Եոզղատ, կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ, Փոքր Ասիոյ կեդրոնական մասին ՝ Պոնտոսի լեռնաշղթայի արեւելեան հատուածին մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ունէր 48 հայաբնակ գիւղ՝ հինգ հազար հայ բնակչութեամբ։ 1914 Հոկտեմբերին, գաւառին մէջ 18-45 տարեկան հայ տղամարդիկ զօրակոչուած են թրքական բանակ եւ կոտորուած՝ 1915 թուականին հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ։

Բնակավայր
Եոզղատ
թրք.՝ Yozgat
Զինանշան

Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 2054 քմ²
ԲԾՄ 1406 մեթր
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 105 167 մարդ (2018)
Փոստային ցուցանիշ 66000
Պաշտօնական կայքէջ yozgat.bel.tr(թուրք.)

Նախապատրաստելով հայերու ջարդը՝ թրքական կառավարութիւնը Անգարայի նահանգապետ (վալի) նշանակած է հայատեաց Աթըֆը, իսկ Եոզղատի փոխգաւառապետ՝ Քէմալը։ Բանտերու մէջ արձակուած մօտաւորապէս 3000 քրէական յանցագործներ զինեցին եւ երիտթրքական սպաներու ղեկավարութեամբ ուղարկած են հայերը ջարդելու։ Ըստ նախապէս մշակուած ծրագրի՝ 1915 Յուլիսին, թրքական ոստիկանութիւնը զինաթափած եւ շրջափակուած է հայկական գիւղերու բնակիչները, հաւաքած եւ ոչնչացուցած է մնացած տղամարդիկը, որմէ յետոյ հայերու վրայ կը յարձակի մուսուլման սպառազէն խուժանը, թալանելով եւ կատարելով խոշտանգումներ ու բռնաբարութիւններ։

20 hազարանոց թուրք ամբոխը՝ Եոզղատի Պուրունքըշլա հայաբնակ գիւղի հայերէն պահանջած է իսլամութիւնը ընդունիլ, զանոնք հաւաքած է իսլամի դրօշին տակ եւ ոչնչացուցած։ Գիւղի 120 հայերուն կացիններով խոշտանգած ջրաղացներու մօտ, բռնութեամբ տեղահանած կանանց, երեխաներու մեծ մասը կոտորած մօտակայ ձորին մէջ։

1 Օգոստոսին, Եոզղատ քաղաքի շուկային մէջ սկսած էր տեղի ունենալ հայերու կոտորածը։ Փակուեցան քաղաքի կամուրջներն ու մուտքերը, ձերբակալուած հայ մտաւորականները երկու օր անց յօշոտած են թրքական զինուած խուժանը, որոնք յետոյ հայ բնակիչներու բռնութեամբ տեղահանեցին, շատերը բարբարոսաբար սպանեցին Տէտէ Սումլօ գիւղի մօտ եւ Քըզըլ Ըրմաքի կամրջին վրայ։ Փոխգնդապետ Քեմալի մասնակցութեամբ հայերու իսկական սպանդ տեղի ունեցաւ Եարա տէրեսի ձորին մէջ, ուր, թալանելով անոնց քարաւանները, տղամարդիկը կապկպեցին եւ սպանեցին։ Ականատեսի վկայութեամբ, անօգնական հայերը գազանաբար խոշտանգեցին, կացիններով սպանեցին, նոյնիսկ մանկահասակ երեխաները։ Հայերը որոշ վայրերու մէջ դիմեցին ինքնապաշտպանութեան, սակայն չկրցան կանխել ջարդը, որու հետեւանքով գաւառի հայ բնակչութեան 97%-ը ջարդուած է։

Թրքական զինուորական դատարանը 1919-ին մահապատիժի կը դատապարտէ Քեմալը, որու անմիջական ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ սպանուած էր 30 հազար հայ։ Դատավարութեան ընթացքին վկայակոչուեցան Եոզղատի հայերը զանգուածային ոչնչացման եւ անոնց նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւններու բազմաթիւ փաստեր։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի, Պէյրութ, 1965։
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։