Թէոդորոս Ռշտունի

Թէոդորոս Ռշտունի (590 կամ անհայտ[2] - 656[1] կամ 654[2], Դամասկոս, Ուղղահաւատ խալիֆներու պետութիւն[1]), մարզպան եւ Հայոց իշխան՝ 639-654 թուականներուն, ընդհատումներով եւ զօրավար։

Սասանեան արքունիքին համաձայնութեամբ 628-ին նշանակուած է Մարզպանական Հայաստանի սպարապետ։ 634-էն վարած է նաեւ Հայոց մարզպանի պաշտօնը։ Եղած է Հայաստանի մարզպանը Արաբական առաջին արշաւանքներուն ատեն։ Սասանեան Պարսկաստանի՝ արաբներուն կողմէ գրաւուելէն եւ անոր հետեւանքով Մարզպանական Հայաստանի փաստացի անկախութիւն ձեռք բերելէն ետք Թէոդորոս Ռշտունի անձամբ ստանձնած է երկրին պաշտպանութիւնը։

Լարուած յարաբերութիւններ ունեցած է Բիւզանդական Հայաստանի կառավարիչ Մժեժ Գնունիին հետ։ Հայ նախարարներուն եւ կաթողիկոս Ներսէս Գ. Տայեցիին աջակցութեամբ միաւորած է նաեւ Բիւզանդական կայսրութեան ենթակայ Հայաստանը։ 639-ին միաւորուած Հայաստանը վարած է ինքնուրույն քաղաքականութիւն մը՝ Թէոդորոս Ռշտունիի գլխաւորութեամբ։ Ան ամրացուցած է Հայաստանի բերդերը, հզօրացուցած հայոց այրուձին եւ յաջողութեամբ դիմադրած թշնամիին։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել