Հայկական Հարց Հանրագիտարան

Հայկական Հարց Հանրագիտարանը հայերէն հանրագիտարան է, որուն մէջ զետեղուած են յօդուածներ Հայկական Հարցի ծագման ու զարգացման, Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութեան, նշուած խնդիրներուն առնչուող իրադարձութիւններու եւ անձերու մասին։ Հանրագիտարանը կը ներառէ Հայկական Հարցին վերաբերող միջազգային պայմանագրերու, համաձայնագրերու եւ դիւանագիտական այլ փաստաթուղթերու, այդ հարցին նուիրուած միջազգային բանակցութիւններու, խորհրդաժողովներու ու վեհաժողովներու մասին, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման, հայդուկային-ֆիտայական պայքարի, հայերու ինքնապաշտպանական կռիւներու, Հայկական հարցի եւ հայերու ցեղասպանութեան նկատմամբ մեծ տէրութիւններու ու միջազգային հանրութեան դիրքորոշման մասին յօդուածներ։ Հանրագիտարանին մէջ կենսագրական տեղեկութիւններ կան հայ ազգային-ազատագրական պայքարի նուիրեալներու, տարբեր երկիրներու պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներու, հայ եւ օտարազգի գիտնականներու մասին, որոնք հետազօտած են Հայկական Հարցի եւ ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ այլն։ Այս ամէնը կը լրացնեն այն ակնարկային յօդուածները, որոնք նուիրուած են հայ եւ միջազգային պատմագրութեան մէջ Հայկական Հարցի լուսաբանման, Մեծ Եղեռնի արտացոլմանը հայ եւ համաշխարհային գրականութեան ու արուեստի մէջ։

Հայկական հարց հանրագիտարանի շապիկը

Հանրագիտարանին մէջ տեղ գտած յօդուածներու զգալի մէկ մասը ունի հայերէն եւ օտար լեզուներով մանրամասն մատենագիտութիւն։ Իբրեւ հեղինակ հանդէս կու գան հանրապետութեան առաջատար մասնագէտները, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ եւ օտարազգի գիտնական-հայագէտներ՝ Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Յունաստանէն, Աւստրիայէն, Լիբանանէն, Արժանթինէն եւ այլն։

Հանրագիտարանը կը պարունակէ շուրջ 900 յօդուած, 25 քարտէզ, աւելի քան 400 գունաւոր եւ սեւ-սպիտակ լուսանկարներ, որոնց մէկ մասը վաւերագրական նշանակութիւն ունի։

Արտաքին յղումներ Խմբագրել