Արշակ Եզտանեան
Արշակ Եզտանեան (Մուշեղեան), յայտնի որպէս Եզիտ Արշակ։
Եզիտ Արշակը մասնակցեր է ՀՅԴ կողմէ կազմակերպուած Նեմեսիս գործողութեանը, որու նպատակն էր պատժել 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպող եւ իրականացնող երիտթուրք Երիտթուրք Միութիւն եւ Առաջադիմութիւն կուսակցութիւն պարագլուխներուն, 1918 թուականի Պաքուի հայկական ջարդի կազմակերպիչներուն եւ թուրքերու հետ համագործած հայ դաւաճաններուն։
1918 թուականի դեկտեմբերին Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ գնդակահարեր է Վլատիմիր Տիմիթրեւին, որ եղեր է Օսմանեան գործակալ ու մասնակցեր հայերու ձերբակալութիւններուն։[1]
Անձամբ գնդակահարեր է Հմայակ Արամեանցին, ու ըստ որոշ աղբիւրներու նաեւ Արշաւիր Յասեանին, որոնք տեղեկութիւններ տրամադրեր են Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ նախաձեռնուոող մահափորձի մասին Թալէաթ Մեհմեթ Փաշայի դէմ, որուն պատճառով 21 հնչակեաններ կախաղան հանուեր են Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ։[1]