Մշակ (թերթ)
Մշակ, հասարակական-քաղաքական, գրական թերթ։ Հրատարակուած՝ 1872-1921 թուականներուն, Թիֆլիս։
Մշակ Մշակ | |
---|---|
| |
Տեսակ | թերթ |
Լեզու | հայերէն |
Խմբագիր | Գրիգոր Արծրունի, Ալեքսանդր Քալանթար?, Համբարձում Առաքելեան եւ Առաքել Բաբախանեան |
Հիմնադրուած է | 4 (16) Սեպտեմբեր 1872 |
Հիմնադիր | Գրիգոր Արծրունի |
Երկիր | Ռուսական Կայսրութիւն |
Հրատարակման վայր | Թիֆլիս |
Գրասենեակ | Թիֆլիս, Թիֆլիսի գաւառ |
Թերթին ծնունդը
Խմբագրել«Մշակ» թերթին ծնունդը տեղի ունեցած է հետաքրքրական դիպուածով մը:
«Մշակ»ը եղած է «Հիւսիսափայլ» ամսագիրին ժառանգորդն ու շարունակողը, որ ի տարբերութիւն «Հիւսիսափայլ»ին, կը հրատարակուի Թիֆլիսի մէջ։ Հիմնադիրը եղած է հրապարակախօս ու քննադատ՝ Գրիգոր Արծրունին։ Արծրունի Կրթութիւն ստանալէ ետք Գերմանիոյ մէջ, կը վերադառնայ Հայաստան։ Ան կ'երազէ անձնական լրագիր ունենալ։ Հարուստ ռազմական գործիչ մը ըլլալով՝ Երեմիա Արծրունիի որդի՝ Գրիգոր, կը բախի նիւթական մեծ դժուարութիւններու, որովհետեւ հայրը թերթի մը խմբագրութիւնը կը համարէր ոչ պատուաբեր՝ իր զաւակին համար։ Օր մը, Թիֆլիսի մէջ, «Եւրոպա» սրճարանին մէջ, Արծրունի կը հանդիպի երկու երիտասարդներու՝ Միհրդատ Ամերիկեանին եւ Գէորգ Չմշկեանին, ուր կը պարզուի, թէ անոնք կ'երազէին հայկական թատրոն մը ստեղծել։ Այդ օրն իսկ ընդունուած է «Մշակ» թերթին հիմնադրման օրը։
«Մշակ» թերթը, լոյս կը տեսնէր սկիզբը շաբաթական մէկ, այնուհետեւ՝ երկու, երեք եւ հինգ անգամ։ Առաջին խմբագիրը կ'ըլլայ Գրիգոր Արծրունին։
Հետագային, «Մշակ»ի խմբագիրները եղած են Ալեքսանտր Քալանթարը, Ա. Առաքելեանը եւ Լէոն (Ա. Բաբախանեան)։
Խմբագրակազմին մաս կազմած են նաեւ՝ Պօղոս Իզմայիլեան, Բարսեղ Շահվերտեան, Րաֆֆի, Պերճ Պռոշեան, Ստեփան Բալասանեան, Միհրդատ Ամերիկեան[1]:
Հրատարակման քաղաքական ժամանակաշրջան
Խմբագրել«Մշակ»ի հրատարակման տարիները կը համընկնին Արեւելեան ճգնաժամի, ճնշուած ազգերու ազատագրական շարժման, ռուս-թրքական պատերազմի, Պերլինեան Քոնկրէսի ու Հայկական հարցը վերացնելու հետ։ Ժամանակաշրջանը հարուստ էր պատմական իրադարձութիւններով։ Թերթը հանդէս կու գար ազատական - պուրժուական դիրքերուն վրայ գտնուող հոգեւորականութեան եւ պահպանողականներու կարծրամտութեան դէմ։ Կը գրէր Թուրքիոյ հայերու ծանր կացութեան մասին, վեր կ'առնէր ժողովուրդի լուսաւորութեան, կանանց իրաւունքներու, հայ գրականութեան ու արուեստի զարգացման հարցերը։ Գիւղացիներու եւ բանուորներու ճնշուած իրավիճակը նոյնպէս իր արտացոլումը կը գտնէր «Մշակ»ի էջերուն մէջ։
Այլ թղթակիցներ
ԽմբագրելԹերթն ունէր նաեւ օտարերկրեայ թղթակիցներ, որոնք տեղեկութիւններ կը հաղորդէին արտասահմանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին։ Գրիգոր Արծրունի եղած է բարեփոխումներու կողմնակից։ Թերթին մէջ կը տպագրուէին Րաֆֆիի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի, Ալեքսանտր Շիրվանզադէի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։ «Մշակ»ի հետ նաեւ կը համագործակցէր Անդրէաս Արծրունին՝ Գրիգոր Արծրունիին եղբայրը, որ տնտեսագիտական կրթութիւն ունենալով, թերթին մէջ մեծ տեղ կը յատկացնէր տնտեսագիտական հարցերուն։
«Մշակ» թերթը 1893-1913 թուականներուն
Խմբագրել19 Դեկտեմբերին 1892-ին, «Մշակի» տաղանդաւոր խմբագիր՝ Գրիգոր Արծրունիի մահէն ետք, թերթը կը դադրի լոյս տեսնելէ։14 Հոկտեմբեր 1893-էն սկսեալ, Ալ. Քալանթարի խմբագրութեամբ, թերթին առաջին թիւը կը հաւաստիացնէ իր հաւատարմութիւնը թերթին նախկին ուղղութեան եւ սկզբունքներուն։
«Մշակը» 1893-1913 թուականներուն, նոյնպէս պարբերաբար արծարծած է հայ ժողովուրդի կրթութեան ու լուսաւորութեան հետ կապուած հարցերը, քննարկած է գրականութեան եւ արուեստի օրուան հարցերը, հայ ժողովուրդին հրամցուցած է ռուս եւ համաշխարհային գրականութեան գոհարները։
Թերթին մէջ արծարծուած այլ նիւթեր
Խմբագրել«Մշակ»ը, հակառակ ցարական գրաքննութեան յարուցած դժուարութիւններուն, ընդարձակ տեղ կը յատկացնէր արեւմտահայութեան հարցին՝ հանգամանօրէն անդրադառնալով 1894 -1896 թուականներու Սուլթան Համիտի կողմէ կազմակերպուած արեւմտահայութեան կոտորածին, 1904-ի Սասնոյ ապստամբութեան, եւ այլն։ Թերթը կը մատնանշէր եւս Զուիցերիոյ մէջ նոր ստեղծուած երիտթուրքերու կազմակերպութեան նենգ քաղաքականութիւնը։
Հայ եկեղեցւոյ սկզբունքներու բարեկարգում
Խմբագրել«Մշակ»ը եկեղեցւոյ վերակառուցումը առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը կը համարէր, ըստ որուն, եկեղեցին հարկ էր հրաժարէր աւանդական շարք մը սկզբունքներէն։ Եկեղեցին իսկապէս ժողովուրդին ծառայեցնելու նպատակով, կ'առաջարկէր բոլոր եկեղեցական գիրքերը թարգմանել աշխարհաբարի։
20 Հոկտեմբեր 1913-ին, Րաֆֆիի մահուան տարելիցին օրը, կը մահանայ «Մշակ»ի խմբագիր՝ Ալ. Քալանթարը, որուն կը փոխարինէ՝ Համբարձում Առաքելեանը։
Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, Վրաստանի մէջ,1921-ին, թերթը լոյս տեսնելէ կը դադրի[2][3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Մշակ (թերթ, 1872-1921)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-06
- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՄՇԱԿ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-13
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայկական հարց, հանրագիտարան, Երեւան, 1996։
- «Մշակ» լրագիր. բովանդակութեան ցանկ, Ե., 197
- Հայկական համառօտ հանրագիտարան, հատոր 3, Ե., ՀԽՀԳԽ, 1999, էջ 757: