Արեւելք (թերթ, Իսթանպուլ)

թերթ

Արեւելք օրաթերթ, ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթ մը։


Հրատարակուած է Կոստանդնուպոլիսի մէջ, 1884 թուակէնէն 1896 թուական, ինչպէս նաեւ 1898 թուականէն 1912 թուական: Տարբեր տարիներու ընթացքին ունեցած են տարբեր տնօրէններ եւ խմբագիրներ, ինչպէս Ստեփան Դամադեանը, Գ. Պոյաճեանը, Երուանդ Սրմաքեշխանլեանը։ Սուլթան Ապտուլ Համիտ II-ի ժամանակ հայ առաջաւոր մտաւորականներ հրապարակած են յօդուածներ Արեւմտեան Հայաստանը տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակի մասին:

«Արեւելք» թերթը հրաժարած է տպագրել րքական պաշտօնական հերիւրանքներ 1894 թուականէն 1896 թուական հայկական կոտորածներու մեղաւորներ հայերը համարելու մասին, ուստի գրաքննութիւնը ժամանակաւորապէս արգիլած է թերթին հրատարակումը:

1908 թուականին «Արեւելք»-ը ողջունած է Համիտեան բռնապետութեան տապալումը եւ սահմանադրութեան վերահաստատումը յուսալով հայերու եւ Օսմանեան Կայսրութեան միւս ժողովուրդներու ազատագրումն ու իրաւահաւասարութիւնը:

Ըստ «Արեւելքը»-ին հայկական հարցի ծագման պատճառներն են ազգային եւ կրօնական դաժան ճնշումը, հայերու բնաջնջման մշտական սպառնալիքը։ Դատապարտած է 1909 թուականի Ատանայի կոտորածը եւ նշած է Երիտթուրքերուն մասնակցութիւնը այդ եղեռնին: Բանավիճած է թուրք մամուլին հետ մերկացնելով կառավարութեան երկդիմի քաղաքականութիւնը Կիլիկիոյ հայերու արտագաղթի եւ վերադարձի հարցով։

«Արեւելքը» հանդէս եկած է հայ քաղաքական կուսակցություններու համատեղ գործողութիւններու օգտին, տպագրած ՀՅԴի դիրքորոշումը Օսմանեան երեսփոխանական նիստի ընտրութիւններու նկատմամբ, ՀՅԴ Կոստանդնուպոլիս պատասխանատու մարմնի շրջաբերականները, Հնչակեաններու գործունէութիւնը լուսաբանող նիւթեր, եւլն։ Ատանայի կոտորածէն ետք «Արեւելք»-ը առաջադրած է, հայերու նոր կոտորածներէն ետք, ինքնապաշտպանութեան գաղափարը։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։