Նոր Նախիջեւան կամ Տոնի Նախիջեւան[1] (ռուսերէն՝ Нахичевань-на-Дону կամ Нор-Нахичеван), հայաբնակ շրջան է Տոնի Ռոստով քաղաքին մէջ, Ռուսաստան։ 1778-ին Եկատերինա Բ. հրաւիրած է հայ վաճառականներ Ղրիմէն Ռուսաստան եւ զանոնք հաստատած են Տոնի մէջ, որ կոչած են Նոր Նախիջեւան՝ հայկական Նախիջեւանի անունը գործածելով։ 1928-ին Նոր Նախիջեւանը միացած է Տոնի-Ռոստովին։

Բնակավայր
Նոր Նախիջեւան
ռուս.՝ Нахичевань-на-Дону
Զինանշան

Երկիր  Ռուսիա
Հիմնադրուած է՝ 1779
Ժամային գօտի UTC+3։00

Պատմութիւն Խմբագրել

Նախապէս կոչուած է Նախիջեւան։ 1838-ին Երեւանի նահանգի (այժմ Ազրպէյճանի մէջ) Նախիջեւանէն տարբերելու համար վերանուանուած է Նոր Նախիջեւան։ 19-րդ դարու սկիզբը Նոր Նախիջեւանը արհեստա-արդիւնաբերական եւ առեւտրական կեդրոն էր։ Քաղաքամերձ գիւղերուն մէջ կը զարգանային անասնապահութիւնը եւ հողագործութիւնը։ Զարգացաւ քաղաքաշինութիւնը։ Քաղաքին մէջ կը կառուցուի 6 հայկական եկեղեցի, արուարձանին մէջ Սուրբ Նշան վանքը։ Նոր հաստատուած բնակչութեան արտօնութիւններ կը տրամադրուէին։ 1783-ին քաղաքին մէջ տպարան կը բացուի։ Կը գործէ հոգեւոր ճեմարան, իգական եւ արական գիմնազիաներ, արհեստագործական եւ առեւտրական ուսումնարաններ։ Ընդհանուր առմամբ 1819-ին Նոր Նախիջեւանի մէջ կը գործէին 9 բարեգործական եւ լուսաւորական հիմնարկութիւններ։ 1900-ին կը կառուցուի թատրոնի նոր շէնքը։

Նշանաւոր անձինք Նոր Նախիջեւանէն Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 52։ ISBN 99941-56-03-9