Ատանայի Կոտորած
Ատանայի կոտորած, կը վերաբերի՝ 1909 թուականի Ապրիլ 1-4 եւ 12-14-ին, Օսմանեան Թուրքիոյ Ատանայի եւ Հալէպի վիլայէթներու հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդին, որ կազմակերպուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ։
Ապտուլ Համիտ Բ.-ի մենատիրական իշխանութեան տապալումը եւ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը (1908) էական փոփոխութիւն չկատարեցին արեւմտահայերու բարդ իրավիճակին մէջ, սակայն աշխուժութիւն յառաջացուցին ազգային-քաղաքական կեանքէն ներս։ Ատանայի եւ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ հայերը, որոնք ինքնապաշտպանութեամբ դիմակայած էին 1890-ական թթ. ջարդերը, կարողացան յառաջդիմել տնտեսական, մշակութային ու հասարակական ասպարէզներու մէջ՝ իրենց ձեռքում կեդրոնացնելով երկրամասի առեւտուրն ու արդիւնաբերութիւնը։ Սահմանադրական կարգերէն դժգոհ թրքական յետադիմական ուժերը սկսան հայերուն ամբաստանել որպէս «Հուրիէթ» (նկատի ունենալով սահմանադրական կարգերու հաստատումը Թուրքիոյ մէջ) բերողներու, որոնք իբրեւ թէ կը հետապնդէին իշխանութիւնը թուրքերէն խլելու եւ «հայկական թագաւորութիւնը» վերականգնելու նպատակ։
1909-ի Մարտ 31-ին, Ատանայի վալիի գլխաւորութեամբ կայացած նահանգային խորհուրդի նիստին ընդունուեցաւ հայերուն ոչնչացնելու որոշում։ Ջարդը սկսելու վերաբերեալ յատուկ գաղտնի գրութիւններ ուղարկուեցան գաւառներ։ Կոտորածի նախօրէին, իշխանութիւնները մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք բաժնեցին իսլամադաւան բնակչութեան, բանտերէն արձակեցին շուրջ 500 ոճրագործներ։ Ապրիիլ 1-ին թուրք ամբոխը խուժեց քաղաքի փողոցները, հրապարակները, թաղամասերը եւ սկսան կոտորել հայերուն։ Առաջին ջարդը տեւեց երեք օր։ Ապրիլ 12-ին կարգ ու կանոնը «վերականգնելու» նպատակով Ռումելիայէն Ատանա ուղարկուած երիտթրքական վաշտերու քաղաքին մէջ երեւալը առիթ հանդիսացաւ վերսկսելու ջարդը, որ իր չափերով եւ իրականացման եղանակներով գերազանցեց նախորդին։
Խուժանի հետ կոտորածին մասնակցեցան տեղ հասած կանոնաւոր զօրամասերը։ Ջարդեր տեղի ունեցան Ատանայի բոլոր գաւառներուն մէջ եւ Հալէպի վիլայէթի արեւմտեան եւ հիւսիսային շարք մը հայաբնակ շրջաններու մէջ։ Ատանայի կոտորածին զոհ գնաց շուրջ 30.000 հոգի, որոնցմէ աւելի քան 20.000-ը՝ Ատանայի վիլայէթին մէջ։ Տասնեակ հայաբնակ քաղաքներ ու գիւղեր աւերակի վերածուեցան ու հրկիզուեցան։ Տէօրթ Եօլ, Հաճըն, Սիս, Զէյթուն, Շէյխ Մուրատ, Ֆընտըճագ եւ շարք մը այլ բնակավայրեր հերոսական ինքնապաշտպանութեամբ կասեցուցին տասնեակ հազարաւոր թուրքերու յարձակումը եւ փրկուեցան ջարդէն։ Երիտասար Թուրքերը դատաքննութեան սկսան, որ սակայն ձեւական բնոյթ կը կրէր. կառավարութիւնը կը ցանկանար գոհացնել եւրոպական հասարակական կարծիքը, մեղմել հայ բնակչութեան բողոքները եւ մեղսակցութենէ զերծ մնալ։ Կոտորածի իսկական ղեկավարներն ու պատասխանատուները մնացին անպատիժ։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Թերզեան Յ., «Կիլիկիոյ Աղէտը», Կոնտանդնուպոլիս, 1912։
- Աշճեան Յ., Ատանայի Եղեռնը եւ Գոնիայէ Յուշեր, Նիւ Եորք, 1950։