Լէօ (Առաքել Գրիգոր Բաբախանեան) (26 Ապրիլ (8 Մայիս) 1860, Շուշի, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 14 Նոյեմբեր 1932(1932-11-14), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ պատմաբան, գրող, գրականագէտ, հրապարակախօս, ՀԽՍՀ գիտութիւններու եւ արուեստի հիմնարկի իսկական անդամ։

Լէօ
Ծնած է 26 Ապրիլ (8 Մայիս) 1860
Ծննդավայր Շուշի, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 14 Նոյեմբեր 1932(1932-11-14) (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Շուշիի Թեմական դպրոց
Կոչում փրոֆեսոր
Երկեր/Գլխաւոր գործ Անցեալից
Մասնագիտութիւն պատմաբան, գրագէտ, գրականագէտ, հրապարակախօս, Խմբագիր, արձակագիր, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1860-նի ապրիլի 26-ին, Շուշի (Արցախ)։ Հետեւած է Շուշիի Թեմական եւ Քաղաքային վերակազմեալ վարժարաններուն։ 1878 թուականին աւարտած է Շուշիի քաղաքային վերակազմեալ դպրոցը։ Շուշիի եւ Պաքուի մէջ աշխատած է իբրեւ նոտարային գրագիր, հեռագրիչ, «Արօր» տպարանի կառավարիչ։

Գրական գործունէութիւն

Խմբագրել

Պատանեկան տարիներէն Լէոն աշխատակցած է «Մշակին» ձգելով պատմագիտական, գրական եւ հրապարակախօսական մեծ ժառանգութիւն, հայոց պատմութեան մեծահատոր գործեր եւ բազմաթիւ հրապարակախօսական յօդուածներ։

1877 թուականէն աշխատակցած է «Մշակ», «Արձագանք», «Արմենիա», «Մուրճ», «Հանդես ամսօրյա», «Տարազ», «Հորիզոն», «Համբավաբեր» եւ այլ պարբերականներու, տպագրած հարիւրաւոր քննադատ, յօդուածներ, վիպակներ, պատմագիտական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններ։ Մինչեւ պատմագիտական իր աշխատութիւնները, Լէոն իր գրական գործունէութեան առաջին տաս

ամեակին զբաղած է գրական–հրապարակախօսական աշխատանքներով, գրած է վէպեր, պատմուածքներ, վիպակներ որոնք յաջորդաբար լոյս տեսած են՝ Թիֆլիսի, Պաքուի, Շուշիի, Վենետիկի, Ս. Ղազարի եւ Պոլսոյ հայ մամուլի էջերուն մէջ[1]։

1906–1907 թուակններուն դասաւանդած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն ներս, ապա տեղափոխուախ է Թիֆլիս եւ նուիրուած գիտական աշխատանքի։

1924 թուականին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաուէրով ան Թիֆլիսէն եկած է Երեւան եւ աշխատանքի անցած իբրեւ Պետական համալսարանի աւագ դասախօս (ուր դասախօսած է հայոց պատմութիւն)։ Անոր դասախօսութիւնները տպագրուած են ձեռագիրի իրաւունքով եւ Յակոբ Մանանդեանի դասախօսութիւններուն հետ միասին դարձած հայոց պատմութեան համալսարանական առաջին դասագիրքերը։

ԵՊՀ-ի մէջ հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը գիտական մակարդակի վրայ դնելու գործին մէջ Յակոբ Մանանդեանի, Մանուկ Աբեղեանի, Հրաչեայ Աճառեանի եւ ուրիշներու հետ միասին մեծ երախտիք ունի նաեւ Լէոն։

1925 թուականին Լէոյին շնորհուած է փրոֆէսորի կոչում։ Նոյն թուականին ան դարձած է ՀԽՍՀ գիտութեան եւ արուեստի հիմնարկի (1930 թուականէն՝ ՀԽՍՀ գիտութիւններու ինստիտուտ) իսկական անդամ։

Վախճանած է 1932-ի Նոյեմբեր 14-ին՝ Երեւան։

Լէոյի անունով Երեւանի մէջ անուանուած են դպրոց եւ փողոց։ Լէոյի պրոնզաձոյլ կիսանդրին կը գտնուի ԵՊՀ կեդրոնական մասնաշէնքի նախասրահին մէջ։

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Լէոյի յայտնի աշխատութիւնները՝

  • «Հայոց պատմութիւն»
  • «Անցեալից»
  • «Թուրքահայ յեղափոխութեան գաղափարախօսութիւնը»
  • «Հայկական տպագրութիւն»
  • «Գրիգոր Արծրունի»
  • «Ստեփանոս Նազարեան»
  • «Ս. Մեսրոպ»
  • «Խոջայական կապիտալ»
  • «Պատմութիւն Ղարաբաղի հայոց թեմական հոգեւոր դպրոցի»
  • «Վանի թագաւորութիւնը»
  • «Հայոց հարցի վաւերագրերը»

Լէոի գեղարուեստական գործերէն են՝ «Ոսկու ժխորի մէջ» վիպակը եւ «Մելիքի աղջիկը» պատմավէպը, որ առաջին անգամ տպագրուած է «Մշակ» լրագիրի մէջ։

Գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները

Խմբագրել
  • «Սնապաշտութեան քուրմ», 1884 (պատմուածք)
  • «Դարտամահ», 1890 (պատմուածք)
  • «Արնագին», 1890 (պատմուածք)
  • «Այծարածը», 1904 (պատմուածք)
  • «Մի բուռը մոխիր», 1904 (պատմուածք)
  • «Պանդուխտ», 1888 (պատմուածք)
  • «Կորածները», 1889 (պատմուածք)
  • «Ոսկու ժխորի մէջ», 1901 (պատմուածք)
  • «Վահան Մասմիկոնեան», 1888 (պատմական զրոյց)
  • «Սպանուած հայրը», 1891 (պատմական զրոյց)
  • «Վերջին վէրքեր», 1891 (պատմական զրոյց)
  • «Թաթախման գիշեր», 1892 (պատմական զրոյց)
  • «Լեռնցիները», 1896 (պատմական զրոյց)
  • «Մելիքի աղջիկը», 1898 (պատմա-աւանդական վէպ)
  • «Վարդանանք», 1916 (թատերախաղ)

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Պետրոսեան, Հ., Հայ գիտնականներ, հրապարակախօսներ, ժուռնալիստներ, Երեւան, 1960, էջ 319-324։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել