Գում Գաբուի Ցոյցը

Գում Գաբուի ցոյցը տեղի կ՝ ունենայ 1890 Յուլիս 15-ին, Կ․ Պոլսոյ մէջ։ Ցոյցին կազմակերպիչն է Հնչակեան Կուսակցութիւնը։

Սուլթան Համիտի իշխանութեան օրով հայ ժողովուրդին վիճակը, յատկապէս գաւառներու մէջ, շատ աւելի կը վատթարանայ։1890 Յունիսին, Էրզրումի մէջ թրքական բանակը կ՝ ուզէ խուզարկել հայկական եկեղեցին։ Ժողովուրդը կ՝ ընդդիմանայ։ Տեղի կ՝ ունենայ խռովութիւն։ Հնչակեան Կուսակցութիւնը յարմար կը գտնէ կազմակերպել ցոյց մը եւ գաւառի հայութեան վիճակին մասին բողոքագիր մը ներկայացնել Սուլթան Համիտին։ Ցոյցը տիղի պիտի ունենար Կ․Պոլսոյ մէջ, որպէսզի օտար դեսպանատուներն ու թղթակիցները տեղեակ ըլլային այդ մասին։ Ցոյցը պիտի սկսէր Գում Գաբուի հայոց մայր եկեղեցիէն, այն պատճառաբանութեամբ, որ հոն հաւաքուած ժողովուրդը եկած է աղօթելու։ Ապա, եկեղեցիին մէջ պիտի կարդացուէր պահանջագիրը եւ Աշըգեան Պատրիարքին գլխաւորութեամբ ժողովուրդը պիտի շարժէր դէպի Սուլթանական դէսպանատուն։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։