Նարեկայ վանք, 10-րդ դարու հայկական վանական համալիր էր պատմական Վասպուրական նահանգի Ռշտունեաց գաւառի Վանայ լիճի հարաւ արեւելեան ափին, Նարեկ գիւղին մէջ։[1] Հոն, մանուկ հասակէն Գրիգոր Նարեկացին եղբօրը հետ կը կրթուի եւ կը դաստիարակուի հօրեղբօրը՝ Անանիա Նարեկացիին քով։

Հայկական բարձրաւանդակ-Վանայ լիճ
Նարեկայ վանք
Գրիգոր Նարեկացի

Պատմական Խմբագրել

Հիմնարկութիւն Խմբագրել

[2] Վանքը կը հիմնադրուի 10-րդ դարուն Փոքր Հայքի շրջանէն փախստական հայ կրօնաւորներէ, որոնք հալածուած Բիւզանդիոնի յոյներուն կողմէ իրենց կրօնական համոզումներուն պատճառով, կ՛ ապաստանին Վանայ լիճին հարաւը, Եղերով լերան ստորոտի բլրադաշտը,[3] ուր կը հիմնեն Դրուց (դուրսի) անունով վանքը․ սակայն հաւանական կը թուի նա՛եւ Ս․ Սանդուխտ Կուսի անուանումը։ Վանքը հետաքային, ի պատիւ Գրիգոր Նարեկացիին կը կոչուի Նարեկայ վանք։

  Յայսմ ժամանակիս, շինեցաւ Նարեկ ի Ռշտունեաց գաւառին նոյն կարգաւորութեամբ, բազմազարդ պաշտօնապայծառ երգեցողովք եւ գրական գիտողօք։  


Թեմ, կալուած Խմբագրել

Վանքը մինչեւ 1883 թ․ կը պատկանէր Վանի թեմին, ապա՝ մաս կազմեց Աղթամարի թեմին, Խաչատուր կաթողիկոսի օրերուն։ [4]։

 
Նարեկայ վանքին վայրը - քարտէս

Անոր կը պատկանէին 4 գիւղեր՝ Նարեկ, Փակխինդ, Վերին Սարեկ եւ Պախուանց։ Ունէր ընդարձակ օրավար, անշարժ հասոյթաբեր կալուած, ինչպէս նաեւ հարուստ պտղատու ծառաստան/պարտէզ, անասնաբուծարան, ձիթահան մը, եւայլ․։[5]։

Վանքի նկարագրութիւն Խմբագրել

Վանական համալիրը տարիներուն ընթացքին կը զարգանայ, կը շէննայ եւ շուրջը կը հիմնուի հայաբնակ համանուն Նարեկ[2] գիւղը (100 տուն 1901 թ․[3] եւ 90 տուն 1903 թ․[2])։ Վանքը պարսպապատ էր եւ կը բաղկանար հետեւեալ եկեղեցիներէն՝ Սուրբ Սանդուխտ Կուսին, Ս․ Գաբրիէլ, Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Գրիգորի մատուռէն, ժամատունէ մը, զանգակատունէ (կառուցուած 1812-ին)[6] մը։ Համալիրին հարաւային կողմը կային առաջնորդարանը, ուսումնարան/դպրանոցը եւ անոր վերնայարկին վրայ՝ ուխտաւորներուն սենեակները․ (վարդավառի առթիւ ուխտաւոր/լրագրողի մը նկարագրութիւնը, մեզի կու տայ մանրամասն տեղեկութիւններ [4]

Գլխաւոր եկեղեցին Սուրբ Սանդուխտ Կուսին էր․ դարպասի մուտքին ձախ կողմը։ Արտաքինէն քառակուսի, իսկ ներսէն՝ խաչաձեւ եւ քառախորան էր։ Ըստ աւանդոյթի, հարաւային խորանին տակ կը գտնուէր Ս․ Սանդուխտի գերեզմանը, նաեւ ըստ Մկրեանի՝ Ս․ Սահակի գերեզմանը։ Անոր արեւելեան պատին կից էր փոքրիկ եւ գմբէթազարդ Ս․ Գրիգորի մատուռը, ուր էր Գրիգոր Նարեկացիին գերեզմանը (տապանաքարերը Բաղիշեցի քարակոփներուն նուրբ գործն էր 1867, Մարտ, Յովսէփ վրդ․ի օրով[5])։ Իսկ հարաւային պատին կից, դարպասի մուտքին աջ կողմը, կը գտնուէր Ս․ Աստուածածին անսիւն եւ անխորան եկեղեցին, որ միայն արեւմտեան կողմը երկու կամարակապ խորշ ունէր։ Այս երկու եկեղեցիներուն առջեւ, կառուցուած էր քառանկիւն հաւասարաչափ՝ 11 մեթր լայնութեամբ ու երկարութեամբ ժամատունը․ ունէր վեց լուսամուտ իսկ ձեղունը կամարակապ էր։ Կ՛ ըսուի թէ հոն թաղուած էին Գ․ Նարեկացիին եղբայրները Յովհաննէս եւ Սահակ ու հօրեղբայրը՝ Անանիա[2]։

Գործունէութիւն Խմբագրել

Շինութիւններ Խմբագրել

Վանքը քանիցս վնասներ կը կրէ․ բնական աղէտներէ՝ ի մասնաւորի երկրաշարժ եւ կողոպուտներու թիրախ կը դառնայ։ Սակայն վանականներուն խնամքին տակ անդադար կը ճոխանայ նոր շինութիւններով եւ կամ նորոգումներով։ Կատարուած բոլոր աշխատանքներուն մասին կան քանդակագրուած եւ նաեւ նօթագրուած արձանագրութիւններ [2]։

10-րդ դարուն, Անանիա Նարեկացին կը հիմնէ դպրոց։ 1707 թուականին Մինաս վարդապետ Ղափանեցին հիմնովին կը նորոգէ վանքը․ այս գործին կը մասնակցի Յովհաննէս Վանեցի վանահայրը[5]։ 1787 թուականին վանահայր Բարսեղ վարդապետը եկեղեցիներուն արեւելեան կողմը կը կառուցէ հաւասարաչափ, քառանկիւն, ընդարձակ գաւիթ (ժամատուն), ուր թաղուած է Անանիա Նարեկացին, նաեւ կը վերաշինէ դարպասը՝ քարակերտ եւ կամարազարդ[5]։

1812 թուականին, վանահայր Մշեցի Յակոբ վրդ․-ի եւ Աղթամարի Յարութիւն կաթողիկոսի օրով, ժամատան արեւմտեան մուտքին առջեւ կը կառուցուի եռայարկ զանգակատունը, ձեռամբ՝ Բաղէշցի տէր Մովսէս քհնյ․-ի եւ ձեռնտւութեամբ Վանեցի բարերար Յակոբ Աղա Ղարասէֆէրեանին[4]։ 1843[5] թուականին Մովսէս եւ Սահրատ (հետաքային քահանայ) կը նորոգեն բոլոր գմբէթները, իսկ 1858 թուականին վանքն ամբողջովին կը բարեկարգուի Յովսէփ վարդապետի վանահայրութեան ժամանակ[2]։ 1884 թուականին Արիստակէս վարդապետը վանքին մէջ վարժարան կը բանայ։

1896-ի կոտորածներուն, Վանքը կրկին կը վնասուի։ 1897 թ․ կը բացուի որբանոց վարժարանը, Ջանշեանի բարերարութեամբ, որ սակայն մի քանի տարի կը դիմանայ[3]։

1900 թուականներուն, Խիզանցի Յովհաննէս Վ․ Յակոբեանի օրերուն անասնաբուծութիւնն ու երկրագործութիւնը իրենց գագաթնակետին կը հասնին[5]։

Նարեկայ վանքի առաջնորդներ Խմբագրել

Ստորեւ մեզի հասած վանքի առաջնորդներու, վանահայրերու անուններ․-

Անանիա Նարեկացի, Գրիգոր Նարեկացի, Գրիգորի Ձագյարոյց Վ․, Արսէն կրօնաւոր (ուսուցիչ), Զաքարիա հայրապետ, Մինաս Ղափանցի Վ․, Բարսեղ Արք․, Յարութիւն Տարօնեցի, Մկրտիչ Վ․, Յովսէփ Վ․, Արիստակէս Վ․, Եղիշէ Վ․, Յովհաննէս Վ․ Յակոբեան,Մամբրէ Վ․ Մարգարեան։

Մատենագրութիւն Խմբագրել

Նարեկավանքը զարթօնք ապրած է Անանիա Նարեկացիի, աւելի ուշ Գրիգոր Նարեկացիի վանահայրութեան տարիներուն։ Անանիա Նարեկացիի ջանքներվ վանքին մէջ հիմնուած է դպրոց, բազմաթիւ ձեռագրեր ծնունդ առած են այնտեղ[2], որոնցմէ մեզի հասած է չնչին մաս մը միայն։ Նշենք գլխաւորները․-

Այլ տեղեկութիւններ Խմբագրել

Նարեկայ վանքէն 2 ք.մ. հեռու, դէպի արեւմուտք, սրբավայր համարուող այն քարայրն է, ուր Գրիգոր Նարեկացին ճգնած է։

Վանքը կը տօնէր Վարդավառին եւ Վարագայ Խաչին։

1915 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ Նարեկայ վանքն հիմնովին աւերուած է։

Համանուն վանքեր Խմբագրել

Համանուն վանքեր են՝ Պօռայ Ս․ Յովհաննէս կամ Նարեկացւոյ Վանք եւ Ակնոյ շրջանի Արեկայ կամ Նարեկայ վանք (ուր, ըստ աւանդութեան հոն թաղուած են Գ․Նարեկացիի աճիւններէն մաս մը, 11-րդ դարուն առաջին կէսին[7]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Րաֆֆի «Կայծեր, Բ․», էջ՝ 450
  • Սուրհանդակ, 1900,թ․446, Մկրեան
  • Ազգագրական Հանդէս,1911, էջ 34-41 / վանքին ուրուագիծը
  • Միրախորեան, Ուղղեւորութիւն, Ա․, էջ 110-111
  • Շէրենց, Սրբավայրեր. Տեղագրութիւն Վասպուրականի-Վանայ նահանգի

Արտաքին յղումներ Խմբագրել