Սողոմոն Թեհլիրեան

Սողոմոն Թեհլիրեան (2 Ապրիլ 1896(1896-04-02)[1][2], Բագառիճ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 23 Մայիս 1960(1960-05-23)[1][2], Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1][2]), Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող եւ ազգային հերոս, որ գնդակահարած է երիտթուրքերու ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ՝ Թալէաթ Փաշան։

Սողոմոն Թեհլիրեան
Ծնած է 2 Ապրիլ 1896(1896-04-02)[1][2]
Ծննդավայր Բագառիճ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 23 Մայիս 1960(1960-05-23)[1][2] (64 տարեկանին)
Մահուան վայր Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[3][1][2]
Մասնագիտութիւն Արդարադատ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 1896-ին Արեւմտեան Հայաստանի Դա­րա­նա­ղեաց (­Կա­մախ) գա­ւա­ռի ­Վա­րի ­Բա­գա­ռիճ գիւ­ղը, Երզն­կա­յի մեր­ձա­կայ­քը­։

Հա­զիւ եր­կու տա­րե­կան էր ­Սո­ղո­մոն, երբ հայ­րը պանդխ­տու­թեան կը մեկ­նի ­Սեր­պիա։ 1905-ին, հայ­րե­նի տուն վե­րա­դար­ձին, Տ­րա­պի­զո­նի մէջ ­Խա­չա­տուր ­Թեհ­լի­րեան կը ձեր­բա­կա­լո­ւի՝ 1898-ին Երզն­կա­յէն ռու­սա­կան նա­ւով մեկ­նած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով։ ­Վեց ա­միս բանտ կը մնայ, բայց երբ ա­զատ կ'ար­ձա­կո­ւի՝ ա­նոր կ'ար­գի­լո­ւի ծննդա­վայր վե­րա­դառ­նալ եւ կ'աք­սո­րո­ւի Սեր­պիա։

­Հօր ճա­կա­տագի­րին կա­պո­ւած այս դրո­ւա­գը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն կ'ու­նե­նայ ­Սո­ղո­մո­նի կեան­քին վրայ, ո­րով­հե­տեւ ­Թեհ­լի­րեան­նե­րու բազ­ման­դամ տոհ­մէն ա­կա­մայ հե­ռա­ցո­ւած ­Խա­չա­տուր ­Սեր­պիա­յէն կը դա­սա­ւո­րէ այն­պէս, որ կինն ու զա­ւակ­նե­րը տե­ղա­փո­խո­ւին Երզն­կա, ուր ­Սո­ղո­մոն իր ու­սու­մը կը ստա­նայ նախ ­Բո­ղո­քա­կա­նաց, ա­պա՝ Եզ­նի­կեան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, իսկ 1912-ին կ'ա­ւար­տէ տեղ­ւոյն ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր իր ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւ­նը կ'ու­նե­նայ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ եւ հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ դար­ձած՝ կը փա­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

Ապա ուսումը կը շարունակէ Երզնկայի Կեդրոնական ուսումնարանը, որուն շրջանը կ'աւարտէ 1912-ին, որմէ ետք 1913-ին, կը փոխադրուի Սերպիա իր հօր մօտ, ­որ­պէս­զի տա­րի մը ետք անց­նի ­Գեր­մա­նիա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։

1914-ին սկսած Ա. Համաշխարհային պատերազմը լրիւ կը փոխէ 18-ամեայ Սողոմոնին կեանքին ուղին։ 1914-ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, կ'անցնի Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիին պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չի տրուիր Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, տարիքին պատճառով (17 տարեկան էր): Աւելի՛ն, կը յայտնուի, որ այդ դիմումը կատարած էր ծնողքէն գաղտնի: Թեհլիրեան չի յուսահատիր: Իր հօրը կ'ուղարկէ մէկէ աւելի նամակներ մինչեւ որ կը յաջողի ձեռք բերել անոր գրաւոր թոյլտուութիւը` ի խնդիր իր կամաւոր արձանագրուելուն:

Հոկտեմբեր 1914-ին, Սողոմոն կը հասնի Թիֆլիս եւ կը միանայ Սեպուհին վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։ Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս կը թրծէ Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկին տիպարը։

Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը կ'ունենայ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս կը ցնցեն զինք, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ «ուշաթափ կ'իյնայ գետին»։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները՝ մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները սպաննուած էին 1915-ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական «հանրակացարան»։

Ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ կը համակեն Սողոմոն Թեհլիրեանին ողջ էութիւնը։ Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը հետագային հիմք կը ծառայէ, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտան կառուցած պաշտպանողականին։

1917-ին, Կովկասեան ճակատին փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերուն նահանջէն ետք, Թեհլիրեան կ'անցնի Կովկաս։ Կը շրջի հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին։ Այդ պայմաններուն մէջ, ժամանակի թաւալումին հետ փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանին սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով կը բորբոքին։ Ան կ'ուղարկուի Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ.Կ. Կոմիտէի որոշումով Ապրիլ 1920-ին կը կատարէ ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ ու մատնիչ՝ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915-ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։

Ահաբեկումէն ետք ան կը պարտաւորուի անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն կը սորվի։ Բայց քանի մը ամիս ետք կը կանչուի Ուաշինկթըն, Մ. Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյին կողմէ, որ կը ղեկավարէր «Նեմեսիս» գործադրութիւնը։

Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած էր վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս էր, որ 1921-ին,Դաշնակցութեան որոշումով Սողոմոն Թեհլիրեանի կը վստահուի Թալէաթի ահաբեկման գործադրութիւնը։

Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան Դեկտեմբեր 1920-ին կ'ուղեւորուի Ժընեւ, ուրկէ կ'անցնի Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման մանրամասնօրէն մշակուած ու կազմակերպուած ծրագիրը։

Թալէաթի ահաբեկման գործադրութիւնը

Խմբագրել

Ջարդարար պարագլուխը, Ալի Սալէհ Պէյ անունով անցագիր հանած ու ծպտուած, կ'ապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցին վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը կը վարձէ Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ կ'առնէ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։ Եւ 15 Մարտ 1921-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կը կտրէ, դէմ առ դէմ գալով ջարդարարին հետ եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին կը փռէ հայասպան հրէշը։

Թիհլիրեանի դատավարութիւնը

Խմբագրել

Շահան Նաթալի կը վկայէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իր հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը։

Թեհլիրեան կը ձերբակալուի եւ աղմկալից դատավարութեան կ'արժանանայ։ Գերմանական դատարանը կը հաստատէ, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ոչնչացման ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։ 3 Յունիս 1921-ին գերմանական դատարանը Սողոմոն Թեհլիրեանը կը ճանչնայ անպարտ։ Զինք կը պաշտպանէին երեք դատապաշտպաններ, որոնցմէ մէկը Դոկտ. Թէոտոր Քըրթ Նայմէյըրն էր՝ օրէնսդրութեան Փրոֆ.՝ Քիլի համալսարանէն։ Փաստօրէն Սողոմոն Թեհլիրեան կրկնակիօրէն պատմութիւն խտացնող խորհրդանիշ կը դառնայ 15 Մարտ 1921-ի իր արդարահատոյց հարուածով եւ ցեղասպան թուրքը մարմնաւորող Թալէաթի ահաբեկումով: Թեհլիրեան կը խորհրդանշէ նախ՝ հայոց արդար դատաստանին արձակած մահավճիռի պատիժը գործադրող բազուկը, ապա՝ միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան։

Այսօր արդէն հանրայայտ ճշմարտութիւն է, որ ցեղասպանութիւն բառը իր ժամանակակից իմաստով գործածութեան յանձնած Ռաֆայէլ Լեմքին կը ներշնչուի Թեհլիրեանի դատավարութենէն եւ կը հիմնուի այն մեծ հարցականին վրայ, թէ ինչո՞ւ մէկ մարդու ահաբեկման համար կը դատուէր Սողոմոն Թեհլիրեան անունով հայ երիտասարդը, մինչ անդին դատ ու դատաստանի չէր ենթարկուած մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթը…:

Գերմանական դատարանին կողմէ ազատ արձակուելէ ետք

Խմբագրել

3 ­Յու­նիս 1921ին ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ան­պարտ հռչա­կո­ւե­լէ եւ ա­զատ ար­ձա­կո­ւելէ ետք, կը մեկ­նի Մ.­Նա­հանգ­ներ, ուր երկար չի մնար սակայն։ Կը վե­րա­դառնայ Եւ­րո­պա՝ ­Պելկ­րատ (Եուկոսլաւիոյ մայրաքաղաքը) ապ­րող իր հօր եւ հօ­րեղ­բայր­նե­րուն միա­նա­լու։ Կ'ամուս­նա­նայ երզն­կա­ցի Ն­շան ­Թա­թի­կեա­նի դստեր Ա­նա­հի­տի հետ, ո­րուն ծա­նօ­թա­ցած էր ­Կով­կա­սի մէջ, որ­բա­հա­ւա­քի իր գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին։ Կ'ունենան եր­կու զա­ւակ­ներ՝ ­Զա­ւէն ու ­Շա­հէն։ ­Թեհ­լի­րեան ­Պելկ­րա­տի մէջ կ'ապ­րի ­Սա­րօ ­Մե­լի­քեան ան­ցագ­րով, Տալմատինսկա փողոցի թիւ 78 տունը, ուր աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հ.Յ.Դ. Պալքանեան Կ. Կոմիտէութեան կազմէն ներս։ 1945-էն ետք բնակութիւն կը հաստատէ նախ Քազապլանքա (Մարոք), ապա կը տեղափոխուի Մ. Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր կը շարունակէ կուսակցական իր գործունէութիւնը Արեւմտեան Շրջանին մէջ[4]։

Կը մահանայ 23 Մայիս 1960-ին Սան Ֆրանսիսքօ։ Կը թաղուի Ֆրէզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։ Ի յիշատակ Թեհլիրեանի՝ Ֆրէզնոյի, Թալին շրջանին Մաստարա գիւղին եւ Երեւանի մէջ կառուցուած են յուշարձաններ։

Սողոմոն Թեհլիրեանը՝ արուեստի մէջ

Խմբագրել
  • Բոգդան Վերդեան, Ծաղիկներս մնացին հեռւում /վէպ Ս. Թեհլիրեանի մասին/, Երեւան, 1991։
  • Ռոպերթ Գարայեան, Արդարահատոյց /վիպակ նուիրուած Ս. Թեհլիրեանին, պատմուածքներ, յօդուածներ/, Երեւան, 2004։
  • Պերճ Զէյթունցեան, Ոտքի, դատարանն է գալիս/ տրամա նուիրուած Ս. Թեհլիրեանի/ տես, «Մեծ լռութիւն/ տրամաներ/», Երեւան, 1985։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Սողոմոն Թեհլիրեան, Վերյիշումներ, Երեւան, 1993։
  • Սողոմոն Թեհլերեանի դատավարութիւնը /սղագրական նիւթեր/, Երեւան, 1990։
  • Մակիչ Արզումանեան, Հայաստան. 1914-1917/, Երեւան, 1969։
  • Մհեր Կարապետեան, Հայաստանը 1912-1920 թուականներուն, Երեւան, 2003։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1. — է. 426.
  3. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 555–556. — ISBN 978-2-905686-93-0
  4. Սողոմոն՝ ազատ արձակուելէ ետք