Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն (ՍԴՀԿ), հայ ազգային կուսակցութիւն։ 1887-ին, Ժընեւի մէջ, արեւելահայ խումբ մը ուսանողներ ձեռնամուխ կ'ըլլան կազմակերպութեան մը ստեղծման, որ պիտի զբաղէր Հայաստանի ազատագրութեան հարցով։ Անոնք էին՝ Աւետիս Նազարբէկեան (Նազարբէկ), Մարօ Վարդանեան (հետագային՝ Նազարբէկեան), Ռուբէն Խանազատեան (Խանազատ) եւ Գաբրիէլ Կաֆեան (Շմաւոն)։
Հայ ազգային կուսակցութիւններու շարքին երկրորդը կը համարուի Արմենականներու կուսակցութենէն ետք։
Ստեղծումը
ԽմբագրելԿուսակցութեան գաղափարախօսութեան ձեւաւորման մեծապէս կը նպաստէ հայ հասարակական-քաղաքական միտքի յեղափոխական-դեմոկրատական հոսանքը՝ ի դէմս Միքայէլ Նալպանտեանի, Րաֆֆիի եւ ռուս յեղափոխական նարոդնիկ Ալեքսանտր Հերցենի գաղափարներուն։ Սակայն, ի տարբերութիւն ռուս յեղափոխականներու, հնչակեաններու գլխաւոր նպատակներէն էր ոչ միայն սոցեալ-դեմոկրատական, այլեւ ազգային-ազատագրական խնդիրի լուծումը։ Հնչակեան կուսակցութիւնը կեանքի կը կոչուի բնաջնջուող արեւմտահայութիւնը ազատելու եւ վերջինս ազատագրական պայքարի առաջնորդելու նպատակով։
«Հնչակ»ը ժընեւեան խումբին պաշտօնաթերթը կը դառնայ։ Այդ անունը կը ստանայ Հերցենի «Կոլոկոլ»էն։ «Հնչակ»ի տպարանը կը հաստատուի Նազարբէկի տան մէջ։
1888-ին կուսակցութեան ծրագիրը կը հրատարակուի «Հնչակ» թերթին մէջ։ Ան պատրաստուած եւ կազմուած էր 1887-ին Աւետիս եւ Մարօ Նազարբեկեաններու եւ Գ. Ղարաջեանի կողմէն։ Դեփական ծրագիրի հրատարակութիւնը կ'ազդարարէր յեղափոխական կուսակցութեան մը կազմաւորումը։ Նոյն տարին կուսակցութեան հիմնադիր ժողովը կը կայանայ։ Կուսակցութիւնը իր անուանումը կը ստանայ 1890-ին։
Կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ հնչակեան կազմակերպութիւններ կը ստեղծուին Թուրքիոյ, Արեւմտեան Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Իրանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԺԹ. եւ Ի. դարերուն հայ ազատագրական պայքարի գիտական եւ ընկերային-տնտեսական վերլուծումը անհրաժեշտ կը դարձնէ ամէնէն առաջ ուսումնասիրել Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան նախորդող ժամանակաշրջանը եւ Հնչակեան կուսակցութեան ծրագիրն ու գրականութիւնը, որպէս առաջին մարքսիստ պատմական մտածողութեան ուղեցոյց: Սուլթանիզմի եւ ցարիզմի ահաւոր օրերուն Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը կազմակերպէ ազատագրական զանգուածային շարժումներ, զինուած ապստամբութիւններ, քաղաքական եւ տնտեսական պահանջներով հրապարակային ազդու ցոյցեր եւ աշխատաւորական գործադուլներ, արհամարհելով անմարդկային հալածանքը, բանտն ու կախաղանը եւ նպատակ ունենալով բարելաւել հայ եւ այլ ազգերու ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքը: Հնչակեան Կուսակցութեան քարոզած նոր գաղափարները, հետապնդած քաղաքական ու տնտեսական իտէալները եւ իրապաշտ գրականութիւնը, տարիներու ընթացքին խոր ազդեցութիւն կը գործեն ժամանակակից հայ միտքի գրականութեան ու գործելակերպին վրայ: Հնչակեան գործիչները ազգային եւ ընկերային յեղափոխութեան շարժիչ ուժը եղած են։ Իրենց զոհողութեամբ, նուիրումով, պայքարելու տոկունութեամբ ու հայրենասիրութեամբ Նազարբէկեանները , Փարամազ, Խանազատ, Ժիրայր ու Մուրատ, Աղասի եւ հարիւրաւոր ուրիշներ հերոսներ դարձած են:
Հայ Ժողովուրդը եւ Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւնը
ԽմբագրելՀայկական Հարցի Ծագումը
Խմբագրել1878-ի ռուս-թրքական պատերազմը վերջ կը գտնէ Ռուսիոյ յաղթանակով: Մարտ 3-ին Սան-Սթեֆանոյի մէջ կը կնքուի ռուս-թրքական հաշտութեան պայմանագիրը, ուր առաջին անգամ ըլլալով միջազգային պայմաններու մէջ կը նշուի Հայկական Հարցը Սան-Սթեֆանոյի 16-րդ յօդուածով: Ուրեմն Հայկական Հարցը կը կազմէ Արեւելեան Հարցի մէկ մասը Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերմամբ: Մինչեւ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմը Հայ ժողովուրդի ընդվզումի բոլոր փորձերը ազատագրելու համար Արեւմտահայաստանը թրքական լուծէն պէտք եղած արդիւնքը չեն տար: Ոչ Սուլթանի կառավարութեան Թանզիմաթը եւ ոչ ալ Օսմանեան կայսրութեան շնորհած «Ազգային Սահմանադրութիւնը» (1863 ) էական փոփոխութիւն կը մուծեն Արեւմտահայ տառապակոծ ժողովուրդի անտանելի վիճակին մէջ: Ընդհակառակը, երբ մէկ կողմէ սուլթանիզմը Պոլսոյ Հայ ժողովուրդը կ'օրօրէր թուղթէ բարենորոգումներով եւ «սահմանադրական» պատրանքներով, միւս կողմէ գաւա ռի ժողովուրդը, յատկապէս գիւղացիութիւնը կ՚ենթարկուէր ալ աւելի անողոք ճնշման եւ հարստահարման: Այդ օրերուն Պոլսոյ հայութեան հետ սերտ շփման մէջ գտնուող Միքայէլ Նալպանտեան, 1864-ին, նկատի առնելով Արեւմտահայերու ծանր վիճակը, կը գրէր. «Մենք սարսափում էինք երբ աչքի առաջ էինք ունենում այն անշքացած , անապատացած աշխարհի վրայ, ուր այժմ մեր խեղճ, անտէր եւ անօգնական Հայ ժողովուրդը միլիոնաւոր բազմութեամբ թշուառութեան, հարստահարութեան եւ յուսահատութեան հնարաւոր ծայրը հասած, փոխանակ արտասուքի, արիւն է քամում աչքերից, երբ լաց է լինում»: Ժթ. դարու 70-ական թուականներուն, մանաւանդ արիւնարբու Սուլթան Ապտիւլ Համիտի գահ բարձրանալէն ետք, հայերու դէմ տնտեսական, քաղաքական, ազգային եւ կրօնական ճնշումներն ու հալածանքները աւելի կը սաստկանան։
Ծրագիրը եւ կառուցուածքը
ԽմբագրելԾրագիրին մէջ կուսակցութեան կէտ-նպատակը բանաձեւուած է երկու յղացքներով՝ ՄՕՏԱՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿ եւ ՀԵՌԱՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿ:
Մօտաւոր Նպատակով կը հետապնդուի հայկական հողերու ազատագրումը, անոնց միացումը մէկ իշխանութեան ներքեւ եւ հայ ժողովուրդի փրկութիւնն օտարի լուծէն եւ միապետական կարգերէ: Իսկ Հեռաւոր Նպատակը կը նպատակադրէ ազատագրուած հայկական տարածքներուն վրայ ընկերվարական կարգերու հաստատումը, ժողովրդավարական ընտրելաձեւը, մարդու կողմէ մարդու շահագործման աւարտը, արդիւնաբերութեան եւ ժողովուրդի հարստութեան արդար բաժանումը, դասակարգային, կրօնական, քաղաքական խտրականութեան արմատական վերացումը: Այս ծիրէն ներս, ծրագիրը չի բացառեր ոչ-հայ հաւաքականութիւններու հետ գործակցութիւնը, կը կարեւորէ ազգամիջեան լարուածութեան վերացումը եւ կը շեշտէ արդարութեան եւ հաւասարութեան կարեւորութիւնը:
Ծրագիրին մէջ բացատրուած են հիմնական դրոյթներն ու սկզբունքները, որոնք պիտի ըլլային կուսակցութեան ընկերային, քաղաքական եւ յեղափոխական նպատակները:1888-ին նման գաղափարներ ընկերային-քաղաքական եւ գաղափարախօսական առումներով զգալի յառաջընթաց էին հայ քաղաքական միտքի հասունացման եւ ազատագրական պայքարի նախապատրաստման ճանապարհին:
Առաջին բաժնին մէջ խօսք կայ, թէ ինչպէ՛ս համայն մարդկութիւնը բաժնուած է երկու անհաւասար դասակարգերու՝ շահագործող (փոքրամասնութիւն) եւ շահագործուող (մեծամասնութիւն), ու այդ ահագին մեծամասնութիւն կազմող աշխատաւոր ու արդիւնաբերող դասակարգի կատարեալ ազատագրումն ամէն շահագործումէ եւ սեփականազուրկ ստրկական դրութենէ կ'ըլլայ այն ժամանակ միայն, երբ ընկերվարական կարգեր կը հաստատուին:Կուսակցութեան ծրագիրը կը բաղկանայ հինգ բաժիններէ:
Առաջին բաժինին վերջին մասը կ'ըսէ. «Այդ է արդիւնաբերող դասակարգի պատմական ձգտումն ու նպատակը Դրամատիրական տիրապետութիւն ունեցող բոլոր երկիրներու մէջ: Այդ է բոլոր երկիրներու Սոցիալ Դեմոկրատներու ձգտումն ու նպատակը: Այդ է եւ այս հասարակական կազմակերպութիւնը, որ երեք լուծի տակ (Թիւրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի) ճնշուած ընդհանուր առմամբ, իբրեւ իր ձգտումներու իտէալ, իբրեւ ՀԵՌԱՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿ է դրած Հայ Յեղափոխական Կուսակցութիւնը՝ «Հնչակ»ը եւ իր կուսակցութիւնը»:
Երկրորդ բաժինը կ'անդրադառնայ Մօտաւոր Նպատակին կենսական կարեւորութեան եւ այն վարչա-քաղաքական դրութեան, որ պէտք է հաստատուի ապագայ անկախ Հայաստանի սահմաններէն ներս: Հոն կը գրուի. «Հայ ժողովուրդը ներկայիս կը գտնուի այնպիսի միապետական քաղաքական կարգերու տակ, որոնց կառավարական, հարկային ու տնտեսական համակարգերն աւերիչ են իրեն համար, ան կը գտնուի նաեւ այնպիսի տնտեսական շրջանի մը մէջ, երբ մէկ կողմէն սկսեր են ծագիլ արդիւնաբերական դրամատիրական կերպեր եւ միւս կողմէն շարունակ կ'իյնան ու կը քայքայուին տնտեսական նահապետական կերպերը: Այդ բոլոր պայմաններուն շնորհիւ է որ հայ սոցեալ դեմոկրատներու համար ժողովրդավարական հասարակական կազմակերպութեան իրագործումը հայութեան մէջ՝ կը յայտնուի հեռաւոր նպատակ, եւ անոր գործունէութեան ու ձգտումներուն առաջ կը ներկայանայ մէկ ուրիշ անմիջական պահանջ՝ իբրեւ մօտաւոր նպատակ: Ահա ճիշդ այդ մօտակայ նպատակն է, որ գործնականապէս դրուած է հայ սոցեալ դեմոկրատի, հայ յեղափոխականի առջեւ, Հնչակեան Կուսակցութեան առջեւ»:
Մօտաւոր նպատակին կարելի է հասնիլ, ինչպէս ծրագիրին մէջ կը գրուի՝ «Յեղափոխել եւ ոչնչացնել միապետական կարգերը, փրկել հայ ժողովուրդը իր ընդհանուր ստրկական դրութենէն, անոր տալ քաղաքական կարելիութիւն միջամտելու քաղաքական գործերու մէջ, վերացնել այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կ'ըլլան անոր տնտեսական զարգացման, առհասարակ անոր մշակութային յառաջդիմութեան, ստեղծել քաղաքական պայմաններ, որոնք աշխատաւոր դասակարգին միջոց տան ազատ կերպով արտայայտելու իր ձգտումներն ու պահանջները, աւելի ու աւելի բարելաւելու աշխատանքի ծանր պայմանները, դասակարգային գիտակցութիւն ձեռք բերելու ու կազմակերպուելու իբրեւ ինքնուրոյն քաղաքական մարմին՝ եւ դիւրացնելու անոր այն բոլոր հասարակական ջանքերը, որոնք պէտք է, ամէն տրամադրելի հասարակական պայմաններու միջոցով, նպաստեն անոր յառաջխաղացքին դէպի հեռաւոր նպատակը»: Հոն մօտաւոր նպատակը կ'եզրակացուի այսպէս.- «կռիւ մղել՝ միապետական կարգերը տապալելու համար եւ անոնց փոխարինեն հանրային ժողովրդավարական կարգեր»:
Ժողովրդավարական կարգերուն համար կ'առաջադրուին 11 պայմաններ.-
- Մշտական ժողովրդային ներկայացուցչութիւն,
- Օրէնսդիր Ժողով, ընտրուած ժողովրդային ընդհանուր եւ ուղղակի քուէարկութեամբ,
- Նահանգային ընդարձակ ինքնավարութիւն:
- Համայնական ընդարձակ ինքնավարութիւն: Համայնքը տէր է եւ ամէն իրաւունք ունի ընտրելու: Ամէն չափահաս քաղաքացիի ընտրելու իրաւունք՝ առանց ազգութեան, դասակարգի եւ կրօնի խտրութեան:
- Օրէնքի կատարեալ հաւասարութիւն բոլոր քաղաքացիներուն համար՝ առանց ազգութեան եւ կրօնի խտրութեան:
- Կատարեալ ազատութիւն մամուլի, խօսքի, խղճի, գումարման, ընկերութիւններու եւ ընտրական քարոզչութեան:
- Ամէն քաղաքացիի անձն ու բնակարանն անձեռնմխելի են:
- Եկեղեցին կառավարութենէն զատուած է. անիկա կը պահպանուի միմիայն իր հաւատացեալներու օժանդակութեամբ:
- Ընդհանուր ժողովուրդի զինուորութիւն. խաղաղ ժամանակ՝ ազզային բանակ:
- Ընդհանուր, աշխարհական պարտաւորեցուցիչ կրթական համակարգ,
- պետական օժանդակութիւն չքաւորներուն:
Ժողովուրդի տնտեսական դրութիւնը բարելաւելու համար անհրաժեշտ է իրականացնել հետեւեալ պայմանները.-
- Հարկային ներկայ համակարգի վերացումն ու հաստատումը հարկային յառաջադիմող համակարգի մը:
- Անուղղակի հարկերու ի սպառ ոչնչացում:
- Գիւղացին ազատել ամէն տեսակի պարտքերէ:
- Համայնքի կամ կառավարութեան օժանդակութեամբ ներմուծել հողի մշակութեան մեքենայական համակարգ:
- Կազմութիւն համայնական հողագործութեան ընկերութեան:
- Հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներու հաստատութիւն:
- Շահագործումի դէմ աշխատանքը հովանաւորող օրէնքներ,
- Կառավարական օժանդակութիւն:
Ծրագիրին երրորդ բաժինը կը շեշտէ Թրքահայաստանէն ներս յեղափոխական գործունէութեան ծաւալման կարեւորութիւնը: Նկատելով, որ հայութեան ստուար մեծամասնութիւնը կ'ապրի Թիւրքահայաստանի տարածքէն ներս, նկատելով, որ Հայաստանի հողերուն կարեւոր տոկոսը կը գտնուի օսմանեան կայսրութենէն ներս, նկատելով որ հայութեան դատը Պերլինի դաշնագիրով մտաւ միջազգային քաղաքական ասպարէզ՝ որպէս հետեւանք թուրք պետութեան միապետական կարգերուն, ծրագիրին մէջ կը նշուի.- «Այդ բոլոր նկատումներու հիման վրայ պատմական առաջնակարգ անհրաժեշտութիւն է.-
- Որ հայ յեղափոխական գործունէութիւնն այսօր բացառապէս նուիրուէր Թրքահայ ժողովրդային դատի պաշտպանութեան ու լուծման՝ համաձայն մօտակայ նպատակի:Ուրեմն, յեղափոխութեան գործունէութեան ասպարէզն է Թրքահայաստանը:
- Որ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ճակատագիրը միանգամընդմիշտ պէտք է զատուի Թրքական Կայսրութեան ճակատագիրէն, ըստ որում պատմական պահանջ ու անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ- Հայ ազգային անկախութիւնը, որ այդպիսով կը կազմէ մօտակայ նպատակի մը հիմնական մասն ու առաջին պայմանը:
Ծրագիրին չորրորդ բաժինը կը վերաբերի յեղափոխական գործունէութեան ընթացքին, նախապատրաստութեան եւ նպատակին: «Մօտակայ նպատակին հասնելու միակ միջոցն է յեղափոխութիւնը, այսինքն պէտք է բռնի կերպով կերպարանափոխել, յեղաշրջել ներկայ հասարակական կազմակերպութիւնը թրքահայաստանի մէջ, կռիւ մղելով թուրք տէրութեան դէմ՝ ժողովրդային ընդհանուր ապստամբութեան միջոցով:
Յեղափոխութեան ծրագիրը կ'առաջադրէ՝ քարոզչութիւն, ահաբեկչական գործողութիւն, ասպատակային գունդերու կազմութիւն, խումբերու կազմութիւն, ապստամբական զօրագունդերու կազմութիւն եւ վերջապէս հոն կը գրուի.- «Ընդհանուր ապստամբութեան ժամանակը.- Որեւէ պատերազմ՝ մղած այս կամ այն տէրութեան կողմէ Թուրքիոյ դէմ՝ պէտք է համարել յարմար պահ մը մօտակայ նպատակի իրագործման համար»: Ծրագիրին հինգերորդ բաժինը կ'առաջարկէ համագործակցութեան եզրեր ստեղծել հայ ժողովուրդի վիճակակից բնակիչներուն հետ՝ ինչպէս ասորիներու եւ քիւրտերու, շահիլ անոնց համակրութիւնը յեղափոխական գործին նկատմամբ: Ապա՝ համերաշխ գործակցութեամբ մը, եթէ հանգամանքները ներեն, միատեղ ապստամբիլ ընդհանուր թշնամիին՝ թուրք կառավարութեան դէմ: Ծրագիրը կ'աւարտի այսպէս՝ «Հնչակեան Կուսակցութեան ամենաջերմ իղձն է՝ ընդհանուր անկախ դաշնակցութիւն, նման Շուէտի դրութեան, բոլոր փոքրիկ ազգերու Արեւելքի մէջ, երբ մնացեալներն ալ ազատուած կ'ըլլան թրքական լուծէն»:
Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան վերջին Ընդհանուր Ժողովները թէեւ շեշտեցին ծրագիրը բարեփոխելու եւ այժմէականացնելու կարեւորութիւնը, թէեւ եղան շինիչ առաջարկներ եւ քննարկումներ, թէեւ շեշտուեցաւ առանց սկզբունքներէ շեղելու ծրագիրը ժամանակակից դարձնելու հրամայականը, ան կը մնայ հիմնաքարը եւ ուղեցոյցը կուսակցութեան նպատակներուն, գաղափարախօսութեան եւ ազգային ու ընկերային դաւանանքին: Վերոյիշեալ նպատակներուն հասնելու միջոց կը համարուէր յեղափոխութիւնը՝ ժողովրդական ապստամբութեան միջոցով։ Հնչակեան կուսակցութիւնը իր կառոյցով կեդրոնացուած կազմակերպութիւն էր, որ կը ղեկավարէր կեդրոնական գործադիր կոմիտէներու կողմէ։
Աղբիւրներ եւ գրականութիւն
Խմբագրել- Յիսնամեակ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան /1887-1937/, խմբ. Ստ. Սապահ-Գիւլեանի, Փրովիտէնս, 1938, 352 էջ։
- Յուշարձան նուիրուած Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Քառասունամեակին, տպագր. Յ. Բ. Թիւրապեան, Փարիզ, 1930, 288 էջ։
- Աւետեան Մ., Հայ ազատագրական ազգային յիսնամեայ /1870-1920/ յուշամատեան եւ Զօր. Անդրանիկ, Փարիզ, 1954, 526 էջ։
- Կոստանդեան Է., Ակնարկներ արեւմտահայ մշակութային եւ հասարակական-քաղաքական կեանքի պատմութեան /19-րդ դարի 80-ական թուականներ/, Երևան, 2005, 175 էջ։
- Համբարեան Ա., Ազատագրական շարժումները Արևմտյան Հայաստանում /1898-1908 թթ./, Երեւան, 1999, 478 էջ։
- Յովհաննիսեան Գ., Հնչակեան կուսակցութեան պատմութիւն /1887-1915 թթ./, Երեւան, 2012, 354 էջ։
- Չելեպեան Ա., Զօրավար Անդրանիկ եւ հայ յեղափոխական շարժումը, Երեւան, 1990, 720 էջ։
- Չորմիսեան Լ., Համապատկեր արեւմտահայոց մէկ դարու պատմութեան, Բ. հատ. /1878-1908 թթ./, Պէյրութ, 1974, 572 էջ։
- Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան /1887-1962/, հատ. Ա., խմբ. Ա. Կիտուր, Պէյրութ, 1962, 640 էջ։
- Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան /1887-1962/, հատ. Բ., խմբ. Ա. Կիտուր, Պէյրութ, 1963:
- Սերոբեան Մ., Մեր պայքարը հայ ազատագրութեան ուղիով /վերլուծումներ Հայկական հարցին շուրջ/, Գահիրէ, 1948, 384 էջ։
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Հնչակեան կուսակցութեան պաշտօնական կայքէջ Archived 2020-12-02 at the Wayback Machine.
- Կայծ երիտասարդական կուսակցութեան կայքէջ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.