Մարտիրոս Պոյաճեան
Մարտիրոս Պոյաճեան (Ժիրայր, 1856[1], Հաճըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 24 Մարտ 1894, Եոզղատ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), հայ ազգային-ազատագրական շարժման մասնակից։ Հնչակեան կուսակցութեան անդամ։
Մարտիրոս Պոյաճեան | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Հարութիւն-Մարտիրոս Պոյաճեան |
Ծնած է | 1856[1] |
Ծննդավայր | Հաճըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 24 Մարտ 1894 |
Մահուան վայր | Եոզղատ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | ֆետայի, քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ |
Կուսակցութիւն | Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն[1] |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Հաճըն: Կրտսեր եղբայրն էր Համբարձում, պատմութեան մէջ Մեծն Մուրատ անունով ծանօթ, որ դարձաւ հայ ազատագրական պայքարի եւ քաղաքական կեանքի փայլուն դէմքերէն:
Ծննդավայրի Վարդանեան դպրոցը աւարտելէ ետք երկու տարի սորված է Կ․ Պոլսոյ մէջ, ապա վերադարձած է Հաճըն եւ նոյն դպրոցին մէջ աշխատեած իբրեւ ուսուցիչ։
Ժիրայր, Հաճընէն դուրս գալէն ետք, նուիրուած է հայ ժողովուրդի ազատագրութեան գաղափարին:
Երզնկայի մէջ կազմած է ֆետայական երկու խումբեր, որոնք անոր կազմած խումբերու շարքին առաջիններն էին:
1877-1878 թուականներուն կը ծագի ռուս-թրքական պատերազմը, որ կը դառնայ հայ ազգային քաղաքական միտքին կիզակէտը:
Կիլիկիոյ վրայով Ժիրայր երկրորդ անգամ կը մեկնի Երզնկա: Ուսուցչութիւն ըրած է Միացեալ ընկերութեան վարժարանին մէջ:
Երզնկայէն ետք, մուրացկանի ցնցոտիի տակ թափուած, ճամբորդներու խումբի մը խառնուելով, Ժիրայր մեկնած է Սեբաստիոյ Բինկեան գիւղը: Բինկեանի մէջ ան ուսուցչութիւն ըրած է, դասաւանդելով թուահաշիւ, տոմարակալութիւն, աշխարհագրութիւն եւ մարմնամարզ:
Ժիրայրի դաստիարակած սերունդէն դուրս կու գան հայ ազգային ազատագրական պայքարի եւ հասարակական կեանքի ակնառու դէմքեր:
Բինկեանէն Ժիրայր մեկնած է Տիւրիկ, ուր իբրեւ ուսուցիչ գործած է մէկ տարի: Կազմած է աշակերտական խումբեր, որոնցմէ ապագային դուրս կու գան ազգային ազատագրական պայքարի շատ մը անձնազոհ գործիչներ:
Տիւրիկէն մեկնած է Պոլիս եւ յետոյ անցած է Կիլիկիա, կեդրոնանալով Չորք Մարզպանի մէջ:
Ժիրայր 1890-ին վերադարձած է Հաճըն եւ եղած Կեդրոնական վարժարանին տնօրէնը: Աշակերտները զէնքի վարժեցուցած է եւ անոնցմէ խումբեր կազմած:
Հաճընէն փախստական դուրս գալով Ժիրայր մեկնած է Փոքր Հայք, իբրեւ գործունէութեան կեդրոն ընտրելով Էվէրէկը, այնուհետեւ` Կէմէրէկը: Շարունակած է կազմակերպչական թափառումները Եոզկատի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ:
Ժիրայր ձերբակալուած է 8 Մարտ 1894-ին եւ արագ դատավարութենէ մը ետք, 24-25 Մարտ 1894-ի գիշերը կախաղան բարձրացուած է Եոզկատի մէջ[2]: