Գաբրիէլ Պատկանեան

Գաբրիէլ Պատկանեան (26 Փետրուար 1802(1802-02-26), Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 13 Ապրիլ 1889(1889-04-13), Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն), բանաստեղծ, արձակագիր, պատմաբան, մանկավարժ, գրական-հասարակական գործիչ։

Գաբրիէլ Պատկանեան
Ծնած է 26 Փետրուար 1802(1802-02-26)
Ծննդավայր Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 13 Ապրիլ 1889(1889-04-13) (87 տարեկանին)
Մահուան վայր Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն պատմաբան, արձակագիր, ուսուցիչ
Ծնողներ հայր՝ Սերովբե Պատկանյան?
Երեխաներ Հովհաննես Պատկանյան? եւ Ռափայէլ Պատկանեան

Կեանք եւ գործունէութիւն Խմբագրել

Տէր Գաբրիէլ ծնած է Թիֆլիս, զաւակն էր Սերովբէ վարժապետին որ ծնած էր Պոլսոյ մէջ եւ մանկութեան ատեն ղրկուած էր Ս.Ղազար վանքը։

1805-ին ընտանեօք մեկնած է Աստրախան։ Սորված է իր հօր՝ Սերեվբէ Պատկանեանի հիմնադրած Աղապապեան դպրոցէն ներս, ապա հետեւած է ռուսական հոգեւոր սեմինարներու։ Տիրապետած է ռուսերէնին, անգլերէնին ու գերմաներէնին։

1827-ին ձեռնադրուած է քահանայ։ 1818-ին թարգմանած է Դիոդորոս Սիկիլիացիի «Պատմութիւն Մեծին Աղեքսանդրի Մակեդոնացւոյ» գիրքը (հրտ․ 1827) եւ գրած «Վարդապետութիւն Ուղղափառութեան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» աշխատութիւնը։ 1826-ին տեղափոխուած է Նոր Նախիջեւան, ուր դասաւանդած է հայերէն, ռուսերէն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն ու ուշադրութիւն գրաւած՝ իր հասարակական գործունեութեամբ։

1836-ին բացած է մասնաւոր վարժարան, ուր իրեն աշակերտած են Միքայէլ Նալբանդեա, Ռափայէլ Պատկանեան եւ ուրիշներ։ 1847-ին Ներսէս Աշտարակեցիի հրաւէրով տեղափոխուած է Թիֆլիս ու նշանակուած Նորաշէն եկեղեցւոյ վանահայր։ 1850-ին վարած է Ներսիսեան դպրոցի տեսչական պաշտօնը եւ միաժամանակ հրատարակած՝ «Արարատ» աշխարհաբար շաբաթաթերթը[1]։

1863-ին անցած է Փեթերսպուրկ, ուր զբաղած է ուսուցչութեամբ ու գրական աշխատանքով։

Գործերէն Խմբագրել

Բանաստեղծութիւններ Խմբագրել

«Գողթան երգեր», «Հարսանիք Արտաշէսի եւ Սաթինիկայ», «Յուլունսն Շամիրամայ», «Արի արքայն արքայից», «Վահագն», «Օրօրոցի երգ գիւղական այրի կնոջ», «Գեղեցիկ Նախիջեւան», «Քրտնաջան այգեպան», «Իշխան անխելք Եւ յիմար», «Առ հայրենիս», «Փունջ հայոց պատմութեան», «Վարդնամակ Կամ արկածք Վարդանայ», «Դիւցազն մեր ժամանակի»։

Պատմական ուսումնասիրութիւններ Խմբագրել

«Հայոց Ազգի Պատմութիւնը» (1863), «Միջնավէպք Հայոց Ազգի Պատմութենից» (1863) եւ այլն։

Մեծ արժէք կը ներկայացնէ «Յիշատակարան» աշխատութիւնը, որ իր բովանդակութեամբ, փաստերու առատութեամբ եւ գրելաձեւի վարպետութեամբ կը նկատուի հայ նոր գրականութեան նշանակալից երեւոյթներէն մին։

1850-ին թարգմանած է Շէքսպիրի «Համլէթը», որմէ պահպանուած են քանի մը տեսարաններ[2]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԱՐԱՐԱՏ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-15 
  2. «Բանբեր Մատենադարանի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-02-25-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-24 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։