Խաչի Տօներ
Խաչի տօները Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խաչը փառաբանող Տէրունի չորս տօներն են, որոնցմէ մէկը՝ Խաչվերացը, Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է։
Խաչի Երեւման Տօն
ԽմբագրելԵրեւումն Ս. Խաչի, Խաչի երեւման տօնը կը կատարուի ի յիշատակ Խաչի հրաշալի երեւման, որ տեղի ունեցած է 351-ին՝ Երուսաղէմի վրայ Գողգոթայի մինչեւ Ձիթենեաց լեռ խաչանման լոյսի ճառագայթումով։
Այդ տարի Հոգեգալստեան տօնը 7 Մայիսին էր: Ուստի Շաբաթէն Կիրակի լուսցող ժամերուն, երբ տակաւին խաւարը կը տիրապետէր ամէնուրեք, հսկայական լուսաւոր խաչ մը կ'երեւի Երուսաղէմի երկինքին վրայ, Գողգոթայի բարձունքէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ: Բնականաբար գիշեր ու ցերեկ աղօթքի կանգնած վանականներուն համար չէր կրնար աննկատելի մնալ այս հրաշալի երեւոյթը: Ուստի, հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ, ողջ Երուսաղէմի բնակչութիւնը դուրս գալով իրենց տուներէն ու խուցերէն հիացումով ականատես կ'ըլլան այս սքանչելի տեսարանին[1]:
Երուսաղէմի հայրապետ Կիւրեղ այս առիթով յատուկ նամակ մը յղած է Բիւզանդիոնի Կոստանդիանոս կայսեր, որ վկայակոչելով Խաչի երեւումը, յորդորած է ամուր մնալ քրիստոնէական ուղղափառ հաւատքին եւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ որդեգրած դաւանանքին անառարկելի ճշմարտութիւններուն վրայ։ Կիւրեղի այս նամակը Ե. դարուն թարգմանուած է հայերէնի եւ ներկայիս այս տօնին ընթացքին եկեղեցւոյ արարողակարգին մաս կը կազմէ նաեւ այս նամակին ընթերցումը։
Յոյները Խաչի երեւման տօնը կը կատարեն 17 Մայիսին, իսկ Հայ Եկեղեցին՝ Յինանց հինգերորդ Կիրակի օրը, Ս. Զատիկէն 28 օր ետք, 35 օրուան շարժականութեամբ (19 Ապրիլէն մինչեւ 23 Մայիս): Երեւման տօնին յատուկ շարական չէ նուիրուած. այդ օրը կ'երգուին Խաչի միւս տօներու շարականները, որոնցմով կը փառաբանեն Խաչը։
Գիւտ Խաչի, Խաչգիւտ
ԽմբագրելԳիւտ Խաչի, Խաչգիւտ. 327-ին բիւզանդական Կոստանդիանոս կայսեր մայրը՝ Հեղինէ կայսրուհին, Քրիստոսի խաչը գտնելու նպատակով այցելած է Երուսաղէմ։ Յուդա անունով Հրեայ մը օգնած է կայսրուհիին գտնելու Գողգոթայի Յիսուսի խաչելութեան վայրը, ապա գտնուած է Քրիստոսի եւ Անոր հետ խաչուած երկու աւազակներուն խաչերը։ Տիրոջ խաչը ճանչնալու համար պատանի դիակ մը հերթով դրած է խաչերուն վրայ։ Երրորդին վրայ պատանին յարութիւն առած է եւ ոտքի կանգնած. անով ճանչցուած է Տէրունական խաչը։ Խաչափայտին գիւտէն ետք, Հեղինէ կայսրուհին բարեկարգած է Երուսաղէմի սրբազան վայրերը եւ Գողգոթայի մէջ կառուցած է Սուրբ Յարութիւն անունով տաճար մը, ուր հետագային զետեղուած է Տիրոջ Խաչափայտը։ Տաճարին օծումը տեղի ունեցած է 14 Սեպտեմբեր 335-ին: Այդ հրաշքէն ետք, Յուդա հրեան քրիստոնէութիւնը ընդունած է եւ դարձած՝ Երուսաղէմի Կիւրեղ Եպիսկոպոսը։ Հետագային Կիւրեղ իր մօր՝ Աննային հետ նահատակուած է։
Հայ եկեղեցին Խաչի գիւտը կը տօնէ 23-29 Հոկտեմբեր հանդիպող Կիրակի օրը։ Յոյները այս տօնը միացուցած են Խաչվերացի տօնին եւ կը կատարեն 14 Սեպտեմբերին, իսկ Կաթոլիկ եկեղեցին՝ 3 Մայիսին։
Խաչվերաց
ԽմբագրելԽաչին նուիրուած տօներուն մէջ Խաչվերացը ունի իր բացառիկ կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը: Նախ` իբրեւ խաչի խորհուրդի պանծացման եւ փառաբանութեան պսակումը հանդիսացող տօն, ապա այդ տօնին` խաչի գերեդարձի պատմութեան հայութեան եւ Հայաստանի հետ ունեցած կապին պատճառով:
Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է Խաչվերացը, որ կը տօնուի 14 Սեպտեմբերին մօտիկ Կիրակին:
Պարսից Խոսրով Բ. Փարւէզ թագաւոր 614-ին կը յարձակի Երուսաղէմի վրայ եւ 19 օրուան կատաղի ինքնապաշտպանութեան մարտերէն ետք պարսիկները կը յաջողին գրաւել Սուրբ Քաղաքը: Ժամանակակից պատմիչները կը վկայեն, որ քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը սպաննուի: Շուրջ յիսուն հազար հոգի կը կոտորուի, իսկ երեսուն հազար`գերի կը տարուի: Եկեղեցիներն ու վանքերը կը կողոպտուին ու կը սրբապղծուին. գրեթէ ամբողջ քաղաքը կը կործանի: Գերի տարուածներուն մէջ էին Երուսաղէմի հայոց Զաքարիա պատրիարքն ու բազմաթիւ հոգեւորականներ:
Քրիստոսի խաչին պահապանը եւս գերիներուն մէջ ըլլալով, բազմաթիւ խոշտանգումներու ենթարկուելէ ետք, պարտադրուած կը յայտնէ Սուրբ խաչափայտին պահուած տեղը: Ուստի գերի կը տարուի նաեւ Քրիստոսի խաչը, նաեւ կը թալանուին անոր կողքին դարերու ընթացքին հաւաքուած նուէրներու` սրբանօթներու, ակնեղէններու, ոսկիի եւ արծաթի, նիւթական ու բարոյական կրկնակի արժէք ունեցող գանձերը: Այդ բոլորը գերիներուն հետ կը տեղափոխուին Պարսկաստան:
Հերակլ կայսր կ'որոշէ ինք անձամբ ստանձնել պատերազմին հրամանատարութիւնը: Կը սկսի տեսնել երկարամեայ պատերազմի պատրաստութիւններ: Իր բացակայութեան շրջանին համար, իբրեւ իր տեղակալն ու աթոռակից կայսրը, կը նշանակէ իր որդին` Կոստանդինը: 4 Ապրիլ 622-ին Ս. Զատիկը մայրաքաղաքին մէջ տօնելէ ետք, Կ. Պոլսոյ պատրիարքին օրհնութեամբ, վիզէն կը կախէ Աստուածամօր նկարը, կը հագնի ապաշխարութեան զգեստներ եւ կը մեկնի ռազմադաշտ, նախքան այդ յայտարարելով ժողովուրդին, որ իր բացակայութիւնը կրնայ երկար տեւել. ինք կը մեկնի մայրաքաղաքէն` ամէն գնով ազատագրելու Երուսաղէմն ու Քրիստոսի խաչափայտը, վերականգնելու համար քրիստոնէական աշխարհի անարգուած պատիւը:
626-ին Հերակլ իմաստուն ռազմավարութեամբ մը պատերազմը կը փոխադրէ Հայաստանի լեռնային բարձունքներուն վրայ, ուր կը հաւաքէ իր շուրջ հայկական գունդերը` Մժեժ Գնունիի հրամանատարութեան ներքոյ. հոնկէ կ'արշաւէ Պարսկաստանի վրայ: Ճակատագրական ընդհարումը տեղի կ'ունենայ Նինուէ պատմական քաղաքին մօտ, Զաբ գետի հովիտին մէջ: Այս կռիւներու ընթացքին առասպելական քաջագործութիւններ կը վերագրուին Հերակլ կայսեր, կ'ըսուի, որ ան իր ձեռքով սպաննած է երեք պարսիկ զօրավարներ, որոնց մահը կը բարոյալքէ պարսիկ զինուորները:
12 Դեկտեմբեր 627-ին բիւզանդական եւ հայկական զօրքերը վերջնականապէս պարտութեան կը մատնեն պարսիկները, որոնք նահանջելով`կը փորձեն պաշտպանել Տիզբոն մայրաքաղաքը:
Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսրը 628-ին բանակցութենէ ետք, կ'ազատագրէ գերեվարուած խաչափայտը:
Խաչափայտը հանդիսաւոր թափօրով կը վերադարձուի Երուսաղէմ: Վերադարձի ճամբուն վրայ խաչափայտը կ'անցնի Հայաստանէն: Պարսիկներ կը փորձեն վերագրաւել խաչը, բայց հայեր`զայն Կարնոյ դաշտին արեւելեան կողմի լեռներուն վրայ ձգելով, կը դիմագրաւեն թշնամին եւ ետ կը մղեն յարձակումը: Երբ յաղթական կը վերադառնան, կը տեսնեն խաչը դրուած տեղը նոր վճիտ աղբիւր մը բխած է: Կարնոյ արեւելեան կողմը խոյացող այդ լեռը կը կոչուի Խաչափայտ, իսկ աղբիւրը կը դառնայ ուխտատեղի, որուն մօտ կը կառուցուի Խաչկավանքը:
Հերակլ կայսրը խաչափայտը երեք տարի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ պահելէ ետք, անձամբ կը տանի Երուսաղէմ եւ զայն իր ուսին վրայ դրած, Գողգոթայի գագաթը հանելով կը բարձրացնէ Սուրբ Յարութեան վերանորոգուած տաճարին վրայ[2]:
Անցեալին Խաչվերացի տօնին Կիրակի երեկոյեան կը կատարուէր Խաչի թափօր անդաստանը: Թափօրի խաչը նախօրօք զարդարուած կ'ըլլար բուրումնաւէտ ռեհանի փունջերով: Կ'երգուէին օրուան յատուկ խորհուրդը բացայայտող ու փառաբանող հոգեզմայլ շարականներ. իսկ ժամերգութեան աւարտին, ըստ աւանդութեան, օրհնուած ռեհանի փունջերէն մասնիկ մը կը տանէին տուն: Ներկայիս, պատարագի ընթացքին տեղի կ'ունենայ ռեհանի օրհնութիւնը:
Վարագայ Սուրբ Խաչի տօն
ԽմբագրելՎարագայ Սուրբ Խաչի տօնը կապուած է ազգային աւանդութեան հետ։ Կը յիշատակուի միայն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տօնը 653 թուականին հաստատած է Ներսէս Գ. Տայեցին։ Ըստ ազգային աւանդութեան, սուրբ Գայեանեայց կոյսերէն սրբուհի Հռիփսիմէն իր պարանոցին կրած է Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը, զոր՝ հռոմէացի Պատրոնիկէ թագուհին Երուսաղէմէն բերած էր Հռոմ: Երբ հալածուած կոյսերը ապաստանած են Հայաստան, Սուրբ Հռիփսիմէն Վաղարշապատ երթալու ճամբուն վրայ իր պարանոցը զարդարող Քրիստոսի Խաչի մասունքը, երկու քահանաներու պաշտպանութեամբ, զետեղած է Վարագայ լերան քարայրներուն վրայ։ Քրիստոնէութեան դէմ հալածաքներուն պատճառով երկար ժամանակ սուրբ մասունքին գտնուած վայրը գաղտնի պահուած է, իսկ քահանաներու մահէն ետք՝ մոռցուած։ 653 թուականին Վարագայ լերան վրայ ապրող Թոդիկ եւ Հովել ճգնաւորները աղօթած են՝ իմանալու համար, թէ ո՛ւր պահուած է սուրբ մասունքը։ Յանկարծ լսուած է ձայն մը, ապա երեւցած պայծառ լոյս մը Վարագայ լերան վրայ, որ շրջապատուած է 12 լուսեղէն սիւներով։ Լոյսերը երկար ժամանակ լերան վրայ մնալէն ետք, թափանցած են եկեղեցւոյ մէջ եւ հանգչցած՝ եկեղեցւոյ սեղանին վրայ։ Հոգեւորականներն ու աշխարհականները, իմանալով այդ մասին, մեծ թափօրով շտապած են եկեղեցի։ Օրուան Ներսէս Գ. Տայեցի կաթողիկոսն ու Վարդ Ռշտունի սպարապետը, նոյնպէս Վարագայ գալով, ստուգած են եղելութիւնը եւ մեծահանդէս տօնախմբութիւն մը կատարած։ Նոյն վայրին մէջ, կաթողիկոսը կառուցած է Սուրբ Նշան եկեղեցին:
Վարագայ վանքին մէջ հանգչող Խաչափայտը կոչուած է Սուրբ Նշան եւ երկար ժամանակ հոն պահուած է։ Դեգերումներէն ետք, 1655 թուականին դրուած է Վանի Սուրբ Տիրամայր Մայր եկեղեցւոյ մէջ, որ այնուհետեւ կոչուած է Սուրբ Նշան։ Տօնը կը կատարուի Խաչվերացէն 15 օր ետք՝ 25 Սեպտեմբերէն մինչեւ 1 Հոկտեմբեր հանդիպող Կիրակի օրը։ Ներսէս Գ. Տայեցի Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին առիթով յօրինած է «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քո Քրիստոս» շարականը: