Բիւզանդական Հայաստան

Բիւզանդական Հայաստան, Բիւզանդիոնի իշխանութեան տակ գտնուող Մեծ Հայքի քանի մը նահանգները, ինչպէս նաեւ Փոքր Հայքի գաւառները։ Յստակ սահմաններ չեն եղած, որովհետեւ անիկա միշտ փոփոխութեան ենթարկուած է։

Բիւզանդական Հայսատանի սահմանները

Ստեղծուած է 387-ին Հայաստանի բաժանման ատեն, երբ Մեծ Հայքի շուրջ 20 առ հարիւրը, բարձր Հայքը, Ծոփքը, եւ Աղձնիքի մէկ մասը կ'անցնին Հռոմէական կայսրութեան գերիշխանութեան տակ (365-էն՝ Բիւզանդիոն), իսկ մնացածը՝ Սասանեան Պարսկաստանի գերիշխանութեան տակ։ Անկէ ետք, Հայաստան երկրորդ անգամ կը բաժնուի, եւ կայսրութեան սահմանները կ'ընդլայնին։ Այս վիճակը կը տեւէ մինչեւ արաբական արշաւանքները: Սակայն երբ Հայաստանի անկախութիւնը կը վերականգնի, Բագրատունիներու իշխանութեան տակ, Պատմական Հայաստանի որոշ մասեր կը շարունակեն մնալ Բիւզանդիոնի իշխանութեան տակ։

Հայերը մեծ տեղ գրաւած էին կայսրութեան կազմին մէջ։ Բիւզանդիոնի մէջ եղած են բազմաթիւ Հայազգի կայսրեր եւ զօրավարներ։ Նշանաւոր զօրավար էր Նարսէս, իսկ կայսրերն էին՝ Հերակլես, Վասիլ Ա. Մակեդոնացի, Ռոմանոս Ա., Յովհաննէս Ա. Չմշկիկ եւ Նիկեփոր Փոկաս[1]: Բիւզանդացիները Հայաստանը կորսնցուցած են 1071-ին՝ Մանազկերտի Ճակատամարտէն ետք։

Արեւմտեան Հայաստանը Բիւզանդիոնի մէջ

Խմբագրել

Հայկական տարածքներէն մէկ մասը եւ Փոքր Հայքի գաւառները, Հռոմէական Հանրապետութիւնը նուաճած էր Ք.Ա. 70-ական թուականներու վերջը։ Հայ-Հռոմէական պատերազմէն (69 Ք.Ա.-66 Ք.Ա.) ետք, Արտաշատի պայմանագիրով (66 Ք.Ա.), Եփրատ գետը կը դառնայ Մեծ Հայքի եւ Հռոմի հանրապետութեան Ք.Ա. (27-ին՝ Հռոմէական Կայսրութեան) սահմանը։ Ժամանակի ընթացքին, այդ գաւառներու մէկ մասը կը նկատուի Արշակունեաց Թագաւորութեան մէկ մասը։ Պաշտօնապէս, Փոքր Հայքի ու Մեծ Հայքի այդ գաւառները կը նկատուին Հռոմէական Հայաստանի մէջ, որոնք Բիւզանդիոնին կ'անցնին Հայաստանի առաջին բաժանման ատեն։

Հայաստանի առաջին բաժանումը

Խմբագրել

Հռոմի վերջին կայսր՝ Թէոդոս Ա. Մեծ (379-392) եւ պարսիկ շահ Շապուհ Գ. (384-388) 387-ին Հայաստանը կը բաժնեն իրենց միջեւ: Երկու կողմերը պայմանագիր մը կը ստորագրեն, որովհետեւ Մեծ Հայքի թագաւորութեան Արշակ Գ.-ի իշխանութեան տակ գտնուող շրջանները իբրեւ ենթակայ թագաւորութիւն կ'անցնին Հռոմին, իսկ Խոսրով Դ.-ի իշխանութեան տակ գտնուող երկիրը իբրեւ հպատակ թագաւորութիւն կ'անցնի Պարսկաստանի: Այս պատճառով, Մեծ Հայքի շրջանին եկած երկու թագաւորութիւնները կը դառնան կիսանկախ պետական միութիւններ։

Հռոմի կ'անցնի Մեծ Հայքի Արեւմտեան փոքր հատուածը՝ Բարձր Հայք, Ծոփք եւ Աղձնիք նահանգները։ Փոքր Հայքը, ինչպէս յայտնի է, կ'անցնի Հռոմին Հայ-Հռոմէական պատերազմէն ետք։ Մեծ Հայքի մնացած 12 նահանգները կ'անցնին Պարսկաստանի: Սակայն Մեծ Հայքի թագաւորութեան իշխանութիւնը չի սահմանափակուիր այդ նահանգներով։ Շատ չանցած Ատրապատկանի սահմաններուն մէջ կ'ընդգրկուին Պարսկահայքը եւ Փայտակարանը, որոնք աստիճանաբար կը զրկուին Հայկական ինքնութենէն եւ այլեւս երբեք որեւէ Հայկական իշխանութեան կամ թագաւորութեան մէջ չեն մտներ։ Աղուանքին կը միացնեն Ուտիքը, աւելի ուշ՝ Արցախը: Հայկական թագաւորութիւններէն կ'անջատուին նաեւ Կորճայքը եւ Հայկական Միջագետքը:

389-ին Արշակ Գ. կը մահանայ։ Հռոմէացիները անմիջապէս կ'օգտուին այս առիթէն եւ կը լուծեն իրենց իշխանութեան մէջ գտնուող Հայկական թագաւորութիւնը։ Երեք նահանգները կը միանան Փոքր Հայքի եւ կը սկսին կառավարուիլ իբրեւ Հռոմէական սովորական նահանգ։ Երկիրը կը պահպանէր ներքին ինքնավարութիւնը։ Պարսիկ արքունիքը 387-ին իր իշխանութեան տակ կ'առնէ հայկական տարածքները զանոնք գրաւելով Արեւելահայկական Թագաւորութեան կողմէն[2]:

Մեծ Հայքը առաջին բաժանումէն ետք

Խմբագրել

Հայոց թագաւորութիւնը բաժնուելէ ետք, Բիւզանդիա (Հռոմէական Կայսրութեան 395-ի բաժանումէն ետք, կը յառաջանայ Արեւելեան կողմը)։Սասանեան Պարսկաստան ամէն ձեւով կը ձգտէր սահմանափակել հայ իշխաններու իրաւունքները եւ երկրին մէջ տարածել իր պաշտօնական կրօնքը։ Սակայն Քրիստոնեայ Բիւզանդիան նոյն քաղաքականութեան հետ չէր։

Բիւզանդիա այս քաղաքականութեան հետեւորդ կը դառնայ 451-էն ետք, երբ բիւզանդական մայրաքաղաքին՝ Կոստանդուպոլսոյ, մօտակայքը գտնուող Քաղկեդոն քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ քրիստոնէական եկեղեցւոյ 4-րդ տիեզերական ժողովը։

Դաւաբանական վէճեր տեղի կ'ունենան Յիսուս Քրիստոսի մէկ կամ երկու բնութիւն ունենալու հարցին շուրջ։ Բիւզանդական հոգեւորականութիւնը ի վերջոյ կը դաւանի այն ուղղութիւնը, թէ Յիսուս Քրիստոս ունեցած է երկու բնութիւն, այսինքն՝ Ան միաժամանակ եղած է թէ՛ Աստուած, եւ թէ մարդ։ Քաղկեդոնի ժողովի հետեւորդները այնուհետեւ կը կոչուին երկաբնակներ կամ քաղկեդոնականներ: Վարդանանց ապստամբութեան պատճառով Հայ հոգեւորականները չեն մասնակցիր Քաղկեդոնի ժողովին։ Ապա, երբ Բիւզանդացիները կը փորձեն Հայերուն պարտադրել Քաղկեդոնի ժողովին որոշումները, Հայոց եկեղեցին վճռականօրէն կը մերժէ երկաբնակութիւնը։ Դուինի մէջ 506-ին, կը գումարուի եկեղեցական ժողով մը, որուն կը մասնակցին նաեւ Վրացի ու Աղուան եպիսկոպոսներ, ուր կը մերժեն Քաղկեդոնի ժողովին որոշումները։ Այդ պատճառով ալ Հայերը կը սկսին կոչուիլ միաբնակներ կամ հակաքաղկեդոնականներ:

Պաշտօնապէս ընդունուած դաւանանքը Բիւզանդիոնի քաղաքականութեան իբրեւ գործիք կը ծառայէր։ Արեւելեան միւս Քրիստոնէական եկեղեցիները եւս կը մերժեն Քաղկեդոնի ժողովին որոշումները։ Հայերը՝ միաբնակները, կ'ուղղուին դէպի ասորիները, ղպտիները եւ հապէշները։ Բիւզանդական եւ Արեւելեան եկեղեցիները վերջնականապէս կը բաժնուին իրարմէ։ Յաջորդ դարերու ընթացքին, եւս բիւզանդական եկեղեցին ամէն գնով կը ձգտէր իրեն ենթարկել Հայոց եկեղեցին եւ հայերուն պարտադրել քաղկեդոնականութիւնը, սակայն արդիւնքի չի հասնիր:

Վարչական բաժանմունք

Խմբագրել
 
Արեւմտեան Հայաստանի 4 նահանգները

Բիւզանդական կայսրութիւն, Բիւզանդական տիրապետութեան մէջ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանը կ'ընդգրկէ Փոքր Հայք, Ներքին Հայք եւ Նախարարական (Սատրապական) Հայք վարչական միութիւնները։

Հռոմէական կայսրութիւնը Փոքր Հայքը Դ. դարու վերջին բաժինն էր. Առաջին Հայք (Սեբաստիա կեդրոնով) եւ Երկրորդ Հայք (Մալաթիա Կեդրոնով) նահանգները։

Մեծ Հայքի 3 նահանգները, որոնք անցած են Բիւզանդացիներուն, կը մտնեն վարչաքաղաքական 2 նահանգներու մէջ. Ներքին Հայքը, որ կ'ընդգրկէ Բարձր Հայքը եւ Նախարարական Հայքը (Ծոփքի ու Աղձնիքի տարածքը, ուր յառաջացած են 6 նախարարութիւններ՝ Մեծ Ծոփք, Փոքր Ծոփք, Անձիտ, Ագեղտուն, Հաշտեանք եւ Բալահովիտ գաւառներ)։ Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն մէջ, Հայ նախարարները կը պահպանեն իրենց ժառանգական, սեփական ռազմական ուժերը եւ աւանդական իրաւունքները։ Վիճակը կը փոխուի, երբ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գահ կը բարձրանայ Յուստինիանոս Ա. կայսրը:

Բիւզանդական Հայաստան Զ. դարուն

Խմբագրել

Յուստինիանոս կայսրը եւ Արեւմտեան Հայաստանը

Խմբագրել

Յուստինիանոս Ա. կայսրը (527-565) 529-ին ջնջած է Հայ նախարարներու սեփական զօրամասեր ունենալու իրաւունքը եւ զանոնք զրկած իրենց ռազմական հզօրութենէն։ Կայսրութեան ենթակայ հայկական բոլոր հողերը բիւզանդացի ռազմավարութեան գլխաւորութեամբ կը միացուին առանձին ռազմական շրջանի մէջ, որու կեդրոնը կը դառնայ Կարին քաղաքը։

 
Յուստինիանոս Ա

536-ին նոյնիսկ նախարարներու որդիներուն իրաւունքն էր պահել հաւասար կալուածներ։ Այս պատճառով կայսրութիւնը չի յաջողիր գործել իր մտադրութիւնները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ[3]:

Հայ նախարարները կը զրկուին վարչական եւ ռազմական իշխանութիւններէ, սակայն կը շարունակեն տիրել իրենց կալուածներուն։ Կայսրը երկու օրէնք կը հրատարակէ, որոնց նպատակը Հայ նախարարներու տնտեսական հզօրութիւնը թոյլցնել էր։ Ան կը խախտէ հին Հայկական աւանդութիւնը, եւ առանձին օրէնքով կալուածներ բաժին ստանալու իրաւունքներ կու տայ։

Յուստինիանոսի փոփոխութիւները պայմաններ կը ստեղծեն Արեւմտահայաստանի համար[4]:

Հայ իշխաններու ապստամբութիւնները

Խմբագրել

Յուստինիանոս կայսեր, զէնքի կը դիմէ բիւզանդական վարչակարգին դէմ։ Ամենամեծ ելոյթը տեղի կ'ունենայ 539-ին, Առաջին Հայքի մէջ։ Հայերը կը գլխաւորէ Յովհաննէս Արշակունին: Հայերը կը սպաննեն Բիւզանդական կառավարիչը։

Շուտով Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Սիտտաս զօրավարին գլխաւորութեամբ զօրքեր կ'ուղարկուին։ Ան, սկիզբը կեղծ խոստումներ կու տայ ապստամբներուն, սակայն չի յաջողիր եւ ապստամբութիւնը ճնշելու հրաման կու տայ։ Բայց Հայերը կը ջախջախեն ու կը հալածեն անոր զօրամասերը։ Կը սպաննուի նաեւ Սիտտաս:

Բիւզանդացիները նոր զօրաբանակ մը կ'ուղարկեն եւ դարձեալ կը փորձեն ճնշել ապստամբութիւնը։ Բիւզանդական զօրավարը սպաննել կու տայ ղեկավար Յովհաննէս Արշակունին:

Հայերը կը ձգտէին վրէժ լուծել Յուստինիանոսէն։ 548-ին զինք սպաննելու նպատակով Արշակ Արշակունին եւ սպաննուած Յովհաննէս Արշակունիի որդին Արտաւանը դաւադրութիւն մը կը կազմակերպեն։ Սակայն անոնք կը ձախողին եւ կը բանտարկուին։ Կայսրը ատեն մը ետք զանոնք ազատ կ'արձակէ[5]:

Հայաստանի երկրորդ բաժանումը

Խմբագրել

Սասանեան Պարսկաստանի ու Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ 572-ին պատերազմ մը կը սկսի, որ 20 տարի կը տեւէ (572-591)։ Ռազմական գործողութիւնները կը կատարուին Հայաստանի մէջ։

 
Բանակի տաճար, Տայք

Ի վերջոյ, 591-ին հաշտութիւն կը տիրէ, որովհետեւ Հայաստան երկրորդ անգամ կը բաժնուի իրենց միջեւ: Կայսրութիւնը կ'ընդլայնէ իր սահմանները. Բիւզանդիոնի կ'անցնին Տուրուբերանը, Տայքը եւ Այրարատի մեծ մասը։ Հայաստանի մէջ կը դժուարանան տնտեսական կապերը եւ անոնց զարգացումը[6]:

Մեծ Հայքի նահանգները կը սկսին նմանիլ Փոքր Հայքի։ Բիւզանդիոն չի գնահատեր այն մեծ աջակցութիւնը, զոր Հայերը կը ցուցաբերեն։ Կայսրերը կը շարունակեն ոչնչացնել իրենց քաղաքականութիւնը։ Մորիկ կայսեր հրամանով հայ նախարարական գունդերը կը տեղափոխուէին հեռաւոր երկիրներ եւ կը կռուէին կայսրութեան թշնամիներուն դէմ։

Հայ զօրավարները սակայն, չէին ենթարկուեր Կայսեր հրամաններուն։ Հայ իշխաններէն Սմբատ Բագրատունի չենթարկուելով բիւզանդացիներուն, կը ձերբակալուի։ Սակայն ան կրկէսի մը ընթացքին կը սպաննէ իրեն դէմ արձակուած արջ մը, ցուլ մը եւ արծիւ մը, բիւզանդացի կայսրը կը ներէ զինք։[7]

Արեւմտեան Հայաստան կը մնայ Բիւզանդիոնի տիրապետութեան տակ մինչեւ Արաբական Արշաւանքները: Հայկական տարածքները կը միանան, եւ Վրաստանի ու արդէն գոյութիւն չունեցող Աղուանքի հետ կը կազմուի նոր նահանգ մը՝ Արմենիոյ կուսակալութիւն՝ Արաբական խալիֆայութեան շրջանին։ Փոքր Հայքը, սակայն, կը շարունակէ մնալ Բիւզանդական կայսրութեան շրջանին մէջ։ Ժ. դարու երկրորդ կիսուն եւ ԺԱ. դարուն՝ Բիւզանդիա իրը կը համարէր Անիի թագաւորութեան տարբեր գաւառները։ Սակայն 1071-ին՝ Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք, կայսրութիւնը կը զրկուի ոչ միայն հայկական տարածքներէն, այլեւ ամբողջ Փոքր Ասիայէն՝ նորաստեղծ Սելճուքեան սուլթանութեան պատճառով։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. The Glory of Byzantium | Publications for Educators | Explore & Learn | The Metropolitan Museum of Art
  2. «Մեծ Հայքի թագաւորութեան բաժանումը Հռոմի եւ Պարսկաստանի միջեւ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-31 
  3. «Արեւմտեան Հայաստանը 387-էն ետք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-03-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-31 
  4. «Հուստինիանոս Ա. կայսեր վերափոխումները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-31 
  5. «Հակաբիւզանդական ելոյթները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-31 
  6. «Պարսկա-բիւզանդական քսանամեայ պատերազմը եւ Հայաստանի 591-ի բաժանումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-05-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-27 
  7. «Պարսկա-բիւզանդական քսանամեայ պատերազմը եւ Հայաստանի 591-ի բաժանումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-09-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-31 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։