Գաբրիէլ Կաֆեան
Գաբրիէլ Կաֆեան (Շմաւոն) (1860[1][2], Շուշի, Ռուսական Կայսրութիւն[2] - 1930[1][2], Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][2]), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ: Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրներէն եւ Թուրքիոյ տարածքին յեղափոխական առաջին բջիջներու կազմակերպիչներէն մէկը։
Գաբրիէլ Կաֆեան | |
---|---|
Ծնած է | 1860[1][2] |
Ծննդավայր | Շուշի, Ռուսական Կայսրութիւն[2] |
Մահացած է | 1930[1][2] |
Մահուան վայր | Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1][2] |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Խորհրդային Միութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր | Զիւրիխի Համալսարան[1] |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Անդամութիւն | Second International?[1] |
Կուսակցութիւն | Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆախակրթութիւնը կը ստանայ Շուշիի թեմական դպրոցը, որմէ ետք կ'աւարտէ Թիֆլիսի Ռէալական դպրոցը: Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ առեւտրական հաստատութիւններ ունեցող իր հարուստ եղբայրները կը մերժեն հոգալ Շմաւոնի կրթական ծախսերը, փափաքելով, որ ան գայ ու միանայ իրենց առեւտրական գործին: Սակայն Շմաւոն կը նախընտրէ ուսումը շարունակել՝ թէեւ նիւթական անցուկ պայմաններու մէջ։ Կը մեկնի Վլատիկաւկազ ու տեղւոյն Ռէալական դպրոցը աւարտելէ ետք, բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնի Ժընեւ:
Շմաւոն Ժընեւ կը հասնի այնպիսի պահու մը, երբ Եւրոպայի հայ ուսանողութեան մէջ յեղափոխական խմորումները հասած էին իրենց բարձրագոյն աստիճանին: Շմաւոն կ'ընդգրկուի այդ մթնոլորտին մէջ:
Այդ շրջանին Շմաւոնի մտաւորական հետաքրքրութիւններուն վրայ լոյս կը սփռէ «Մշակ»ի խմբագրութեան գրած անոր նամակը, ուր ան տպագրութեան փափաքով թերթին կը յղէ իր Մամուլը Եւ «Ցարի Կառավարութիւնը» յօդուածը նաեւ կ'իմացնէ, թէ թարգմանած է Սիւզան Գորնէզի «Երեխաները Եւ Անոնց Ընկերները» գիրքը՝ տպագրութեան համար մեկենաս մը գտնելու փափաքով:
1886-ի ամրան Փարիզէն Ժընեւ կու գան Աւետիս Նազարբէկեան եւ Մարօ Վարդանեան ու Ժընեւի խմբակին հետ կը մտածեն յեղափոխական ուսանողներու համագումար մը կազմակերպելու մասին: Այդ նպատակով Շմաւոն կը մեկնի Մոնփելիէ ու իր հետ կը բերէ չորս ուսանողներ: Կը կազմուի «Հնչակ»ի խմբակը: Նոյեմբեր 1887-ին, Ժընեւ համախմբուած ուսանողներով լոյս կը տեսնէ «Հնչակ»ի Ա. թիւը, որ կը նկատուի Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան թուականը:
Յաջորդող տարիներուն, Շմաւոն աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ Հնչակեան Կուսակցութեան ինքնահաստատման եւ տարածման աշխատանքներուն: Անոր յեղափոխական եռանդը, նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ վտանգի կ'ենթարկէ զինք: «Հնչակ»ի գլխաւոր թիրախն ու միաժամանակ դժուարութիւնը, անոր Թուրքիա ներթափանցումն էր։ Այդ նպատակին համար «Հնչակ» կը տպուէր բարակ թուղթի վրայ եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներէն, նամակի ձեւով, փոքր քանակներով եւ երկար ընդմիջումներով կը ղրկուէր Թուրքիոյ տարբեր քաղաքները: Այդ գործը Շմաւոն Լայփցիկէն կը կատարէր՝ ուր հաստատուած էր մանկավարժութիւն ուսանելու համար: Շմաւոն, փութկոտութեան պատճառով «Հնչակ»ի պահարանները կը սկսի ղրկել մեծ քանակներով եւ կարճ ընդմիջումներով, որ ոստիկանութեան կասկածը կը յառաջացնէ: Կը ձերբակալուի: Որպէս ռուսահպատակ, Ռուսաստանի դեսպանը կը պահանջէ զինք յանձնել ռուսական իշխանութիւններուն: Խնդիրը անտեղի աղմուկ մը կը բարձրացնէ: Հարցին ազդու ձեւով կը միջամտեն գերմանացի սոցիալ-դեմոկրատները, յատկապէս Լիպկնեխտ եւ կ'արգիլեն Շմաւոնը յանձնել ռուս իշխանութիւններուն: Շմաւոն կը հեռացուի Լայփցիկէն ու կը հաստատուի Ժընեւ:
Այլ պարագայի մը, ռուս վտարանդի երկու յեղափոխականներ, «Սլաւոնական Սոցիալիստական Ակումբի ղեկավարներ՝ Տեմբա եւ Տեմբսկի, (այս ակումբը մաս կը կազմէր Պլեխանովի խմբակին, որուն կ'անդամակցէր Շմաւոն եւ այդ պատճառով ծանօթ էր անոր ղեկավարներուն): Ցիւրիխի մօտակայ անտառներուն մէջ կը փորձարկեն իրենց ձեռնաշէն ուժանակները: Փորձարկումը յաջող կ'անցնի եւ որոշ քանակի ուժանակներ փորձարկելէ ետք, անոնք աւելորդ կը գտնեն իրենց մօտ եղած մնացեալ ուժանակներն ալ փորձել: Վերադարձի ճամբուն վրայ, արկածով մը ուժանակներէն մին կը պայթի: Տեմբա կը զոհու, Տեմբսկի ծանրօրէն կը վիրաւորուի: Լուրը առնելով, Շմաւոն խումբ մը համախոհ ուսանողներով կը փութայ դէպքին վայրը: Յաջորդող օրերուն, դէպքին վայրը այցելած բոլոր ուսանողներն ալ կը ձերբակալուին: «Ժընեւի մէջ խուզարկութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Նազարբէկեաններու բնակարանը եւ քիչ մնաց, որ «Հնչակ»ն ալ տուժէր»: Ձերբակալուած ուսանողները կը հեռացուին երկրի սահմաններէն: 1889-ին Շմաւոն կը հաստատուի Փարիզ: Նոյն տարին Ռ. Խանազատի հետ ան կը մասնակցի Բ. Սոցիալիստական Միջազգայնականի հիմնադիր համագումարին:
Մայիս 1890-ին Շմաւոն կը մեկնի Երկիր: Անոր առաջին հանգրուանը կ'ըլլայ Կ. Պոլիսը: Խրիմեան Հայրիկի միջոցով կը ծանօթանայ Յարութիւն Ճանկիւլեանին, որ անդամ էր Կ. Պոլսոյ մէջ գործող յեղափոխական խմբակի Վարիչ Մարմինին: Վերջիններս ի տես Մկրտիչ Փորթուգալեանի անգործնականութեան, սկսած էին անվստահութիւն ունենալ անոր հանդէպ: Այս խմբակը, կը համախմբէր հայ ազգային-ազատագրական շարժման ապագայի այնպիսի յայտնի դէմքեր, ինչպիսիք էին Մեծն Մուրատ (Համբարձում Պոյաճեան), Արամ Աչըգպաշեան, Միհրան Տամատեան, Յարութիւն Ճանկիւլեան, Մարգար Վարժապետ (Ամիրեան), Գրիգոր Գլինճեան, Նազարէթ Լուսիկեան եւ ուրիշներ. կազմակերպութիւնը նաեւ կապեր ունէր գաւառի յեղափոխական տրամադրութեամբ երիտասարդներու հետ: Հետզհետէ Կ. Պոլիս կը հասնին նաեւ հնչակեան գործիչներ Ռուբէն Խանազատ, Յակոբ Մեղաւորեան եւ Սիմոն Նատիրեան: Հնչակեան քարոզիչներուն եւ Վարիչ Մարմնին միջեւ տեղի կ'ունենան հանդիպումներ, որոնց որպէս արդիւնք, վերջիններս իրենց ամբողջ կազմով կը միանան Հնչակեան Կուսակցութեան: Այդ ժողովներուն մասնակից Յ. Ճանկիւլեան, իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Շմաւոն հետաքրքրական անձ մըն էր: Բաւական էր որ քանի մը օր տեսակցէր ոեւէ մէկուն հետ, անոր հոգեբանութեան կը թափանցէր իսկոյն»:
Շմաւոն երկար չի մնար Կ.Պոլիս եւ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումին համաձայն կը մեկնի գաւառները: Իր մեկնումէն ետք, Կ. Պոլսոյ մէջ տեղի կ'ունենայ Գում Գաբուի ցոյցը: «Շմաւոն արդէն Պոլսոյ մէջ ցոյց մը ընելու համամիտ էր, ուստի Սամսոնէն մինչեւ Մարզուան իր նամակներով թելադրանք կ'ընէր եւ ցոյցի մը անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէր»:
Կ. Պոլսէն Շմաւոն կը մեկնի Սեբաստիա եւ կը փափաքի հաստատուիլ հոն: Սակայն, Սեբաստիոյ առաջնորդ, պահպանողական հայեացքներու տէր Պետրոս եպս. անոր նկատմամբ վանողական կեցուածք մը կը ցուցաբերէ: Կը ստիպուի հեռանալ Սեբաստիայէն: Կարճ ժամանակ մը կը մնայ Թոքաթ, ուր զօրաւոր մասնաճիւղի մը հիմը դնելէ ետք կ'անցնի Մարզուան՝ ուր 1885-էն կը գործէր «Փոքր Հայքի Կազմակերպութիւնը»: Կազմակերպութեան կեդրոնն էր Անատոլիա Քոլէճը, ղեկավարութեամբ փրոֆ.ներ Յովհաննէս Գայաեանի ու Կարապետ Թումայեանի եւ գործօն մասնակցութեամբ Սուրէն Սուրէնեանի (Ղազարոս Կտլոզեան) եւ Թումիկ Արթինի (Կ. Թումայեանի եղբայրը): Շմաւոնի ջանքերով այս գաղտնի կազմակերպութիւնը ամբողջութեամբ կը միանայ Հնչակեան Կուսակցութեան: Ժամանակակիցներէն Ս. Սուրէնեան՝ Շմաւոնի մասին կը վկայէ. «Հմայող ու մագնիսացնող անձնաւորութիւն մը կար իր մէջ, պերճախօսութիւն մը ունէր, զոր յաճախ չափազանցութիւններու կը հասցնէր. ինքնավստահութեան միացուցած էր ինքզինքը գովելու յատկութիւն մը, որ իր դիմացինին մէջ աւելի հիացում կը ստեղծէր քան յուսալքութիւն»: Մօտաւորապէս նոյն կարծիքը կը յայտնէ նաեւ Յ. Գայաեան․ «Ուշիմ՝ ծայր աստիճան համակրելի թիփ մըն էր Շմաւոն, թրքահայուն վրայ ռուսահայու իր հմայքին վրայ կ'աւելցնէր մագնիսական ոյժ մը»: Կ'անցնի Արաբկիր, ուր ազատական գաղափարներու տէր Եզնիկ Ապահունի եպիսկոպոսին կողմէ կ'արժանանայ ջերմ ընդունելութեան: Կը նշանակուի ազգային դպրոցի տնօրէն:
Արաբկիրի մէջ Շմաւոն կ'ունենայ արդիւնաւէտ գործունէութիւն մը: Անոր շնորհիւ կը բարեկարգուին դպրոցները, որոնք կը դառնան ազգային ինքնագիտակցութեան օճախներ. հայ պատանիները կը դառնան աւելի համարձակ. ժողովուրդին համար զինումը կը դառնայ պարտադիր. կը կազմակերպուին ֆետայական խումբեր, սուրհանդակներ, զէնք փոխադրող խումբեր, մէջտեղ կու գան զինագործներ եւ ռումբ պատրաստողներ: Արաբկիրի մէջ կուսակցական կազմակերպուած մասնաճիւղ մը մէջտեղ բերելուն զուգահեռ, Շմաւոն կը կազմակերպէ նաեւ Արաբկիրի գիւղերը՝ Ամըրկա, Շեփիկ, Անջրդի, Մաշկերտ, Սաղմըկա, Վանք եւայլն, հասնելով մինչեւ Չմշկածագի շրջակայ գիւղերը՝ Միատուն, Հազար, եւայլն: Ան կ'այցելէ ու կը կազմակերպէ նաեւ Ամասիան, Մալաթիան, Ակնը, Խարբերդը, Կիրասոնը եւայլն:
Իր շրջագայութիւններուն ընթացքին Շմաւոն կը հանդիպի յեղափոխական քարոզիչ Ժիրայրին (Մարտիրոս Պոյաճեան), ու անոր կը բացատրէ, թէ ճիշդ այդ գաղափարներու տարածման ու կենսագործման համար արդէն ծնունդ առած է Հնչակեան կուսակցութիւնը, որուն Կ. Պոլսոյ ղեկավարներէն է իր կրտսեր եղբայրը՝ Մուրատ: Ժիրայր կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան ու կը դառնայ անոր ամէնէն յայտնի գործիչներէն:
Շմաւոնի գործունէութիւնը կառավարութեան ուշադրութենէն չի վրիպիր: Լրտեսները կը սկսին հետապնդել զայն: Ասոնց մէջ ամէնէն յայտնին կը դառնայ ոստիկանապետ Եուսուֆը, որ հնչակեաններուն կողմէ Փետրուար 1891-ին ահաբեկչութեան կ'ենթարկուի: Դէպքին առիթով տեղի կ'ունենան մեծ թիւով ձերբակալութիւններ: Ձերբակալուածները, որոնց մեծ մասը դէպքէն անտեղեակ անմեղներ, կ'ենթարկուին անմարդկային չարչարանքներու: Շմաւոնը հետապդնելու կոչուած այլ լրտես մը՝ Գրիգոր Խերպէկեան, նոյն ճակատագրին կ'ենթարկուի Մարզուանի ընկերներուն կողմէ:
Մայիս 1891-ին, Շմաւոնի գլխաւորութեամբ գումարուած Արաբկիրի եւ շրջակայքի 112 տասնապետերու ժողովը կ'որոշէ դիմել ընդհանուր ապստամբութեան: Այս նախաձեռնութեան յաջողութեան համար Շմաւոն մեծ հաւատք կը տածէ պատրաստուած մեծ քանակի ուժանակներուն ունենալիք ներգործութեան: Որոշման մասին ան նամակներով կ'իմացնէ Փոքր Հայքի միւս մասնաճիւղերը: Մարզուանի վարչութիւնը այդ կը գտնէ անժամանակ եւ վարչական ընկերներ Արաբկիր գալով կը տարհամոզեն Շմաւոնը նման նախաձեռնութեան մը դիմելէ:
Այդ շրջանին Շմաւոն կը յղանայ նաեւ «Մարտ» անունով յեղափոխական թերթ մը հրատարակելու գաղափարը: Շատ հաւանաբար այս ծրագրին համամիտ կը գտնուին Մարզուանի, Ամասիոյ եւ այլ շրջաններու վարչութիւնները: Որովհետեւ, երբ Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Ամասիոյ վարչութեան գրած էր 8 Յունուար 1893 թուակիր նամակին մէջ նման թերթի մը հրատարակութեան: Իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ, կ’աւելցնէ թէ նախապէս նոյն առաջարկով նամակ ստացած է նաեւ Մարզուանի վարչութենէն, որուն տուած է նոյն պատասխանը:
Տերսիմի քիւրտերուն հետ բարեկամական կապեր հաստատելու համար, Շմաւոն քանի մը զինակիցներով կը մեկնի Տերսիմ: Սա, Տերսիմի քիւրտերուն հետ բարեկամական կապեր ստեղծելու առաջին կամ միակ նախաձեռնութիւնը չէր: Շմաւոնէն զատ, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի շատ մը գործիչներ՝ Փիլիկ, Կարապետ Ղումրիկեան, Գալուստ Արխանեան, Ա. Աչըգպաշեան, Տերսիմի Քեռի (Ռուբէն Շիշմանեան) եւ ուրիշներ, դիմած են այդ քայլին: Հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու թանկագին երազներէն մէկը եղած է, եւ գուցէ դեռ կը շարունակէ ըլլալ, գրաւել քիւրտ ֆէոտալական տարրերը իրենց կողմը եւ կանգնեցնել թուրք իշխանութեան դէմ: Այդ ուղղութեամբ գործած է Հնչակեան Կուսակցութիւնը՝ Շմաւոնի ձեռքով: Եւ, սակայն, բոլոր փորձերը, յեղափոխել՝ քիւրտերուն, տուած են ողբալի հետեւանքներ: Քիւրտերը ոչ միայն դուրս չեն եկած թուրք բռնակալութեան դէմ, այլ նոյնիսկ մատնած են Շմաւոնին: Իրօք, կարճ շրջանի մը համար, քիւրտերը Շմաւոնը կ’ընդունին բարեկամակաբար եւ սիրով: Շմաւոն եւ իր ընկերները անմիջապէս կը լծուին քիւրտերուն ուժանակ պատրաստել եւ փամփուշտ լեցնել սորվեցնելու աշխատանքին: Սակայն երբ Խարբերդի նահանգապետը քիւրտ ցեղապետէն կը պահանջէ կալանաւորել Շմաւոնը եւ իրեն յանձնել, քիւրտերը անմիջապէս կը կատարեն այդ հրահանգը:
Շմաւոն շղթյակապ վիճակով կը ղրկուի Կ. Պոլիս: Մինչեւ Սամսոնի նաւահանգիստը, Շմաւոնի ընկերները կը փորձեն փախցնել զինք, բայց չեն յաջողիր: Սամսոնի մէջ, Շմաւոն ինքն է, որ իր ճարպիկութեան շնորհիւ կը յաջողի փախուստ տալ եւ թաքնուիլ: Խստագոյն փնտռտուքները չեն յաջողիր բացայայտել անոր թաքստոցը:
Կ’անցնի Մարզուան ու շուրջ տարի մը, փախստական պայմաններու տակ կը գլխաւորէ շրջանի յեղափոխական շարժումները:
Շմաւոնի համբաւը կը մեծնայ եւ ան կը դառնայ ժողովրդային հերոս: Այս դէպքերէն քանի մը տարի յետոյ երբ Ռ. Խանազատ կազմակերպչական նպատակներով Ամերիկա կը մեկնի, կը հանդիպի արաբկիրցիներու, որոնց մասին կը վկայէ. «Նիւ Եորքից գնացի Ֆիլատելֆիա: Այստեղ հնչակեան մասնաճիւղը բաւականին ուժեղ եւ բազմանդամ էր շնորհիւ այն հանգամանքի, որ այդտեղի հայ գաղութը մեծաւ մասամբ արաբկիրցիներ էին, այսինքն՝ այն վայրից, որտեղ Կաֆեան-Շմաւոնն էր գործել: Շմաւոնի անունը պաշտամունքի առարկայ էր արաբկիրցիների բերնում»: Շմաւոնի գործունէութեան կ’անդրադառնայ նաեւ անգլիական Կապոյտ Գիրքը ("Blue Book", թիւ 1, 1892, էջ 80):
Երբ հետապնդումներուն պատճառով իր գործունէութիւնը գրեթէ անհնար կը դառնայ, Շմաւոն կ’անցնի արտասահման՝ Աթէնք, ուր հաստատուած էր Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, եւ որուն շուրջ համախմբուած ուսանողներուն մէջ էր նաեւ իր նշանածը՝ Նինա Քանանեանը: Շմաւոն կարճ ժամանակ մը կը մնայ Աթէնք, կ’ամուսնանայ Նինայի հետ, ապա կը շրջագայի եւրոպական կարգ մը քաղաքներ:
Յեղափոխական եռանդով լեցուն Շմաւոն կը վերադառնայ բուն Երկիր եւ Մարզուանի մէջ կը ստանձնէ յեղափոխական շարժման ղեկը: Այս անգամ սակայն ան չի կրնար փախուստ տալ ձերբակալութենէն: Դատարանին առջեւ Շմաւոն կ’ունենայ համոզուած ու խիզախ յեղափոխականի կեցուածք: Ան թուրք դատաւորներուն կը բացատրէ ազատագրական շարժման եւ սոցիալիզմի էութիւնը: Որպէս ռուսահպատակ, թրքական իշխանութիւնները զինք կը յանձնեն ցարական իշխանութեան: Փեթերսպուրկի դատարանին կողմէ կը դատապարտուի հինգ տարուան աքսորի, հիւսիսային Ռուսիոյ Վալոկտա նահանգը:
1912-ին, երբ Ստեփան Սապահ Կիւլեան քարոզչական-կազմակերպչական նպատակով կ’այցելէ Փոքր Հայքի շրջանները, Սեբաստիոյ մէջ կը հանդիպի վաստակաշատ գործիչ Կարապետ Գաբիկեանին, որ ամէն ձեւի վտանգներ աչքի առնելով իր քով բծախնդրութեամբ պահած կ’ըլլայ Փոքր Հայքի յեղափոխական շարժումներուն հետ կապուած բոլոր փաստաթուղթերը: Սապահ Կիւլեան, այդ թղթածրարին վրայ ակնարկ մը նետելէ ետք կը գրէ. «Ամէնից հետաքրքրականն է Շմաւոնի ձեռքով գրուած, հարց ու պատասխանի ձեւով գրուած հետեւեալ տողերը.
- Ի՞նչ է Հայկական Դատի էութիւնը:
- Սուրբ եւ նուիրական:
- Ինչո՞ւ համար:
- Որովհետեւ հայ ազգի ազատութիւն, Հայաստանի անկախութիւն կայ:
- Ո՞վ է մեր դատին արգելքը. ո՞վ է մեր սուրբ եւ նուիրական իրաւունքը ոտնակոխողը:
- Թուրք բռնապետութիւնը:
- Ի՞նչ պիտի անել ազատուելու համար:
- Յեղափոխութիւն:
- Ուժ ունե՞նք:
- Այո՛:
- Ո՞ւր է այդ ուժը:
- Մեր ժողովուրդի մէջ:
- Մենք յեղափոխականներս մեծամասնութիւն ենք թէ՞ փոքրամասնութիւն:
- Հիմա փոքրամասնութիւն ենք. բայց երբ մեր ընդգրկած գաղափարները փրոփականտա անենք, ժողովուրդին զարթեցնենք, գիտակցութեան բերենք, կազմակերպենք, այն ժամանակ մենք մեծամասնութիւն կը կազմենք:
- Ինչպէ՞ս յեղափոխութիւն պիտի կազմենք:
- Նախ փոքր շարժումներով, հրոսակային խմբերի գործունէութեամբ, մատնիչներին, դաւաճաններին տեռորի ենթարկելով, յետոյ՝ երբ յեղափոխական գաղափարը կը տարածուի, բոլոր ժողովուրդը կը կազմակերպուի, կը զինուի եւ երբ յարմար առիթ կը ներկայանայ, այն ժամանակ Ընդհանուր Ապստամբութիւն:
