Գերմանիոյ Ազգային Գրադարան

Գերմանիոյ ազգային գրադարան (գերմաներէն՝ Deutsche Nationalbibliothek կամ DNB), կեդրոնական ատենագրական գրադարան եւ ազգային մատենագիտական կեդրոն Գերմանիաոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ, որուն խնդիրն է հաւաքագրել, մշտապէս արխիւացնել, վավերագրել եւ արձանագրել 1913-էն ի վեր գերմանական, գերմանալեզու, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ մասին օտարալեզու հրապարակումները, գերմանական ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւնները, 1933-1945-ններու ընթացքին արտերկրին մէջ գերմանախօս գաղփական հրատարակումները եւ ապահովել հանրութեան համար անոնց հասանելիութիւնը[1]:

Գերմանիոյ ազգային գրադարանը կ՛ապահովէ համատեղ արտաքին յարաբերութիւններ ազգային եւ միջազգային մակարդակով։ Ան Գերմանիոյ մէջ կը հանդիսանայ մատենագիտական կանոններու եւ չափանիշներու ստեղծման եւ պահպանման առաջատար գործընկեր եւ զգալի դեր ունի միջազգային գրադարանային չափանիշներու մշակման գործին մէջ: Հրատարակիչներու հետ համագործակցութիւնը օրէնքով, «Գերմանական Լայպցիկեան գրադարանի մասին օրէնքով»՝ 1935-էն (գերմաներէն՝ Deutsche Bücherei Leipzig, 1969-էն՝ «Գերմանական Ֆրանքֆուրթեան գրադարանային օրէնքով» (գերմաներէն՝ Deutsche Bibliothek Frankfurt:

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Լայպցիկեան գրադարան, 23 Սեպտեմբեր 1955

Գերմանական Քաղքենի Յեղափոխութեան ժամանակ գրավաճառներն ու հրատարակիչները իրենց աշխատանքները առաջարկեցին Ֆրանքֆուրթի պառլամենտին՝ պառլամենտական գրադարան ունենալու համար։ Յոհան Հենրիխ Պլաֆի կողմէն ղեկավարուող գրադարանը Reichsbibliothek («ռեյխ գրադարան») անունը ստացաւ։ Յեղափոխութեան տապալումէն ետք, գրադարանը լքուեցաւ եւ արդէն գոյութիւն ունեցող գիրքերը պահուեցան Նիւրնբերգի գերմանական ազգային թանգարանին մէջ[2]: 1912-ին Լայպցիգ քաղաքը, որ ամենամեայ գիրքի տոնավաճառի եւ Börsenverein der Deutschen Buchhändler (Գերմանացի գրաւաճառներու ընկերակցութիւն) կեդրոն կը համարուի, համաձայնուեցաւ հիմնելու գերմանական ազգային թանգարան Լայպցիգի մէջ։

Երկրորդ գրադարանի ստեղծում

Խմբագրել
 
Ֆրանքֆուրթի մասնաճիւղ, գրադարակներ, 2008, Նոյեմբեր 24

1946 թուականին Գէորգ Քուրթ Շաուերը, Հենրիխ Քոպերթը, Վիթորիօ Քլոսթերմանը եւ փրոֆեսոր Հանս Վիլհելմ Էփելշեյմերը՝ Ֆրանքֆուրթի համալսարանական գրադարանի տնօրէնը, նախաձեռնեցին Ֆրանքֆուրթի մէջ վերստեղծել Գերմանիայի արխիւային գրադարանը։ Ամերիկեան գօտու գրքի առեւտուրի ներկայացուցիչները համաձայնեցան առաջարկին, իր համաձայնութիւնը տուաւ նաեւ ԱՄՆ ռազմական իշխանութիւնը։ Գրադարանը իր գործունէութիւնը սկսաւ Ռոթշիլտ գրադարանի ծխասենեակէն, որը ռմբակոծուած համալսարանի համար կը ծառայէր որպէս յարմարաւէտ սենեակ։

Գերմանիոյ մէջ ստեղծուեցաւ երկու գրադարաններ, որոնք կ'իրականացնէին ազգային գրադարանի գործառոյթները։ Իւրաքանչիւր տարի կը հրատարակուէր գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ երկու մատենագիտական գրացուցակ։


Պատկերասրահ

Խմբագրել


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Murray Stuart (2009)։ The Library: An Illustrated History։ New York, NY: Skyhorse Pub 
  2. Fabian Bernhard, խմբգր․ (2003)։ «Reichsbibliothek von 1848»։ Handbuch der historischen Buchbestände in Deutschland։ Hildesheim: Olms Neue Medien 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել