Նեմեսիսի Գործողութիւն

Նեմեսիսի Գործողութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմը վերջ կը գտնէ ի նպաստ դաշնակիցներուն, ուր պարտուած կեդրոնական պետութիւնները զինադադար կը պահանջեն: Թուրքիա 30 Հոկտեմբեր 1918-ին դաշնակիցներուն հետ կը ստորագրէ զինադադարի համաձայնագիրը: Սակայն իթթիհատական կառավարութեան անդամները, խուսափելով պատերազմին իրենց կատարած արարքներուն հետեւանքներէն, փախուստ կու տան Պոլիսէն եւ կ'ապաստանին ուրիշ բարեկամ երկիրներու մէջ:

Հայերուն դէմ կատարուածներուն տպաւորութիւնները տակաւին թարմ ըլլալով դաշնակիցներու յիշողութեան մէջ, կը ստիպեն Պոլսոյ մէջ կազմելու զինուորական ատեան մը՝ պատերազմի ոճրագործները դատելու համար: Այսպէս, քանի մը նիստերու ընթացքին կը դատուին իթթիհատ վէ թերաքքի կուսակցութեան շարք մը ղեկավարներ: Մահուան կը դատապարտուին մեծ ջարդարարներ՝ Էնվեր, Ճեմալ, Թալէաթ եւ տոքթ. Նազըմ, որոնք բոլորն ալ արդէն փախուստ տուած կը գտնուէին այլ երկիրներու մէջ բնականոն կեանք մը ապրելու համար:

Սակայն մահապատիժի վճիռները եւ դատավարութիւնները ընդհանրապէս դժգոհութիւն կը յառաջացնեն թուրքերուն մէջ, եւ կ'առաջնորդեն դաշնակիցները հրաժարելու դատավճիռներուն գործադրումը հետապնդելու աշխատանքէն: Այսպէս, ջարդարարները կը մնան անպատիժ եւ ազատ, օտար երկինքներու տակ նոր ու բնականոն կեանք մը վարելու ակնկալութեամբ:

Առաջին հերթին Թուրքիա ինք առաջինն էր իր գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցողը, երբ մահուան կը դատապարտէ զայն ծրագրող եւ գործադրող ոճրագործները: Թէեւ Պոլսոյ դատարանը ձեւական էր, սակայն անկէ մնացած արձանագրութիւնները, վկայութիւնները, խոստովանութիւնները եւ փաստաթուղթերը կը կազմեն կարեւոր ապացոյցներ Հայոց Ցեղասպանութեան համար:

Երկրորդ, հպարտութեամբ կրնանք արձանագրել, որ դաշնակից պետութիւններու կիսատ թողած գործը, «Նեմեսիսի գործողութիւն» որոշումով, դաշնակցութիւնը կը ստանձնէ մահապատիժներու գործադրութիւնը իր հաւատաւոր երիտասարդներու վրիժառու բազուկներուն վստահելով: Այս իմաստով Սիմոն Վրացեան կ'ըսէ.

Հայերը տեսան եւ հասկցան քաղաքակիրթ կոչուած մեծ ազգերի խօսքի արժէքը եւ դրանից հանեցին տրամաբանական եզրակացութիւն. Մուրճ կամ զնտան պէտք է լինիս, Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ․․․
- Սիմոն Վրացեան
Նեմեսիսի Գործողութիւն

Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը Խմբագրել

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրող եւ գործադրող հրէշներու մահապատիժի գործադրութիւնը կը սկսի Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի ներքին գործոց նախարար եւ Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթ փաշայի ահաբեկումով:

Հազիւ 24 գարուններ բոլորած երիտասարդ Սողոմոն Թեհլիրեան կը ստանձնէ Թալէաթ Փաշայի ահաբեկման ծանր պարտականութիւնը, որ պիտի ըլլար սկիզբը այն մահապատիժներուն շարքին, արդարութիւնը վերականգնելու եւ մարդկային ոտնակոխուած արժանապատուութիւնը վեր առնելու գործին մէջ:

1896-ին ծնած Սողոմոն Թեհլիրեան, ականատեսը կը դառնայ 1915-ի ջարդերու ընթացքին իր մօր եւ միւս ազգականներուն սպանդին, որ մեծապէս կը ցնցէ զինք եւ կը մղէ նետուելու յեղափոխական գործունէութեան, երբ 1919-ին ան կ'անցնի Պոլիս:

Այդ ահաւոր տեսարանները միշտ ընկերակից կը մնան Սողոմոնին, մինչեւ որ ան Թալէաթի հետքերով կը հասնի Պերլին՝ ծրագրուած գործողութիւնը կատարելու պատրաստակամութեամբ: Առաջին հերթին հետապնդման աշխատանքները դժուար կ'ըլլան, սակայն այլ խումբ մը պատասխանատու ընկերներու գործակցութեամբ, ոճրապետին բնակավայրը կը ստուգուի եւ հսկողութեան տակ կ'առնուի: Սողոմոն Թեհլիրեան իր ուսերուն ունէր աւելի քան 1, 5 միլիոն անմեղ հայ նահատակներու վրէժը լուծելու ծանր պարտականութիւնը, սխալիլն ու տկարանալը արդէն չքացած էին անոր պողպատեայ կամքին եւ հաւատքին դիմաց: 15 Մարտ 1921-ին, Հարտէնպերկ Շթրասէի թիւ 17 տան առջեւ, մայթին վրայ, հայ վրիժառուի անխափան գնդակը կը հարուածէ այն գլուխը, որ ծրագարող եւ գործադրողներէն էր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան: Հրէշը կը փռուի գետին: Արդարութիւնը կ'իրականանայ: Հայ բազուկը պատժած էր ոճրագործը, ցոյց տալով քաղաքակիրթ մարդկութեան, որ հայը տակաւին կայ եւ գիտէ իր վրէժը իր ձեռքով լուծել: Սողոմոն Թեհլիրեան տեղւոյն ոստիկաններու կողմէ կը ձերբակալուի, սակայն անոր սպաննածը ոճրագործ մըն էր, ինք ոճրագործ չէր, այլ արդարութիւնը վերականգնող հայ մը: Հետեւաբար, Յունիս 3-ին ան անպարտ կ'արձակուի աղմկալի դատավարութենէ մը ետք, ուր զինք ջերմապէս կը պաշտպանէ տոքթ. Լեփսիուս:

Պէյպուր խան Ճիւանշիրի ահաբեկումը Խմբագրել

Նեմեսիսի գործողութեան երկրորդ օղակը շատ չ՛ուշանար, հազիւ մի քանի ամիս անց, հայ բազուկը կու գայ զգետնելու Պաքուի հայերու ջարդարար՝ Պէյպուտ խան ճիւանշիրը:

1889-ին ծնած Միսաք Թորլաքեան, իր պատանի հասակին արդէն ցուցաբերած է խիզախութիւն, շնորհիւ իր անհանդարտ եւ ըմբոստ խառնուածքին: Երբ հայերու նկատմամբ տիրող մթնոլորտին բերումով, ան մաս կը կազմէ շրջանի հայ ապստամբ հրոսակախումբերու, շուտով յայտնի կը դառնայ եւ աչքի կ'իյնայ իր արձանագրած սխրագործութիւններով: Միսաքի նման խառնուածքի տէր հայ երիտասարդ մը չէր կրնար ձեռնածալ մնալ ի տես իր ժողովուրդի իրաւազրկման, խոշտանգումին եւ սպանութեան: Հետեւաբար, 1915-էն սկսեալ ան կը նետուի զինեալ գործունէութեան, եւ տարբեր խումբերու մաս կազմելով կը նպաստէ յեղափոխութեան աշխատանքին, նպաստելով նաեւ իր ժողովուրդի այլազան պէտքերուն:

Միսաք Թորլաքեան անձը, 1918-ին իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Կարսի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն, վստահաբար առանց տատամսելու եւ երկու անգամ մտածելու, իր ուսերուն պիտի առնէր Պէյպուր Խան Ճիւանշիրի ահաբեկման ծանր պարտականութիւնը, նոյնինքն Պոլիսի մէջ:

Հետախուզական խիստ գաղտնի եւ վտանգաւոր աշխատանքին մէջ Միսաքին կ'օգնեն այլ երկու ընկերներ, եւ շուտով ահաբեկման ծրագիրը կը պատրաստուի: Վերջապէս վրիժառուն պատրաստ է եւ անհամբեր, լուծելու իր ժողովուրդի անմեղ զոհերուն վրէժը, ընելու այն ինչ որ չուզեցին ընել քաղաքակիրթ ընկերութիւնը կամ ընդհանրապէս մարդկութիւնը՝ հզօր պետութիւններու ճամբով: 18 Յուլիս 1921-ին երեկոյեան, Ճիւանշիր երբ Փըթի Շանի թատրոնէն ելլելով Բերա Փալաս պանդոկը կ'ուղղուէր, վրայ կը հասնին հայ բազուկի արդարութիւնը որոնող ատրճանակի գնդակները, որոնց հարուածներուն տակ կ'իյնայ այն թուրք հրէշը, որ մօտիկ անցեալին խլած էր հազարաւոր հայ կեանքեր: Ոճրագործը զգետնուած էր, արդարութիւնը անգամ մը եւս վերականգնած: Յանդուգն եւ խիզախ հայորդին կը ձերբակալուի Պոլսոյ ֆրանսացի զինուորներուն կողմէ, ան քաջութեամբ կը դիմագրաւէ այն բոլոր խոշտանգումները, որոնց կ'ենթարկուի: Տոկունութեամբ կը շարունակէ հաւատալ, որ արդարութիւնը անպայմանօրէն պիտի յաղթէ, որովհետեւ ինք ոճրագործ չէր, այլ սպաննած էր մեծ ոճրագործ մը: Շատ չանցած անգլիական դատարանը Միսաք Թորլաքեանը անպարտ կ'արձակէ 22 Նոյեմբեր 1921-ին: Արդարութիւնը գտած էր իր ճամբան:

Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումը Խմբագրել

Շատ չ՛ուշանար արդարահատոյց գնդակներու սուլոցը, այս անգամ արձագանգելով Եւրոպայի ոստաններէն, քաղաքակիրթ մարդկութեան սահմաններուն մէջ, վերականգնելու համար մարդկային արժանապատուութիւնն ու արդարութիւնը: 1900-ին ծնած Արշաւիր Շիրակեան կը մեծնայ դաշնակցական մտաւորականութեան շունչին տակ: Փոքր տարիքէն, պատանի հասակին, 1915Եղեռնի դժուարին տարիներուն ընթացքին, կը գործէ որպէս սուրհանդակ:

Շնորհիւ իր խառնուածքին եւ ստացած դաստիարակութեան, նաեւ իր շուրջը տիրող մթնոլորտէն լիցքաւորուած, դաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր ժողովէն ետք, ան կամաւոր կը ներկայանայ իր բաժին մասնակցութիւնը բերելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակներու արդարահայտոյցի սրբազան գործին մէջ:

Յեղափոխական գործին մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ, կը ծանօթանայ այլ յեղափոխական եւ պատասխանատու ընկերներու, եւ վերջապէս իրեն կը վիճակուի ահաբեկել Սայիտ Հալիմ փաշան: Այս նպատակով ալ ան կ'ուղարկուի Եւրոպա կատարելու համար գործը: Հետապնդման աշխատանքներու դժուար ճամբան անցնելէ ետք, կու գայ ժամը, երբ պէտք է կատարել ծրագրուածն ու ապահով ձեւով անյայտանալ գործողութեան վայրէն: Այդպէս ալ եղաւ: 5 Դեկտեմբեր 1921-ին, երբ Սայիտ Հալիմ փաշան կառքով կ'ուղուէր (թէ Էօսթաքիոյ) փողոցի իր բնակարանը, Արշաւիր Շիրակեան իր աչքերուն մէջ ունենալով ամբողջ ժողովուրդի մը արդարութիւնը գտնելու փայլող լոյսը, եւ իր սրտին ունենալով իւրաքանչիւր հայու անկոտրում կամքի տրոփները, անվախ եւ համարձակօրէն կը նետուի կառքին վրայ, եւ իր արագ շարժումներով կը պարպէ ատրճանակի գնդակները թրքածին հրէշին վրայ եւ մեծ ճարպիկութեամբ կը հեռանայ գործողութեան վայրէն, անցորդներուն իրարանցումին եւ պոռչտուքներուն մէջէն անցնելով կ'անյայտանայ: Թուրք ոճրագործը իր իսկ կառքին մէջ անշնչացած էր։ Հայ վրիժառուն ազատ եւ ապահով տեղ հասած էր։ Անգամ մը եւս արդարութիւնը վերականգնած էր:

Ճեմալ Ազմիի եւ Պէհաէտտին Շաքիրի ահաբեկունը Խմբագրել

Արդարութիւնը պարտադրող հայոց ձեռքը բնաւ դադար չառաւ, անդուլ աշխատեցաւ, հետապնդեց իթթիհատական ղեկավարները, ո՛ւր որ ալ փախան, ո՛ր երկրի անկիւնն ալ որ գտնուեցան, բացայայտեց անոնց ինքնութիւնները, որքան ալ ծպտուեցան եւ որքան ալ փորձեցին հայու տեսողութեան հորիզոններէն հեռու մնալ, սակայն անոնք անգիտացան այն իրողութեան, որ արդարութիւնը հորիզոն չունի եւ կը հասնի ամէն տեղ: Հետապնդման վտանգաւոր եւ գաղտնի աշխատանքները երբեմն կը յոգնեցնեն ենթակային հոգեկանը, ներաշխարհը եւ կ'ելեկտրականացնեն անոր զգացումները, ասոնք կրնան դժուարացնել եւ վտանգել ծրագրուած գործողութիւնը յաջողութեամբ իր լրումին հասցնելու աշխատանքը: Սակայն դաշնակցական գործիչներու մեծաթիւ խումբը, որ այս անգամ կը գտնուէր դարձեալ Պերլին՝ ահաբեկելու համար իթթիհատական կարգ մը ոճրագործներ մէկ գործողութեան մը ընթացքին: Անոնց հետապնդման թիրախներն էին Ճեմալ Ազմի եւ Պէհաէտտին Շաքիր: Երկար հետապնդումներէ ետք գործողութիւնը յաջողութեամբ իրագործելու որոշումը առնուած էր։ Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան պիտի սպասէին Ուլանաշթրասէ գտնուող Ճեմալ Ազմիի տան անկիւնը: Երբ անոնք երեկոյեան խումբով դուրս գային, պիտի գործադրէին ծրագրուածը եւ սպաննէին խումբին մէջէն միայն Ճեմալ Ազմին եւ Պէհաէտտին Շաքիրը՝ առանց վնասելու իրենց ընկերակցող կիներուն: 1922 Ապրիլ 17-ին խումբը տունէն դուրս կու գայ, բոլորն ալ խօսակցութեամբ տարուած կը հեռանան մութին մէջ։ Առաջին հերթին Արշաւիր Շիրակեան կը խոյանայ խումբին վրայ, նախ գետին փռելով Թալէաթի կինը, որ խումբին մէջն էր, սէւէյճ ատրճանակին գնդակները կը պարպէ Ճեմալ Ազմիի վրայ, որ անշնչացած կը փռուի գետին: Արշաւիր զէնքը դարձնելով Պէհաէտտին Շաքիրին, որ սարսափած, եղածին ի տես, կը կրակէ, սակայն գնդակը փոխանակ ծակելու անոր գլուխը, կը մտնէ անոր ձախ այտը: Սակայն Արամը ճիշդ ժամանակին մաուզեր ատրճանակի մէկ գնդակով կը ծակէ ոճրագործին գանկը, երկրորդ թիրախն ալ անշնչացած կը փռուի գետին իր ազգակիցին կողքին: Վրիժառու հայորդիները կը ճեղքեն հաւաքուած անցորդներուն ցանցը եւ կ'անյայտանան վայրէն: Անգամ մը եւս հայը իր ներկայութիւնը փաստեց աշխարհին եւ մարդկութեան, ցոյց տուաւ իր ունակութիւնը՝ պարտադրելու արդարութիւնը, եւ կարողութիւնը՝ կատարելու շատերուն համար կարծուած անկարելին: Կեցցէ՛ արդարահատոյց հայ բազուկը:

Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը Խմբագրել

Ստեփան Ծաղիկեան եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեան հասակակից ընկերները ծնած են «Խոտորջուրի Մոխրակուտ» գիւղը, իրենց յանդուգն նկարագրով եւ իրենց յեղափոխական գործունէութեանց մէջ Անդրանիկի եւ Սեպուհի խումբերուն մէջ սխրագործութիւններու մկրտումով, իրենց ճակատագիրը կը կապեն նոյնատիպ երիտասարդ Արտաշէս Գէորգեանին հետ, Խոտորջուրի մօտակայ Միջաթաղ գիւղէն էր, ան ալ իրենց նման հայութեան պարտադրուած թոհուբոհին մէջ թրծուած խիզախ հայու նկարագրի տէր էր։ Այսպէս կը կազմեն այն երրորդութիւնը, որ պիտի զգետնէր իթթիհատի անդամ Ճեմալ փաշան:

Ճեմալ փաշա որբացած հայ մանուկները որբանոցներու մէջ հաւաքելով կը թրքացնէր զանոնք, ընդդիմացողին անբացատրելի տանջանքներու կ'ենթարկէր, նոյնիսկ եթէ այդ տանջանքները պատճառ դառնային որբին մահուան: Անոր նպատակն էր հայ մանուկներուն մտքէն ջնջել անոնց հայ ըլլալուն իրողութիւնը՝ իւրաքանչիւրին տալով թրքական անուն մը, եւ բացարձակապէս արգիլելով անոնց հայերէն խօսիլը: Այսպիսով կը կարծէր, որ կրնայ իրականացնել զանոնք թրքացնելու իր նպատակը: Սակայն չյաջողեցաւ:

Նման որբանոց մը եղած է Լիբանանի «Այնթուրա» շրջանին մէջ, որ վերջին տարիներուն բացայայտուեցաւ եւ հոն յուշակոթող մը զետեղուեցաւ մահացած եւ հոն թաղուած հայ մանուկներուն յիշատակին:

Արդարեւ, Ստեփան Ծաղիկեան եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեան, իրենց հետ ունենալով Արտաշէս Գէորգեանը, 1922 Յուլիս 21-ին, Թիֆլիսի մէջ, օր ցերեկով Չեկայի շէնքին առջեւ կը պատուհասեն Ապրիլեան Եղեռնի գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Ճեմալ փաշան, առանց խնայելու նոյնիսկ անոր թիկնապահներուն, որոնք կը փորձէին պաշտպանել այնպիսի ոճրագործի մը կեանքը, որ խլած էր հարիւր հազարաւորներու կեանքերը:

Հիմնական Գործողութիւնները Խմբագրել

Ամսաթիւ Սպանուած Վայր Իրագործող Նկարագրութիւն
30 Մայիս 1920
 
Նասիպ Եուսիֆպէյլի
Պաքուի ճանապարհ Անյայտ Սպանուեցաւ 1918 թուականին, Պաքուի հայերու ջարդի կազմակերպիչներէն մէկը Ազրպէյճանական հանրապետութեան կրթութեան ու կրօնական հարցերով նախարար Նասիպ Եուսիֆպէյլին[1]:
19 Յունիս 1920
 
Ֆաթալի Խան Խոյսքի
Կաղապար:Country data Վրաստան Թիֆլիս, Վրաստան Արամ Երկանեան 1920 թուականի Յունիս 19-ին Արամ Երկանեան գնդակահարած է Ազրպէյճանի նախկին վարչապետ Ֆաթալի Խան Խոյսքիին եւ վիրաւորած անոր ընկերը՝ Խան Մահմատովը, Պաքուի խորհրդարանի «Մուսաուաթ» կուսակցութեան հիմնադրը: Արամ Երկանեանի գործակիցը եղած է Միսաք Կիրակոսեանը:
18 Յուլիս 1920
 
Հասան Պեկ Ակաեւ
Կաղապար:Country data Վրաստան Թիֆլիս, Վրաստան Արամ Երկանեան Սպանուեցաւ Ազրպէյճանական հանրապետութեան խորհրդարանի խօսնակի օգնական Հասան Պեկ Ակաեւը՝ Շուշիի հայերու ջարդի ու Պաքուի հայերու ջարդի հիմնական պատասխանատուներէն մէկը:
15 Մարտ 1921
 
Թալէաթ փաշա
  Գերմանիա Պերլին, Գերմանիա
 
Սողոմոն Թեհլիրեան
1921 թուականի Մարտ 15-ին Սողոմոն Թեհլիրեանը Պերլինի մէջ սպանած է Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի նախկին գործերու նախարար եւ մեծ վեզիր, Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշա: 1921 թուականի Յունիսին Պերլինի մէջ կայացած է Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը, եւ դատարանը արդարացուցած է զինք:
18 Յուլիս 1921
 
Պէյպուր խան Ճիւանշիր
  Թուրքիա Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա
 
Միսաք Թորլաքեան
1921 թուականի Յուլիս 18-ին Միսաք Թորլաքեան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սպանած է Ազրպէյճանի ներքին գործերու նախկին նախարար Պէյպուր խան Ճիւանշիրը: Թորլաքեանի գործակիցներն էին Երուանդ Ֆընտըքեանն ու Յարութիւն Յարութիւնեանը: Անգլիական Ռազմական Դատարանը դատած է Թորլաքեանը եւ արդարեցուցած՝ որպէս անմեղսունակ:
5 Դեկտեմբեր 1921
 
Սայիդ Հալիմ
  Իտալիա Հռոմ, Իտալիա
 
Արշաւիր Շիրակեան
1921 թուականի Դեկտեմբեր 5-ին Արշաւիր Շիրակեան Հռոմի մէջ սպանած է Օսմանեան կայսրութեան նախկին մեծ վեզիր Սայիտ Հալիմը:
17 Ապրիլ 1922   Գերմանիա Պերլին, Գերմանիա
 
Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան
1922 թուականի Ապրիլ 17-ին, Պերլինի մէջ, Ճեմալ Ազմի կ՛ահաբեկուի Արամ Երկանեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի կողմէ:
17 Ապրիլ 1922
 
Բեհաեդդին Շաքիր
  Գերմանիա Պերլին, Գերմանիա
 
Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան
1922 թուականի Ապրիլ 17-ին, 17 ապրիլ 1922-ին, Պերլինի մէջ, Պեհաէտտին Շաքիր կ՛ահաբեկուի Արամ Երկանեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի կողմէ (սպանուած է նաեւ անոր թիկնապահներէն մէկը):
22 Յուլիս 1922
 
Ճեմալ փաշա
Կաղապար:Country data Վրաստան Թիֆլիս, Վրաստան Պետրոս Տէր Պօղոսեան, Արտաշէս Գէորգեան, Ստեփան Ծաղիկեան եւ Զարեհ Մելիք-Շահնազարեանց 1922 թուականի Յուլիսի 22-ին, Թիֆլիսի մէջ ու Չեկայի շէնքին առջեւ, Ճեմալ փաշա կ՛ահաբեկուի Ստեփան Ծաղիկեանի եւ ընկերներուն Պետրոս Տէր Պօղոսեանի եւ Արտաշէս Գէորգեանի կողմէ, որ իր դաժանութեան համար «մսագործ» անունած էին[2]:

Դաւաճաններու սպանութիւն Խմբագրել

Ամսաթիւ Սպանուած Վայր Իրագործող Նկարագրութիւն
1920 Յարութիւն Մկրտչեան Կոստանդնուպոլիս Սողոմոն Թեհլիրեան 1920 թուականին Սողոմոն Թեհլիրեանը սպաներ է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Օսմանեան կայսրութեան գաղտնի ոստիկանութեան քաղաքական ղեկավար Յարութիւն Մկրտչեանին։
Մարտի 27, 1920 Վահէ Իհսան (Եսայեան) Կոստանդնուպոլիս Արշաւիր Շիրակեան 1920 թուականի 27 Մարտ-ին Արշաւիր Շիրակեանը գնդակահարեր է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Վահէ Իհսանին (Եսայեան)։ Իհսանը թուրքերու համար կազմեր էր Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականներու ցուցակ, որոնք սպանուեցան 1915 թուականին։
1920 Արշաւիր (Արթուր) Յասեան Սուրիա[3] Արշակ Եզդանեան[աղբիւրի կարիք ունի] Յայտնի է «Սեւհակեան», «monsieur Շարլ» ծածկանուններով։[3]1914 թուականին Հնչակեան կուսակցութիւնը կազմակերպեր էր ընդհանուր համագումար Ռումինիայի մէջ, Թալէաթին մահափորձ կազմակերպելու համար։ Արշաւիր (Արթուր) Յասեանը դաւաճաներ է հայերուն, որուն պատճառով մահափորձը կասեցուեր է, իսկ Հնչակեան կուսակցութեան 21 անդամներ ենթարկուեր մահապատիժի։ Գնդակահարուեր է Արշակ Եզտանեանի կողմէն 1920 թուականին Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ։
1920 Հմայակ Արամեանց Կոստանդնուպոլիս Արշակ Եզտանեան Թուրք պետութեան գործակից: Իր տրամադրած տեղեկութիւններու պատճառով կախաղան բարձրացեր են հնչակեան կուսակցութեան անդամներ, որոնք կը նախատեսէին Թալէաթ փաշայի մահափորձ։[3]
Անյայտ Փոլիս Կարապետ[3] Կոստանդնուպոլիս Անյայտ
Անյայտ Զեյթունցի Կարապետ Սուրիա[3] Անյայտ

Գործողութեան Մասնակիցները Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Turkey must reconcile herself not only to the fact of the Armenian Genocide, but also to all of her 700-year history
  2. Cleveland, William: A History of the Modern Middle East. Boulder: Westview Press, 2004. «World War I and the End of the Ottoman Order», 146-167. (անգլերէն)
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Փամպուքեան Երուանդ (2017)։ Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան։ Անթիլիաս, Լիբանան 

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Ազվին «Ջեմալ փաշայի սպանութիւնը», Մոսկուա–Երեւան, 1991, 92 էջ:
  • Աշոտ Արծրունի «Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը», «Հայրենիք» ամսագիր, 1960, թիւ 5, էջ 98–99:
  • Աւօ «Միսաք Թորլաքեան», «Յեղափոխական ալպոմ», հատ. 8, Թեհրան, 1970, էջ 7-109:
  • Երկանեան Արամ «Այսպէս սպանեցինք», Լոս Անջելոս, 1949, 87 էջ:
  • Երկանեան Արամ «Գիրք մատուցման եւ հատուցման», Պոսթըն, 1949, 160 էջ, Պէյրութ, 1954, 104 էջ:
  • Երկանեան Արամ «Վրէժագիրք (Պերլինի աքթին 60–ամեակին առթիւ), Պէյրութ, 1982, 110 էջ:
  • Թեհլերյան Սողոմոն «Վերյիշումներ», գրի առաւ Վ. Մինախորեան, Գահիրէ, 1953, 1956, 474 էջ, Երեւան, 1993, 288 էջ, 2008:
  • Թեհլիրեան արդարահատոյցը, Պէյրութ, 1981, 422 էջ:
  • Թոռլաքեան Միսաք «Օրերուս հետ», Պոսթըն, 1953, 568 էջ, Պէյրութ, 1963, Թեհրան, 1982, 588 էջ, Պէյրութ, 2001, 624 էջ:
  • Յակոբեան Արարատ «ՀՅԴ 9–րդ ընդհանուր ժողովը», Երեւան, 1994, 45 էջ:
  • Մերճանօֆ Գրիգոր «Իմ կտակը», Պէյրութ, 1972, 108 էջ:
  • Մերճանօֆ Գրիգոր «Քանի մը յուշեր եւ պատասխան Արշաւիր Շիրակեանի», Փարիզ, 1957, 29 էջ:
  • Միսաք Թորլաքեանի դատավարութիւնը, խմբ. Վ. Եղիայան, Ա. Արաբյան, 2008, 248 էջ:
  • Միքայէլ Այվազեան «Ովքեր են սպանել Ջեմալ փաշային», 2016, 136 էջ:
  • Նաթալի Շահան «Վրէժի աւետարան», գիրք Ա. (1916–1917 թթ.), Նիւ Եորք, 1918, 39 էջ:
  • Նաթալի Շահան «Վրէժի աւետարան», գիրք Բ. (1916–1917 թթ.), Նիւ Եորք, 1918, 46 էջ:
  • Շիրակեան Արշաւիր «Կտակն էր նահատակներուն», Պէյրութ, 1965, 344 էջ, Թեհրան, 1982, 344 էջ, Պէյրութ, 1986, 2010, 367 էջ, Երեւան, 1991, 368 էջ:
  • Սողոմոն Թեհլերեանի դատավարութիւնը (սղագրական նյութեր), Վենետիկ, 1921, Երեւան, 1990, 224 էջ, 2008:
  • Քիւրքճեան Յարութիւն «Հայկական ցեղասպանութեան արդարահատոյցը», Փարիզ, 1981:
  • Շահան Նաթալի, (2002) [1928]. The Turks and Us. Nagorno-Karabakh: Punik Publishing.
  • Արշաւիր Շիրակեան, (1976). The Legacy. Sonia Shiragian. Boston, Massachusetts: Hairenik Press. LCC 76-49796.
  • Ավաքիան Լինդի, (1989). The Cross and the Crescent. USC Press. ISBN 0-943247-06-3.
  • Դեորգի Ջեքուս, (1990). Resistance & Revenge. Transaction Publishers. ISBN 0-88738-338-6.
  • Էդվարդ Ալեքսանդր, (2000). A Crime of Vengeance. Backinprint.com. ISBN 0-595-08885-6.
  • Եղիայան Վարդգես, (2006). The Case of Soghomon Tehlirian. Center for Armenian Remembrance. ISBN 0-9777153-1-0.
  • Եղիայան Վարդգես, (2006). The Case of Misak Torlakian. Center for Armenian Remembrance. ISBN 0-9777153-0-2.
  • Jacques Derogy, Resistance and Revenge: The Armenian Assassination of Turkish Leaders Responsible for the 1915 Massacres and Deportations, Trans. A. M. Barret, Tansaction Publishers 1990, p. xiv
  • Houshamadian of Armenian Revolutionary Federation (ARF) Dashnaktsutiun Album - Atlas Volume 2, Jacob Manjikian Editor, Next Day Color Printing Inc. (2000), p. 214
  • Jacques Derogy, Resistance and Revenge, p. 61
  • Lindy V. Avakian, The Cross and the Crescent, Golden West Publishers Unlimited 1998, pp. 114–115
  • Jacques Derogy, Resistance and Revenge, pp. 84–85
  • Ibid., pp. 117–119
  • Arshavir Shiragian, The Legacy memoirs of an Armenian Patriot, Hairenik Press 1976, p. 108
  • Ibid., pp. 176–177
  • Jacques Derogy, Resistance and Revenge, pp. 171–173
  • Zaven Der Yeghiayan, My Patriarchal Memories Trans. Ared Misirliyan, Mayreni Publishing 2002, p. 273
  • Lindy V. Avakian, The Cross and the Crescent, Golden West Publishers Unlimited 1998, p. 60
  • Vahan Minakhorian. Verhisumner, Hoosaber, Cairo 1956 p. 204-206
  • Arshavir Shiragian, The Legacy memoirs of an Armenian Patriot, Hairenik Press 1976, pp. 46–48
  • Ibid., P. 46
  • Zaven Der Yeghiayan, My Patriarchal Memories, pp. 58–59
  • Houshamadian of Armenian Revolutionary Federation ..., p. 215
  • Lindy V. Avakian, The Cross and the Crescent, Golden West Publishers Unlimited 1998, pp. 246–247
  • Arshavir Shiragian, The Legacy memoirs of an Armenian Patriot, Hairenik Press 1976, p. ix
  • Bio provided by Ms. Graciela Kevorkian

Արտաքին Յղումներ Խմբագրել