Ներսէս Գ. Տայեցի

Ներսէս Գ. Տայեցի (ծանօթ է նաեւ իբրեւ Ներսէս Գ. Իշխանցի, Ներսէս Գ. Շինող), Ամենայն հայոց կաթողիկոս 641-էն սկսեալ։

Ներսէս Գ. Տայեցի
Ծնած է անհայտ[1]
Ծննդավայր Իշխան Վերին, Տայք, Հայկական մարզպանութիւն
Մահացած է 661[1]
Մահուան վայր Դուին
Մասնագիտութիւն քահանայ, քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1]

Յաջորդած է Եզր Ա. Փառաժնակերտցիին։

Ծնած է Տայքի Իշխան գիւղը։ Կրթութիւնը ստացած է Բիւզանդիոն, ուր զինուորական ծառայութիւն ալ ըրած է։ Հայրենիք Վերադառնալով՝ ձեռնադրուած է, ապա Տայքի եպիսկոպոս նշանակուած է։

Կաթողիկոս ձեռնադրուած է Հայոց իշխան եւ սպարապետ Թէոդորոս Ռշտունիի հաւանութեամբ:

Ծաւալած է՝ եկեղեցաշինական բուռն գործունէութիւն, որուն համար ստացած է Շինող մականունը։ Նորոգած է Դուինի Ս. Սարգիս եւ Վաղարշապատի Ս. Աստուածածին եկեղեցիները, Վասպուրականի Ձորոյ վանքը, կառուցած է Խոր վիրապի Ս. Գրիգոր մատուռը, Զուարթնոցի Ս. Գրիգոր կաթողիկէն՝ յարակից հայրապետանոցով եւ պարիսպներով։

645-ին գումարած է Դուինի չորրորդ ժողովը, որուն ընթացքին ընդունուած են 12 կանոնները։

648-ին Դուինի հինգերորդ ժողովին Ներսէս Գ. Տայեցին եւ Թէոդորոս Ռշտունին մերժած են բիւզանդացի կայսեր Կոստաս Բ.-ի (Կոստանդին) եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարք Պօղոս Բ.-ի՝ Քաղկեդոնի ժողովը ընդունելու առաջարկը։

652-ին Կոստաս Բ. կայսրը ներխուժած է Հայաստան, հալածած ընդդիմադիր հայ նախարարներն ու հոգեւորականները եւ կրկին արծարծած եկեղեցիներու միութեան հարցը։ Այդ նպատակով, Դուինի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կայսրը հրամայած է յունական ծէսով մատուցել Պատարագը, որուն ընթացքին կաթողիկոսին հետ միասին հաղորդուած են նաեւ հայ եպիսկոպոսները։

652-ին, երբ Թէոդորոս Ռշտունին արաբական զօրքերուն օժանդակութեամբ բիւզանդացիներէն ազատագրած է Հայաստանը, Ներսէս Գ. Տայեցին, խոյս տալով արաբական կողմնորոշում ունեցող նախարարներու հետ բախում ունենալէն, մեկնած է Կ. Պոլիս՝ ակնկալելով կայսեր պաշտպանութիւնը։

Նոյն թուականի վերջին, յուսախաբ վերադարձած է Հայաստան եւ մինչեւ 659 քաշուած է հայրենի Իշխան գիւղը՝ մեկուսանալով երկիրին քաղաքական գործերէն։

Թէոդորոս Ռշտունիի մահէն ետք (658) եւ արաբական սպառնալիքներու մեղմացումէն ետք, 659-ին վերադարձած է Վաղարշապատ, շարունակած Զուարթնոցի օժանդակ կառոյցներու շինարարական աշխատանքը։ Ներսէս Գ. Տայեցիին գահակալման օրով կարեւոր իրադարձութիւններէն էր Ս. Խաչի գիւտը եւ այդ առիթով Վարագայ Ս. Խաչի տօնին հաստատումը (653)։ Կաթողիկոսը նոյն վայրին մէջ՝ Վարագայ լերան վրայ, ուր յայտնաբերուած է Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտի մը մասունքը, կառուցած է Ս. Նշան եկեղեցին։

Ներսէս Գ. Տայեցիին աճիւնները ամփոփուած են Զուարթնոցի հիւսիսային կողմը՝ իր կենդանութեան օրերուն կերտած շիրիմին մէջ[2]։

Կաթողիկոսական գահին անոր յաջորդած է Անասթաս Ա. Ակոռեցին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 252.
  2. Ներսէս Գ. Տայեցի

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Սեբէոս, Պատմութիւն, Երեւան, 1979։
  • Օրմանեան Մ., Ազգապատում, հ. 1, ԿՊ, 1912։