Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայր

Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայր, Մարիամ Աստուածածին (նաեւ՝ Աստուածամայր, Տիրամայր, Աստուածածին, եբր.՝ מרים‎, Maryām/Մարիամ, սովորաբար կը թարգմանուի իբրեւ տիկին, քրիստոնէութեան մէջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մայրը։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, կաթոլիկ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու կողմէն կը յարգուի իբրեւ Աստուածածին կամ Աստուածամայր։

Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամայր
արամեերէն՝ ܡܪܝܡ
եբր.՝ מרים
Ծնած է ՔԱ 1-ին դար
Ծննդավայր Tzippori
Երուսաղէմ
Մահացած է 1-ին դար կամ 48
Ազգութիւն հրեայ
Կրօնք Յուդայականութիւն եւ քրիստոնէութիւն
Ամուսին Ս. Յովսէփ[1]
Ծնողներ հայր՝ Joachim?[2], մայր՝ Աննա?[2]
Երեխաներ Յիսուս

Աւետարանիչները Մարիամը կ'անուանեն Յովակիմի եւ Աննայի դուստրը, Յովսէփի կինը։

Ս. Կոյս Մարիամ

Մարիամի ծնողները՝ Յովակիմն ու Աննան, զաւակ չէին ունենար եւ ուխտած էին ունենալու պարագային մանուկը Աստուծոյ ընծայել։ Աստուծոյ բարեգթութեամբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը կը յայտնուի Յովակիմին ու Աննային եւ կը յայտնէ, թէ անոնք դուստր մը պիտի ունենան եւ պիտի անուանեն Մարիամ, որ կը մեկնաբանուի լուսաւորեալ կամ Աստուծոյ սիրելի, իսկ ժողովուրդները պիտի ցնծան այդ ծնունդով, քանի որ անոր միջոցով ողջ աշխարհին փրկութիւն պիտի շնորհուի[3]:

Իրենց ուխտին հաւատարիմ՝ Յովակիմն ու Աննան, Մարիամը երեք տարի պահելէ ետք, կը տանին Երուսաղէմի տաճար՝ Տիրոջ ընծայելու: Մինչեւ եօթ տարեկան, ամէն տարի ծնողները Մարիամը կը տանին տաճար: Մարիամ իր առաքինի վարքով կը մնայ տաճարին մէջ եօթ տարի: Եօթ տարի սրբութեամբ եւ աղօթքով Երուսաղէմի տաճարին մէջ մնալէ ետք Մարիամ կը դառնայ Յովսէփին նշանածը եւ այդ օրերուն կը ստանայ Գաբրիէլ հրեշտակապետին աւետիսը:

Մարիամ յղիացաւ Ս. հոգիին միջոցով, որ Աստուծոյ գործօն ուժն է:
- Մատթէոս 1:18
Անոր ըսուեցաւ. Ս. Հոգին կու գայ վրադ, եւ Բարձրեալին զօրութիւնը հովանի կ'ըլլայ քեզի։ Անոր համար ալ այն երեխան, որ պիտի ծնի, պիտի կոչուի սուրբ, Աստուծոյ Որդի[4]:
- Ղուկաս 1։35

Ան էր այն ընտրեալը երկրի վրայ, զոր Աստուած իր առաքինութիւններուն ու արժանիքներուն շնորհիւ պատուած է ըլլալու Աստուծոյ մայրը: Ան տառապած է իր Որդւոյն համար, սակայն երբեք չէ ընդդիմացած Աստուծոյ` քաջ գիտակցելով Բարձրեալէն իրեն վստահուած առաքելութեան կարեւորութիւնը: Ան առաքինի, հաւատաւոր մօր, ընտանեկան սրբութեան պահապանի մարմնացումն է:

«Ան Յիսուսի սորվեցուցած է քալել, աղօթել, լուացուիլ, ընել այն ամէնը, ինչ որ մարդուն կեանքը կը դարձնէ այդքան գեղեցիկ: Եւ նոյնը ան կը շարունակէ ընել այսօր: Ան միշտ պատրաստ է օգնելու մեզի եւ սորվեցնելու, թէ ինչպէս սիրենք Յիսուսը, ինչպէս փարինք Անոր, ինչպէս տեսնենք Զինք, ինչպէս ճանչնանք Զինք՝ հիւանդներու եւ կարօտեալներու ընդմէջէն, ինչպէս ծառայենք Անոր: Ան լեցուած էր Աստուծոյ շնորհքով, որ կը նշանակէ, թէ լեցուած էր Աստուծմով: Ան լեցուած էր Աստուծմով, քանզի կ'ապրէր միայն Անոր համար: Եկէ՛ք ապրինք այդպէս»:


Հայ Առաքելական եկեղեցին Աստուածամօր ծննդեան օրը անփոփոխ կերպով կը տօնէ 8 Սեպտեմբերին[5]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Deutsche Nationalbibliothek Record #118640909 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 (unspecified title)
  3. «Ս. Կոյս մարիամի ծնունդը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-29-ին։ արտագրուած է՝ 2020-09-08 
  4. Աւետիսը
  5. Աստուածամօր ծննդեան օրը