Միութիւն Եւ Յառաջադիմութիւն


Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն (թուրք. «Ittihat ve terakki»,«իթթիհաթ վէ թերաքքի»), երիտթուրքեր, թրքական քաղաքական կուսակցութիւն։ Հիմնուած է 1889 թ. մայիս 21-ին՝ «Օսմանեան միասնութեան ընկերութիւն» անունով։ Նպատակն էր 1876 թուականի Սահմանադրութեան ու խորհրդարանի վերականգնումը։ Աւելի ուշ վերանուանուած է «Միութեան և յառաջադիմութեան օսմանեան ընկերութիւն» եւ միացած է երիտթուրքերու Փարիզի խումբին։ Հիմնադիրներն էին՝ Ապտուլլահ Ճեւտէթ, Իսհակ Սիւքութին, Իպրահիմ Թեմոն, Հիլմի Թունալըն եւ Աքիլ Մուխթարը։ Հալածանքներու պատճառով ղեկավարները կը փախչին արտասահման։ 1897 թուականին կը սկսին գործել ընկերութեան Ժնեւի, ապա Գահիրէի բաժանմունքները։ Ընկերութիւնը հրատարակած է թերթեր Կ.Պոլսոոյ, Զմիւռնիայի, Ժնեւի, Գահիրէի մէջ, եւ քննադատած՝ Ապտուլ Համիտ Բ.ի վարչակարգը։ 1902 թուականի Փարիզի համագումարին ընկերութիւնը կը պառակտուի եւ կը բաժնուի՝ 2 խումբի՝ Սապահէտտինի կողմնակիցներ եւ Ահմէտ Ռիզայի կողմնակիցներ։ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Խ. Մալումեանի միջնորդութեամբ, կողմերը կը համաձայնին միաւորել իրենց ուժերը սուլթանին դէմ պայքարին մէջ։ Այդ ժամանակ Սալոնիկի մէջ կը գործէր Ազատութեան օսմանեան ընկերութիւնը, որ կայսրութեան ներքին գործերուն՝ եւրոպական տէրութիւններուն միջամտութիւններուն դէմ արտայայտութիւններով հանդէս եկած էր։ 1908 թուականին այս ընկերութիւնը կ'որոշէ միանալ Փարիզի ընկերութեան հետ, եւ անոր պարագլուխները կը մտեն ԿԿ կազմի մէջ։ 1908 թուականի յուլիսի 23-ի զինեալ յեղափոխութեան հետեւանքով իթթիհատականները կը հռչակեն սահմանադրութեան վերականգնումը։ Անկէ ետք գաղտնի ԿԿ անդամներ Թալեաթը, Էնվերը, Պեհաէտտին Շաքիրը, Միթհատ Շիւքրին եւ ուրիշներ Սալոնիկէն կը տեղափոխուին Կ. Պոլիս, շուտով անոնց գլխաւորած ընկերութիւնը կը հռչակուի քաղաքական կուսակցութիւն։ Բանթուրքիզմի մոլի ջատագովներ ըլլալով՝ անոր ղեկավարները իրենց տասնամեայ գործունդէութեան ընթացքին (1908-18) Օսմանեան կայսրութւնը երեք անգամ ներքաշած են արկածախնդրական պատերազմներու (1911 թուականին՝ Տրիպոլիտանական, 1912-13-ին՝ Պալքանեան, 1914-18-ին՝ Առաջին աշխարհամարտ) մէջ՝ նոր տարածքներ գրաւելու նպատակով։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին եւ ընթացքին «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավարները ծրագրած եւ իրագործած են հայոց ցեղասպանութիւնը։ Պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ պարտութենէն ետք՝ 1918 թուականի հոկտեմբերի 19-ին, տեղի է կ'ունենայ կուսակցութեան վերջին համագումարը, որու ընթացքին կուսակցութիւնը ինքնալուծարման կ'ենթարկէ ինքզինք եւ կը յայտարարէ նոր՝ «Թեժատտուտ» («Վերածնունդ») կուսակցութեան ստեղծումը։ Սակայն նոյեմբերի 2-ին դաշնակիցներու(Անտանտի) զօրքերը կը մտեն Կ.Պոլիս, եւ «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավարները կը փախչին արտասահման։

1919—1920 թուականներուն Կ.Պոլսոյ մէջ տեղի կ'ունենայ կուսակցութեան ԿԿ անդամներու դատավարութիւնը։ Պատերազմի եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործները ի բացակայութեան մահուան կը դատապարտուին, սակայն յանցագործներու զգալի մասը խուսափած էր արդար պատիժէն։ Կուսակցութեան որոշ պարագլուխներու մահուան դատավճիռը կ'իրագործեն հայ վրիժառուները։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։