Արտաշէս Գէորգեան

Արտաշէս Գէորգեան ծնած է խոտորջուրի Միջաթաղ գիւղը: Բարձրահասակ, թիկնեղ, լայնաճակատ, խոհուն աչքերով եւ լուրջ դէմքով: Զօրաւոր երիտասարդ մըն էր, որուն համար ութսուն քիլօ ծանրութիւն ունեցող ալիւրի պարկ մը ակռաներով գետնէն բարձրացնելը պարզ մարզանք մըն էր:

Արտաշէս Գէորգեան
Ծնած է 1894
Ծննդավայր Միջինթաղ
Խոտորջուր, Սպեր
Մահացած է 1937
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն վրիժառու
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հայ ժողովրդական վրիժառու Արտաշէս Գէորգեանը ծնած է 1894-ին Էրզրումի վիլայէթի Խոտորջուրի գաւառակի Միջինթաղ գիւղը։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է տեղի գիւղական դպրոցին մէջ։ Եղած է ընդունակ եւ սրամիտ աշակերտ: Արտաշէսը դեռեւս մանուկ հասակէն աչքի կը զարնէ նաեւ իր խիզախութեամբ եւ ճշմարտասիրութեամբ: 1907-ին խոտորջուրցի շատ պատանիներու եւ երիտասարդներու նման կը մեկնի Ռուսական կայսրութիւն` արտագնայ աշխատանքի, ուր իբրեւ բանուոր կ՚աշխատի Դոնեցկի աւազանի Գոլուբովկա հանքահորի փուռին մէջ։ Վերադառնալով հայրենիք` 1910-1912-ականներուն կ՚աշակերտէ դերձակի մօտ: 1912-ին դարձեալ կը մեկնի Լուգանսկ, ուր անոր վրայ խոր ազդեցութիւն կը ձգէ սոցիալ-դեմոկրատական գաղափարներով համակուած Պոպով ազգանունով ռուս երիտասարդ մը: 1914-ին, երբ կը սկսի Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ ռուսական զօրքերու կազմին մէջ հայ կամաւորականներու հաւաքագրումը` Արտաշէսը չի անդամագրուիր հայ կամաւորական շարժման` գտնելով, որ ցարի զէնքը արիւնոտ է: Այնուհանդերձ, 1916-ին ան իր եղբօր` Թորգոմ Գէորգեանի (Ազուին) հետ, որ եղած է Զորավար Անդրանիկի (Օզանեան) համհարզը, կը մտնէ Անդրանիկի զօրագունդը եւ աշխոյժ մասնակցում 1916-1919-ականներուն Անդրանիկի մղած բոլոր մարտերուն, որու ժամանակ քաջութեամբ աչքի կը զարնէ յատկապէս Խոյ քաղաքէն նահանջելու ժամանակ` Սայտաւարի կամուրջի պաշտպանութեան ժամանակ` արժանանալով Զորավար Անդրանիկի դրուատանքին։ 1917-ին կը մեկնի Հայաստան եւ Ստեփան Ծաղիկեանի ձիաւոր խումբին մէջ կը կռուի էրզրումի ճակատին վրայ.կը մասնակցի Ղարաքիլիսէի հերոսամարտին եւ իր յայտնաբերած քաջութեան համար կը վարձատրուի շքանշանով: 1919-ին Արտաշէսը եղբօր հետ Անդրանիկին ուղեկցած է մինչեւ Պաթում` արտասահման անցնելու համար: 1922-ին Դոնբասի մէջ բնակող խումբ մը խոտորջուրցիներ կ՚որոշեն Խորհրդային Հայաստանի մէջ հիմնադրել Նոր Խոտորջուր անունով գիւղ մը: Այդ նպատակով Արտաշէսը Դոնբասէն կ՚ուղեւորուի Հայաստան` տեղ ընտրելու եւ կառավարութեան յանձնարարութիւնը ստանալու համար: Կը բարեկամանայ տաղանդաւոր գրող Ակսէլ Բակունցի հետ:Խանջեանի անարգ սպանութենէն ետք,Արտաշէս Գէորգեան եւ Ակսէլ Բակունց կը ծրագրեն ահաբեկումի ենթարկել Բերիան,որ իր գրասենեակին մէջ կռնակէն գնդակահարած էր Աղասի Խանջեանը:

Կ’երեւի իրենց դաւադրութեան մասնակից ըրած են նաեւ ուրիշներ,որովհետեւ շուտով Չեկային համար յայտնի կը դառնայ բերիան ահաբեկելու ծրագիրը:Արտաշէս եւ Բակունց կը ձերբակալուին ու կը գնդակահարուին 15 Օգոստոս 1937-ին:

Ճեմալ փաշայի սպանութիւնը

Խմբագրել

Յուլիս 1922-ին, երբ Արտաշէսը իր ծնողքին հետ կը հասնի Թիֆլիս, այստեղ կու գայ նաեւ հայատեաց եւ ջարդարար Ճեմալ փաշան: 21 Յուլիս1922-ին ժամը 22:00-ի սահմաններուն Արտաշէսը իր ընկերներ Պետրոս Տէր-Պօղոսեանի եւ Ստեփան Ծաղիկեանի հետ Թիֆլիսի մէջ կը սպանէ 1914-1916-ականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն մէկուն՝ Օսմանեան կայսրութեան ռազմածովային նախարար Ճեմալ փաշային: Ճեմալի սպանութենէն, վախնալով ձերբակալութենէն, Խորհրդային Հայաստան մեկնելու փոխարէն կը վերադառնայ Դոնբաս: Ճեմալ փաշայի սպանութիւնը երկու տարիով կը յետաձգէ խոտորջուրցիներու` Խորհրդային Հայաստանի մէջ նոր գիւղ հիմնելու ծրագիրը:

Խոտորջուրի համայնքը

Խմբագրել

1924-ին Արտաշէսը հաստատուած է Երեւան: 1925-ին, ստանալով Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան համաձայնութիւնը, Ներքին Ախտայի մօտ գտնուող կիսաւեր Գորուխ-Գիւնէի գիւղին մէջ 720 հեկտար տարածութեան վրայ կազմակերպած է գիւղատնտեսական հաւաքական` Խոտորջուրի համայնքը, եւ դարձաւ անոր առաջին նախագահը։ Արտաշէսի ղեկավարութեամբ Խոտորջուրի համայնքը համեմատաբար մեծ նուաճումներու կը հասնի: Ան ոչ միայն գրասենեակային նախագահ էր, այլեւ համայնքային շարքային անդամ, իր բազում ընդունակութիւններու շնորհիւ` համայնքի հողագործը, հացագործը, պայտառը, դարբինը, դերձակը, ճարտարապետը: Արտաշէսին պէտք է վերագրել այն, որ շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ մօտակայ Թաքէառլու, Ռնդամալ, Թայչարուխ, Քարուանսարա, Նովօ Միխայլովկա, Ախտա գիւղերու հայ, ռուս եւ ատրպէյճանցի գիւղացիները չափազանց մեծ համակրանքով ու սիրով լցուած էին դէպի համայնքը եւ անոր նախագահը: Շատ անգամ Խոտորջուրի համայնքը Արտաշէսի գլխաւորութեամբ օգնութեան հասած է հարեւան գիւղացիներուն, օգնել կամ լուծել բազմաթիւ կնճռոտ հարցեր: Սակայն, վրայ կը հասնին ստալինեան բռնաճնշումները: 1936 -ին Արտաշէսը եւս կը ձերբակալուի եւ 14 Օգոստոս1937—ի, լոյս 15-ի գիշերը ժամը 02:00-ին կը գնդակահարուի Ճեմալ փաշային սպանելու մեղադրանքով։ 1956 -ին Արտաշէսը յետմահու արդարացուած է։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Դաշնակցական Պատանիին Գիրքը,էջ (195-196)
  • Միքայէլ Այվազեան, Ովքեր են սպանել Ջեմալ փաշային, Երեւան, 2015, 116 էջ, 2-րդ լրացուած հրտ., Երեւան, 2016, 136 էջ:
  • Ով ով է (Հայեր: Կենսագրական հանրագիտարան), հատ. 1, Երեւան, 2005, էջ 276:
  • Հայկական հարց հանրագիտարան, Երեւան, 1996, էջ 100:
  • Ազվին, Ջեմալ փաշայի սպանութիւնը, Մոսկուա - Երեւան, 1991, 92 էջ: