Սասնոյ Բ. Ապստամբութիւն
Սասնոյ Բ. Ապստամբութիւն Պայքարի ու ինքնապաշտպանութեան նոր շարժում մը, որուն կազմակերպութիւնը կը ստանձնէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։
Մինչ թուրք կառավարութիւնը 1894-ին իր զօրաւոր հարուածը կ'իջեցնէր Սասնոյ առաջին ապստամբութեան վրայ եւ կը խորհէր լաւ դաս մը տուած ըլլար հայկական յեղափոխութեան, անդին Սասնոյ մէջ ծնունդ կ'առնէր պայքարի ու ինքնապաշտպանութեան նոր շարժում մը, որուն կազմակերպութիւնը կը ստանձնէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ 1895էն սկսեալ դէպի Երկիր յեղափոխական գործիչներ եւ զինատար խումբեր ղրկելու աշխատանքը կը կազմէր Դաշնակցութեան յեղափոխական գործունէութեան գլխաւոր բաժինը։ Հետզհետէ հիմը կը դրուէր ժողովուրդին մէջ տարածուած դաշնակցական ֆետայական կորիզներուն։ Յեղափոխական գործունէութեան նպատակը կը դառնար ժողովրդային զանգուածներու կազմակերպումը՝ թէ՛ ինքնապաշտպանութեան եւ թէ՛ ընդհանուր ապստամբութեան համար։ Ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը կը կատարուէր չափազանց զգոյշ եւ գաղտնի պայմաններու մէջ, թշնամիին հետ որեւէ բախում չունենալու եւ յեղափոխութեան զարգացումը աննշմար դարձնելու համար։ Յատկապէս Հրայր Դժոխքի հետապնդած այս գործելակերպին նպատակն էր երկար ժամանակի ընթացքին, առանց կոտորածներու առիթ տալու, յառաջացնել այնպիսի կուռ, ներդաշնակ եւ կազմակերպ հայութիւն մը, որ կարենար վառ պահել յեղափոխութեան կրակը եւ տոկալ ամէն տեսակ ճնշումներու ու դժուարութիւններու[1]։
Ընդհանուր
ԽմբագրելՏարիներ շարունակ Սասունը եղաւ լուռ ու մունջ աշխատանքի, ժողովուրդի մէջ քարոզչութեան եւ զէնք ու զինամթերք պատրաստելու վայր մը Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար։ Ժողովուրդը, շնորհիւ Հրայրի եւ իր մտածելակերպը իւրացուցած յեղափոխականներու ճիգերուն, գիտակցեցաւ երկարաշունչ պատրաստութեան կարելիութեան եւ գրգռութիւններ ստեղծելու համար, յաճախ համակերպեցաւ կառավարութեան ոտնձգութիւններուն, վճարեց իրմէ պահանջուած տուրքերը, յաճախ ենթարկուելով չարաչար տանջանքներու, բայց ոչ մէկ ձեւով խոստովանեցաւ հայ յեղափոխականներու գործունէութեան մասին, ընդհակառակը՝ միշտ զօրավիգ կանգնեցաւ անոնց, իր տունը տրամադրելով եւ հացէն բաժինը հանելով։ Իսկ հոն ուր կամքով տկար մարդիկ իրենց սեփական մորթը փրկելու համար մատնեցին ֆետայիները, նոյնինքն ժողովուրդին ձեռքով իրենց պատիժը ստացան։
Յատկապէս, 1898-էն1899 թուականներուն, օգտուելով սասունցիներու խաղաղ վերաբերմունքէն, իրենց գագաթնակէտին հասան քիւրտերու եւ թուրք ոստիկաններու բռնութիւնները (հարկերու հաւաքում, հողերու գրաւում, կառավարութեան միջոցով զինուած չէրքէզներու բնակեցում հայկական գիւղերու մէջ՝ հայը բռնի ուժով իր սեփական հողէն դուրս քշելէ ետք)։ Ժողովուրդին մէջ խոր արմատներ ձգեց այն միտքը, որ իր փրկութեան ելքը միայն յեղափոխութիւնն է, երկարաշունռ ու գաղտնի կազմակերպումը։ Հայութիւնը յուսալքելու եւ անոր մարտական գործունէութիւնը անդամալուծելու համար շատ փորձեր ըրաւ թուրք կառավարութիւնը։ Քանի մը դաւադիրներու ձեռքով գլխատեց եւ թունաւորեց Սերոբ Աղբիւրը՝ Սասնայ ժողովուրդին անվեհեր հերոսը, եւ անոր գլուխը գիւղէ-գիւղ պտըտցնելով փորձեց ահ ու սարսափի մատնել գիւղացիները։ Նոյն օրերուն, Սասնոյ մէջ ֆետայական եւ ժողովրդային կազմակերպման ընդհանուր ղեկավար Գուրգէն (Պաղտասար Մալեան), որ դարձեալ Հրայրի գաղափարակիցն էր ու զանգուածային պայքարի հաւատացեալը, դաւադրութեան մը հետեւանքով պաշարուեցաւ թուրք զօրքերու կողմէ եւ իր փոքրիկ խումբով քաջաբար կռուելէ ետք, ինկաւ թշնամիի գնդակէն (Ցրօնքի կռիւը)։ Բայց այս բոլորը չկրցան տկարացնել հայ ժողովուրդին կամքը։ Ան վերստին եւ աւելի եռանդով փարեցաւ իր ազատագրական պայքարին դրօշը կրող կազմակերպութեան՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ու անոր զինուորներուն։ Շուտով կուսակցութեան որոշումով, Սասնոյ շարժումը վերակազմակերպելու լիազօրութիւնը տրուեցաւ Հրայր Դժոխքին եւ Վահանին։ Վահան (Կարապետ Տողրամաճեան) յեղափոխութեան գիրկը նետուած էր կանուխէն, Պոլսոյ մէջ, իբրեւ գործակից Արշակ Վռամեանին եւ Բաբգէն Սիւնիին։ Պուլկարիոյ մէջ ան վարած էր ուսուցչական պաշտօն, իսկ աւելի ուշ՝ Ռոստոմի թելադրանքով անցած էր Վան։ 1901-ի վերջերը, իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, ան կ'անցնի Սասուն։ Վահան գիշերային ճամբորդութիւններով կ'ուղղուէր դէպի Սասուն։ Ճամբան, իւրաքանչիւր գիւղէ անցնելու ատեն, ժողովուրդի ներկայացուցիչները կը փութային ողջունելու Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը, իրենց յարգանքը յայտնելու համար անոր։ Գիւղէ- գիւղ անցնելու ժամանակ Վահանը կ'առաջնորդէին սասունցի ձիաւոր եւ հետեւակ զինուած խումբեր, ու երբ ան ապահով կերպով մօտակայ գիւղը կը հասնէր, կը հանդիպէր նախօրօք պատրաստուած աղ ու հացի սեղանի, կը կտրէր հացը ու կը մտնէր տիւղ։ Այս բոլորը կազմակերպած էր Հրայրը, որպէսզի Վահանի եւ հետեւաբար կուսակցութեան վարկը ժողովուրդին մօտ բարձրացնելով, նոր յոյս ու հաւատ ներշնչուի անոր։ Անտարակոյս, նպատակը անձի մը հերոսացումը չէր, որովհետեւ Վահան եւս ամբողջովին համամիտ էր Հրայրին հետ ու կը հաւատար ժողովուրդին հաւաքական ուժին։ Նոյն պատճառով, Սասուն մտնելէ ետք, Վահան այլեւս անմիջական ներկայութիւն մը չեղաւ ժողովուրդին մէջ։ Հրայր կ'ուզէր, որ ժողովուրդին համար անհատ հերոսներ ստեղծելու փոխարէն, ստեղծուի հերոսութեան եւ յեղափոխական սրբութեան խորհուրդը։ Ան «աներեւոյթ» Վահանի կամքին կապած էր ամբողջ գործին կազմակերպութիւնը, իսկ ինք իբրեւ այդ կազմակերպութեան ոգին, ժողովուրդը կը բարձրացնէր դէպի այդ խորհրդաւոր, լեռներուն մէջ նստած յեղափոխական ուժը։ Այսպիսով, Հրայր շուտով կարողացաւ ժողովուրդին մէջ ստեղծել միասնակամութիւն մը հանդէպ ընդհանուր պայքարին, որուն շնորհիւ ըմբոստ Սասունը իր հարեւան գաւառներու օգնութենէն զերծ մնալով հանդերձ, յաջողեցաւ մինչեւ իր վերջին շունչը հերոսաբար կռուիլ։
Ապստամբութեան նախօրեակին
ԽմբագրելԴաշնակցութեան գործունէութիւնը տարիներ շարունակ տարուած էր Սասնոյ, Մշոյ դաշտի, եւ շրջակայ հայկական գաւառներու ճնշուած հայութիւնը ոտքի հանելու եւ զինեալ ինքնապաշտպանութեան մղելու ուղղութեամբ։ Սակայն, երբ հասաւ 1904-ի Յունուար ամիսը, դէպքերը ուրիշ ընթացք ստացան։ Թրքական տասը հազար հաշուող զօրքեր, իրենց հետ առնելով հազարաւոր քիւրտ զինուած խուժան, պաշարեցին Սասնոյ գիւղերը։ Ապստամբութեան եղանակին շուրջ տարակարծութիւններ յառաջացան ֆետայիներուն մօտ։ Անոնց մէկ մասը կ'առաջարկէր ապստամբութիւնը տարածել Սասունէն դուրս եւս, որպէսզի թշնամիին ուժերը ստիպուած ըլլան ցրուիլ ուրիշ շրջաններ եւ այդպիսով Սասնոյ վրայէն թեթեւնայ ճնշումը։ Սակայն Հրայր ունէր այն համոզումը, որ այդպիսով հայութիւնը պարզապէս աւելի զոհեր պիտի տայ, որովհետեւ թշնամիին հետ բախելու անխուսաբելիութիւնը ստեղծուած էր շատ աննպաստ պայմաններու մէջ։ Դէպի Երկիր ֆետայիներու մուտքին թափը գրաւած էր կառավարութեան ուշադրութիւնը եւ Սասունը կը գտնուէր կռուելու հարկադրանքին տակ։ Մինչդեռ, տակաւին չէր ապահովուած զինամթերքի անհրաժեշտ պաշարը եւ չէր ստեղծուած քիւրտերու հետ համագործակցութիւնն ու միասնակամութիւնը։ Ուստի, կ'որոշուի ապստամբութիւնը սահմանափակել Սասնոյ մէջ եւ ընդհանուր սկզբունք կը ճշդուի նախայարձակ չըլլալ։
Կռիւները
ԽմբագրելՅունուարէն մինչեւ Մարտ տեղի կ'ունենան փոքր ընդհարումներ, որոնց ընթացքին հայ կռուողները թշնամին ետ մղելով եւ դիրքեր փոխելով կը յաջողին առանց կորուստներ տալու խուսափիլ ճակատամարտէ։ Բայց վերջապէս, Ապրիլ ամսուան սկիզբը, հայկական եւ քրտական երկու գիւղերու միջեւ ծագած մասնակի վէճ-կռիւ մը պատրուակելով, 10 հազարէ աւելի թուրք կանոնաւոր զօրք եւ 7 հազար զինեալ քիւրտեր կ'անցնին ընդհանուր յարձակողականի, միանգամընդմիշտ ընկճելու համար հերոսութեան այդ բոյնը՝ Սասունը։ 200 ֆետայիներ, իրենց հետ ունենալով ժողովրդային խաւերէ 800 զինեալներ, պատրաստ էին ճակատումի։ Դիրքերը բաժնուած էին ֆետայիներուն միջեւ, Հրայր Դժոխքի, Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի ընդհանուր հրամանատարութեամբ։ Ամբողջ 3 շաբաթ կռիւները կ'ըլլան շատ բուռն։ Թրքական զօրքերը որքան կը խստացնեն իրենց պաշարման օղակը, նոյնքան հերոսական ու հարուածող կը դառնայ հայ յեղափոխականներուն դիմադրութիւնը։ Իսկ հոն ուր ժողովուրդը կոտորածէ փրկելու համար ֆետայիները կռիւով զայն կը փոխադրեն ուրիշ գիւղ մը, պարպուած գիւղերը կ'այրուին նոյնինքն գիւղացիներուն ձեռքով որպէսզի թշնամին չտիրանայ կռիւի ապահով դիրքերուն։ Կենաց մահու այդ բուռն կռիւներուն մէջ է, որ կը նահատակուի Հրայր Դժոխք, 26 Ապրիլին, Կելիէկուզանի կռիւին, որմէ ետք ամբողջ երեք օր թրքական թնդանօթներու շարունակական ռմբակոծումներուն ենթարկուելէ ետք, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կ'որոշէ Սեբաստացի Մուրատի ղեկավարութեամբ եւ 117 հոգինոց զինեալ խումբի մը առաջնորդութեամբ մէկ կողմէ Սասնոյ ժողովուրդը ապահով շրջաններ փոխադրել, իսկ միւս կողմէ՝ ֆետայական ցրուած խումբերով եւ լեռներու մէջ պահուըտած գիւղացիներով ապստամբութիւնը շարունակել։ Հերոսական այդ կռիւներուն կը զոհուի նաեւ Վահան, 16 Մայիս 1904-ին։
Հետեւանքները
ԽմբագրելԹէեւ թրքական զօրքը մտաւ Սասուն, բայց չյաջողեցաւ ընկճել հայ ֆետայիներուն կազմակերպ ուժը։ Ֆետայական խումբերէն մաս մը առժամաբար հեռացաւ Սասունէն իսկ մնացեալը ժողովուրդին հետ վերադարձաւ Սասուն, ընդյատակեայ իր շարժումը շարունակելու համար։ Վերադարձող գործիչները Գէորգ Չաւուշի եւ Գոմսայ Իսոյի (Կորիւն) ղեկավարութեամբ կ'որոշեն շարունակել Հրայրի ուղին։ Թէ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող հալածանքներուն դուրսէն հետեւող ժողովուրդներուն համար Սասունը կը դառնայ օրինակելի փորձառութիւն մը։ Եւրոպան, որ մինչ այդ տեսած էր Հայու տանջանքները միայն ու զայն ճանչցած իբրեւ խեղճ ու հպատակ ժողովուրդ մը, այժմ հիացմունքով կ'արտայայտուէր անոր ցուցաբերած քաջութեան ու պահանջատիրութեան մասին։ Եւրոպական պետութիւններու անդրադարձը նկատելի կը դառնայ։ Զանազան երկիրներու խորհրդարաններու մէջ բողոքի ու հայութեան իրաւունքները պաշտպանող ելոյթներ տեղի կ'ունենան։ Այդ բողոքները, իրենց կատարեալ ազդեցութիւնները չեն կրնար գործել եւ Եւրոպայի շահախնդիր պետութիւնները չեն կրնար ամբողջովին արգիլել թուրքիոյ սանձարձակութիւնները։ Այսուհանդերձ, թուրք պետութեան կը պարտադրեն ջնջել Սասունը ամբողջովին հայութենէ պարպելու եւ թուրքերով ու քիւրտերով բնակեցնելու ծրագիրը։ Սասունը ձգած ժողովուրդը իր հողն ու տունը վերադառնալով կը սկսի վերաշինել այդ փոքրիկ հայրենիքը, որ թէեւ ծանրօրէն վիրաւորուած (2 հազար հայ տուներ քանդուած, հազարաւոր անմեղ հայեր զոհուած եւ 8 հազար գիւղացիներ իրենց գիւղերէն հեռացած), դարձեալ իր բոցին մէջ պիտի աճեցնէր հայ ազատագրական պայքարի արմատները[2]։
13 Ապրիլ 1904-ին թուրք կառավարութիւնը 15 վաշտ զինուորներով եւ բազմաթիւ քիւրտերով կը պաշարէ Սասունը՝ ժողովուրդը բնաջնջելու համար։ Այս շրջանին Սասնոյ բարձունքներուն վրայ հաւաքուած էին հայ ֆետայիները, որոնց ընդհանուր հրամանատարն էր Անդրանիկ։
Թուրքերը նախ խաբէութեամբ ուզեցին ձերբակալել յեղափոխականները. առաջարկեցին, որ անձնատուր ըլլան բոլորը, ապա երբ տեսան, որ խաբէութիւնը ապարդիւն կ'անցնի, պաշարեցին Սասունը եւ 6 օր անընդհատ թնդանօթներով ռմբակոծեցին հայկական գիւղերը։
Հայ ֆետայիները ամիսներ շարունակ քաջութեամբ դիմադրեցին թուրք բանակին։ Պաշտպանեցին ժողովուրդին կեանքը եւ հետզհետէ բարձրացան Սասնոյ անառիկ բարձունքները։ Պատերազմը վերջ գտաւ, երբ սպառեցան հայ կռուողներուն զինամթերքն ու պաշարը։ Անդրանիկ, Սեբաստացի Մուրատի, Քեռիի եւ ուրիշներու հետ կռուելով անցաւ Վասպուրական։ Խումբ մը ֆետայիներ, Գէորգ Չաւուշի առաջնորդութեամբ, մնացին Սասուն եւ շարունակեցին կռիւը թուրք բռնակալութեան դէմ։
Սասնոյ այս կռիւներուն ընթացքին նահատակուեցաւ Հրայրը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Kurdoghlian Mihran (1996)։ Hayots Badmoutioun, Volume III (հայերեն)։ Athens, Greece: Hradaragoutioun Azkayin Ousoumnagan Khorhourti։ էջ 47
- Эдуард Оганесян. Век борьбы. Москва-Мюнхен, т.1., 1991, стр. 221—231.
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «THE SASSOUN MASSACRE; Proof of the Assertion that Armenian Revolutionists Caused It. TESTIMONY OF REV. CYRUS HAMLIN A Protest Against Americans Helping England to Realize Political Aspirations in the East»։ The New York Times։ August 23, 1895
- ↑ Correspondence on events in Sasun. May 22, 1904//Sassoun et les atrocités hamidiennes, interpellation. Les atrocités. Rapport officiel. Genéve, 1904, p. 27–32.