Ռափայէլ Պատկանեան

Ռափայէլ Պատկանեան (Քամառ Քաթիպա[2], 8 (20) Նոյեմբեր 1830, Նոր Նախիջեւան, Եկատերինոսլավի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 22 Օգոստոս (3 Սեպտեմբեր) 1892, Նոր Նախիջեւան, Ռոստովի շրջան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]), հայ գրող եւ մտաւորական։

Ռափայէլ Պատկանեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Քամառ Քաթիպա
Ծնած է 8 (20) Նոյեմբեր 1830
Ծննդավայր Նոր Նախիջեւան, Եկատերինոսլավի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 22 Օգոստոս (3 Սեպտեմբեր) 1892 (61 տարեկանին)
Մահուան վայր Նոր Նախիջեւան, Ռոստովի շրջան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Լազարեան Ճեմարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ
Աշխատավայր Ներսիսեան դպրոց
Դորպատի կայսերական համալսարան?
Ս. Փեթերսպուրկ Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժանմունք
Ծնողներ հայր՝ Գաբրիէլ Պատկանեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ռափայէլ Պատկանեան ծնած է 1830 Նոյեմբեր 8-ին նոր Նախիջեւանի մէջ, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր հօր՝ Տէր Գաբրիէլի մօտ։ 1843-1849-ին ուսումը շարունակած է Լազարեան ճեմարանէն[2], ուսուցիչ կ՛ունենայ մեծանուն մտաւորական, մանկավարժ եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Էմինը[3]: Իսկ 1851-ին ուսում ստացած է Դորպատի համալսարանէն ներս։ Պատկանեան նոյն տարին ընդունուած է Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1866-ին աւարտած՝ Պեթերսպուրկի համալսարանի արեւելեան բաժինը։

1849-ին, գացած է Թիֆլիս՝ իր հօր քով, ուր Ներսիսեան դպրոցի մէջ վարած՝ ուսուցչական պաշտօն։ 1850-ին, կը մասնակցի իր հօր հրատարակած «Արարատ» շաբաթաթերթին։ Այդ միջոցին կը հրատարակէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները գրաբառ լեզուով, ապա կը սկսի գրել աշխարհաբառով։ 1851-1852 իր հօրեղբօրորդի Քերովբէ Պատկանեանի հետ, կը յաճախէ Դորպատի համալսարանը, բայց նիւթական աննպաստ պայմաններու բերումով, կը ձգեն Դորպատի համալսարանը եւ կը հաստատուին Մոսկուա՝ համալսարանի պատմական-լեզուագիտական դասախօսութիւններուն հետեւելու նպատակով։

1854-ին Մոսկուայի մէջ հայ ուսանողները կը կազմեն «Քամառ Քաթիպա» անուան տակ՝ գրական ընկերութիւն մը, երեք հիմնադիրներու անուանց սկզբնատառերը միացուած անուն մը․ իրենց նպատակն էր ինքնուրոյն եւ թարգմանօրէն գրուածքներ ժողովրդական հրատարակութիւն ընել, որուն բանաստեղծական մասն կը պատկանէր Ռափայէլին եւ որ առիթ մը եղաւ իր ճոխ բանաստեղծութիւնները գրելու։

Այս Քամառ Քաթիպա գործը հրատարակուեցաւ ընդամենը 5 տետրակ եւ որու մէջ երեւցաւ առաջին անագամ Մայր-Արաքսին եւ Դոդոխեանցի «Ծիծեռնակ»ը։

 
Ռափայէլ Պատկանեանին նուիրուած ՀՀ փոստային նամականիշ
 
Սուրբ Խաչ եկեղեցին՝Նոր Նախիջեւանի մէջ

1855-ի սկզբները Պատկանեան Մոսկուայի մէջ երկու տարի ապրելէ ետք կը տեղափոխւի Փեթերսպուրկ՝ Զինուորական բժշկական ակադեմիան մտնելու նպատակով եւ կ՛իրագործուի թէեւ, բայց ինք փոխելու իր որոշումը կ՛ընտրէ Արեւելեան բաժինը, ուր եւ կ՛աւարտէ 1860-ին իր բարձրագոյն ուսումը։

Բայց այդ միջոցին եռանդով կը զբաղի Քամառ Քաթիպա ընկերութեան հրատարակութիւններուն եւ այդ 5 տետրերուն մէջ կը տպէ 18 բանաստեղծութիւններ, եւ որովհետեւ ինք եղած էր ամէնէն եռանդուն եւ բեղմնաւոր մէկ աշխատակիցը սոյն ընկերութեան, միւսներու հեռանալովը ինք կը շարունակէ սոյն ծածկանունը Քամառ Քաթիպա եւ անկէ վերջ այնպէս կը ճանչցուի ամէն կողմ։

1860-ին, իր ուսմանց շրջանը աւարտելէն ետք, կը մնայ Փեթերսպուրկ իր հրատարակչական ասպարէզը չձքելու նպատակաւ․ ձեռք կը բերէ հայ եւ օտար լեզուներու տառեր պարունակող տպարան մը ու այնտեղ կը հրատարակէ իր գրուածքները։

Նոյն ատենները Մարկոս Աղաբեկեանի հրատարակած Կռունկ ամսաթերթին մէջ ունի տասէ աւելի բանաստեղծութիւններ։ Վարդան Մամիկոնեանի վիպասանութիւնը եւ քանի մը արձակներ Թոմա Բոցարիս, Թրովաթորէ, Խաչակրաց արշաւանքը՝ Մ․ Մէնասիրեն ծածկանունով։

Քամառ Քաթիպա գոհ չմնալով այս վիճակէն փափաքեցաւ իրեն յատուկ թերթը ունենալ, ուստի 1863 Սեպտեմբերին հրատարակեց առաջին թիւը Հիւսիս բազմավէպ շաբաթաթերթի։

Աշխատակիցներու թիւը մեծ չէր եւ բացի իր ծերունի հօր Տէր Գաբրիէլէն գրեթէ ոչ ոք չունէր, այնպէս որ ինք զբաղուած ըլլալով թերթին վարչական եւ գրական բաժիններուն չը կրցաւ բանաստեղծութիւններ գրել։ Հակառակ Պատկանեանի մեծամեծ ջանքերուն եւ նիւթական զոհողութիւններուն թերթը մեծ յաջողութիւն մը չունենար եւ կը դադրի 1864-ին։

Այդ թուականին կ՛ամուսնանայ Ատեմից Յովհաննէս Մէլիք-Զարմեանի աղջկան հետ։ Մոսկուայէն 1866-ին ան կ՛անցնի Ս. Փեթերսպուրկ, որու համալսարանին լեզուաբանութեան ճիւղը կ՛աւարտէ 1869-ին եւ ամբողջապէս կը նուիրուի գրական գործունէութեան[2]:

 
Դորպատի համալսարան

1867-ին ծննդավայրը վերադառնալով կը ձեռնարկէ կազմել «Ժողովածոյք օտարազգի բառերի Ն․ Նախիջեւանցոց լեզուի մէջ մտած» որ լոյս տեսաւ 1870 թուականին, անկէ ետք իր եղբօր Քերովբէ Պատկանեանի աջակցութեամբ հայ բարբառներու ուսումնասիրութեան համար նիւթեւ հրատարակել սկսաւ։

Հոն 1867 թուին իր ամուսնոյն հետ բացաւ «Օրինակել Բանսիօն» եւ մնալով քանի մը տարի տեղափոխուեցաւ 1873-ին Ռոստով ուր մնաց մինչեւ 1876։

Այդ միջոցներուն հրաւիրուեցաւ Նոր Նախիջեւանի եւ Պեսարապիոյ թեմական դպրոցներու հայերէնի եւ աշխարհագրութեան ուսուցչութեան, բայց հոն երկար չմնաց դժգոհութիւններու պատճառաւ եւ թողուց ուսուցչութիւնը 1878-ին ու յաջորդ տարին բացաւ «Մանկական Պարտէզ» անուն վարժարան մը, որ շարունակեց մինչեւ 1880՝ երբ իր եւ ուրիշ քանի մը անձերու նախաձեռնութեամբ հիմնուծ Արուեստական դպրոցին տեսուչ նշանակուեցաւ։ Այս պաշտօնը վարեց իրեն յատուկ եռանդով մը շարունակ 12 տարի մինչեւ իր մահը։

Բայց իբր ազգային բանաստեղծ Քամառ Քաթիպայի մեծութիւնը հոն է, որ 42 տարուան անխոնջ դրական գործունէութեան մէջ միշտ արձագանք եղած է ազգային կեանքի մտաւոր եւ բարոյական երեւոյթներուն եւ կենսական բարձր շահերուն եւ պահանջներուն, այն բոլոր մտածումները եւ տառապանքները, որոնք կրած են իր ժամանակակիցները՝ կենդանի կերպով պատկերացած է իրեն գործերուն մէջ։

1877-1878-ին խոր կերպով տպաւորուած կը գտնենք հարստահարութիւններէն, սակայն տառապածներու վիճակը բարւոքելու լուրերը զինքը խանդավառեցին եւ հարստահարուածներուն անվեհեր պաշտպան դարձաւ, մտրակեց բռնապետութիւնը, յանդիմանեց տաճկահայերու պախարակելի վախկոտութիւնը քաջալերեց զանոնք դէպի ինքնապաշտպանութիւնը, վերջապէս Քամառ Քաթիպա դարձաւ ճնշման եւ հալածման կենդանի բողոքը, որ արծարծուեցաւ աշխարհքի մէկ ծայրէն միւսը եւ շատ սրտեր արիւնոտեց, ասոր համար է որ Պատկանեան կոչուած է «Ազգային Բանաստեղծ»։

Գրած է վիպակներ եւ վէպեր եւ աշխատակցած Մեղու, Փորձ, Արձագանք, Արաքս, Մշակ, Նոր դար եւ Վարժարան թերթերուն։

1890-ին Պոլիս այցելած է, ուր մեծ պատիւներով ընդունած են զինք։

Կը մահուան թոքախտէ 1892 Օգոստոս 22-ին[3] իր ծննդավայրին մէջ՝ Նոր Նախիջեւան, ահա ինչպէս կը վերջացնէ փրոֆ․ Խալաթեանց իր կենսագրականը «նորա ամեն մի ձեռնարկութիւնը, նորա բոլոր գործունէութիւնը նուիրւած է եղել ազգին։ Ան էր եւ մնաց անշահասէր թէեւ միշտ նիւթական կարօտ վիճակի մէջ, բայց եւ միշտ անտրտունջ եւ միշտ գոհ իւր վիճակէն։ Ան մեռաւ՝ որբ ձգելով 9 զաւակներ եւ անմխիթար 4 միլիոն եղբայրներ սակայն եւ անուն մը, որ երբէք չի մոռացուիր քանի կը հնչէ հայկեան բարբառը»։

Երկերի մատենագիտութիւն Խմբագրել

  • Բանաստեղծութիւնք, Մոսկուա, 1864, 128 էջ:
  • Մանկական երգեր, Թիֆլիս, 1880, 109 էջ:
  • Բանաստեղծութիւնք, Մոսկուա, 1881, 180 էջ:
  • Մանկական ոտանաւորներ եւ երգեր, Տփղիս, 1881, 32 էջ:
  • Բանաստեղծութիւններ, Սանկտ Պետերբուրգ, 1893, 264 էջ:
  • Բանաստեղծութիւններ, Սանկտ Պետերբուրգ, 1895, 264 էջ:
  • Ընտիր երկասիրութիւններ, հատ. 1. Ոտանաւորներ, Սանկտ Պետերբուրգ, 1893, 360 էջ:
  • Ընտիր երկասիրութիւններ, հատ. 2. Արձակ գրուածներ, Սանկտ Պետերբուրգ, 1893, 480 էջ:
  • Ընտիր երկասիրութիւններ, հատ. 3, Սանկտ Պետերբուրգ, 1904:
  • Ազատութեան երգեր, Պէյրութ, 1933, 60 էջ:
  • Երկերի ժողովածու (Արձակ), Երեւան, 1946, 284 էջ:
  • Ընտիր երկեր, Երեւան, 1950, 748 էջ:
  • Երկեր (չափածո եւ արձակ), Երեւան, 1955, 780 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 1, Երեւան, 1963, 344 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 2, Երեւան, 1964, 384 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 3, Երեւան, 1966, 664 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 4, Երեւան, 1966, 620 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 5, Երեւան, 1968, 612 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 6, Երեւան, 1970, 656 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 7, Երեւան, 1973, 384 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 8, Երեւան, 1974, 484 էջ:
  • Նոր-Նախիջեւանեան պատմուածքներ, Երեւան, 1973, 352 էջ:
  • Երկեր. Բանաստեղծութիւններ, Պոեմներ, Ես նշանած էի, Փառասեր, Տիկին եւ Նաժիշտ, Մոնթէն մինչեւ վեր, Թօմաս Բօցարիս, Նոր Նախիջեւանի պատմուածքներ, Յօդուածներ, Յուշեր, Ճառեր, Նամակներ, Երեւան, 1980, 664 էջ:
  • Երկեր, Երեւան, 1984, 336 էջ:
  • Ստեղծագործութիւնների ժողովածու, Երեւան, 2012, 332 էջ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Ռուսահայ գրականութիւնը Լէօ
  • Ռ․ Պատկանեանի ընտիր երկասիրութիւնները․ Փրոֆ․ Խալաթեան 1893

Արտաքին Յղումներ Խմբագրել