Հայրենիք (թերթ, Իսթանպուլ)

«Հայրենիք», օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1891-1896 թուականներուն, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Խմբագրապետ՝ Արփիար Արփիարեան, խմբագիրներ՝ Լեւոն Բաշալեան, Երուանդ Օտեան, Հ. Շահնազար։ Շեշտուած դեմոկրատական ուղղութեան համար հալածուած է սուլթանական կառավարութեան կողմէ, առճակատուած հայ մեծահարուստներու եւ հոգեւորականութեան հետ։ Թղթակցական լայն ցանցի առկայութիւնը խմբագրութեան հնարաւորութիւն ընձեռած է ուշադրութեան «Հայրենիք» օրաթերթի գւխագիրը կեդրոնը պահել եւ արտացոլել Թուրքիոյ մէջ բնակուող հայ հատուածի հասարակական եւ մշակութային կեանքի իրադարձութիւնները, համիտեան բռնապետութեան պայմաններուն մէջ պաշտպանել անոնց շահերը։ Թերթը նկատելի դեր կատարած է հայ ժողովուրդի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներու փոխադարձ ծանօթացման, արեւելահայերու տնտեսական եւ հոգեւոր կեանքի արտացոլման գործին մէջ, սերտ կապ պահպանած «Մշակի» եւ անոր խմբագիր Գ. Արծրունիի հետ, տպագրած արեւելահայ գրողներու գործեր, Թիֆլիսէն ստացուած բազմաթիւ թղթակցութիւններ։ «Հայրենիքը» ունեցած է հարուստ գրական աւանդութիւններ։ Անոր շուրջը համախմբուած են արեւմտահայ գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչները (Գ. Զօհրապ, Տ. Կամսարական, Մ. Կիւրճեան, Ա. Չօպանեան եւ ուրիշներ)։ Այստեղ տպագրուած են Զօհրապի «Քօքինակի», «ճեյրան» նովէլները, «Նարդիկ» անաւարտ վէպը (1891 թուական), «Ծանօթ դէմքեր» դիմանկարներու շարքէն քանիսը, Տ. Կամսարականի «Հայ գրականութեան ձգտումը» յօդուածաշարը, Լ. Շանթի «Մնաս բարովի իրիկունը» վէպը եւ այլ գործեր։ Թերթին մէջ գրական մկրտութիւն ստացած են Թլկատինցին, Ա. Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ։ «Հայրենիք» լայն տեղ յատկացուցած է նաեւ ռուս ռեալիստական գրականութեան (Լ. Տոլստոյ, Դոնչարով, Պուշկին, Լերմոնտով եւ ուրիշներ), «Մծիրին» առաջին անգամ տպագրուած է այստեղ՝ Լեւոն Շանթի թարգմանութեամբ (1891)։

Հայրենիք
Հայրենիք
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1870
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։