Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Թանգարան

Առաջին համաշխարհային պատերազմի թանգարան (ռուսМузей «Россия в Великой войне), ռազմա-պատմական թանգարան Սանկտ Փետերպուրկի Ցարսքոյէ Սելօ քաղաքին մէջ՝ նուիրված Առաջին համաշխարհային պատերազմին Ռուսական կայսրութեան մասնակցութեան: Կը հանդիսանայ Ցարսքոյէ Սելօ արգելոց-թանգարանի մէկ մասը: Թանգարանի ցուցադրութիւնը պատրաստուած է 191-ին, սակայն մէկ տարի ետք փակուած է: «Ռուսաստանը Մեծ պատերազմին» թանգարանը բացուած է 2014-ին՝ նուիրուած Առաջին համաշխարհային պատերազմի 100-ամեակին:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի թանգարան (Ռուսաստան)

Կը գտնուի Ալեքսանտրովսկի զբոսայգիի հարեւանութեամբ, Ռազմական պալատի շէնքին մէջ, որ Նիքոլա Բ.-ի օրօք կառուցած է ճարտարապետ Սիմիոն Սիտորչուկը՝ որպէս ռազմական պատմութեան եւ հերոսներու թանգարան: Ներկայիս ցուցահանդէսային տարածքը կը կազմէ մօտ 900 մ²[1]:

Ցուցադրութիւն

Խմբագրել

«Ռուսաստանը Մեծ պատերազմին» ցուցահանդէսը թանգարանի աշխատակիցները ստեղծած են ոչ միայն իրենց սեփական պահեստներէն, այլ թանգարանային հաւաքածոներու համալրմանը մասնակցած են սովորական պետերպուրկցիները[2]:

Թանգարանի բաժիններ

Խմբագրել

Ներկայիս թանգարանը ունի 13 բաժին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յագեցած է էլեկտրոնային պաստարներով եւ պլանշետներով տեղեկատուական կրպակով, որտեղ կարելի է տեղեկութիւններ ստանալ պատերազմի հիմնական դրուագներու, անոր մասնակիցներու, համազգեստի եւ այդ տարիներու զէնքերու մասին[3]:

  • «Պատերազմի սկիզբ»
  • «Ռազմական գործողութիւններ»
  • «Օդագնացներ ու օդաչուներ»
  • «Նաւատորմ»
  • «Դիրքային կռիւ»
  • «Գիորգիեւեան ասպետներ»
  • «Կայսերական ընտանիքը պատերազմական տարիներուն»
  • «Կարմիր խաչն ու բանտարկեալները»
  • «Հոգեւորականութիւն»
  • այլ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել