Երիտասարդ Թուրքերու Կուսակցութիւն


Երիտասարդ Թուրքերու Կուսակցութիւնը (Կամ՝ Երիտթուրքեր)- Օսմանեան Կայսրութեան ընթացքին կուսակցութիւն մըն էր որ կազմուած էր աւելի յառաջադէմ մտաւորականներէ։ Այս կուսակցութեան ղեկավարները ծրագրեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Անոնք տարբեր յեղափոխականներու խումբ մըն էին եւ կը ցանկանային բարեփոխել Օսմանեան կառավարութիւնը։ Այս շարժման արդիւնքը կը հանդիսանայ Երիտթուրքական յեղափոխութիւնը Սուլթան Ապտուլ Համիդ II–ի գահին դէմ 1908 թուականին։ Անոնք նաեւ կը նախընտրէին ունենալ երկրի վարչակարգ մը ուր սահմանադրութիւն պիտի կառավարէր երկիրը եւ իրենց յեղափոխութենէն ետք 1908 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով երկիր սկսաւ ունենալ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

Երիտասարդ Թուրքերու լոզունք մը ուր գրուած է, «Կեցցէ մեր հայրենիքը, Կեցցէ մեր երկիրը, Կեցցէ Ազատութիւնը» Ֆրանսերէն եւ Թրքերէն լեզուներով.

Նախապատրաստութիւն

Խմբագրել

Եւրոպայի զարգացած մայրաքաղաքներուն մէջ ուսանած մտաւորականներ աւելի յառաջադէմ մտայնութեամբ կ՚ուզէին բարենորոգումներ իրենց երկրին մէջ։ Յետադիմական օրէնքներով ղեկավարուող Օսմանական կայսրութիւնը պիտի չկրնար տոկալ եւրոպացիներու գաղութարար ախորժակներուն դիմաց։ Միակ ելքը բարենորոգումներն էին (թանզիմաթ), ծրագիրներ՝ որոնք սակայն չկիրականացան։ Թանզիմաթ ձախողութենէն ետք, մտաւորականութեան մէջ ծնունդ առաւ «Երիտասարդ Թուրքեր»-ու շարժումը։

 
Երիտասարդ Թուրքերու Առաջին Ընդհանուր Ժողովը 1902 Թուականին Փարիզ, Ֆրանսա

Կուսակցութեան Նպատակները

Խմբագրել
  1. Սահմանադրական կարգեր հաստատել կայսրութեան մէջ, առնուազն նախնական մակարդակով, այսինքն՝ որոշ ձեւի ներկայացուցչական ժողով մը։
  2. Երկիրը ճարտարարուեստականացնելու համար օգտուիլ օրինակէն եւ Արեւմուտքի մշակոյթը, գիտութիւնը, եւ կրթութիւնը նոր սերունդին դաստիարակութեան եւ յառաջդիմութեան ծառայացնել։
  3. Կայսրութեան բոլոր Ժողովուրդներուն մէջ, իսլամ թէ այլ, զարգացնել օսմանեան քաղաքացիութեան գիտակցութիւնը եւ օսմանեան հայրենիքին ծառայելու գաղափարը։

Շարժում

Խմբագրել

Շատ պարագաներու սուլթանին դէմ իրենց տարած պայքարին ու կառավարութեան դէմ բռնած դիրքին պատճառով, շարժումին ղեկավարները կը պարտադրուէին լքել Պոլիսը։ Եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ հաստատուելով, անոնք իրենց արտայայտութիւններով իրենց գաղափարները կը տարածէին եւ օսմանեան վարչակարգը կը քննադատէին համարձակօրէն։ Այս մտաւորականներն էին Եուսուֆ Զիա եւ Նամըք Քեմալ։ Եւրոպայի ղեկավարները կը քաջալերէին այս շարժումն ու երիտասարդները։

1876-ին Երիտասարդ Թուրք կուսակցութեան անդամ՝ Միտհաթ Փաշան ստանձնեց մեծ վեզիրի պաշտօնը եւ կրցաւ Սուլթան Ազիզիը փոխարինել տալ օրին աւելի յառաջադէմ կարծուած Սուլթան Ապտիւլ Բ-ով։

Երիտասարդներուն գաղափարաբանութիւնը կը տարածուէր արագօրէն։ Սկսան ստեղծուիլ խմբակցութիւններ, որոնք նպատակ ունէին սուլթանական կարգերը խորտակել եւ ժողովրդավարական վարչակարգ հաստատել երկրին մէջ։ Այս երիտասարդներէն շատեր մուտք գործեցին բանակին մէջ եւ հակառակ սուլթանին գործակալներուն հսկողութեան, կրցան բանակին մէջ իրենց գաղափարներ տարածել եւ համախոհներ շահիլ։ Երբ ստեղծուած խմբաւորները սկսան կամաց-կամաց միանալ եւ շարժումը ստացաւ «Երիտասարդ Թուրքեր» կամ «Երիտթուրք» անուանումը։

Յեղափոխութիւն

Խմբագրել

Երիտասարդ Թուրքերը հիմնեցին իրենց կուսակցութիւնը՝ Իթթիհատ Վէ Թերաքքի (Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն) անունով եւ իրենց ուժերը կեդրոնացուցին կայսրութեան եւրոպական ցամաքամասին վրայ՝ Թեսաղոնիկէ (Սալոնիք)։ Հոն ծրագրեցին սուլթանը գահընկէց ընելու եւ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու յեղափոխութիւնը։ Յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ 10 Յուլիս, 1908-ին։ Իր գահը փրկելու համար, սուլթանը 11 Յուլիսին յայտարարեց թէ վերահաստատուած է 1877-ին առկախուած սահմանադրութիւնը։ Այդպիսով, Սուլթան մնաց գահին վրայ եւ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

Հայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց յեղաշրջումը, որ կը խոստանար հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն՝ կայսրութեան բոլոր ժողովուրդներուն։ Միւս կողմէ՝ Սուլթան Համիր փորձեր կատարեց վերջ տալու Իթթիհատ թէ Թերաքքի կուսակցութեան պարտադրած սահմանադրական կարգերուն։ Իր վերջին փորձը՝ պահպանողական թուրքերու օգնութեամբ խորհրդարանի շէնքին վրայ յարձակումն էր։ Նպատակն էր բոլոր երեսփոխանները սպաննել։ Երիտասարդ Թուրքերը Պոլիս ուղարկեցին արդէն իրենց հսկողութեան տակ գտնուող բանակը, որ պաշարեց սուլթանին պալատը։ Սուլթան Համիտ գահընկէց եղաւ։ Զայն փոխարինեց Սուլթան Մեհմէտ Ե.։ Երիտասարդ Թուրքերը դարձեալ ստանձնեցին երկրին ղեկը։

Ղեկավարներ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Akçam, Taner (2006), A Shameful Act: The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility .
  • Balakian, Peter (2003), The Burning Tigris: the Armenian Genocide and America’s response .
  • Demonian, Hripsimé (1996), The Sick Men of Europe, Gyumri State Pedagogical Institute .
  • Fisk, R, The Great War for Civilisation: The Conquest of the Middle East, Vintage, ISBN 978-1-4000-7517-1 .
  • Hanioğlu, M. Şükrü, The Political Ideas of the Young Turks .
  •     (1995), The Young Turks in Opposition, Oxford University Press, ISBN 0-19-509115-9 .
  • International Association of Genocide Scholars (June 13, 2005)։ «Letter to Prime Minister Erdogan»։ Genocide Watch։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 4, 2007-ին։ արտագրուած է՝ June 30, 2007 
  • Schaller, Dominik J; Zimmerer, Jürgen (March 2008), «Late Ottoman genocides: the dissolution of the Ottoman Empire and Young Turkish population and extermination policies—introduction», Journal of Genocide Research 10 (1): 7–14, doi:10.1080/14623520801950820 .