Համբարձում Պօյաճեան

(Վերայղուած է Համբարձում Պոյաճեան-էն)

Համբարձում Պօյաճեան (Մեծն Մուրատ, 12 Մայիս 1867(1867-05-12), Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 2 (15) Յունիս 1915[1], Կեսարիա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ յեղափոխական գործիչ, Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան։ Եղբայրն է յեղափոխական գործիչ՝ Ժիրայրին։

Համբարձում Պօյաճեան
Ծնած է 12 Մայիս 1867(1867-05-12)
Ծննդավայր Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 2 (15) Յունիս 1915[1] (48 տարեկանին)
Մահուան վայր Կեսարիա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2][1]
Մասնագիտութիւն ֆետայի, բժիշկ, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր

Յեղափոխական գործիչ,

Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան
Վարած պաշտօններ Օսմանեան կայսրութեան պատգամաւորներու պալատի անդամ.
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն[1]

Ուսումը ստացած է տեղւոյն Միացեալ Վարժարանին մէջ։ Պոլիս մեկնելով, կը յաճախէ Իտատի վարժարանը, որուն շրջանը աւարտելէ ետք, կը մտնէ Պոլսոյ Բժշկական Համալսարանը, զոր չ'աւարտեր։

Դեռ ուսանող, 1888-ին կը դառնայ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կազմակերպիչներէն մին[3]։

15 Յուլիս 1890-ին, Պոլսոյ մէջ կը կազմակերպէ Գում Գափուի ցոյցը, որմէ ետք, կը հալածուի համիտեան վարչակարգին կողմէ: Հայորդիին գլխուն համար կը խոստանան 2000 ոսկի պարգեւ։ Խուսափելով ձերբակալութենէն՝ ան կը փախչի Յունաստան, Աթենք իսկ 1892-ին ծածուկ կը հասնի Ալեքսանտրեթի նաւահանգիստը եւ հոնկէ ոտքով կ'անցնի Սասուն։ Մէկ տարի ետք, Կովկասի մէջ կը ձգտի ապահովել տեղի հայութեան աջակցութիւնը Սասնոյ լեռնականներուն։ Սոցիալ Դեմոկրատ Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Կեդրոնի հրահանքով կը ղեկավարէ Սասնոյ 1895-ի ապստամբութիւնը, որ ի վերջոյ եւրոպական միջամտութեան արժանանալով, առիթ կու տայ 11 Մայիսի Բարենորոգումներուն։ Սասունցիները զինք կը համարեն իրենց փրկիչը, քանի որ Բարենորոգումներու ծրագիրին շնորհիւ, գէթ շրջան մը կ'ունենան կեանքի, ինչքի եւ պատիւի ապահովութիւն։ Մուրատ իր մեծ եղբօր՝ Ժիրայրին եւ հնչակեան հիմնադիր գործիչ՝ Միհրան Տամատեանին հետ հիմնական ներդրում կ'ունենայ 1894-ի Սասնոյ Ա. ապստամբութեան կազմակերպման մէջ։ Անդրանիկի ու Գէորգ Չաւուշի հետ ձեռնամուխ կ'ըլլայ ապստամբութեան կազմակերպման գործին։ Տամատեանի ձերբակալութենէն ետք Մուրատ կը ստանձնէ Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր ղեկավարութիւնը։ Քիւրտ ասպատակներուն եւ Թրքական զօրքերուն դէմ մղուած հերոսական կռիւներուն մէջ կ'արժանանայ խիզախ ֆետայիի ժողովրդական հռչակին։

Օգոստոս 1894-ին թուրքերը կը յաջողին ճնշել Սասնոյ ապստամբութիւնը, որմէ ետք Մուրատ կը ձերբակալուի ու երկու տարի կը մնայ Բաղէշի բանտը։ Օտար ազդեցութիւններու շնորհիւ, մահավճիռը կը փոխուի ցկեանս բանտարկութեան։ 12 տարի բանտարկուած կը մնայ Թրիփոլիի մէջ (Թարապլոս Ալ Ղարպ, ներկայիս՝ Լիպիա): Սուլթանական «Եըլտըզ» պալատին մէջ, Մուրատի հարցաքննութեան, վարագոյրին ետեւէ կը հետեւէր Սուլթան Ապտիւլ Համիտը։ 1906-ին կը փախչի Ֆրանսա, ուրկէ կը սկսի աշխատակցիլ հնչակեան պաշտօնաթերթ «Հնչակ»ին՝ հայ յեղափոխականներու միջեւ համերաշխութիւն, գործակցութիւն եւ ուժերու միաւորում քարոզելով ապա կ'անցնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

1908-ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր Նոյեմբերին կ'ընտրուի Ազգային Երեսփոխան (Գում Գափուէն) եւ Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան (Ատանայէն) (1908-1912)։ Խորհրդարանին մէջ կը ծաւալէ բուռն գործունէութիւն. կ'ընդդիմանայ ոչ-իսլամներու զինուորագրութեան, Սուլթանին իրաւասութիւններուն ընդլայնման առաջարկներուն եւն.։ Ատանայի Աղէտէն ետք (1909) խստօրէն կը դատապարտէ կառավարութեան գործունէութիւնը, արժանանալով թուրք պաշտօնակիցներուն հակառակութեան։ Բուռն պայքար կը մղէ իթթիհատական նորահաստատ իշխանութեանց ազգայնամոլական վարքագիծին դէմ։ Յատկապէս 1909-ի Ատանայի կոտորածի օրերուն, Մուրատ անհաշտ պայքար կը բանայ Կիլիկիոյ Աղէտի իթթիհատական պատասխանատուներուն դէմ եւ այդ առճակատումը կը շարունակուի մինչեւ 1915-ի չարափաստիկ օրերը, երբ Իթթիհատ պետականօրէն ի գործ կը դնէ հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը գլխատելով ամբողջ հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու իր ահաւոր ծրագիրը։ 1915-ին մահուան կը դատապարտուի. 24 Օգոստոսին, Կեսարիոյ մէջ կը բարձրացուի կախաղան։

«Մեծն Մուրատ»ի գաղափարախօսութիւնը

Խմբագրել

Որպէս ընկերվարական, ժողովրդանուէր, յեղաշրջիչ եւ արդարամիտ գործիչ, ան խիստ քննադատն է Իթթիհատին եւ յետադիմական ուժերուն. իր յանդուգն որոշումները դրական համբաւ մը կ'ապահովեն իրեն: Բազմաթիւ հրատապ խնդիրներու շուրջ ան կը ցուցաբերէ քաղաքացիական գիտակցութիւն եւ համարձակութիւն, ինչպէս` հայոց օսմանեան բանակի ծառայութեան, Ատանայի 1909-ի ջարդերուն, գոյքերու եւ կալուածներու, տուրքերու, հանրային կրթութեան, աղջիկներու ամուսնութեան տարիքի, արհեստակցական ընկերութեանց, բանուորական իրաւունքներու, կաշառակերութեան, անպարկեշտ պաշտօնէութեան, դատարկապորտներու եւ այլն: 1914-ին կը կայանան երեսփոխանական նոր ընտրութիւններ: Մուրատի նկատմամբ նիւթուած խարդաւանքները պատճառ կ՚ըլլան որ ան դուրս մնայ քաղաքական այդ ամպիոնէն: Սակայն ան կը շարունակէ ազգային - հասարակական եռուն գործունէութեամբ զբաղիլ:

«Յեղափոխական եւ շրջահայեաց. հպարտ եւ «վեհերոտ կարծուելու չափ համեստ». ղեկավար եւ պարզ զինուոր. համոզուած կուսակցական եւ համագործակցութեան ջերմ ջատագով: Մուրատ սիրուեցաւ եւ յարգուեցաւ բոլորէն: Իր զէնքի ընկերները պաշտամունքի հասնող հաւատարմութիւն մը ունեցան անոր հանդէպ»(Եղիկ Ճէրէճեան, «Հրասիրտները»)

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 376.
  2. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 117. — ISBN 978-2-905686-93-0
  3. «Մեծն Մուրատ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին 

Աղբիւրներ

Խմբագրել