներբողեանները՝ նուիրուած Սուրբ Աստուածածինին։

Մեծերը Գրիգոր Նարեկացիի մասին

Խմբագրել

Նարեկացի կարապետն ու մարգարէն էր աստուածային ողորմութեան։ Դժուար է գտնել որեւէ մէկը, որ հաւասարի անոր մարդկային սրտին մէջ թեւաւորուած անդնդային թշուառութիւնները քննելու առումով։

Գործերը

Խմբագրել

«Մատեան ողբերգութեան» բանաստեղծութիւն, 95 գլուխով «Տաղ ծննդեան» «Տաղ յայտնութեան» «Տաղ յարութեան» «Տաղ վարդավառի» «Տաղ ջրօրհնեաց» «Տաղ Աստուածածնի» «Տաղ համբարձման» «Տաղ Տեառնընդառաջի» «Տաղ Քառասուն Մանկանց» «Տաղ Ղազարոսի յարութեան» «Տաղ Հովհաննէս Մկրտիչի» «Տաղ Հոգեգալստեան» «Տաղ Եկեղեցւոյ» «Տաղ Գրիգոր Լուսաւորիչի» «Տաղ Վերափոխման» «Տաղ Խաչի» «Տաղ Առաքելոց» «Մեղեդի ծննդեան»

Երկերու մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1702, 697 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1726, 432 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1736, 568 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1755, 576 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1763, 640 էջ:
  • Բանք աղօթից, Վենետիկ, 1763, 312 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1774:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1782, 640 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1789, 371 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Վենետիկ, 1789, 394 էջ:
  • Մեկնութիւն Երգոց երգոյն Սողովմոնի, Վենետիկ, 1789, 216 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1790, 350 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Վենետիկ, 1795, 429 էջ:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Կ. Պոլիս, 1802, 410 էջ:
  • Աղօթամատոյց պատկերազարդեալ, Վենետիկ, 1804, 296 էջ:
  • Դրութիւնք յոգնաթախանձ բանից օգտակարաց, Կ. Պոլիս, 1806, 402 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1807:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Վենետիկ, 1807, 404 էջ:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Կ. Պոլիս, 1812, 410 էջ:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Կ. Պոլիս, 1821, 390 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1822, 488 էջ:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Կ. Պոլիս, 1826, 410 էջ:
  • Ճառք, գանձք եւ տաղք, Վենետիկ, 1827, 487 էջ:
  • Մատենագրութիւնք, Վենետիկ, 1827, 487 էջ:
  • Յորում Պատմութիւն սրբոյ Ապարանից, ներբողք ի ս. Յակոբ հայրապետ Մծբնայ, հանդերձ գանձիւք հոգւոյն սրբոյ եւ եկեղեցւոյ եւ խաչին, Վենետիկ, 1827, 253 էջ:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Կ. Պոլիս, 1829, 408 էջ:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Կ. Պոլիս, 1832, 439 էջ:
  • Ողբերգութիւն, Վենետիկ, 1833, 636 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, ա. տ., 1834, 649 էջ:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Կ. Պոլիս, 1835, 439 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Կ. Պոլիս, 1836, 488 էջ:
  • Նարեկ աղօթից, Կ. Պոլիս, 1839, 439 էջ:
  • Մատենագրութիւնք, Վենետիկ, 1840, 536 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Վենետիկ, 1844, 600 էջ:
  • Նարեկ (Գիրք աղօթից), Կ. Պոլիս, 1844, 588 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Կ. Պոլիս, 1845, 388 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Կ. Պոլիս, 1847, 416 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Կ. Պոլիս, 1850, 384 էջ:
  • Ողբերգութիւն, Վենետիկ, 1851, 600 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Կ. Պոլիս, 1852, 430 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Կ. Պոլիս, 1858, 368 էջ:
  • Ողբերգութիւն, Փարիզ, 1860, 424 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Կ. Պոլիս, 1864, 476 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Կ. Պոլիս, 1866, 333 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Զմիւռնիա, 1867, 518 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երուսաղէմ, 1868, 518 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Զմիւռնիա, 1870, 520 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Կ. Պոլիս, 1870, 483 էջ:
  • Ողբերգութիւնք, Երուսաղէմ, 1875, 396 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երուսաղէմ, 1886, 480 էջ:
  • Ողբերգութիւն, Վենետիկ, 1893, 648 էջ:
  • Աշխարհաբար Նարեկ, Կ. Պոլիս, 1902, 516 էջ:
  • Մատենագրութիւնք, Տփղիս, 1905, 396 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Գահիրէ, 1926, 368 էջ:
  • Նարեկ (Ողբերգութիւն), Կ. Պոլիս, 1926, 549 էջ:
  • Ողբերգութիւն, Վենետիկ, 1926, 734 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երուսաղէմ, 1931, 628 էջ:
  • Ողբերգութիւն, Երուսաղէմ, 1936, 780 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Պուէնոս Այրէս, 1948, 338 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երուսաղէմ, 1950, 484 էջ:
  • Գիրք աղօթից, Իսթանպուլ, 1954, 776 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Իսթանպուլ, 1955, 129 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երուսաղէմ, 1956, 509 էջ:
  • Տաղեր, Երեւան, 1957, 128 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 1960, 409 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երուսաղէմ, 1960, 520 էջ:
  • Ողբերգութիւն, Երուսաղէմ, 1964, 773 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երուսաղէմ, 1966, 488 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 1970, 128 էջ:
  • Մատյան ողբերգության: Տաղեր, Երեւան, 1979, 655 էջ:
  • Տաղեր եւ գանձեր, Երեւան, 1981, 312 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 1985, 1124 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Անթիլիաս, 1986, 341 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Պէյրութ, 1990, 112 էջ:
  • Տաղեր, Երեւան, 1991, 142 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 1994, 470 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Թեհրան, 1996, 501 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 1996, 388 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 1999, 472 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Անթիլիաս, 1999, 496 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2001, 412 էջ:
  • Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի, Անթիլիաս, 2002, 189 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2003, 592 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Թեհրան, 2003, 597 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան եւ այլ երկասիրութիւնք, Անթիլիաս, 2003, 726 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2003, 652 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2004, 688 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Պէյրութ, 2004, 93 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2005, 626 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Անթիլիաս, 2005, 496 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2007, 644 էջ:
  • Մատյան ողբերգության: Տաղեր, Երեւան, 2007, 472 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2008, 484 էջ:
  • Աղոթագիրք, Էջմիածին, 2009, 214 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2010, 484 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2011, 484 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Էջմիածին, 2012, 656 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երեւան, 2012, 640 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Էջմիածին, 2013, 632 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2013, 644 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Էջմիածին, 2013, 456 էջ:
  • Մատյան ողբերգության: Տաղեր, Երեւան, 2013, 592 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երեւան, 2013, 640 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2014, 356 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2014, 548 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2014, 553 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2014, 626 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2014, 648 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2015, 490 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2015, 493 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Էջմիածին, 2015, 688 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2015, 688 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երեւան, 2015, 758 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Թեհրան, 2015, 760 էջ:
  • Մատեան ողբերգութեան, Երեւան, 2016, 592 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Երեւան, 2016, 425 էջ:
  • Մատյան ողբերգության, Էջմիածին, 2016, 688 էջ:
  • Նարեկ աղօթամատեան, Երեւան, 2016, 656 էջ:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Չօպանեան Ա., Դէմքեր, Փարիզ, 1924։
  • Աբեղեան Մ., Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն, գիրք 1, Ե., 1944։
  • Մկրտիչ Մկրեան, Գրիգոր Նարեկացի, Ե., Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1951, 306 էջ։
  • Թահմիզեան Ն., Կոմիտասը եւ Նարեկացու տաղերը, «ԲԵՀ», 1969, N 3։
  • Читая Нарекаци, Е., 1974.
  • Զաւէն Աւետիսեան, Նարեկացիին Մատեանը, Ե., 2004։
  • Dorfmann-Lazarev, Igor (2006) '«Manto terrestre dell’immagine solare»: Note sul linguaggio cristologico di Gregorio di Narek.' In: Mahe, J.P. and Zekiyan, B.L., (eds.), Saint Grégoire de Narek: théologien et mystique. Rome: PIO, pp. 113–138. (Orientalia Christiana Analecta, vol. 275).
  • Սամուէլ Պօղոսեան «Իմ Նարեկացին», Երեւան,2007 http://grigornarekaci.su/ Archived 2016-03-05 at the Wayback Machine.
  • Հրաչիկ Միրզոյեան, Նարեկացագիտական հետազօտութիւններ (յօդուածների ժողովածու), Ե., ԵՊՀ, 2010, 395 էջ։
  • Ս.Պօղոսեան, «Գրիգոր Նարեկացիին «Հաւատարմատը» , Եր.2015 http://grigornarekaci.su/ Archived 2016-03-05 at the Wayback Machine.

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Faceted Application of Subject Terminology
  2. 2,0 2,1 2,2 Petruzzello M. Encyclopædia Britannica
  3. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named newsva
  4. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named doctor