Պարզ լեզուով գրուած այս հարցաթերթիկը, ակներեւաբար պատրաստուած է յեղափոխական շարժման նոր միանալ ցանկացող պարզ մարդոց համար, որ սակայն, իր խորքին մէջ կ’արտացոլէ Շմաւոնին համոզումները...:
Աքսորի ժամանակը լրանալէն ետք, Շմաւոն պաշտօն կը գտնէ «Նադիեժտա» ճամբորդական ընկերութեան մէջ եւ իր աշխատանքին բերմամբ կ’այցելէ Անդրկովկասի եւ Պարսկաստանի շարք մը քաղաքներ: Այս միջոցին ան կը մասնակցի նաեւ ազգային-հասարակական կեանքին:
1905 Սեպտեմբերին ՍԴՀԿ Ե. Համագումարին ընդառաջ, Պաքուի պատգամաւորներ Ահրիմանի (Սարգիս Քալաշեան) եւ Արծուիկի (Տիգրան Յարութիւնեան) հետ կը մեկնի Փարիզ ու կը մասնակցի նախահամագումարեան խորհրդակցութիւններուն (Շմաւոն պատգամաւոր չէր): Այդ խորհրդակցութիւններուն, Նազարբէկի եւ Ռ. Խանազատի կողքին կը պաշտպանէ Անդրկովկասի մէջ Կուսակցութիւնը ամբողջապէս ռուսական յեղափոխական շարժման մէջ ընդգրկելու եւ տաճկահայ դատի հետապնդումը տաճկահայութեան ձգելու տեսակէտը՝ որ Համագումարին կողմէ չ’ընդունուիր:
Նոյն տարին, մինչ Շմաւոն կը գտնուէր Փեթերսպուրկ, կը պայթի Ռուսական Ա. Յեղափոխութիւնը եւ Անդրկովկասի մէջ ծայր կ’առնեն հայ-թաթարական բախումները: Կ’ալեկոծի նաեւ ուսանողութիւնը: Ուսանողական հաւաքներէն մէկուն ընթացքին ելոյթ կ’ունենայ նաեւ Շմաւոն ու կը պաշտպանէ այն տեսակէտը որ հայ-թաթարական բախումները ցարիզմի սադրանքներն են եւ ուսանողութիւնը պէտք է իր պայքարը ուղղէ ցարիզմին դէմ:
«Որոտընդոստ ծափերի տակ վերջացրեց ընկ. Կաֆեանը իր կոկիկ ռուսերէն լեզուով արտասանած ճառը, որի տպաւորութիւնը այնքան մեծ էր, որ նա անդամ ընտրուեց այդ նոյն օրը վերոյիշեալ գործադիր մարմնի մէջ»:
1908 Սեպտեմբերին Թիֆլիսի մէջ տեղի կ’ունենայ «հայ ներկայացուցչական ժողով», որուն նպատակն էր օգտուելով Օսմանեան Սահմանադրութեան ընձեռած առիթէն, կազմակերպել Անդրկովկաս ապաստանած արեւմտահայութեան տունդարձը: Գ. Կաֆեան կը մասնակցի այդ ժողովին եւ կ’ընտրուի գործադիր վարչութեան անդամ:
1917 Փետրուարին կը մասնակցի Ռուսաստանի «պուրժուա-դեմոկրատական» յեղափոխութեան: Նոյն տարուան Սեպտեմբերին, Թիֆլիսի մէջ կը մասնակցի Հայ Համազգային Համախորհրդակցութեան՝ որպէս Թիֆլիսի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ:
Վաստակաշատ յեղափոխականը կը մահանայ Թիֆլիս 1930-ին:
Այդ մասին հայ մամուլը չ’անդրադառնար:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Յաւերժի Ճամբու Կերտիչները, էջ 9-17, Տոքթոր Եղիկ Ճերեճեան, Պէյրութ 2014:
- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. Այվազյան — Երևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005.