Խաչվերաց
Խաչվերացի տօնը եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ կը տօնուի Սեպտեմբեր 15-ի նախորդող կամ յաջորդող Կիրակին: Տօնը նուիրուած է Յիսուսի իսկական խաչափայտի գերադարձին:
Պատմական
ԽմբագրելԱռաջին քրիստոնեայ կայսր՝ Մեծն Կոստանդիանոսի մայրը՝ Ս. Հեղինէ 326 թուին ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպէ դէպի Երուսաղէմ, ուր կը յաջողի գտնել Քրիստոսի իսկական խաչափայտը: Կը կառուցէ Ս. Յարութիւն եկեղեցին Քրիստոսի գերեզմանին վրայ եւ այնտեղ կը տեղադրէ Քրիստոտի խաչափայտը: Դարեր ետք, պարսից Խոսրով Բ. Թագաւորը կը յարձակի Երուսաղէմի վրայ, կը գրաւէ քաղաքը. Նաեւ գերի կը տանի խաչափայտը՝ դէպի Տիզբոն: 627 թուին, Հերակլ կայսրը յաթելով եւ կը յանձնէ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ: Փոխադրութեան ընթացքին Հայաստանի ճամբով, տեղի կ'ունենան մեծ հանդիսութիւններ եւ կրօնական արարողութիւններ: Այս դէպքի յիշատակը յաւերժացնելու համար, կը հաստատուի խաչի գերութենէն ազատագրումի այս տօնը: խաչվերացի տօնին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներու մէջ, Կիրակի երեկոյեան տեղի կ'ունենայ՝ ռեհանով զարդարուած խաչով հանդիսաւոր թափօր, Անդաստան:
Աւանդութիւններ
ԽմբագրելՄարաշի մէջ խաչը կը զարդարէին տեսակաւոր, գոյնզգոյն ծաղիկներով, ինչպէս նաեւ հոտավէտ ռեհանով: Տոնը, ժողովըրդական լեզուով կը կոչուէր Սըրբխէչ, որ կը տօնուէր աշնան սկիզբը: Ուրախութեան տօն էր, տեղի կ'ունենար կերուխում. Նաեւ կը յիշէին իրենց մեռելները եւ աշնան բարիքներէն մաս մը կը հանէին:
Շաբաթ օրը, կիները խմորեղէն կը թխէին, տղամարդիկ ուլ կը մորթէին: Սըրբխէչի տօնին համար ուլի միսը առանձնայատուկ էր եւ անհրաժեշտ ուտելիք: Այս էր պատճառը, որ Խաչվերացի տօնը կը կոչուէր նաեւ ուլնոց: Մորթուած եւ մաշկուած ուլը կը կախէին թոնիրին մէջ, ուր նախապէս դրուած կ'ըլլար ձաւարով լեցուն կաթսան: Ուլը կը խորովուէր մարմանդ կրակով, իսկ ուլին իւղը կը ծորէր ձաւարին վրայ: Ցաւարը կը ծծէր ճարպը ու կ'եփէր: Այս ճաշը կը կոչուէր Քաշկակ: Նոյն արարողութիւնը կը կատարուէր Շիրակի եւ Վայոց Ձորի մարզերէն ներս: Կիրակի առտու կանուխ, մարդիկ կ'ուղղուէին դէպի գերեզմանատուն, իրենց հետ տանելով ուտելիքներ՝ մրգեղէն, խաղող, ձմերուկ, խմորեղէն, պանիր, եւայլն, ինչպէս նաեւ ուլի միս:
Քահանան գերեզմանատունը օրհնելէ ետք, խնճոյքը կը սկսէր, սփռոցները կը բացուէին գերեզմանաքարերուն վրայ, քահանային եւ իրեն ընկերակցողներուն ուտելիքը կ'ըլլար լաւաշ հացին մէջ փաթթուած Քաշկակ եւ ուլի միս: Այս ուտելիքները կը կոչուէին «նան ու տիր»: Այդ օրը ողբի օր չէր, այլ ուրախութեան եւ ուխտագնացութեան: Խնամիները զիրար կը հիւրասիրէին, նորահարսերը նուէր կը ստանային: Երկուշաբթի՝ ինչպէս իւրաքանչիւր Տաղաւարի յաջորդող օրը, Մեռելոցի օրն էր: Տեղի կ'ունենար ննջեցեալներու համար Պատարագ: Շատ մը տեղեր, Սըրբխեչ օրը կը նկատուէր աշնանամուտի օր:
Մշեցիները այսպէս կ'ըսէին, Աստուածածնին բակը մտիր, Սըրբխեչին ալ ծակը մտիր: Քէսապցիներն ալ կ'ըսէին, խաչ, վերմակը առ, ներս մտիր:
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՀայ Եկեղեցւոյ Տօներ Եւ անոնց հետ կապուած Աւանդութիւններ, Պէյրութ, 2012 Կաղապար:Հին հայկական սովորութիւններ