Բիւզանդիոն (թերթ)

Բիւզանդիոն, հրատարակուած է Կոստանդնուպոլսի մէջ, 1896-1918 թուականներուն։ Խմբագիրներ՝ Բ. Քէչեան, Պ. Քէչեան եւ Ա. Քէչեան, Արշակ Ալպօյաճեան, Ա. Սանտալճեան։ Ունեցած է չափաւոր ուղղութիւն։ 1908 թուականի երիտթուրքական յեղաշրջումէն ետք կը գտնէր, որ հայկական հարցը կարելի է լուծել մեծ տէրութիւններու աջակցութեամբ Թուրքիոյ մէջ բարեփոխումներ կատարելու միջոցով։ Սղանայի կոտորածէն (1909) ետք քննադատած է երիտթուրքերու ազգայնամոլութիւնը, ցոյց տուած է, որ թուրք․ կառավարութիւնը կը շարունակէ համիտեան հակահայկական քաղաքականութիւնը։ Մերկացուցած է համաթուրքականութեան (պանթուրքիզմ) գաղափարախօսութիւնը եւ համաթուրքական պետութիւն ստեղծելու զառանցական գաղափարը։

Բիւզանդիոն
Բիւզանդիոն եւ Puzantion
Տեսակ թերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1896
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Բիւզանդիոն» (օրաթերթ)-ի էջերուն մէջ արտացոլած են հայոց ցեղասպանութեան նախապատրաստութեան չարագուշակ նշանները։ Թերթը անդրադարձած է նաեւ յոյներու հանդէպ կիրառուող հալածանքներուն, թուրք-գերմանական մերձեցման մէջ տեսած է վտանգ թրքական լուծի տակ գտնուող ժողովուրդներու համար։

«Բիւզանդիոն» որեւէ վերաբերմունք չէ ունեցած ազգային կուսակցութիւններու նկատմամբ, խուսափած է ազգային շարժման հետ կապուած հարցերէ. առաջացուցած է միայն հայերու կեանքի, գոյքի եւ պատուի ապահովման պահանջներ։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։